Կիրակի՝ 7 Յունիս 2020ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Հոգեգալստեան տօնին առթիւ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ Պատարագ, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ սարկաւագներուն եւ դպիրներուն եւ ներկայութեամբ թեսաղոնիկահայ հաւատացեալներու։ Ս. Պատարագը մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան։
Ս. Պատարագի ընթացքին հայր սուրբի գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ հոգեգալստեան արարողակարգը՝ Յովհան Ոսկեբերան Հայրապետի Ս. Երրորդութեան նուիրուած աղօթքի ընթերցումով։ Քարոզի պահուն, հայր սուրբը խօսեցաւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս Ս. Հոգիին ներգործութիւնը եւ անոր շնորհքներով ու բարի պտուղներով աճումն ու զարգացումը հաւատացեալներուն։