Հ­զօր Սփի՞ւռք՝ ուժեղ Հայաստանի՞ մը համար

0
65

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ան­ցած տա­րո­ւան մէջ հա­յու­թեան հիաս­թա­փու­թիւնն ու հո­գե­կան ընկ­ճո­ւա­ծու­թիւ­նը խո­րա­ցաւ այն աս­տի­ճան, որ եր­բե­ւի­ցէ չէր ե­ղած, գէթ իմ գի­տա­կից կեան­քի տա­րի­նե­րուս: ­Ծանր յու­սա­խա­բու­թեան հե­տե­ւան­քով հայ մար­դուն մէջ յա­ռա­ջա­ցաւ այն զգա­ցու­մը կամ առ­նո­ւազն հար­ցա­կա­նը, թէ տա­պա­նա­քա՞ր մը դրո­ւած է ար­դեօք վեր­նագ­րով ար­տա­յայ­տո­ւած կար­գա­խօ­սին վրայ…:
Այս ծանր ու մա­հա­ցու զգա­ցու­մը յե­ղաշր­ջե­լու, յե­ղա­փո­խե­լու, «յոյ­սով լե­ցո­ւե­ցաւ» եր­գը կեն­սա­գոր­ծե­լու հրա­մա­յա­կա­նը այս տա­րո­ւան գերխն­դիրն է:
Դժ­խեմ, շա՜տ դժխեմ կա­ցու­թեան մը մէջ կը գտնո­ւինք ազ­գո­վին՝ սփիւռ­քէն-­Հա­յաս­տան:
­Հայ­րե­նի­քի պե­տա­կան այ­րե­րը դրօ­շի վե­րա­ծած են «խա­ղա­ղու­թեան» խա­բու­սիկ օ­րա­կար­գը, ան­գի­տա­նա­լով, որ ա­մէն պայ­մա­նա­գիր պարզ թուղ­թի կտոր մըն է, ո՛չ ա­ւե­լին: Չ­գիտցող չկայ, որ Ա­րե­ւելքն ու Ա­րեւ­մուտ­քը կայ­սե­րա­կան տրա­մա­բա­նու­թե­նէ բխող ի­րենց շա­հե­րը ու­նին եւ կը գոր­ծեն միա՛յն այդ հար­թակ­նե­րուն վրայ: Ա­նոնք հմուտ են յար­մար պա­հեր ստեղ­ծե­լու եւ ի­րենց ռազ­մա­քա­ղա­քա­կան շա­հե­րու ա­ղիւ­սա­կը հիւ­սե­լու այն­պէս, որ օգ­տո­ւին քու ու­ժէդ, դիր­քէդ կամ տկա­րու­թե­նէդ, հա­մո­զե­լով քեզ միա­ժա­մա­նակ, որ փո­խա­դար­ձա­բար՝ քու եւ ի­րենց շա­հե­րը կը հա­մընկ­նին ի­րա­րու:
­Մե­զի դաս ե­ղած պի­տի ը­լայ՝ թէ՛ Ա­րե­ւել­քէն եւ թէ՛ Ա­րեւ­մուտ­քէն ան­ցեա­լի մէջ ու ա­ւե­լի թարմ՝ օ­րերս մեր կրած ցա­ւա­տանջ յու­սա­խա­բու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք հե­տե­ւանք էին ա­նոնց խա­բէու­թեանց եւ մեր միամ­տու­թեան, դիւ­րա­հա­ւա­տու­թեան:
­Մարդ կը զար­մա­նայ, թէ պե­տա­կան ղե­կին վրայ գտնո­ւող այ­րեր Ար­ցա­խի ա­ղե­տէն վերջն իսկ, ինչ­պէ՞ս կը հա­ւա­տան ու կը դա­ւա­նին եւ կը փոր­ձեն հա­ւա­տաց­նել, թէ երկ­րի խա­ղա­ղու­թեան ու բար­գա­ւաճ­ման յոյ­սի ա­պա­ւէնն է խա­ղա­ղու­թեան «պայ­մա­նա­գիր» կո­չո­ւող թուղթ մը…:
Իսկ խոս­տա­ցո­ւած խա­ղա­ղու­թեան ե­րաշ­խա­ւոր­նե՞­րը: Ե­րե­խայ պի­տի ըլ­լաս ա­նոնց ան­կեղ­ծու­թեան վրայ հա­ւատք ըն­ծա­յե­լու հա­մար:
­Տա­րօ­րի­նակ թող չթո­ւի ը­սե­լու նոյ­նիսկ, որ ո­րոշ չա­փով մխի­թա­րա­կան պի­տի ըլ­լար, ե­թէ հա­մա­րո­ւէր, որ այս­քան բարձրա­ձայ­նո­ւած խա­ղա­ղու­թեան օ­րա­կար­գը ներ­քին սպա­ռու­մի կը ծա­ռա­յէ, երկ­րի հա­սա­րա­կու­թիւ­նը մո­լո­րեց­նե­լու եւ ընտ­րու­թեանց պա­րա­գա­յին ան­կէ ա­ւե­լի քո­ւէ կոր­զե­լու հա­մար է…:
­Սա՝ ի ­Հա­յաս­տան:
