Հիւս. Յունաստանի եւ Թրակիոյ միօրեայ վարժարաններու վերամուտ

0
145

­Գո­մո­թի­նիի շրջա­նի միօ­րեայ դպրո­ցի բա­ցում

Հ.Գթ.­­Խա­չի ­Գո­մո­թի­նիի շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցը, ­­Շա­բաթ, 24 ­­Սեպ­տեմ­բեր ­ 2022-ի ե­րե­կո­յեան, իր 2022-23 ու­սում­նա­կան-կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նի դռնե­րը ան­գամ մը եւս բա­ցաւ դպ­րո­ցի սրա­հէն ներ։ ­Բաց­ման ջրօրհ­նէ­քի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­ ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ շրջան­նե­րու Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ գեր. Տ. ­Յով­հան­նէս ծ.վրդ. Ս­աղ­տը­ճեան, մաս­նակ­ցու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեա­նի։ ­Ներ­կայ էին ­­Գո­մո­թի­նիի  միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, Հ.Գթ. ­Խա­չի վար­չու­թեան ան­դամ­ներ, ու­սուց­չա­կան կազմն ու ծնող­նե­րը, դպրո­ցի բա­րե­կամ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հին եւ նոր ա­շա­կերտ­ներ։ Ա­պա, ­Հայր սուր­բը իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ ա­ռա­ջին հեր­թին ­­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեա­նի ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քեր փո­խան­ցեց բո­լո­րին։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ հայ դպրո­ցի կա­րե­ւո­րու­թեան ու ա­նոր պահ­պան­ման, յոր­դո­րե­լով բո­լո­րին հայ լե­զուն ա­նա­ղարտ պա­հե­լու, մշտա­կան կեր­պով օգ­տա­գոր­ծե­լու, ի­րենց հա­յու ինք­նու­թիւ­նը բարձր պա­հե­լու, յատ­կա­պէս ի­րենց օ­ճախ­նե­րէն ու մաս­նա­ւո­րա­բար ա՛յս դպրո­ցէն ներս։ Ան բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց այն ծնող­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կ’ու­ղար­կեն նաեւ հայ­կա­կան դպրոց՝ հայ ըն­տա­նի­քի ջա­հը միշտ վառ պա­հե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ։ Ի վեր­ջոյ, ­Հայր սուր­բը դպրո­ցի մեծ ըն­տա­նի­քին բա­րի վե­րա­մուտ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով լի տա­րեշր­ջան մը մաղ­թեց եւ իր օրհ­նու­թիւ­նը բաշ­խեց բո­լո­րին։
Ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, Հայր սուր­բը յայ­տա­րա­րե­լով, որ ­Գո­մո­թի­նի շրջա­նի միօ­րեայ դպրո­ցը այ­սու­հե­տեւ կը կո­չո­ւի Հ.Գթ.­Խա­չի «­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց» միօ­րեայ վար­ժա­րան, բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ժա­մա­նակ ա­ռա­ջին ան­գամ հնչեց վար­ժա­րա­նի մաղ­թեր­քը։

Ա­լեք­սա­նտրու­պոլ­սոյ շրջա­նի միօ­րեայ դպրո­ցի բա­ցում

Ա­լեք­սա­նտրու­պոլ­սոյ շրջա­նի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցը, ­­Շա­բաթ, 2 ­­Հոկ­տեմ­բեր ­ 2022-ի ե­րե­կո­յեան, իր 2022-23 ու­սում­նա­կան-կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նի դռնե­րը ան­գամ մը եւս բա­ցաւ։
Դպ­րո­ցի սրա­հէն ներս բաց­ման ջրօրհ­նէ­քի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րեց ­ ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ւար­տին, ­Տէր հայ­րը բա­ցատ­րեց ջրօրհ­նէ­քի կար­գին մա­սին եւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ յա­տուկ  ա­ւան­դոյթ մը ու­նե­նա­լուն հա­մար։
Ա­պա, սրա­հին մէջ բաց­ման ներ­կայ ե­ղան ­Ա­լեք­սա­նտրու­պոլ­սոյ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, ու­սուց­չա­կան կազմն ու ծնող­նե­րը, դպրո­ցի բա­րե­կամ­նե­րը ինչ­պէս նաեւ հին եւ նոր ա­շա­կերտ­ներ։ ­
Տէր ­Հայ­րը իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ ա­ռա­ջին հեր­թին ­­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­­Գե­ղամ Արք. ­­Խա­չե­րեա­նի ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քեր փո­խան­ցեց բո­լո­րին։
Ան անդ­րա­դար­ձաւ 21-րդ ­դա­րուն մէջ ծնող­նե­րը նշմա­րո­ւած այն  մեծ տագ­նապ­նե­րուն ո­րոնք գո­յու­թիւն ու­նին ծնող­նե­րուն ու ա­նոնց զա­ւակ­նե­րուն ու թոռ­նե­րուն մի­ջեւ:
Այս հո­սան­քին դէմ դպրո­ցը դեր մը ստանձ­նած է ան­կաս­կած: Ե­կե­ղե­ցին իր տե­ղը ու­նի, միու­թիւն­նե­րը` նոյն­պէս:­
Նաեւ ա­մե­նա­կա­րե­ւոր ազ­դակն է, որ ծնող­նե­րը ի­րենց տան մէջ հա­յե­րէն խօ­սին, մա­նա­ւանդ սփիւռ­քի մա­շեց­նող կեան­քին մէջ։
Ան բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց այն ծնող­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կ’ու­ղար­կեն նաեւ հայ­կա­կան դպրոց՝ հայ ըն­տա­նի­քի ջա­հը միշտ վառ պա­հե­լու վճռա­կա­նու­թեամբ։

