Հաւատքը

0
171

­Մա­րիա ­Մար­կո­սեան-­Տա­մա­տեան

­Մայ­րի­կիս ե­փած «թիւր­լուն» կե­րա՞ծ էք, իսկ հօ­րա­քիս շի­նած «սու պո­րէ՞­կը», մօ­րաքս ալ ա­ղո­ւոր փո­խինձ ու խա­ւիծ, ­Հա­րի­սա կը շի­նէ, հա­պա մեծ մայ­րի­կիս կամ «նե­նէիս» «ման­թը՞ն»… Օ՜, ին­չեր կորսն­ցու­ցեր է ան, որ չէ կե­րած ա­նոնց-ի­մոնց ձեռ­քէն պատ­րաս­տուած­նե­րը, օ՜…
Իմ քի­թիս ա­մէն օր այդ կե­րա­կուր­նե­րուն հոտն է. ուր ալ եր­թամ վե­րա­դար­ձին միշտ «ա­նօ­թի» եմ, չյա­գե­ցած… ­Կա­րօ­տի, յու­շե­րու, հա­մե­րու պատ­րանք­նե­րով։
­Ճիշտ է, ա­ւե­լի «հա­մով» պի­տի ըլ­լար, ե­թէ «թիւր­լո­ւի» եւ մէ­ջի մի­սը մատ­նե­րով ու­տե­լու պա­հին մը մա­սին գրէի՝ այն պա­հին, երբ Ե­րե­ւա­նէն դէ­պի Ա­թէնք օ­դա­նա­ւէն ու­շա­նա­լուն ան­հոգ ես իմ «քէֆս» կ­’ը­նէի… Եւ, հա­մէն զմայ­լո­ւած, պնա­կիս առ­ջեւ միտ­քե­րու մէջ խո­րա­սու­զո­ւած էի՝ չէի ու­զեր ան­գամ տե­ղէս ել­լել եւ հրա­ժեշտ տալ ան­յայտ ժա­մա­նա­կով իմ հո­գիիս ու սիր­տիս կա­րօտ­ներն ու մաս­նիկ­նե­րը… ­Բայց…
­Բայց եւ այն­պէս հի­մա հե­ռու եմ, սա­կայն եր­բէք հե­ռու սրտով ու մտքե­րով… Ա­ռանց խօս­քեր շռայ­լե­լու…
Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, «թիւր­լու»ի հո­տը քի­թիս, ­Ձե­զի հետ հի­մա պի­տի ճամ­բոր­դեմ «տար­բեր հա­մե­րով» վայր մը՝ Ա­թէն­քի ­Փո­րոս կղզի, երբ ըն­տա­նե­կան ար­ձա­կուր­դի օ­րե­րէն մին հան­դի­պե­ցայ «ՀԱՒԱՏՔԻՆ»։
­Հա­ւատ­քը։
­Սա այն դրախ­տա­վայրն է, ուր հան­դի­պե­ցայ հա­ւատ­քին…
Երբ ո­լո­րապ­տոյտ ճա­նա­պար­հը իր ծով գե­ղեց­կու­թեամբ մե­զի կ­’ու­ղեկ­ցէր դէ­պի ­Փո­սի­տո­նա­սի տա­ճար, իսկ ներ­քե­ւը ծովն իր փայլփլուն կա­պու­տա­կով կը հմա­յէր… Ինք­նա­շար­ժը ազ­դան­շան տուաւ յան­կարծ. Խն­դիր կայ՝ ծուխ ու մուխ… ­Լա­ւա­տես էի…
Աղ­ջի­կիս տխուր հա­յեաց­քէն, սա­կայն, եւ ա­րե­ւի այ­րող ճա­ռա­գայթ­նե­րէն՝ պահ մը գլխապ­տոյտ, բայց եւ պէտք էր սթա­փո­ւիլ… ­Դէ­պի ան­կիւն ուղ­ղե­ցինք ինք­նա­շար­ժը. Եր­կու չքնաղ ձիեր ի­րենց հա­յեաց­քը ուղ­ղած՝ մե­զի կը նա­յէին։ Ես ծա­ռի շու­քին մօ­տե­ցայ, աղ­ջիկս մտա­մո­լոր՝ ա­րե­ւի տակ աջ-ձախ կ­’եր­թար, կան­չե­ցի, որ չա­րե­ւա­հա­րո­ւի. Ար­ցուն­քոտ էին ա­չուկ­նե­րը, նե­ղո­ւած։ ­Նոյն պա­հուն ճեր­մակ ձին, որ մե­զի կը խօ­սէր իր տխուր աչ­քե­րով կար­ծես, ա­ւե­լի մօ­տե­ցաւ. Մ­խի­թա­րու­թիւն էր տե­սակ մը ա­նոր ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը… ու չքնաղ էր ան այն­քան՝ գե­ղե­ցիկ, սլա­ցիկ, վեհ… ­Բայց պէտք էր լու­ծում գտնել, ար­ձա­կուր­դի վեր­ջին օ­րո­ւայ ճամ­բոր­դու­թիւ­նը շա­րու­նա­կել ու­րա­խու­թեամբ։
­Մեր զրոյ­ցը որ­քա­նո՞վ էր հե­տաքրքիր ձիե­րուն՝ կը ժպտամ հար­կաւ…
­Բայց աղ­ջիկս, թէ «ա­սի է կեան­քը, փոր­ձու­թիւն­նե­րով եւ ա­նակն­կալ­նե­րով լի», հասկ­ցաւ, սրբեց աչ­քե­րը, ուժ հա­ւա­քեց եւ մօ­տե­ցաւ հայ­րի­կին՝ օգ­տա­կար ը­լա­լու վճռա­կա­նու­թեամբ։ Ու մինչ ինք­նա­շար­ժի ե­ռա­ցող ջու­րը կը հանգս­տա­նար՝ կը յու­սա­յի, որ խնդի­րը մեծ չէ։
­Հե­ռո­ւէն նկա­տած էի ար­դէն գողտ­րիկ ճա­շա­րա­նը՝ թաք­նո­ւած խա­ղո­ղի թու­փե­րու ե­տե­ւը, ու ո­րո­շե­ցինք դի­մել այն­տե­ղի աշ­խա­տող­նե­րուն։ ­Տա­սը վայր­կեան անց, տա­կա­ռով լի ջու­րը ձեռ­քին, մե­զի մօ­տե­ցաւ ճա­շա­րա­նին տէ­րը՝ յաղ­թան­դամ մի բա­րե­կիրթ, լու­սա­ւոր հա­յեաց­քով, բայց եւ լուրջ նա­յո­ւած­քով տղա­մարդ մը։ ­Նոյ­նիսկ յու­զո­ւե­ցայ. Ան բա­րի ցան­կու­թեամբ եւ ամ­բողջ սրտով կը ցան­կա­նար օգ­նել մեզ…
Ու պահ մը… բա­րի հրեշ­տա­կը ե­րե­ւաց աչ­քե­րուս առ­ջեւ, տե­սայ ա­նոր լու­սա­ւոր ժպի­տը, կը թռու­ռար՝ կը խա­ղար ա­րե­ւի ճա­ռա­գայթ­նե­րու հետ, ա­րեւն ալ շատ զօ­րա­ւոր էր։ «­Բախ­տը մե­զի ինչ-որ հրաշք վայր մը ու­ղեկ­ցեր է փոր­ձու­թեան», — մտա­ծե­ցի,- «եւ ոչ՝ լքել ա­մա­յու­թեան մէջ», — շնոր­հա­կալ էի…
Ու քայ­լե­ցի դէ­պի առ­ջեւ… ­Ճա­շա­րա­նին մօ­տե­ցայ. «դրախտ»։ ­Շօ­շա­փե­ցի ձեռ­քերս, դէմքս եւ ա­րագ շնչա­ռու­թիւնս ին­ծի յի­շե­ցուց, որ երկ­րա­յին դրախ­տին կը մօ­տե­նամ… ­Խա­ղո­ղի թու­փի ա­րանք­նե­րէն հա­յեացք մը, եւ առ­ջեւս բա­ցո­ւե­ցաւ ­Սուրբ ­Խա­չը գա­գա­թին շո­ղա­ցող ճեր­մակ մա­տու­ռը. ­Խո­նար­հու­մի պահ էր՝ Աս­տո­ւա­ծա­յին…
-Աղ­ջի՜կս, — ու­րա­խու­թեան ճիչ, հո­գիի ճիչ՝ սրտիս խոր­քէն դուրս ցատ­կե­ցաւ շա­ռա­չուն… Ու տե­սայ ա­նոր ժպի­տը։ ­Սուրբ ­Նեկ­տա­րիո­սի մա­տուռն էր մեր առ­ջեւ. ­Մօ­տե­ցանք՝ մոմ վա­ռենք…
­Ճա­շա­րա­նի տէ­րը (Ճ. Տ.) մեզ հետ այ­րող ա­րե­ւի տակ գրե­թէ 40 վայր­կեան ջանք կը թա­փէր. ­Գու­ցէ կը կա­րո­ղա­նար լու­ծում գտնել։ ­Բե­րաւ ո­րոշ գոր­ծիք­ներ, փոր­ձեց ժա­մա­նա­կա­ւոր նո­րո­գել, բայց խո­ղո­վակ մը ծա­կո­ւած էր եւ ինք­նա­շար­ժի ջու­րը լեց­նե­լով՝ կը պար­պո­ւէր կա­մաց – ­կա­մաց։ Ես կող­քէն շշնջա­ցի, որ ժա­մա­նակ շա­հե­լու եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար՝ նստինք այս իսկ ճա­շա­րա­նը ճա­շե­լու եւ ըն­թաց­քին յար­մար լու­ծում գտնե­լու։ Ոմն ճա­շա­րա­նի տէ­րը վստա­հե­ցուց, որ հե­տե­ւո­ղա­բար ջուր ա­ւելց­նե­լով ինք­նա­շար­ժին՝ կա­րող ենք շա­րու­նա­կել ճա­նա­պար­հը մին­չեւ նա­ւա­հան­գիստ։ Ա­պա միւս ա­փը՝ ցա­մաք հաս­նե­լուն պէս, ծա­նօթ վար­պե­տի մը պի­տի հե­ռա­ձայ­նէ, որ ան մեզ ըն­դու­նի ան­մի­ջա­պէս՝ յու­սա­լով ժա­մա­նա­կա­ւոր նո­րո­գու­թեան. ­Դեռ 2-3 ժամ ճա­նա­պարհ ու­նէինք դե­պի Ա­թէնք։
Ա­ղօթ­քը, որ մեր հո­գիի խոր­քէն ուղ­ղո­ւե­ցաւ առ Աս­տո­ւած՝ հա­ւատքն էր. Ար­ցուն­քի կա­թիլ­ներ ու յոյս կար ա­նոր աչ­քե­րուն մէջ։ Սր­բեց կարմրած ա­չուկ­նե­րը, խաչ հա­նեց սի­րու­նիկ մատ­նե­րով եւ շտա­պեց դէ­պի հայ­րի­կը։ Ար­դէն ոմն Ճ.Տ. ­Հե­ռա­ձայ­նած էր վար­պե­տին եւ պա­տաս­խա­նի կը սպա­սէինք. Ինք­նա­շար­ժը կը հանգս­տա­նար, մենք ալ գա­ցինք ճա­շե­լու։
Եւ որ­քան մօ­տե­ցանք, այն­քան ա­ւե­լի դրախ­տա­յին էր՝ բնա­կան, ըն­տա­նե­կան, ջերմ։ ­Խա­ղո­ղի փար­թամ թու­փե­րը, չո­րա­ցած քա­նի մը խա­ղո­ղի հա­տիկ­ներ կը յի­շեց­նէին ման­կու­թեանս բա­կի ող­կոյզ­նե­րը. Ա­րե­ւա­շող խա­ղա­ղու­թիւն մը։ ­Կա­նաչ թու­փե­րու ա­րանք­նե­րէն կը բա­ցո­ւէր հո­րի­զո­նը՝ ման­կան խա­ղաղ քուն յի­շեց­նող կա­պոյ­տը, ծո­վը։ Եւ շուրջ բո­լո­րը՝ կա­նա­չու­թիւն, հանգստու­թիւն, թռչուն­նե­րու եր­գը. ­Խա­ղո­ղի թու­փե­րու ե­տե­ւէն թաք­նուած դրախ­տա­վայր՝ գե­ղեց­կու­թիւն…
Իսկ մինչ այդ, ար­դէն իսկ միտքս պա­րու­րո­ւած էր՝ գու­ցէ եւ կեան­քի մէջ ո­չինչ պա­տա­հա­կան չէ…
­Ճա­շը սպա­սո­ւա­ծէն ա­ւե­լի հա­մեղ էր՝ յու­նա­կան գիւ­ղա­կան աղ­ցան ֆե­տա­յով, գառ­նու­կի չո­փիկ­ներ, գետ­նախն­ձոր՝ ան­հա­մա­չափ կտրտուած ու տապ­կո­ւած (մա­մա­յիս պէս), ձի­թապ­տուղ, հա­ցը ձի­թաիւ­ղով եւ թարմ ռե­հա­նով եւ ու­րիշ ալ ա­խոր­ժա­բեր խոր­տիկ­ներ տնա­կան համ ու հո­տով, ճոխ մա­տու­ցու­մով։ Ով կը սպա­սէր լե­ռան գլխուն ա­մա­յի վայ­րի մը՝ դրախ­տա­վայ­րի մը այս­քան հիւ­րըն­կալ ու հա­րա­զատ ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը։ Աղ­ջիկս լից­քա­թա­փո­ւե­լու հա­մար փոք­րիկ ան­ծա­նօթ աղջ­նա­կի մը ջերմ ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ ճօ­ճա­նա­կին եւ մար­զա­ձո­ղե­րուն մօտ կը խա­ղար։
Ըն­դա­մէ­նը 4քմ­ էր մնա­ցած հաս­նե­լու ­Փո­սի­տո­նա­սի տա­ճար, եւ ցան­կու­թիւ­նը այն­քան մեծ էր… ­Ջուր ա­ւելց­նե­լով ինք­նա­շար­ժին՝ ի վեր­ջոյ գա­ցինք, մօ­տե­ցանք, բայց ժա­մա­նա­կը այ­լեւս՝ քիչ էր։ ­Վե­րա­դար­ձանք նա­ւա­հան­գիստ՝ զգու­շու­թեամբ հե­տե­ւե­լով սպա­ռո­ւող ջու­րին, որ վեր­ջին շուն­չին հա­սած էր. ­Նո­րէն ծուխ-մուխ եւ վեր­ջին կա­թիլ­նե­րը… ­Մին­չեւ նա­ւուն ժա­մա­նե­լը հանգս­տա­ցաւ բա­ւա­կան, դար­ձեալ ա­ւել­ցու­ցինք ջու­րը եւ բա­րե­բախ­տա­բար այս­քա­նով հա­սանք վար­պե­տին մօտ։ ­Ժա­մա­նա­կա­ւոր նո­րո­գեց խո­ղո­վա­կը, եւ ար­դեն խո­րը շունչ քա­շե­լով՝ ու­րախ տրա­մադրու­թեամբ ո­րո­շե­ցինք մեր պտոյ­տի վեր­ջին հանգ­րո­ւա­նին հաս­նիլ… Այ­լեւս փայ­լուն ժպիտ մը տե­սայ ա­չուկ­նե­րուն…
­Մայ­րա­մուտ էր, երբ ա­րե­ւի վեր­ջին ճա­ռա­գայթ­նե­րու գե­ղեց­կու­թեան ներ­քոյ մօ­տե­ցանք ­Կիտ­րո­նի ան­տա­ռը («Λεμονοδάσος»)։
Ար­ձա­կուր­դի վեր­ջին օր՝ յի­շո­ղութիւն­ներ եւ հա­ւատ­քը հո­գիին մէջ անս­պառ…
Իսկ ձիե­րու ջինջ եւ մխի­թա­րող հա­յեաց­քը, ոմն Ճ. Տ.-ի քա­ջա­լե­րան­քը, մեր ա­ղօթ­քը, հա­ւատ­քը, մա­տու­ռը, թաց ա­չուկ­նե­րը, չո­րա­ցած խա­ղո­ղի ող­կոյզ­նե­րը եւ դրախ­տա­յին ճա­շա­րա­նը, ինք­նա­շար­ժին ծու­խը, փայ­լուն ժպի­տը՝ մի կտաւ մը յի­շո­ղու­թեանս մէջ, ներ­կապ­նա­կի կա­պոյտ, կա­նաչ, դե­ղին գոյ­նե­րով։

***

Յ. Գ. Ինչ­պէս միշտ, ա­մէն պտոյ­տէն յե­տոյ՝ հո­գիս պատ­րանք­նե­րու մէջ։ ­Մինչ տուն կը հաս­նէինք՝ ե­րա­զե­լով կը ճամ­բոր­դէ այն­տեղ, որ­տեղ «թիւր­լուն» ու մայրս ինձ կը սպա­սէին. ­Հո՛ն կ­‘ու­զէ եր­թալ, միա՛յն հոն, գա­ւաթ մը սուր­ճի­կի հետ հա­րա­զատ եր­դի­կի տակ ար­կած­նե­րու մա­սին քաղցր ու եր­կար զրու­ցե­լու։
Ա­մէն ան­գամ նոյն եւ նոյն կսկի­ծը…