Ի գի­տու­թիւն եւ ի հրա­ւէր Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թեմի հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դին, այ­սու կը յայտ­նենք, թէ Կի­րա­կի՝ 26 Մա­յիս 2019ին, թեմիս­ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ, յա­ւարտ Ս. եւ Ան­մահ Պա­տա­րա­գի, պի­տի կա­տա­րուի հան­դի­սա­ւոր հո­գե­հան­գիստ՝ Սար­տա­րա­պա­տի-­Ղա­րա­քի­լի­սէի եւ Բաշ Ա­պա­րա­նի ճա­կա­տա­մար­տե­րուն ի­րենց կեան­քը զո­հա­բե­րած քա­ջա­րի հե­րոս­նե­րուն յի­շա­տա­կին։
Այ­սու սի­րով կը հրա­ւի­րենք հա­ւա­տա­ւոր ժո­ղո­վուր­դը՝ ներ­կայ գտնո­ւե­լու հո­գե­պա­րար ա­րա­րո­ղու­թեանց ու միասնա­բար ա­ղօ­թե­լու Մա­յի­սեան ան­կա­խու­թիւ­նը կեր­տող հե­րոս­նե­րու հո­գի­նե­րուն խա­ղա­ղու­թեան հա­մար:

Դի­ւան Կ­րօ­նա­կան Ժո­ղո­վի