ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Անցնող շաբաթավերջի երկու օրերու ընթացքին հոգելից պահեր ապրեցան անոնք, որոնք ներկայ եղան «Նուռ պանտ» նուագախումբի երկու ելոյթներուն:
Առաջինը՝ Շաբաթ երեկոյ եւ մինչեւ առաւօտեան փոքր ժամերը տեւած խրախճանքն էր Զաւարեան ակումբի սրահը՝ Հ.Յ.Դ.ի «Մեր օրը» տօնող, որ նախաձեռնած էին Ատտիկէի երեք կոմիտէները եւ որուն համար ալ արդէն եռանդամ նուագախումբը Աթէնք ժամանած էր կազմակերպիչներու հրաւէրով:
Յեղափոխական ե՛րգը, մեր երգե՛րը եւ ազգադրոշմ պարերը, յատկապէս՝ Քոջարի՛ն…:
Կա՞յ արդեօք կուսակցութիւն, ինչպիսին Դաշնակցութիւնն է, որ երգ ունի եւ որուն երգերը հոգիներ խռովեն, ներազդեն պահին, գերիշխեն մթնոլորտին վրայ եւ պահը իտեալականացնեն այնպէս, որ ամբողջ էութեամբ կլանուիս ու ցնցուիս անոնցմով եւ զգաս, որ թմրած ջիղերդ պրկումներ կ՚ունենան եւ պատանիի մը խանդավառութեամբ ողողուիս հայրենասիրական զգացումներով, միաժամանակ դառնաս հաղորդիչը այդ զգացումներուն:
Կա՞յ խորհրդանշական այնպիսի պար, ինչպիսին մեր քոջարին է, որու կշռոյթով երիտասարդներ ուս-ուսի իրարու կռթնեցան, անքակտելի մէկ շղթայ կազմեցին, խրոխտ ու վռական , հարուածող ու հաստատ քայլերով տուին պատկերը Հայաստան աշխարհի սէգ լեռներուն՝ թիկունք-թիկունքի իրարու կպած, մէկ եղած…:
«Մշակ Բանուոր» ոգերգի ներկաներու յոտնկայս խմբերգումէն եւ օրուան պատշաճ ուղերձ-խօսքերու պաշտօնական բաժինէ մը ետք, բեմը գրաւեց նուագախումբը եւ հայրենասիրական ու յեղափոխական երգերու կատարումներով առաջին ժամէն մինչեւ վերջինը թնդացուց սրահը եւ խրախճանքը յաջողապէս դրաւ այն խորհուրդին մէջ, որուն համար որ նախաձեռնուած էր ան:
Օրուան այդ խորհուրդին եւ ստեղծուած խանդավառութեան մէջ վստահաբար, որ 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան եւ վերջին շրջանի Հայաստանեան տխուր իրադարձութեանց պատճառած շուար վիճակը եւ յուսաբեկութիւնը թօթափած պիտի ըլլան ու իրենց կենսունակութեան պիտի վերադառնան մեր երիտասարդները, որոնք կը կազմէին մեծ մեծամասնութիւնը ներկաներուն:
Սեւ ամպերը պահ մը կը ծածկեն երկնքի պայծառութիւնը, ապա կ՚անհետին: Նոր ամպեր կու գան, բայց ի վերջոյ անոնք ալ կ’երթան: Այնպէս, ինչպէս երգիչներ կու գան ու կ՚երթան, բայց ԵՐԳԸ կը մնայ: Պարողները կը փոխուին, բայց պարը կը մնայ…:
Նաեւ այնպէս, ինչպէս 132 տարի մնաց Հ.Յ.Դ.ը, հակառակ իրեն ուղղուած մեծ ու փոքր հարուածներուն:
Երկրորդը՝ Կիրակի երեկոյ, կաթողիկէ առաջնորդարանի սրահը: Գերապայծառ վիճակաւորը «Նուռ պանտ» նուագախումբի ներկայութենէն օգտուելով գաղափարը ունեցած էր յունահայ գաղութի հիմնադրութեան 100-ին առիթով նուագահանդէսի մը նախաձեռնութիւնը առնել՝ նուիրուած Կոմիտասի յօրինումներուն:
Դաշնամուրի ելեւէջող հնչիւններու ներդաշնակ կշռոյթին մէջ եւ մերթ ջութակի նուագակցութեամբ, կոմիտասեան մելանուշ մեղեդիներ շուրջ մէկուկէս ժամ առինքնեցին եւ պարուրեցին ներկաներու ողջ էութիւնը: Բոլորովին տարբեր՝ նախորդ երեկոյէն: Պակուցիչ մթնոլորտ, բացարձակ լուռ սրահ եւ երաժշտական արուեստի կատարում:
Հոն, սրահին մէջ, տոհմական հի՜ն, հեթանոսական մեր երգի եղանակներուն տրուած կը մտածեմ, թէ մեր պատմութեան լուսաւոր դէմքերուն մէջ երեք անուններ կ՚առանձնանան, որոնք իրենց գործքով ԱՆՁՆԱԳԻՐ տուին մեր ազգին: Մեսրոպ Մաշտոց, Մովսէս Խորենացի, Կոմիտաս:
Ինքզինքիս հարց կու տամ նաեւ, թէ ինչո՞ւ արդեօք մեր եկեղեցին սրբութիւնը զլացած է Կոմիտասին …: