Բարձր տնօրինութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ կազմակերպութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի Կրօնական Ժողովին, Կիրակի՝ 17 Մարտ 2019ի առաւօտեան ժամը 10։30ի Արեւագալի Ժամերգութեան աւարտին, նախագահութեամբ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց վախճանեալ պատրիարքին՝ լուսահոգի Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հոգւոյն համար, ներկայութեամբ շրջանէն ներս գործող բոլոր ազգային հաստատութիւններու եւ կառոյցներու, ինչպէս նաեւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Հոգեհանգստեան աւարտին, Հայր Սուրբը ընթերցեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի ցաւակցագիրը, նաեւ՝ իր կարգին յայտնեց Թեսաղոնիկէի հայ գաղութին ցաւակցութիւններն ու վշտակցութիւնները։
Հոգեհանգստեան արարողութիւն Թեսաղոնիկէի մէջ
Հոգեհանգստեան արարողութիւն Թեսաղոնիկէի մէջ՝ լուսահոգի Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի հոգւոյն