«Ինչ որ կ՛ըսեմ հիմա մէկ սրտով,պիտի ըսուի Վաղը հազարաւոր սրտերու կողմէ»։

Ճպրան Խալիլ Ճպրան

«Հայրենասիրութիւն չի նշանակեր միայն սիրել իր հայրենիքը։ Ան անհամեմատ կերպով
աւելի շատ բան է… Ան հայրենիքէն անբաժանելիութեան գիտակցութիւնն է եւ անոր երջանիկ եւ դժբախտ օրերուն իրեն հետ անբաժանելի կերպով ապրիլը»։

Ալեքսէյ Տոլստոյ

Անտարբեր հոգիներու զարթուցիչն է Հայաստանը։
Եթէ կ՛ուզես արթուն մնալ
ու գերբնական իմաստ տալ կեանքիդ,
Հայաստան եկուր։
Հոս հաստատուէ, հոս աշխատէ,
հոս բազմացուր ընտանիքդ։
Ազգային երջանկութիւնը
ամէնօրեայ զգացում է հոս։
Նիւթական շարժառիթներ չունի ան,
որոնք մակերեսային են ու վաղանցուկ։
Կարեւորը Հայաստանին հանդէպ զգացածդ է
եւ ցոյց տուած մօտեցումդ,
որ որեւէ երկրի մէջ ապրելու չի նմանիր։
Տարբեր զգացում է այս մէկը։
Հոս,հայրենիքիդ անցեալը, ներկան
ու մանաւանդ ապագան, հոգիիդ մէջն են,
մաս կը կազմեն արիւնիդ, կեանքիդ։
Սրբազան գինովութիւն է
հոս զգացածդ, որ բացատրելի չէ։
Աստուածներ կ՛ապրին հոս
ու երբ հողիդ վրայ կ՛ապրիս,
աստուածներ կը յայտնուին նաեւ մէջդ,
անոնք անվերջ կը պարեն հետդ,
երբ պարելու ելլես դուն։
Եկուր եւ գործակցիր անոնց։
Մոռցուելիք երկիր չէ մեր երկիրը
եւ ոչ ալ անարգելի։
Զբօսաշրջիկի աչքերով
մի նայիր Հայաստանին,
քուկդ է ան, լաւ իմացիր,
եւ քուկդ ըլլալու զգացումը
տարբեր զգացում է։
Ան, ուրիշ երկիրներու մէջ
ապրելու զգացումներուն նման չէ։
Հոս գործ ունիս կատարելիք։
Ապրուստ ունիս հոգալիք։
Ասպարէզ ունիս յաջողցնելիք։
Երդում ունիս իրագործելիք։
Հայրենիք ունիս պաշտպանելիք։
Հոս է կեանքիդ ու ազգիդ ապագան։
Հայաստանը այն երկիրն է,
ուր հերոսներ կը ծնին։
Հոգին, որուն մէջէն Ոգին կը դրսեւորուի
փոխանցիկ է հոս։
Ան, կը սաւառնի սերունդէ սերունդ։
Պայքարելու կը մղէ մեզ։
Արմատներուդ վրայ կ՛ապրիս հոս,
որոնք հին դարերու ուժ ունին։
Ազգային տոկուն ներաշխարհ ունենալ
կը պահանջէ հոս ապրիլը։
Ու երա՜զ, երա՜զ, երա՜զ,
հայրենիքիդ, ազգիդ ու գալիքին հանդէպ։
Եթէ այս ներաշխարհը ունիս,
եկուր հայրենիք ու հոս ապրէ։
Ազգերը միայն իրենց հայրենիքներուն մէջ է,
որ կը տոկան յաւիտեան։

Մարգար Շարապխանեան
Արագածոտնի Մարզ, գիւղ Ուշի