Ք­սան­թի շրջա­նի միօ­րեայ դպրո­ցի բա­ցում

Հ.Գթ.­­Խա­չի Ք­սան­թիի շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցը, ­­Շա­բաթ, 2 ­­Հոկ­տեմ­բեր ­ 2022-ի ե­րե­կո­յեան, իր 2022-23 ու­սում­նա­կան-կրթա­կան տա­րեշր­ջա­նի դռնե­րը ան­գամ մը եւս բա­ցաւ։ Դպ­րո­ցի սրա­հէն ներս բաց­ման ներ­կայ էին ­Ք­սան­թիի միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, Հ.Գթ.­­Խա­չի ան­դամ­ներ, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­ր ու­սուց­չա­կան կազմն ու ծնող­նե­րը, դպրո­ցի բա­րե­կամ­նե­րը ինչ­պէս նաեւ հին եւ նոր ա­շա­կերտ­ներ։
­Վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ի­րենց խօս­քը ուղ­ղե­լով ներ­կա­նե­րուն, նշե­ցին թէ, դար­ձեալ կ­՚ու­գայ ոս­կէ ա­շու­նը, դար­ձեալ կը բա­նանք մեր գի­տե­լի­քի հիաս­քանչ աշ­խար­հի դռնե­րը։ ­Թող բո­լոր մեր տա­ղան­դա­ւոր սանե­րուն կեան­քին մէջ ըլ­լան ա­ւե­լի ու­րախ ու եր­ջա­նիկ օ­րեր։ ­Տեղ­ւոյն վրայ գոր­ծադ­րո­ւե­ցաւ կո­կիկ յայ­տա­գիր մը։ Ա­պա թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը մաղ­թե­ցին բա­րի վե­րա­մուտ ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ ու­սաց­չա­կազ­մին, յա­ջո­ղու­թեան եւ համ­բե­րու­թեան տա­րո­ւան մը ակն­կա­լի­քով։

­Գա­ւա­լա­յի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի բա­ցու­մը

­Գա­ւա­լա­յի հայ­կա­կան հա­մայն­քէն ներս եւս, ­Շա­բաթ, 2 ­Հոկ­տեմ­բե­րին տե­ղի ու­նե­ցաւ վե­րա­մու­տը միօ­րեայ վար­ժա­րա­նին։ Ծ­նող­ներ, ա­շա­կերտ­ներ ու ա­նոնց ու­սու­ցիչ­նե­րը միաս­նա­բար նշե­ցին բա­ցու­մը, իսկ փոք­րիկ­նե­րը ի­րենց ձեռ­քին ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի դրօշ­նե­րը բռնած ըլ­լա­լով, ու­ղերձ մը ղրկե­ցին հայ­րե­նի­քի հո­ղին վրայ ապ­րող ի­րենց սերն­դա­կից­նե­րուն, հա­յու ինք­նու­թեան եւ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան ի­րա­ւունք­նե­րուն պահ­պահ­ման հա­մար։

* * *

Ար­դէն բո­լոր վար­ժա­րան­նե­րը մտած են կրթա­կան ըն­թաց­քին մէջ եւ իւ­րա­քան­չիւր ­Շա­բաթ օ­րե­րը ե­կե­ղեց­ւոյ կից գտնո­ւող վար­ժա­րան­նե­րու սրահ­նե­րուն մէջ կը հնչէ հայ լե­զուն եւ այ­բու­բե­նը, շնոր­հիւ ու­սու­ցիչ­նե­րու ան­խոնջ նո­ւի­րու­մին, ծնող­նե­րու բարձր գի­տակ­ցու­թեան ու մա­նա­ւանդ՝ Հ.Գթ.­Խա­չի ու թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րուն։ ­Բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­յե­ցի կրթու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս։

ԴԱՆԻԷԼ ՔՀՆՅ.