­Նոյն­պէս յու­սա­հա­տա­կան է սփիւռ­քի կա­ցու­թիւ­նը: Մ­տա­հո­գիչ չա­փե­րով պար­պո­ւած են ար­դէն ­Մի­ջին ա­րե­ւել­քի ա­ւան­դա­պահ եւ միւս հա­յօ­ճախ­նե­րուն հա­մար ա­րիւ­նա­տար հա­մա­րո­ւող հա­յա­հոծ հա­յա­գա­ղութ­նե­րը եւ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի կը նօս­րա­նան ա­նոնք, իսկ այն­տե­ղի մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու անվտան­գու­թեան ա­պա­հո­վու­մը գերխն­դիր մըն է ինք­նին, չհա­շո­ւած այդ եր­կիր­նե­րու մէջ մե­ծար­ժէք հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ա­նո­րոշ ա­պա­գան: Իսկ Ա­րեւմ­տեան կողմն աշ­խար­հի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն կը սպառ­նայ օ­տա­րա­ցու­մը:
Եւ այս կա­ցու­թեան մէջ, հայ մար­դը ին­կած է հա­մա­տա­րած ան­տար­բե­րու­թեան գիր­կը, ինչ որ ա­ւե­լի ա­հա­ւոր է, քան ա­մէ­նէն ա­հեղ թշնա­մին:
Ին­չո՞ւ այս տխուր հաս­տա­տում­նե­րը:
­Պար­զա­պէս ը­սե­լու հա­մար, որ ներ­կայ կա­ցու­թիւ­նը չի յե­ղաշր­ջո­ւիր ո­գե­շունչ գրա­ռում­նե­րով ու ճա­ռե­րով, ցան­կու­թիւն­նե­րով ու մաղ­թանք­նե­րով, ոչ ալ ի­մաս­տա­լից խմբագ­րա­կան­նե­րով ու յօ­դո­ւած­նե­րով կամ տպա­ւո­րիչ պատ­գամ­նե­րով ու կո­չե­րով:
­Կա­ցու­թիւ­նը այն­քան խոր է ու մտա­հո­գիչ, որ թե­րեւս ո­րոշ չա­փով յե­ղաշր­ջո­ւի ան, այն պա­րա­գա­յին միայն, որ ի գործ դրո­ւի անհ­րա­ժեշտ ջան­քը ազ­դու մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու՝ հա­մա­հայ­կա­կան ռազ­մա­վա­րու­թեան մը մշակ­ման ի խնդիր հա­մախմբե­լու հա­մար հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ դե­րա­կա­տար ու­ժե­րը եւ ա­տով իսկ յոյ­սով պա­րու­րե­լու հայ մար­դոց հո­գի­նե­րը:
Հ.Հ.-ի վար­չա­պե­տին անձ­նա­կեդ­րոն ու ինք­նա­պար­տա­դիր նկա­րա­գի­րը եւ յո­խոր­տան­քով կա­ռա­վա­րե­լու մնա­յուն վի­ճա­կը թէեւ կաս­կած չեն թո­ղուր այլ հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու, այ­սու­հան­դերձ կրնայ բա­ցա­ռո­ւած չըլ­լալ, որ ան իր ե­տին հա­մա­հայ­կա­կան նե­ցուկ ու յե­նա­րան չու­նե­նա­լուն պատ­ճա­ռովն է խա­ղա­ղու­թեան օ­րա­կար­գի մը կառ­չե­լու խար­խա­փու­մը:
Այս­պէս կամ այն­պէս, հար­կա­ւոր է յու­սա­տու մեծ ցնցում մը, այն­քան ու­ժեղ, որ վե­րա­կեն­դա­նաց­նէ թմրած ջի­ղե­րը եւ ազ­գը վե­րագտ­նէ հո­գե­կան ամ­րու­թիւնն ու կո­րո­վը այն­պէս, ինչ­պէս յա­տուկ ե­ղած է ի­րեն՝ իր պատ­մու­թեան եր­կայն­քին: Այ­սինքն՝ խո­րա­գոյն դժբախ­տու­թիւն­նե­րուն մէջ իսկ յոյ­սով նա­յի ա­պա­գա­յին եւ պար­տու­թիւն­նե­րու մէջ՝ յաղ­թա­նակ­ներ գտնէ:
Կրկ­նենք. ցնցում մը՝ ու­ժեղ, յու­սա­տու եւ վճռա­կան ցնցում մը: Ա­հա ­Նոր տա­րո­ւան սպա­սո­ւած նո­ւէ­րը: ժա­մա­նակ չկայ:

Ա­թէնք, 7 ­Յու­նո­ւար 2024