­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցի բա­ցում

Հ.Գթ.­Խա­չի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­Մա­լա­քեան-­Գաս­պա­րեան» շա­բա­թօ­րեայ դպրո­ցը, ­Շա­բաթ՝ 5 ­Հոկ­տեմ­բեր 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան, իր 2019-20 ու­սում­նա­կան-կրթա­կան տա­րեշրջա­նի դռնե­րը ան­գամ մը եւս բա­ցաւ, «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ բաց­ման ջրօրհ­նէ­քի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թեամբ, որ կա­տա­րեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ՝ Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան, սար­կա­ւա­գաց դա­սին մաս­նակ­ցու­թեամբ։
­Ներ­կայ էին ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան. կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, տնօ­րէ­նու­թիւ­նը, ու­սուց­չա­կան կազմն ու ծնող­նե­րը, դպրո­ցի բա­րե­կամ­ներն ու բա­րե­րար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ հին եւ նոր ա­շա­կերտ­ներ։ Ա­ւար­տին, յա­ջոր­դա­բար ող­ջոյ­նի, բա­րի գալս­տեան, տա­րե­մու­տի բաց­ման ա­ռի­թով, ինչ­պէս նաեւ դպրո­ցէն ներս կարգ ու կա­նո­նի ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով խօսք ա­ռին տնօ­րէ­նու­հի ընկ. ­Զա­պէլ ­Գալ­ֆա­յեանն ու ե­կե­ղեց­ւոյս թա­ղա­կան խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան, ինչ­պէս նաեւ Հ.Գթ.­Խա­չի ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի՝ ընկ. ­Կիւ­լա ­Գա­սա­պեան։ Ա­պա, հայր սուր­բը իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ ա­ռա­ջին հեր­թին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քեր փո­խան­ցեց բո­լո­րին։ Ա­պա, ան անդ­րա­դար­ձաւ հայ դպրո­ցի կա­րե­ւո­րու­թեան ու ա­նոր պահ­պան­ման, յոր­դո­րե­լով բո­լո­րին հայ լե­զուն ա­նա­ղարտ պա­հե­լու, մշտա­կան կեր­պով օգ­տա­գոր­ծե­լու, ի­րենց հա­յու ինք­նու­թիւ­նը բարձր պա­հե­լու, յատ­կա­պէս ի­րենց օ­ճախ­նե­րէն ու մաս­նա­ւո­րա­բար ա՛յս դպրո­ցէն ներս։ Ան բարձ­րօ­րէն գնա­հա­տեց այն ծնող­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց զա­ւակ­նե­րը կ’ու­ղար­կեն նաեւ հայ­կա­կան դպրոց՝ հայ ըն­տա­նի­քի ջա­հը միշտ վառ պա­հե­լու վճռա­կա­մու­թեամբ։ Ի վեր­ջոյ, հայր սուր­բը դպրո­ցի մեծ ըն­տա­նի­քին բա­րի վե­րա­մուտ եւ յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րով լի տա­րեշր­ջան մը մաղ­թեց եւ իր օրհ­նու­թիւ­նը բաշ­խեց բո­լո­րին։
Ջրռրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ա­շա­կերտ­նե­րը ի­րենց ու­սոց­չու­հի­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ան­ցան դա­սա­րան­նե­րը, կա­տա­րե­լու հա­մար օ­րո­ւան դա­սա­պա­հե­րը։

Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ միօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու բա­ցում

