Ուր­բաթ՝ 24 Ապ­րիլ 2020ին, յու­նա­հա­յու­թիւ­նը առ­ցանց կա­տա­րեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 105ա­մեա­կի նշու­մը։ Այս ան­գամ, Պ­սա­կա­ձեւ ժահ­րի հա­մա­ճա­րա­կին պատ­ճա­ռով կի­րար­կո­ւած ար­գի­լում­նե­րու լոյ­սին տակ, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը իր ծրագ­րո­ւած հրա­պա­րա­կա­յին ե­լոյթ­նե­րը փո­խա­րի­նեց հա­մա­ցան­ցի վրայ սփռո­ւած յա­տուկ յայ­տա­գի­րով, որ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ 24 Ապ­րի­լի ե­րե­կո­յեան՝ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի եւ «Ա­զատ Օր»ի է­ջե­րէն ու հա­սա­նե­լի դար­ձաւ ոչ միայն յու­նա­հա­յու­թեան, այ­լեւ աշ­խար­հի բո­լոր մա­սե­րուն մէջ ապ­րող հա­յե­րուն։
Ար­դէն, ա­միս­ներ ա­ռաջ, ծա­նօթ դար­ձած էր, որ ­Յու­նաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նախ­կին նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լոս, ո­րու պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան շրջա­նը ա­ւար­տե­ցաւ հա­զիւ ­Մար­տին, պի­տի ըլ­լար ապ­րի­լեան կեդ­րո­նա­կան քա­ղա­քա­կան ե­լոյ­թի գլխա­ւոր հիւ­րը եւ բա­նա­խօ­սը։ ­Հա­յա­սէր նա­խա­գա­հը, որ իր քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին եր­բեք չզլա­ցաւ իր ան­կեղծ հա­յա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը եւ գործ­նա­կան զօ­րակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նել հա­յու­թեան, ա­ռա­ւել՝ ան­ցեալ ­Նո­յեմ­բե­րին պաշ­տօ­նա­պէս այ­ցե­լած էր ­Հա­յաս­տան, այս ան­գամ եւս չմեր­ժեց իր խօս­քով մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րել առ­ցանց ե­լոյ­թին, որ մե­ծա­պէս գնա­հա­տո­ւե­ցաւ, ինչ­պէս նաեւ իր խո­րի­մաստ խօս­քը եւ քա­ղա­քա­կան կե­ցո­ւած­քը յա­տուկ տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղուց։
Ա­ռա­ւել, առ­ցանց ե­լոյ­թին նշա­նա­կա­լից ե­ղաւ յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան բարձր ներ­կա­յու­թիւ­նը, որ յատ­կանշո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տեն­տիա­սի, հել­լէն խորհր­դա­րա­նի փոխ­նա­խա­գահ ­Նի­քի­թաս ­Քաք­լա­մա­նի­սի, Ա­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս ­Փա­թու­լի­սի, ­Մա­կե­դո­նիոյ մարզ­պետ Ա­փոս­թո­լոս ­Ծի­ծի­քոս­թա­սի եւ Թ­րա­կիոյ փոխ մարզ­պետ ­Քոս­թաս Ան­տո­նիա­տի­սի ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի կուռ խօս­քով։

