Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու երեխաները երազով մը կ՚ապրին. երազ՝ աշխարհի մը համար, ուր երեխաները խաղաղ պիտի ապրին, սովամահութենէ պիտի չմեռնին, ըմպելի մաքուր ջուր պիտի ունենան, զիրենք օգնելու պատրաստ երկարած ձեռք մը պիտի ունենան:
Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու երեխաները միեւնոյն երազով պէտք է մեծնան:
Հեքիաթը, պատմութիւնը, առասպելը, դիւցազներգութիւնը լաւագոյն միջոցներէն են երեխան երազով մեծցնելու եւ ապրեցնելու համար:
Երազները առանձին չեն ձգեր երեխաները, որոնք պէտք է ապրին յոյսով լաւագոյն ապագայի մը համար:
Այս մթնոլորտին մէջ եւ ընդհանուր բնաբան ունենալով «Հեքիաթը կը միացնէ աշխարհը (եւ անշուշտ ժողովուրդները), Կիրակի՝ 3 Յունիս 2018ի առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5, 12 երկիրներու մասնակցութեամբ տօնական փառատօն մը տեղի ուեցաւ Աթէնքի արուարձաններէն Ղալացիի փակ մարզադաշտէն ներս, այդ կարգին՝ Հայաստան (յունահայ գաղութ), Ալպանիա, Կիպրոս, Պոնտոս, Կոստանդնուպոլսոյ յոյներ, Պաղեստին, Սուրիա, Աֆղանիստան, Վրաստան, Ուքրանիա, Ռուսիա, Եգիպտոս:
Վերոյիշեալ երկիրներու պարախումբները իրենց ազգային գեղեցիկ տարազներով ելոյթ ունեցան՝ ժողովրդային աւանդական երաժշտութեան ընկերակցութեամբ տոհմիկ պարերով:
Յունաստանի «Համազգային» Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան պարի միաւորի միջնեկներու «Նանոր» պարախումբը, պարուսուցութեամբ ընկ. Աննա Պօղոսեանի, հանդէս եկաւ 5 պարերով՝ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» ոգեշունչ քերթուածի հիմամբ գեղեցիկ պարով մը, «Զով գիշեր»ը, «Շատախի»ն, սատանայական չարը խափանող «Բաբուռի»ն եւ «Ծաղկաձոր»ը՝ մեծապէս գնահատուելով ու ծափահարուելով համագումարեալ ժողովուրդէն:
Ելոյթի ամբողջ ոգին ու կազմակերպումը կը պատկանին տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Փոփի Չաքիճեաններու, Գրիգոր՝ իբրեւ յունական թերթերու եւ պետական հեռատեսիլի փորձառու խօսնակ, իսկ Փոփին որպէս լրագրող-գրագէտ: Դերասան Անթիմոս Անանիատիս մէջընդմէջ ելոյթ կ՚ունենար մեծ մամայի հեքիաթներու գունաւորուած շեշտադրումի պատումներով: Փառատօնին մասնակցող ազգութիւնները, որոնց կարգին Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, իր ընկերուհիներով, յատուկ տաղաւարով ու Եռագոյն դրօշակով պատրաստած էր հայկական աւանդական ուտեստեղէններ, որոնք վաճառուեցան հայկական խոհանոցի բարիքները համտեսել փափաքող տարբեր ժողովուրդներուն:
Ձեռնարկը պիտի կրկնուի Հոկտեմբեր 2018ին, Աթէնքի հիւսիսային արուարձաններէն Ամարուշի մէջ:
Վարձքը կատար «Համազգային»ի եւ Հ. Կ. Խաչի մեր ժրաջան ու նուիրեալ անդամներուն:
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԹՂԹԱԿԻՑ