Հենրի Մորկենթաու (1854-1946)

0
1409

“ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ԱՆՈՒՂՂԵԼԻ ԵՆ”

Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատին արձանագրուած ամենայայտնի անուններէն մէկը Հենրի Մորկենթաուն է: Ան ազգութեամբ հրեայ է, ծնած է 1854 թուականին (մահացած է 1946ին) Գերմանիոյ Մաննհէյմ քաղաքին մէջ: Մորկենթաու տեղափոխուած է Ա.Մ.Ն., ստացած է իրաւաբանական կրթութիւն եւ աշխատած է իբրեւ դիւանագէտ: 1913-1916 թուականներուն եղած է Ա.Մ.Ն.ի դեսպանը Թուրքիոյ մէջ: Առաջին Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ներկայացուցած է նաեւ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Պելճիքայի շահերը այդ երկրին մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ դեսպան ըլլալ Թուրքիոյ մէջ կը նշանակէր ականատես ըլլալ դժոխային գործողութիւններուն եւ ստիպուած ըլլալ հանդիպիլ, շփուիլ, բանակցութիւններ վարել (նաեւ՝ ժպտալ ու ձեռք սեղմել) այն անձերուն հետ, որոնք ծրագրած եւ իրականացուցած էին մարդկութեան պատմութեան առաջին դիւային ոճիրը։ Կը նշանակէր, նաեւ, ջանք ու ճիգ գործադրած ըլլալ՝ կանխելու, տառապեալներու վիճակը գոնէ քիչ մը թեթեւցնելու համար:

Մորկենթաու ձգած է յուշագրական ժառանգութիւն, որուն միջոցով մինչեւ օրս անհերքելի փաստագրական նիւթ մատուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Ի պաշտօնէ Մորկենթաու տեղեկատւութիւն ստացած էր Անատոլիայի խորերէն եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գործող ամերիկեան հիւպատոսներէն, քարոզիչներէն եւ այլ անձերէ։ Ան կը շփուէր տեղի հայութեան եւ այլ երկիրներու դիւանագէտներու հետ ու իրադարձութիւններէն տեղեակ էր առաւել, քան ոեւէ այլ մէկը: Անոր վկայութիւնները, անժխտելի ապացոյցի արժէք ունին, իսկ վերլուծութիւնները, որոնց միջոցով մերկացուցած է թրքական ժխտումներու, պատճառաբանութիւններու եւ արդարացումներու նենգապատիր սնանկութիւնը, կը հիմնաւորեն իրատես, անաչառ եւ խորաթափանց մօտեցումը:

Հարկ է նշել նաեւ, որ Մորկենթաուի վկայութիւնները ունին նաեւ այլ՝ յոյժ կարեւորութիւն: Ցեղասպանութեան անմիջական կազմակերպիչներէն ան հանդիպած է Թալէաթին, Էնվէրին, Խալիլ պէյին: Յուշագրութիւններուն մէջ հատուածներ զետեղած է անոնց հետ իր ունեցած զրոյցներուն մասին, որոնց ժամանակ հարց բարձրացուցած է տեղահանութեան եւ սպանդի մասին, փորձած է կանխել ահաւոր եղեռնը: Ինչպէս գիտենք՝ ապարդիւն եւ անօգուտ:

Ամերիկա վերադառնալով՝ Մորկենթաու իր տեսածը, լսածն ու գիտցածը յանձնած է թուղթին, հրապարակած է «Հայկական ջարդերու առթիւ» (1918), «Ինչո՞ւ պէտք է կործանել Օսմանեան Կայսրութիւնը» (1918), «Հայաստանը կը Կանչէ» (1918), «Կ՛ոչնչանա՞յ արդեօք Հայաստանը» (1920), «Հայերու կոտորածները 1915ին» (1922) յօդուածները եւ «Բոսֆորի գաղտնիքները. 1913-1916» (1918), «Հայաստանի ողբերգութիւնը» (1918), «Դեսպան Մորկենթաուի յուշերը» (1919) գիրքերը, որոնք յոյժ կարեւոր ու հաւաստի տեղեկութիւններ կը պարունակեն Մեծ Եղեռնի մասին:

