Արդէն թեւակոխած ենք նոր տարին եւ իւրաքանչիւր նոր սկիզբի պարագային, մեր առջեւ կը դրուին խորհրդածութիւններ եւ մտահոգութիւններ, որոնք նախ որպէս բեռ կ՚աւելնան անցնող տարուան հոսքէն, ապա եկող նոր օրերուն համար կը սահմանեն այն մարտահրաւէրները, որ մարդ էակը անհատաբար եւ մարդկային հաւաքականութիւնները միասնաբար՝ կոչուած են դիմագրաւելու։
2021-էն ետք հայութեան ճակատագիրին վրայ սահմանուած դառն իրականութիւնները կը շարունակեն ծանր կշռել Հայաստան ու Արցախ աշխարհի եւ սփիւռքեան հատուածներուն վրայ։ Եւ մինչ կը սպասուէր, որ հայրենի քաղաքական միտքը պիտի կարողանար այնքան սպասուած ոստումը ընել, ճահիճէն դուրս գալու զօրութիւնը գտնէր ու զայն տարածէր ամէն հայ մարդու վրայ, իշխանական խաւն ու անոր առաջնորդը կը շարունակեն հայութեան ապագան մէկ աւելի կասկածի տակ դնել, իսկ Արցախի հիմնախնդիրը խեղթել թուրք-ատրպէյճանական սաղմին մէջ։
Այս բոլորին դիմաց, Սփիւռքի հսկայ զանգուածները կը թուին անորոշութեան մէջ մնալ, յուսախափ ու անկարող վիճակ մը կը ներկայացնեն, կարենալ ազդելու համար այն բոլոր վտանգաւոր զարգացումներուն վրայ, որոնք կը սահմանուին ի հեճուկս հայ ժողովուրդի կամքին, իր հայրենի եւ սփիւռքեան մասնիկներով։
Այսօր, հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ գործակցութիւնն ու համերաշխ յարաբերակցութիւնը խոչընդոտներու առջեւ կը գտնուի, որովհետեւ համահայկական օրակարգերու քննութեան լոյսին տակ Սփիւռքը ամբողջութեամբ անտեսուած կը մնայ, անդին պետութեան իշխանական խաւը արդէն մտած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հունին մէջ, սեպելով թէ այդ գործընթացը պետական ընթացիկ հարցի մը լուծման խնդիր է եւ ոչ ամբողջ հայութիւնը յուզող ու մտատանջող իրողութիւն մը։
Միւս կողմէն, Սփիւռքը եւս անկարող կը թուի ըլլալ միասնական կարծիք, խօսք ու տեսակէտ բանաձեւելու, պարզապէս որովհետեւ փոխուած է դասական սփիւռքի պատկերը։ Այսօր, Սփիւռքը կը ներկայանայ պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու մէջ ստեղծուած խաւերով, որոնք յաճախ կը գոյակցին իրարմէ տարբեր մտայնութիւններով, տարբեր մտահոգութիւններով եւ առաջնահերթութիւններով։
Վերջին երեսուն տարիներուն, այս այլազանութիւնը խոչընդոտ կը դառնայ Սփիւռքեան պատկերի միաձուլման, թիրախներու ճշդումին, կառավարման գործելաոճին, որոնք պիտի ստեղծեն միասնական եւ ամբողջական պատկերը հայութեան այն հատուածին, որ հակառակ իր սեփական հողէն հեռու ապրելու իրականութեան, պիտի շարունակէ հայրենի աշխարհի զարգացման ու բարգավաճման գլխաւոր ազդակներէն մէկը հանդիսանալ։
Այս իրականութեան վրայ կու գայ բարդուիլ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու այլանդակ եւ վտանգաւոր քաղաքականութիւնը, Սփիւռքը պառակտուած տեսնելու նպատակով, որ ճամբայ առաւ նախ սփիւռքի նախարարութեան լուծումով ու կը շարունակուի մինչեւ այսօր՝ իւրաքանչիւր գաղութի ու համայնքի մէջ յանձնակատարներ նշելու անիմաստ վարքագիծով։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոս 2022-ը հռչակած է Սփիւռքի տարի։ Իր պատգամը հաւասարապէս ուղղուած է թէ՛ հայրենիքին եւ թէ՛ Սփիւռքին, ահազանգելով այն բոլոր վտանգները, որոնք կը սպառնան Սփիւռքի գոյութենականութեան վրայ, որպէս գլխաւոր երաշխիք Հայաստանի ու Արցախի ամբողջականութեան ու յարատեւման։
Սփիւռքը հայրենիքին համար նիւթական գործօն մը ըլլալէ անդին, ունի աւելի կենսական նշանակութիւն իր ազգային, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ներուժի ամբողջական եւ լիակատար զօրաշարժով։ Այդ զօրաշարժն էր, որ յատկապէս Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժի ու անկէ ետք արցախեան հերոսապատումի ու Հայաստանի վերանկախացման առաջին տարիներուն իր հսկայ կարողականութիւնը ի սպաս դրաւ հայրենիքին առջեւ։
Հրամայական է, որ այսօր եւս Սփիւռքի ազգային եւ քաղաքական կարողականութիւնը վերստին արժեւորուի հայրենիքին կողմէ։ Վերականգնումը վեր պէտք է դասուի այսօրուան իշխանաւորներու քաղաքական կարճ ու մշուշոտ հորիզոնէն ու այն դառնայ համահայկական անհրաժեշտութեան գործընթաց։
Այս մէկը կը պահանջէ գործնական քայլեր, զոր հայրենի քաղաքական միտքը իր ամբողջութեամբ պարտի ի գործ դնել։ Կը պահանջէ համերաշխութեան մթնոլորտի վերականգնում, որ այսօր ներկայ իշխանութիւնները ի վիճակի չեն յառաջ մղելու, հետեւաբար այն կ՚իյնայ հայրենի առողջ ուժերու ուսերուն վրայ։ Կը պահանջէ Սփիւռքին կողմէ եւս ինքնակազմակերպման, վերընձիւղման բարդ ու դժուար աշխատանք, նոյնիսկ իր մէջ վերամիաւորուելու պատրաստակամութիւն, տարբեր հատուածներն ու մտայնութիւնները մէկ յայտարարի տակ բերելու նախանձախնդրութեամբ։
Վեհափառ հայրապետի պատգամը ահազանգ մը ըլլալէն անդին, Սփիւռքի վերակազմակերպման ազդանշանը տուող խրախուսիչ քայլ մըն է, որուն հասցէատէրերը հաւասարապէս պարտին զայն սերտել ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս աշխարհի։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «Հզօր Սփիւռք՝ հզօր Հայաստան, ազգային ռազմավարութեան հիմք ու նպատակակէտ»