­Վար­չա­պետ ­Մի­ցո­թա­քի­սի գրա­ռու­մը

Առ­ցանց ե­լոյ­թի սփռու­մէն ա­ռաջ, նշա­նա­կա­լից ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քի­սի ­Թո­ւի­թը­րի վրայ գրա­ռու­մը, ո­րուն մէջ կը յայտ­նէր.
«Այ­սօր, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կի օրն է։ ­Մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րո­ւած ո­ճիր մը, որ մրո­տեց 20րդ ­դա­րու ար­շա­լոյ­սը։ Մշտա­կան պատ­գամ մը, թօ­թա­փե­լու հա­մար ա­տե­լու­թիւ­նը, ցե­ղաս­պաշ­տու­թիւ­նը եւ կոյր բռնու­թիւ­նը։ Ո­րով­հե­տեւ, չա­րին մո­ռա­ցու­մը ա­նոր կրկնու­մին ար­տօ­նա­գի­րը կը դառ­նայ»։
­Վար­չա­պե­տի ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը լայն տա­րա­ծում գտաւ հա­մա­ցան­ցի եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ, խոր տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղե­լով լայն հա­սա­րա­կու­թեան վրայ։ Ն­շենք, որ վար­չա­պե­տի գրա­ռու­մը քա­ղա­քա­կան իր ի­մաս­տը կը ստա­նայ, յատ­կա­պէս ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Թուր­քիոյ մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւած լա­րո­ւած կա­ցու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ, ա­ռա­ւել՝ ­Հա­յաս­տա­նին ու հայ ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղո­ւած զօ­րակ­ցու­թեան կա­րե­ւոր նշում մըն էր։

Առ­ցանց ե­լոյ­թի յայ­տա­գի­րը

Ո­րո­շո­ւած ժա­մուն, առ­ցանց ե­լոյ­թի յայ­տա­գի­րը սկսաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Յա­կոբ ­Փա­փա­զեան» երգ­չա­խում­բին կող­մէ, ընկ. Մկր­տիչ Գ­րի­գո­րեա­նի խմբա­վա­րու­թեան տակ, եր­գո­ւած ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի ո­գերգ­նե­րով։ ­Յա­ջոր­դա­բար, բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց Հ.Յ.Դ. ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ ընկ. ­Լո­ռի ­Պա­րա­զեան, որ յայտ­նեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը իր ար­դար հա­տուց­ման պայ­քա­րին մէջ պատ­րաստ է դէմ յան­դի­ման գա­լու ա­մէն տե­սա­կի քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ճա­կա­տում­նե­րու, ո­րով­հե­տեւ պա­տե­րազ­մը միայն բաց դաշ­տե­րու մէջ չի դառ­նար, այլ նաեւ, այն ծայր կ­՚առ­նէ քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան սրահ­նե­րուն մէջ։
­Բա­ցա­յայտ է, որ ­Թուր­քիա եւ Ատր­պէյ­ճան կը շա­րու­նա­կեն մեր­ժու­մի եւ պատ­մու­թեան խե­ղա­թիւր­ման ի­րենց ար­շա­ւանք­նե­րը, սա­կայն հայ ժո­ղո­վուր­դը իր վե­րան­կա­խա­ցեալ հայ­րե­նի­քով եւ զօ­րա­ւոր Ս­փիւռ­քով կը շա­րու­նա­կէ պա­հան­ջել ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դար հա­տու­ցու­մը։ Ըն­կե­րու­հիի խօս­քը կու տանք ա­ռան­ձին։
Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. ­Միու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց ընկ. ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան։
­Յայ­տա­գի­րի ըն­թաց­քին յու­զիչ ներ­կա­յա­ցում ու­նե­ցաւ սի­րո­ւած տա­ղան­դա­ւոր եր­գիչ ­Հայկ Եա­զը­ճեան, որ նա­խա­պէս նկա­րա­հա­նո­ւած եր­կու եր­գե­րու՝ «­Զար­թիր որ­դեակ» եւ «­Պին­կէոլ», իր զգա­յա­ցունց յա­տուկ մեկ­նա­բա­նու­թեամբ եւ ո­ճով յու­զու­մի ա­լիք­ներ բարձ­րա­ցուց։

­Նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սի խօս­քը

­Յու­նաս­տա­նի նախ­կին նա­խա­գահ Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սի ներշն­չո­ւած խօս­քը, որ­պէս այս տա­րո­ւան կեդ­րո­նա­կան բա­նա­խօս, որ նա­խա­պէս տրա­մադ­րո­ւած էր Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ առ­ցանց։
Իր խօս­քին մէջ, նա­խա­գա­հը դրո­ւա­տեց ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Յու­նաս­տա­նի դա­րա­ւոր բա­րե­կա­մու­թիւ­նը եւ ամ­բող­ջա­կան գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ։ Ան ան­վե­րա­պա­հօ­րէն դա­տա­պար­տեց ­Թուր­քիոյ կող­մէ գոր­ծո­ւած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ յայտ­նեց.-
«­Պատ­գամ կ­՚ուղ­ղենք ­Թուր­քիոյ, որ ի­րեն հա­մար նպաս­տա­ւոր պի­տի դառ­նայ նե­րո­ղու­թիւն խնդրել ­Մարդ­կու­թեան դէմ՝ այն­քան ­Հա­յե­րուն որ­քան եւ ­Յոյ­նե­րուն դէմ, ան­ցեա­լին իր գոր­ծած ո­ճիր­նե­րուն հա­մար։ Այն­քան ա­տեն, որ ­Թուր­քիա կը պնդէ պատ­մու­թիւ­նը խե­ղա­թիւ­րել եւ թա­քուն պա­հել այս անն­կա­րագ­րե­լի բար­բա­րո­սու­թիւ­նը, ար­հա­մա­րե­լով ­Մարդն ու ա­նոր ար­ժէ­քը, այն­քան ա­ւե­լի պի­տի մնայ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի լու­սանց­քին եւ ա­մօ­թա­լի օ­րի­նակ պի­տի շա­րու­նա­կէ ըլ­լալ ­Ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ ­Քա­ղա­քակր­թու­թեան հա­մար»։
Իր խօս­քի ըն­թաց­քին, նա­խա­գահ ­Փաւ­լո­փու­լոս ընդգ­ծեց, որ ­Յու­նաս­տան ամ­բող­ջու­թեամբ կը ճանչ­նայ եւ զօ­րա­վիգ կը կանգ­նի ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նա­հար­ցի խա­ղաղ լուծ­ման ջան­քե­րուն, հիմ­նո­ւած մի­ջազ­գա­յին ար­դա­րու­թեան կա­նոն­նե­րուն վրայ։ Ան նաեւ շեշ­տեց ­Յու­նաս­տա­նի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի խում­բի խա­ղաղա­րար աշ­խա­տանք­նե­րուն։
Իր խօս­քը ա­ւար­տե­լով, Փ. ­Փաւ­լո­փու­լոս շեշ­տեց.
«­Ձեզ կը վստա­հեց­նեմ, որ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ամ­բող­ջա­կան ճա­նա­չու­մի պայ­քա­րին մէջ, միշտ հա­յու­թեան կող­քին պի­տի կանգ­նիմ»։
Ն­շենք նաեւ, որ նա­խա­գա­հի խօս­քի ամ­բող­ջու­թիւ­նը լայն տա­րա­ծում գտաւ յու­նա­կան լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու կայ­քէ­ջե­րուն վրայ։