Ահա թէ ի՛նչ գրած է Մորկենթաու.- «Տեղահանման իսկական նպատակը կողոպուտն ու ոչնչացումն էր. իրօք, կոտորածի նոր մեթոտ էր: Եթէ թրքական իշխանութիւնները հրաման կ՛արձակէին այդ աքսորներու մասին, անոնք փաստօրէն մահուան դատավճիռ իրագործած էին ողջ ազգի մը նկատմամբ: Անոնք ատիկա հիանալի հասկցած էին եւ իմ հետս ունեցած խօսակցութիւններուն ժամանակ չէին փորձած թաքցնել այդ փաստըՑանկացած ճանապարհ կը տանէր դէպի մահ»:

«…Անհեթեթ են թուրք կառավարութեան այն հաւաստիացումները, թէ իրենք մտադիր են հայերը բնակեցնել նոր վայրերու մէջ: Էնվէրի եւ Թալիաթի իսկական նպատակն էր բնաջնջել հայերը»:

Այն, ինչ տեսած, զգացած ու հասկցած էր Մորկենթաու, ահաւոր էր: Ահաւոր էր նաեւ այն դաժան հետեւութիւնը, որուն յանգած է ան, որ, սակայն, իրողութիւնն էր.- «Համոզուած եմ, որ մարդկութեան ողջ պատմութեան մէջ չկան այնքան զարհուրելի փաստեր, ինչքան այս կոտորածը: Անցեալին կատարուած մեծ ջարդերն ու հալածանքները գրեթէ աննշան կը թուին 1915 թ. հայ ազգի կրած տառապանքներուն բաղդատմամբ»:

Նախախնամութեան կամքովՄորկենթաու ապրեցաւ աւելի քան իննսուն տարի, տեսաւ Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմը, ֆաշիստներու վայրագութիւններն ու իր ցեղի բնաջնջումը, որ չափերով առաւել էր, քան հայոց կոտորածը թուրքերու կողմէ (եթէ, ի հարկ է, թոյլատրելի է նման համեմատութիւնները), բայց նոյնպէս վայրագ էին ու անմարդկային՝ նպատակը, գործադրման ձեւերն ու մեթոտները:

Մորկենթաու տեսաւ իր ժողովուրդին սպանդը: Ուշագրաւ է, որ անոնցմէ տարիներ առաջ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, ան բացայայտ մեղադրանքներ շպրտած է գերմանացիներու հասցէին՝ նշելով, որ անոնք մեղքի զգալի մաս ունին այդ ոճրագործութեան մէջ: Ան համոզուած էր, որ նոյնն են գերմանացիներուն եւ թուրքերուն ռազմաքաղաքական մտածողութիւնն ու սկզբունքները, նոյնն են գործելաոճն ու մեթոտները: Ժամանակը ցոյց տուաւ, որ Մորկենթաու այնքան ալ չէր սխալած:

Մորկենթաու իր հայանպաստ գործունէութիւնը շարունակած է նաեւ աշխատանքէն հրաժարելէ եւ Ամերիկա վերադառնալէ ետք: Ան եղած է Ամերիկեան Օգնութեան Կոմիտէի (Ամերկոմ) փոխնախագահ, աշխուժօրէն մասնակցած է շարք մը նպաստամատոյց կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն, բարեգործական ձեռնարկներու, միջազգային «Ոսկեղէն կանոններու» ձեռնարկներուն, նոյնիսկ ներկայացուցած է հայերը Ամերիկա բնակեցնելու գաղափարը, գործունէութիւն ծաւալած է Ազգերու Լիգային մէջ, դիւանագիտական ոլորտներու մէջ, աշխուժօրէն աջակցած է նախագահ Ուիլիսընի գործունէութեան, կատարած հայանպաստ բազում այլ քայեր։

Իսկ այն, որ դեսպան եղած տարիներուն Մորկենթաու տքնած է յանուն հայութեան եւ իր յուշագրութիւններով մեծապէս նպաստած է ու կը նպաստէ պատմական իրողութեան ճանաչման, լիուլի բաւարար են, որպէսզի անոր անունը արժանաւորուի եւ յաւերժանայ Ծիծեռնակաբերդի Յիշատակի պատի քարեղէն պահոցներէն մէկուն վրայ:

(Պատրաստեց Քուէյթի Ազգային Վարժարանի տնօրէն Մանուկ Մանուկեան)