Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱ­Նի հետ

Շուրջ տա­սը տա­րո­ւան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­մար ծա­ռա­յած էք Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ՝ լա­ւա­պէս ճանչ­նա­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թը։ Յու­նա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դի ձեր պար­տա­կա­նու­թեան ստանձ­նու­մէն ետք, ներ­կա­յիս ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք մեր գա­ղու­թի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։

1986էն 1995 եր­կա­րող Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վո­ւու­թեան ծա­ռա­յու­թեանս ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը ար­գա­սա­բեր եւ ար­դիւ­նա­լից էր, ինչ որ ին­ծի հո­վո­ւո­ւա­կան եւ վար­չա­կան մեծ փոր­ձա­ռու­թիւն տո­ւաւ, ո­րուն բա­րիք­նե­րը հե­տա­գա­յին ա­ռաջ­նոր­դա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեանց մէջ մե­ծա­պէս օգ­տա­կար հան­դի­սա­ցաւ։
Ինչ կը վե­րա­բե­րի յու­նա­հայ գա­ղու­թի ներ­կայ գոր­ծու­նէու­թեան, յատ­կա­պէս Ատ­տի­կէի շրջան­նե­րու մա­սին, կը կար­ծեմ, որ տա­կա­ւին քիչ մը կա­նուխ է ա­ռար­կա­յա­կան գնա­հա­տում կա­տա­րե­լու։ Սա­կայն ընդ­հան­րա­պէս կա­րե­լի է ը­սել, որ յու­նա­հայ գա­ղու­թը սփիւռ­քի այն մար­տու­նակ գա­ղութ­նե­րէն է, որ հա­կա­ռակ նիւ­թա­կան եւ մար­դու­ժի ան­բա­րա­րա­րու­թեան՝ կը շա­րու­նա­կէ գոր­ծու­նեայ պա­հել հա­մայն­քի կեան­քին կեն­սու­նա­կու­թիւն տո­ւող կա­ռոյց­նե­րը։ Ն­կա­տա­ռե­լի ե­րե­ւոյթ­նե­րէն է այն, որ ո­րոշ թիւ մը կայ յու­նա­հա­յե­րու, ո­րոնք ա­մէն տեղ ներ­կայ են եւ ա­մէն աշ­խա­տան­քի հրա­ւէ­րի կ­՛ըն­դա­ռա­ջեն։ Գ­նա­հա­տե­լի ե­րե­ւոյթ է սա, որ պատ­րաս­տա­կամ եւ նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յու­թեան ո­գի կ­՛ար­տա­ցո­լաց­նէ։ Սա­կայն լաւ պի­տի ըլ­լար, որ յա­տուկ ջանք թա­փո­ւի, որ­պէս­զի ա­ւե­լի մեծ թի­ւով ան­ձինք եւս մաս­նա­կա­ցու­թիւն բե­րեն հա­մայն­քի կեան­քին եւ ու­շա­դիր ըլ­լալ՝ տե­ղի տա­լէ այն պատ­ճառ­նե­րուն, ո­րոնք ա­ռիթ կու տան շա­տե­րու կրա­ւո­րա­կան կե­ցո­ւած­քին կամ չմաս­նակ­ցե­լու տրա­մադ­րու­թեան։
Ի վեր­ջոյ, բո­լորս ալ կը պատ­կա­նինք նոյն հա­ւա­քա­կա­նու­թեան եւ մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր չա­փով պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն՝ հա­մայն­քի կեն­սու­նա­կու­թեան մէջ։

Ափ­սո­սան­քով կը հաս­տա­տենք, թէ Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան ճնշուած վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կուի։ Ո՛չ բա­րե­լա­ւում կայ, ոչ ալ դրա­կան կա­րե­լի է տես­նել ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րը։ Այս ի­րա­վի­ճա­կի լոյ­սին տակ, ո­րո՞նք են անձ­նա­պէս Ձեր եւ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան հետ միա­սին սահ­մա­նո­ւած ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը եւ ո՞ւր կը կար­ծէք, թէ պէտք է կեդ­րո­նաց­նել մե­ծա­գոյն ճի­գը։

Կաս­կած չկայ, որ վեր­ջին շրջա­նին Յու­նաս­տա­նի դի­մագ­րաւած տնտե­սա­կան սուր կա­ցու­թիւ­նը մեծ չա­փով ազ­դած է քա­ղա­քաց­ինե­րու ա­ռօ­րեա­յին եւ հո­գե­բա­նու­թեան վրայ։
Հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սում­նա­ռու­թեանս տա­րի­նե­րուն ի­րա­ւա­գի­տու­թեան նիւ­թե­րուն մէջ, յատ­կա­պէս քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէն­քի ծի­րէն ներս, կա­րե­ւոր ազ­դակ նկա­տած եմ «պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան» գոր­ծօ­նը, ըստ ո­րուն՝ օ­րէն­քի առ­ջեւ ո­րե­ւէ ա­րարք, մա­նա­ւանդ վնա­սա­կար ա­րարք, ան­պայ­ման որ պա­տաս­խա­նա­տու մը ու­նի իր ե­տին. եր­բեմն նոյն ա­րար­քին մէջ՝ մէ­կէ ա­ւե­լի պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը իր դե­րա­կա­տա­րու­թեան հա­մե­մատ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բաժ­նե­կից է։ Կայ միայն մէկ պա­րա­գայ, ուր օ­րէն­քը ոե­ւէ մէ­կը պա­տաս­խա­նա­տու չի տես­ներ ե­ղած դէպ­քին հա­մար, այդ ալ կը կո­չէ կամ­քէ ան­կախ պատ­ճառ (Ա­նօ­թե­րի վիա) օ­րի­նակ՝ երկ­րա­շար­ժի հե­տե­ւան­քով ե­ղած վնաս­նե­րու եւ ա­ւեր­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տուն։ Այս բո­լո­րը կը նշեմ ը­սե­լու հա­մար ո­րե­ւէ կա­ցու­թիւն իր պա­տաս­խա­նա­տուն ու­նի։
Ան­շուշտ ե­թէ Յու­նաս­տա­նի տնտե­սա­կան կա­ցու­թիւ­նը ան­հատ քա­ղա­քա­ցիին վրայ ծանր կը կշռէ, բնա­կա­նա­բար նոյն հե­տե­ւան­քը պի­տի ու­նե­նայ տո­ւեալ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան վրայ, այս պա­րա­գա­յին՝ յու­նա­հայ հա­մայն­քին վրայ։ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի եւ ա­նոր հո­վա­նիին տակ գոր­ծող կա­ռոյց­նե­րուն, հայ­կա­կան միու­թեանց, կազ­մա­կեր­պու­թեանց միա­ւոր­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը ա­ռաջ տա­նե­լու եւ պա­հե­լու հա­մար նիւ­թա­կան կա­րիք­նե­րու կը կա­րօ­տին, եւ պէտք է շեշ­տել, որ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը եւ հա­մայն­քէն ներս գոր­ծող մար­մին­ներն ու միու­թիւնն­նե­րը ոչ-շա­հա­բեր կա­ռոյց­ներ են։ Ու­րեմն, նման ծանր կա­ցու­թեան մէջ, բնա­կա­նա­բար տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը կը թե­լադ­րէ նո­ւա­զա­գոյ­նի ի­ջեց­նել ծախ­սե­րը եւ ա­ռա­ւե­լա­գոյն չա­փով օգ­տա­գոր­ծել ե­կամ­տա­բեր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը. խու­սա­փիլ ա­ւե­լորդ եւ ան­տե­ղի ծախ­սե­րէ, մա­նա­ւանդ մսխում­նե­րէ։ Պէտք է զա­նա­զա­նել դրամ ծախ­սե­լը՝ դրամ խնա­յե­լէն։ Այ­սինքն՝ գոր­ծի մը պա­հան­ջած գու­մա­րը չտրա­մադ­րե­լը չի նշեա­նա­կեր խնա­յո­ղու­թիւն ը­նել։ Աշ­խա­տանք մը ինչ որ անհ­րա­ժեշտ ծախս կ­՛են­թադ­րէ՝ ա­տի­կա պէտք է տրա­մադ­րո­ւի, այ­լա­պէս գոր­ծը կը կա­ղայ եւ ար­դիւն­քը պա­կա­սա­ւոր դուրս կու գայ։ Խ­նա­յել կը նշա­նա­կէ ճիշդ տնտե­սել, անհ­րա­ժեշ­տին հա­մար ծախ­սել։

Յու­նա­հա­յոց Ա­ռաջ­նոր­դի ձեր պաշ­տօ­նի ստանձ­նու­մով՝ Յու­նաս­տա­նի կրօ­նա­կան եւ պե­տա­կան բարձրաս­տի­ճան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու հետ հան­դի­պում­նե­րու շարք մը ի­րա­գոր­ծե­ցիք։ Ո­րո՞նք էին այս հան­դի­պում­նե­րը եւ ի՞նչ էր ընդ­հան­րա­պէս ձեր քննար­կում­նե­րու ա­ռար­կան։

Տ­րո­ւած ըլ­լա­լով, որ թե­մա­կալ ա­ռաջ­նոր­դը՝ յաչս պե­տու­թեան եւ ինչ­պէս նաեւ երկ­րի կրօ­նա­կան թէ պաշ­տօ­նա­կան շրջա­նակ­նե­րուն՝ հա­մայն­քի օ­րի­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչն է, բնա­կան է, որ իւ­րա­քան­չիւր նոր ա­ռաջ­նորդ իր ընտ­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք կա­տա­րէ ծա­նօ­թաց­ման պաշ­տօ­նա­կան շարք մը այ­ցե­լու­թիւն­ներ, կրօ­նա­կան թէ պե­տա­կան մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։ Այս ի­մաս­տով՝ Կ­րօ­նա­կան Ժո­ղո­վի եւ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ միա­սին կա­տա­րե­ցինք շարք մը պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն­ներ։ Ա­ռա­ջին հեր­թին նպա­տա­կա­յար­մար տե­սանք, որ անդ­րա­նիկ այ­ցե­լու­թիւ­նը տրո­ւի Յու­նաս­տա­նի ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Ար­քե­պիս­կո­պո­սին՝ Ե­րի­նի­մո­սին, առ ի յար­գանք եւ եղ­բայ­րա­կան սի­րոյ ար­տա­յա­յտու­թիւն։ Այդ առ­թիւ Ե­րո­նի­մոս Ար­քե­պիսկ­պո­սին նո­ւի­րե­ցինք հայ­րե­նի ա­րո­ւե­տա­գէտ Գէորգ Ե­ղիա­զա­րեա­նի քան­դա­կած ճե­նա­պա­կեայ ար­ձա­նիկ մը, որ կը խորհր­դան­շէ հայ­կա­կան միջ­նա­դա­րեան ման­րան­կար­չու­թեանց մէջ պատ­կե­րո­ւած «­Շե­րա­նիկ»ի տի­պա­րը, որ մարդ մըն է՝ ձո­ղի վրայ ձուկ շալ­կած, որ կը խորհր­դան­շէ մարդ մը՝ ո­րուն սնուն­դը ձուկ է, այ­սինքն՝ քրիս­տո­նէու­թիւն։
Թե­սա­ղո­նի­կէի եւ Թ­րա­կիոյ հինգ հա­յաբ­նակ քա­ղաք­նե­րու թե­միս ե­կե­ղե­ցի­նե­րու տօ­նա­կա­տա­րու­թեանց ներ­կայ ըլ­լա­լու ա­ռի­թով՝ իւ­րա­քան­չիւր քա­ղա­քի մետ­րո­պո­լի­տին հետ հան­դի­պում ու­նե­ցանք։ Նաեւ այ­ցե­լե­ցինք Քա­լա­մա­թա՝ Մե­սի­նիա­սի Մետ­րո­պո­լիտ Խր­սոս­թո­մո­յին։ Քա­լա­մա­թա­յի մէջ ներ­կա­յիս կ­՛ապ­րին հա­յաս­տա­նէն ե­կած հայ­րե­նա­կից­ներ, ո­րոնք տեղ­ւոյն մետ­րո­պո­լի­տին հե­տաքրք­րու­թեան եւ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ են, ո­րուն մէջ բա­րե­րար դեր կը խա­ղան թէ՛ մետ­րո­պո­լի­տին մօր հայ ըլ­լա­լու պա­րա­գան, ինչ­պէս նաեւ՝ բա­նի­մաց, ա­կա­դե­մա­կան եւ առ հա­սա­րակ այլ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու նկատ­մամբ հա­ղոր­դա­կան բնա­ւո­րու­թեան տէր անձ մը ըլ­լա­լը։ Այս այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն էր ծա­նօ­թա­նալ Ա­նոր, ինչ­պէս նաեւ՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել հա­յե­րու նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րած հո­գա­տա­րու­թեան հա­մար։