Անց­նող եր­կու շա­րու­նա­կա­կան շա­բա­թա­վեր­ջե­րու ըն­թաց­քին, տե­ղի ու­նե­ցան Ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Հ.Գթ.­Խա­չի միօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ։
Օգ­տո­ւե­լով ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նի Թ­րա­կիա ներ­կա­յու­թե­նէն, ա­ռա­ջին հեր­թին, ­Գո­մո­թի­նիի մէջ ­Շա­բաթ՝ 21 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան կա­տա­րո­ւե­ցաւ ջրօրհ­նէ­քի ա­րա­րո­ղու­թիւն, ներ­կա­յու­թեամբ Հ.Գթ.­Խա­չի շրջա­նա­յին եւ տե­ղա­կան վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­նե­րուն, ծնող­նե­րուն եւ ա­շա­կեր­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն։
­Չո­րեք­շաբ­թի, 25 ­Սեպ­տեմ­բեր 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 5։00ին Օ­րէս­թիա­տա­յի հիւ­րա­նո­ցի սրա­հէն ներս ժո­ղովր­դա­յին հա­ւա­քի ըն­թաց­քին, ձե­ռամբ Սր­բա­զան հօր տե­ղի ու­նե­ցաւ միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի մա­նուկ­նե­րու եւ ա­ղի օրհ­նու­թիւն։
Եր­կու բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը յա­տուկ կեր­պով շեշ­տեց հայ դպրո­ցի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ հայ գիրն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը սոր­վե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ Ան ընդգ­ծեց, թէ սփիւռ­քի մէջ պար­տինք բո­լորս բարձր պա­հել ազ­գա­յին ինք­նու­թիւ­նը եւ ա­մէն կեր­պով կառ­չած մնալ հայ լե­զո­ւի պահ­պահ­ման։ Ան նաեւ ջեր­մօ­րէն շնոր­հա­ւո­րեց Հ.Գ.­Խա­չի ժրա­ջան ան­դամ­նե­րը, ու­սուց­չու­հի­նե­րը եւ ծնող­նե­րը, ա­պա իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւ­նը բաշ­խեց բո­լոր ա­շա­կեր­տու­թեան։
­Կի­րա­կի 6 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ւօ­տեան, Ար­տա­վազդ վրդ. ­Շա­րո­յեան կա­տա­րեց Ք­սան­թիի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի օրհ­նու­թիւ­նը, ներ­կա­յու­թեամբ ա­շա­կերտ­նե­րուն, ծնող­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն։։
­Նոյն օ­րո­ւայ ա­ռա­ւօ­տուն, ա­րե­ւե­լեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Յով­հան­նէս Վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան կա­տա­րեց Ա­լեք­սանտ­րու­պոլ­սոյ միօ­րեայ վար­ժա­րա­նի բա­ցու­մը։
Եր­կու հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը, ի­րենց կար­գին բա­րի սկիզբ մաղ­թե­ցին ա­շա­կեր­տու­թեան եւ շնոր­հա­ւո­րե­ցին ծնող­ներն ու ու­սու­ցիչ­նե­րը հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան նոր տա­րեշր­ջա­նի մեկ­նար­կին ա­ռի­թով։
­Նաեւ, նոյն շա­բա­թա­վեր­ջին իր դռնե­րը բա­ցաւ ­Գա­վա­լա­յի միօ­րեայ վար­ժա­րա­նը, ուր հոն եւս Հ.Գ.­Խա­չի ան­դամ­նե­րու եւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յու­թեամբ սկիզբ ա­ռին նոր տա­րեշր­ջա­նի դա­սըն­թացք­նե­րը։
Այս­պէս, այս տա­րի եւս, հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ա­ւե­լի քան 200 ա­շա­կերտ­ներ կը մաս­նակ­ցին Հ.Գ.­Խա­չի միօ­րեայ վար­ժա­րան­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րու ան­մի­ջա­կան հսկո­ղու­թեան տակ, ա­մէն շա­բա­թա­վեր­ջին կը հե­տե­ւին հայ լե­զո­ւի ու պատ­մու­թեան դա­սե­րուն, շնոր­հիւ Հ.Գ.­Խա­չի ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեան եւ շրջան­նե­րու թա­ղա­յին խոր­հուրդ­նե­րու ան­վե­րա­պահ ա­ջակ­ցու­թեան։