Ինչպէս ամէն տարի, այս անգամ եւս, Հայ Գթութեան Խաչի մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ, Հայոց ցեղասպանութեան 105ամեակին առթիւ, նաեւ այս օրերուն Յունաստանի մէջ Պսակաձեւ ժահրի դէմ որպէս գործնական զօրակցութիւն, կազմակերպուեցան արիւնատուութեան երկու արշաւներ Ուրբաթ՝ 24 Ապրիլ 2020ի առաւօտեան։
Առաջին արիւնատուութիւնը տեղի ունեցաւ Հ.Գ.Խ.ի Թեսաղոնիկէի «Անի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ «Հայաստան» սրահէն ներս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով կամաւորներ ու հայորդիներ։ Կարելի եղաւ 51 շիշ արիւն ապահովել։
Նոյն օրը, Քսանթիի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ «Մորալեան» սրահին մէջ, Հ.Գ. Խաչի «Արաքս» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ քաղաքի հիւանդանոցի օժանդակութեամբ, իրագործուեցաւ տարեկան արիւնատուութիւնը, որուն ընդառաջեցին նկատառելի թիւով հայրենակիցներ։ Հակառակ Պսակաձեւ ժահրի սեղմումներուն, կարելի եղաւ ապահովել 26 շիշ արիւն։ Հ.Գ. Խաչի երկու վարչութիւններն ալ իրենց խորին շնորհակալութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնեցին բոլոր մասնակիցներուն եւ արիւն նուիրաբերողներուն, որոնք այս դժուար ու արտասովոր պայմաններուն տակ, կարողացան իրենց արիւնատուութեամբ անգամ մը եւս Հայոց ցեղասպանութեան պայքարի իրագործման մէջ իրենց նուիրաբերումը կատարել, ի նպաստ Հ.Գ.Խաչի արեան պահեստին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հիւսիսային Յունաստանի մէջ արիւնատուութիւն՝ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին