Թր­քա­կան «Haber7» լրա­տո­ւա­կան կայ­քը ներ­կա­յա­ցու­ցած է ­Թուր­քիոյ մէջ գոր­ծող «­Հայ­կա­կան ան­հիմն պնդում­նե­րու դէմ պայ­քա­րի միու­թեան» (ASİMDER) ղե­կա­վար ­Կէոք­սել ­Կիւլ­պէ­յի հար­ցազ­րոյ­ցը, ուր վեր­ջինս այս ան­գամ ­Հա­յաս­տա­նը կը մե­ղադ­րէ քիւրտ զի­նեալ­նե­րուն ա­պաս­տան տա­լու մէջ:
Ար­ցա­խեան հա­կա­մար­տու­թեան վե­րա­բե­րեալ ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան եւ ակն­յայտ ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան տա­րած­մամբ յայտ­նի վե­րոն­շեալ կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գա­հը մաս­նա­ւո­րա­պէս յայտ­նած է, որ իբր ­Հա­յաս­տան ­Քիւր­տիս­տա­նի Աշ­խա­տա­ւո­րա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան (PKK) եւ ­Քիւր­տիս­տա­նի Ա­զատ ­Կեան­քի ­Կու­սակ­ցու­թեան (PJAK) ա­հա­բե­կիչ­ներ տե­ղա­ւո­րած է ­Վար­դե­նի­սի մէջ: ­Կիւլ­պէ­յի հեր­թա­կան ան­հե­թեթ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ա­րագ ար­տատպո­ւած է ատր­պէյ­ճա­նա­կան կայ­քե­րուն կող­մէ, մինչ ան­դին թրքա­կան մա­մու­լը «լուրջ չէ ըն­դու­նած» այս պնդու­մը: Ուս­տի ու­շագ­րաւ է, որ ­Կիւլ­պէ­յի այս «բա­ցա­յայ­տում»ը, որ ­Թուր­քիոյ հա­մար կար­ծես թէ պէտք է մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նե­նար, տեղ գտած է միայն թրքա­կան եր­կու ցած վար­կա­նիշ ու­նե­ցող կայ­քե­րու մէջ:
Ի դէպ ատր­պէյ­ճա­նա­կան «­Հագ­գըն.ազ»ի հրա­պա­րա­կած նիւ­թին մէջ առ­կայ է նաեւ տե­սա­նիւթ, որ սա­կայն Ե­րե­ւա­նի ժա­մա­նա­կով 18:00 դրու­թեամբ հա­սա­նե­լի չէ: ­Սա­կայն նիւ­թի սկզբնաղ­բիւ­րին մէջ ո­րե­ւէ տե­սա­նիւթ չէ հրա­պա­րա­կո­ւած:
­Նախ­կին հե­տա­խոյզ, Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մի մաս­նա­կից ­Վո­վա ­Վար­դա­նով այս ա­ռի­թով իր ֆէյս­պու­քեան է­ջին մէջ գրած է, որ «­Հագ­գըն»ի հրա­պա­րա­կած տե­սա­նիւ­թը իր վա­րած «Ողջ մնա­լու ա­րո­ւեստ» (ՈՄԱՅ) դա­սըն­թաց­քէն է, եւ վե­րոնշեալ պնդում­նե­րուն հետ ո­րե­ւէ կապ չու­նի: Ն­շենք, որ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ տնտե­սա­ւո­րո­ւող հա­կա­հայ­կա­կան «ASİMDER» կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ կա­տա­րո­ւող ան­հիմն յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք եր­բեք, ո­րե­ւէ ա­պա­ցոյց­նե­րով չեն ու­ղեկ­ցո­ւիր, նո­րու­թիւն չեն եւ նոյ­նիսկ թրքա­կան հե­ղի­նա­կա­ւոր լրա­տո­ւա­կան կայ­քե­րու կող­մէ ար­ձա­գանգ չեն ստա­նար: