Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հ.Գ.Խաչի կոչին ընդառաջելով, մեծ թիւով հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ յոյն բարեկամներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ Արցախի ժողովուրդին համար կը տրամադրեն անմիջական օգնութեան իրեր՝ հագուստեղէն եւ բժշկական սարքեր, որոնք մաս պիտի կազմեն Յունաստանի հայութեան կողմէ պատրաստուած ամբողջական օգնութեան։ Թեսաղոնիկէի, Գաւալայի, Գոմոթինիի, Քսանթիի, Ալեքսանտրուպոլսոյ եւ Տիտմոթիքոյի հայկական կեդրոններուն եւ եկեղեցիներու սրահներուն մէջ Հ.Գ. Խաչի ընկերուհիները, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. «Ս. Թեհլիրեան» երիտասարդական խումբի անդամները ժրաջանօրէն կը հաւաքեն ու կը տեղաւորեն հասնող շօշափելի օգնութիւնը։ Մարդասիրական օգնութեան հաւաքումը պիտի շարունակուի մինչեւ Կիրակի՝ 6 Դեկտեմբեր։ Ինչպէս արդէն յայտարարուած է Հ.Կ.Խաչի եւ Հ.Գ.Խաչի միացեալ յայտարարութեան մէջ, յատուկ թռիչքով կը ծրագրուի օգնութիւնը Հայաստան ուղարկել Դեկտեմբերի առաջին տասնօրեակի աւարտին։ Բոլոր այն հայրենակիցները, որոնք կը փափաքին օգնութեան մասնակից դառնալ եւ ցուցակագրուած իրերը նուիրել, կրնան հետեւիլ «Ազատ Օր»ի ու Դիմատետրի մէջ լոյս տեսած կոչին կից հայկական ակումբներու ժամանակացոյցին, ուր խաչուհի ընկերուհիները պատրաստ են ընդունելու յայտարարուած օգնութիւնը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հիւսիսային Յունաստանի հայութիւնը կ՚ընդառաջէ մարդասիրական օգնութեան