Ող­ջոյ­նի խօս­քեր

Ա­ռա­ջին խօ­սո­ղը ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի փոխ­նա­խա­գահ ­Նի­քի­թաս ­Քաք­լա­մա­նիս, որ նշեց թէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 105րդ ­տա­րե­լի­ցը հել­լէն խորհր­դա­րա­նին հա­մար յի­շա­տա­կու­թեան եւ յար­գան­քի օր է։ Ան շեշ­տեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը մնայ ան­հա­տոյց եւ պա­տաս­խան կը սպա­սէ ­Թուր­քիա­յէն՝ ա­նոր կա­տա­րած ո­ճիր­նե­րուն հա­մար։ Իր խօս­քին ա­ւար­տին, խորհր­դա­րա­նի փոխ­նա­խա­գա­հը յու­նա­րէ­նով յատ­կան­շա­կան մէջ­բե­րում մը կա­տա­րեց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ դար­ձած ­Դա­նիէլ ­Վա­րու­ժա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թե­նէն։
­Յա­ջոր­դա­բար, ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ ­Յու­նաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Նի­քոս ­Տես­տիաս, որ յայտ­նեց.
«Ապ­րիլ 24ի այս օ­րը մենք կը յի­շա­տա­կենք ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, որ ճանչ­ցո­ւած է մեր երկ­րին կող­մէ 1996 թո­ւա­կա­նէն ի վեր։ Այս տա­րի, մեր ապ­րած իւ­րա­յա­տուկ պայ­ման­նե­րուն բեր­մամբ, կա­րե­լի չե­ղաւ ո­գե­կո­չում­նե­րը կա­տա­րել այլ տա­րի­նե­րու նման, այ­սու­հան­դերձ, մենք եր­բեք չենք մոռ­նար  օ­րո­ւան ի­մաս­տը։ 
Այս տա­րի դար­ձեալ, մեր մտա­ծում­նե­րը մեր հայ­րե­նի­քի մէջ ապ­րող հա­յու­թեան կող­քին են, ինչ­պէս նաեւ ի­րենց նախ­նի­նե­րուն, բայց եւ ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ մեր հայ ըն­կեր­նե­րուն մօտ։ Աշ­խար­հին կող­մէ դի­մագ­րա­ւո­ւած մար­տահ­րա­ւէ­րը մեզ յա­ւե­լեալ կը պար­տա­ւո­րէ՝ մեր յար­գան­քի տուր­քը մա­տու­ցե­լու ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շա­տա­կին։ Ո­րով­հե­տեւ, պար­տա­ւոր ենք կեն­դա­նի պա­հել ի­րենց յի­շա­տա­կը, որ­պէս­զի, եր­բեք դար­ձեալ չի կրկնո­ւին ան­ցեա­լի ո­ճիր­նե­րը։ 
Այս օ­րո­ւան տխուր յի­շա­տա­կու­մին ա­ռի­թով, պի­տի ու­զէի ան­գամ մը եւս հա­ւաս­տիաց­նել՝ մեր եր­կու ազ­գե­րը ի­րա­րու կա­պող պատ­մա­կան ու բա­րե­կա­մա­կան ա­մուր կա­պե­րուն մա­սին, նոյն պա­հուն՝ զօ­րակ­ցու­թիւնս յայտ­նե­լով ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին, որ այս­քան օգ­տա­կա­րու­թիւն մա­տու­ցած է մեր հայ­րե­նի­քին»։
Հ.Հ. ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեան իր ող­ջոյ­նի խօս­քին մէջ մաս­նա­ւո­րա­պէս նշեց. «Որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն վե­րապ­րած ժո­ղո­վուրդ՝ մենք գի­տակ­ցում ենք նաեւ մեր պար­տա­ւո­րու­թիւ­նը «այ­լեւս եր­բեք»ի օ­րա­կար­գի ա­ռաջմղ­ման հար­ցում: Այս հա­մա­տեքս­տում, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցը ոչ միայն ուղ­ղա­կի քայլ է մեր ար­դա­րու­թիւ­նը ճա­նա­չե­լու, այլ նաեւ քայլ է ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը կան­խար­գե­լե­լու ուղ­ղու­թեամբ, ո­րով­հե­տեւ դա պատ­գամ է, որ ան­պատ­ժե­լիու­թիւ­նը չի աշ­խա­տե­լու:
­Մի­ջազ­գա­յին հա­մա­կար­գում ցե­ղաս­պա­նու­թեան կան­խար­գել­մա­նը մի­տո­ւած գոր­ծիք­նե­րի ամ­րապնդու­մը շա­րու­նա­կա­կան գոր­ծըն­թաց է, եւ մենք շա­րու­նա­կա­բար աշ­խա­տե­լու ենք այդ ուղ­ղու­թեամբ»։

­Մարզ­պետ­նե­րու ող­ջոյ­նի խօս­քե­րը

­Յա­ջոր­դա­բար, լսո­ւե­ցան Ա­տի­կէի մարզ­պետ Եոր­ղոս ­Փա­թու­լի­սի, ­Մա­կե­դո­նիոյ մարզ­պետ Ա­փոս­թո­լոս ­Ծի­ծի­քոս­թա­սի եւ Թ­րա­կիոյ մարզ­պետ ­Քոս­թաս Ան­տո­նիա­տի­սի ող­ջոյ­նի խօս­քե­րը։
Ե­րեք խօ­սող­ներն ալ դա­տա­պար­տե­ցին ­Թուր­քիոյ գոր­ծած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին վրայ եւ նշե­ցին, որ ան­պատ­ժե­լիու­թեան վրայ յե­նուե­լով, ­Թուր­քիա շա­րու­նա­կեց իր ցե­ղաս­պա­նա­կան ար­շա­ւանք­նե­րը ­Փոքր Ա­սիոյ եւ ­Պոս­տո­սի յոյ­նե­րուն վրայ, իսկ այ­սօր՝ ան կը շա­րու­նա­կէ ո­ճիր­ներ գոր­ծել դրա­ցի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն վրայ, ար­հա­մա­րե­լով մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քի բո­լոր կա­նոն­նե­րը։ Ե­րեք խօ­սող­ներն ալ կոչ ուղ­ղե­ցին ­Թուր­քիոյ՝ ճանչ­նա­լու ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը եւ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թեան հետ։

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րիտ. միու­թեան խօս­քը

­Դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն խօս­քը փո­խան­ցեց ընկ. ­Լո­ռի ­Գու­յում­ճեան, որ շեշ­տեց, թէ հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը անն­կուն կեր­պով կը շա­րու­նա­կէ մնալ պայ­քա­րի դրօ­շա­կա­կի­րը, հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ժա­ման­ցե­լի ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պա­նը։ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան պայ­քա­րը կանգ չի կրնար առ­նել, մին­չեւ հա­յու­թեան ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու հա­տու­ցու­մը։

­Տե­սաե­րի­զի ներ­կա­յա­ցում

Առ­ցանց ե­լոյ­թի ա­ւար­տին, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ան­ցեալ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բե­րու եւ միա­ցեալ մար­մին­նե­րու կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած պա­հան­ջա­տի­րա­կան ե­լոյթ­նե­րու յատ­կան­շա­կան տե­սա­րան­ներ։ ­Յա­տուկ անդ­րա­դարձ ե­ղաւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ցոյ­ցե­րուն դէ­պի թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ տե­սա­րան­ներ քա­ղա­քա­կան ե­լոյթ­նե­րէն, ո­րոնք կը կազ­մա­կեր­պո­ւին յու­նա­կան պե­տու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ եւ մաս­նակ­ցու­թեամբ։ ­Տե­սաե­րի­զը ա­ւար­տե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լի­րին առ­ջեւ բազ­մա­հա­զար հա­յու­թեան կող­մէ մա­տու­ցո­ւած յար­գան­քի տուր­քով։

­Քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հի ար­ձա­գան­գը

24 Ապ­րի­լի օ­րը, ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 105րդ ­տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, հա­մա­ցան­ցի ­Թո­ւի­թը­րի, ­Դի­մա­տետ­րի եւ այլ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն մէջ յա­տուկ գրա­ռում­ներ կա­տա­րե­ցին Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պետ ­Գոս­թաս ­Պա­քո­յեա­նիս, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պետ ­Գոնս­թան­տի­նոս ­Զեր­վաս, ­Քա­լա­մա­թա­յի քա­ղա­քա­պետ ­Թա­նա­սիս ­Վա­սի­լո­փու­լոս, նա­խա­րար ­Միլ­թիա­տիս ­Վար­վի­ցիո­թիս եւ փոխ նա­խա­րար Ղ­րի­ղո­րիս ­Զա­րի­ֆո­փու­լոս, խորհր­դա­րա­նի ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի նա­խա­գահ ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քո­փու­լոս եւ փոխ նա­խա­գահ ­Նի­նա ­Քա­սի­մա­թի, ե­րես­փո­խան­ներ Ս­թաւ­րոս ­Քա­լա­ֆա­թիս, ­Նի­քոս Ի­ղու­մե­նի­տիս եւ այլ քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ։