Հայոց ցեղասպանութեան 105ամեակի նախօրեակին, Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբը մամլոյ յայտարարութիւններ յղած էր համացանցային, հեռատեսիլային եւ ձայնասփիւռային մամուլի բոլոր ներկայացուցիչներուն, հաղորդելով առցանց սփռումին մասին, միաժամանակ տեղեկութիւններ փոխանցելով Հայոց ցեղասպանութեան պատմական հանգրուաններուն շուրջ, եւ լուսանկարներու ու պատմական երիզներու հարուստ ցանկ մը տրամադրելով։
Հելլէն մամուլի անդրադարձը եղաւ լայն, յատկապէս առցանց սփռումի աւարտին։ Հեռատեսիլի EPT 1, EPT 3, OPEN, ANT1, ALPHA, STAR կայաններու կէսօրուան եւ երեկոյեան լուրերու բաժինները լայնօրէն անդրադարձան ձեռնարկին եւ յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններու պատգամներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յուշի միջոցառումներուն։
Հարցազրոյցներով հանդէս եկան Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի անդամները, համացանցային եւ ձայնասփիւռային կայաններու մօտ։ Քսանթիի քաղաքապետական ձայնասփիւռէն հարցազրոյց մը ունեցաւ ընկ. Ատրիկ Ստեփանեան, համացանցային «Η γειτονιά μας» յայտագրէն՝ ընկ. Յարութ Սպարթալեան, Αθήνα 9.84 ձայնասփիւռի կայանի «Ω τι κόσμος» յայտագրէն ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պետական ձայնասփիւռին եւ ketron.tv կայանին հաղորդումներ կատարեց ընկ. Յովիկ Գասապեան։ Ընկ. Պետրոս Հալաճեան խօսեցաւ typosthes.gr կայանէն: Αθήνα 9.84 կայանէն, հաղորդավարուհի Լիլի Քարածաֆերի, իր երաժշտական հերթական սփռումներու յայտագրի ծիրէն ներս, Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ելոյթով, մօտ մէկ ժամուան տեւողութեամբ ներկայացուց հայ դասական երաժշտութեան հանրածանօթ նմուշներ։ Καθημερινή, enikos.gr, Sansimera.gr, Παραπολιτικά, 247 Newsեւ շարք մը այլ կայքէջերէ յատուկ նիւթեր հրատարակուեցան, որոնք կարելի է կարդալ Դիմատետրին վրայ՝ Հայ դատի յանձնախումբի էջէն։