Պե­տա­կան մա­կար­դա­կի վրայ, Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան գրա­ւոր դի­մում­նե­րուն առ ի պա­տաս­խան՝ այ­ցե­լե­ցինք հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Պրն. Փ­րօ­քօ­փիս Փաւ­լո­բու­լո­սին, ո­րուն հետ նա­խա­պէս նոր տա­րո­ւան շնոր­հա­ւո­րու­թեան եւ այլ պաշ­տօ­նա­կան ա­ռիթ­նե­րով հան­դի­պե­լու ա­ռի­թը ու­նե­ցած էինք եւ յայտ­նած էր, որ ար­դէն ծա­նօթ էի ի­րեն, ինչ որ ցոյց կու տար իր ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ հե­տաքրքրու­թիւ­նը՝ հայ հա­մայն­քին նկատ­մամբ։ Այ­ցե­լե­ցինք նաեւ խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գա­հին։ Ըն­դու­նե­լու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ խորհր­դա­րա­նի փոքր դահ­լի­ճէն ներս, փոխ-նա­խա­գահ Նի­քի­թաս Քաք­լա­մա­նի­սի եւ խորհըր­դա­րա­նի ե­րես­փո­խա­նա­կան խմբակ­ցու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ներ­կա­յու­թեան, Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մու­թեան յանձ­նա­ժո­ղո­վի ա­տե­նա­պե­տու­հիին ներ­կա­յու­թեամբ։ Հե­տաքրք­րա­կան եւ շա­հե­կան խօս­քեր ը­սո­ւե­ցան փոխ-նա­խա­գա­հին եւ բո­լոր ներ­կա­նե­րուն կող­մէ։ Բո­լո­րին կա­տա­րած հա­յան­պաստ եւ դրա­կան ար­տա­յա­յտու­թեանց մենք եւ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Պրն. Պօ­ղոս Չո­լա­քեան պատ­շաճ խօս­քե­րով պա­տաս­խա­նե­ցինք։
Ծա­նօ­թաց­ման պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեանց շար­քին, նաեւ յա­տուկ օ­րա­կար­գով այ­ցե­լե­ցինք Ա­թէն­քի մարզ­պե­տու­հի Տիկ. Ռէ­նա Տու­րո­յին։ Տի­կին Տու­րո­յին ներ­կա­յա­ցու­ցինք Ա­թէն­քի 100ա­մեայ Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­թեան ան­յե­տաձ­գե­լի աշ­խա­տանք­նե­րու մե­ծա­ծախս գու­մա­րին պե­տա­կան օ­ժան­դա­կու­թեան մեր դի­մու­մը։ Նոյն­պէս այ­ցե­լել­ցինք Ա­թէն­քի քա­ղա­քա­պետ Եոր­ղոս Քա­մի­նիին, ո­րուն ներ­կա­յա­ցու­ցինք հե­տե­ւեալ դի­մում­նե­րը.- Ա­ռա­ջին. յա­տուկ ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դարձ­նել Ա­թէն­քի «Ս. Գ­րի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ» ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ շրջա­պա­տին բա­րե­զար­դու­մը եւ ե­կե­ղեց­ւոյ լու­սա­ւո­րու­մը։ Երկ­րորդ. Ա­թէն­քի մէջ զե­տե­ղո­ւած խաչ­քա­րը ան­ցեա­լի նման դար­ձեալ լու­սա­ւո­րո­ւի՝ նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ շրջա­նէ մը ի վեր դադ­րած էր լու­սա­ւո­րու­մը։ Եր­րորդ. Ա­թէնք-Երե­ւան քա­ղաք­նե­րու եղ­բայ­րաց­ման ծրա­գի­րին ի­րա­գործ­ման հա­մար իր կա­րե­լի ջան­քը կա­տա­րէ։ Այս հան­դի­պու­մէն ետք, այ­սօր ար­դէն քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը մե­զի տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ խաչ­քա­րի լու­սա­ւո­րու­մը վե­րա­հաս­տա­տո­ւած է եւ մայր ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը եւ լու­սա­ւո­րու­մը միաս­նա­բար Մա­յիս ամ­սո­ւան մէջ պի­տի ի­րա­գոր­ծո­ւին։

Ե­կե­ղե­ցի-ե­րի­տա­սար­դու­թիւն հե­ռա­ւո­րու­թիւ­նը՝ մշտա­կան առ­կա­յու­թեան հարց մըն է։ Ծ­րա­գիր­ներ մշա­կա՞ծ էք ե­րի­տա­սարդ նոր սե­րուն­դը ե­կե­ղեց­ւոյ մօ­տեց­նե­լու ա­ռու­մով։

Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին հայ­կա­կան իւ­րա­քան­չիւր հա­մայն­քի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ա­ռանց­քա­յին պա­րա­գայ է. մեծ վեր­նա­գիր մը՝ բազ­մա­շերտ են­թա­խո­րագ­րե­րով։ Յու­նաս­տա­նի ա­ռաջ­նոր­դա­կան պա­տաս­խա­նատուու­թեան ստանձն­ման ա­ռա­ջին իսկ օ­րէն, ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­նե­րու կար­գին կա­րե­ւոր եր­կու վեր­նա­գիր­ներ ար­դէն կը զբա­ղեց­նեն զիս. ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը եւ Հա­յաս­տան­նէն ե­կած հայ­րե­նա­կից­նե­րու պա­րա­գան։ Այս եր­կու­քը կա­րե­ւոր ծրա­գիր­ներ են մե­զի հա­մար։ Ե­րի­տա­սար­դու­թիւն կը նշա­նա­կէ սերն­դա­փո­խու­թիւն։ Սերն­դա­փո­խու­թիւն կը նշա­նա­կէ նոր ժա­մա­նա­կա­հա­տո­ւած։ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան հետ առն­չո­ւած լուրջ ի­րա­վի­ճա­կէն ան­կախ, ա­մէն նոր սե­րունդ տար­բեր եւ նոր նկա­րա­գիր մը ու­նի նա­խոր­դէն. մա­նա­ւանդ ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու պայ­ման­նե­րուն մէջ ապ­րող ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար։ Ո՞վ է ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։ Ե­րէ­կո­ւան ե­րե­խա՞ն, պա­տա­նի՞ն եւ վա­ղո­ւան չա­փա­հաս ան­հա՞­տը։ Ըն­դու­նո­ւած մտա­ծե­լա­կերպ ե­ղած է այ­լեւս հար­ցերն ու ա­նոնց ժխտա­կան ի­րա­վի­ճակ­նե­րը մատ­նան­շել, ա­ռանց փնտռե­լու ա­նոնց պատ­ճա­ռը։ Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ին­չո՞ւ հե­ռու է ե­կե­ղե­ցիէն։ Ան­կէ ա­ռաջ հարց տամ, ին­չո՞ւ ժո­ղո­վուր­դը մօ՞տ է ե­կե­ղե­ցիին։ Ին­չո՞ւ կ­՛ակն­կա­լենք, որ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը մօտ ըլ­լայ ե­կե­ղե­ցիին, ար­դեօք բնաւ եր­բեք դաս­տիա­րա­կե­ցի՞նք զինք այդ ուղ­ղու­թեամբ, երբ տա­կա­ւին փոքր տղայ էր։ Ե­րե­խա­յին կամ փոք­րին դաս­տիա­րա­կու­թեան ա­մե­նաազ­դու մի­ջո­ցը մե­ծե­րուն անձ­նա­կան օ­րի­նակն է եւ ոչ թէ խօս­քը կամ թե­լադ­րան­քը։ Այ­սօ­րո­ւան ե­րի­տա­սար­դը իր ծնող­քէն կամ դաս­տիա­րա­կէն եւ կամ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն որ­քա­նո՞վ ե­կե­ղե­ցա­սի­րու­թեան օ­րի­նակ ա­ռա՞ւ, մէ­կը ի­րեն հասկ­ցու՞ց ե­կե­ղեց­ւոյ կա­րեւ­րու­թիւ­նը կամ եր­բե­ւի­ցէ մէ­կը քա­ջա­լե­րե՞ց, որ ե­կե­ղե­ցի եր­թայ կամ մաս­նակ­ցի ե­կե­ղե­ցա­կան ա­րա­րո­ղու­թեանց։ Ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սար­կող դպիր­ներ եւ սար­կա­ւագ­ներ շատ քիչ են Յու­նաս­տա­նի մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս. գրե­թէ ան­բա­ւա­րար։ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րէն ներս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը կը կա­տա­րո­ւին ան­բա­ւա­րար թի­ւով սար­կա­ւագ­նե­րով եւ դպիր­նե­րով։ Ոչ ոք կ­՛անդ­րա­դառ­նայ ե­ղած պա­կա­սին. սա բնա­կան ե­րե­ւոյթ դար­ձած է։ Ին­չո՞ւ յու­նա­հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ հե­ռու են ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ծա­ռա­յե­լէ։ Հա­մո­զո­ւած ըլ­լա­լով հան­դերձ, որ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ազ­գի մը ա­պա­գան է, ե­րի­տա­սար­դու­թեան հարկ ե­ղած ամ­բող­ջա­կան հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը չենք տար։ Հա­ւա­նա­բար կը գի­տակ­ցինք, սա­կայն կրնայ ըլ­լալ, որ մե­զի կը պակ­սին ժա­մա­նա­կը եւ մար­դու­ժը։ Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ե­կե­ղե­ցիին մօտ ըլ­լա­լու հա­մար պէտք է, որ փոքր տա­րի­քէն ա­նոր դաս­տիա­րա­կու­թեան մէջ նե­րա­ռո­ւի ե­կե­ղե­ցին եւ ա­նոր կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Կր­նա՞ք նկա­րագ­րել Յու­նաս­տա­նի թե­մին մէջ գոր­ծող ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյ­ցը։ Կա­րե­լի՞ է նշել Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րու դի­մագ­րա­ւած հիմ­նա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը։

Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մը կը վա­յե­լէ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան, որ կը գոր­ծէ Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան վար­չա­կան դրու­թեան հա­մա­ձայն։ Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը օս­մա­նեան պե­տու­թեան ար­տօ­նու­թեամբ Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած վար­չա­կան դրու­թիւն մըն է, որ բաղ­դա­տա­բար Ա­ռա­քե­լա­կան ծա­գու­մով ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն՝ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան վար­չա­կար­գը վե­րա­ծած է գե­րա­զան­ցա­պէս ժո­ղովրդա­վար դրու­թեան մը, ուր ե­կե­ղե­ցա­կա­նը՝ Պատ­րիարք կամ Ա­ռաջ­նորդ, առանձինն չի վարեր օ­րէնս­դիր, գոր­ծա­դիր եւ դա­տա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Հայ Ե­կե­ղե­ցին՝ վա­ղուց աս­տի ազ­գա­յին նկա­րա­գիր ու­նե­նա­լով, աշ­խար­հա­կան­նե­րուն եւս մաս­նա­կից դար­ձու­ցած է ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քին։ Հե­տե­ւա­բար տա­րօ­րի­նակ չէ, որ Հայ Ե­կե­ղե­ցին՝ 19րդ դա­րու ժո­ղովրդա­վար սկզբունք­նե­րէն ներշնչուած, Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան այդ դրու­թեամբ ե­կե­ղե­ցա­կա­նի իր իշ­խա­նու­թիւ­նը բաժ­նեց աշ­խար­հա­կան­նե­րէ բաղ­կա­ցած ժո­ղով­նե­րու հետ։ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բո­լոր թե­մե­րը եր­կար տա­րի­ներ 1863ի Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան բնագ­րի տրա­մադ­րու­թեամբ գոր­ծե­ցին։ Հե­տա­գայ տա­րի­նե­րուն նկա­տե­լով, որ 1863ի բնագ­րին մէջ ժա­մա­նա­կավ­րէպ պա­րա­գա­ներ կան, ո­րոնք չենք յար­մա­րիր տո­ւեալ թե­մի տե­ղա­կան պայ­ման­նե­րուն, իւ­րա­քան­չիւր թեմ սկսաւ կազ­մել իր սե­փա­կան կա­նո­նագ­րու­թիւ­նը՝ ան­շուշտ միշտ պա­հե­լով Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան ո­գին, սկզբունք­նե­րը եւ կա­ռոյ­ցը, պար­զա­պէս ա­մէն թեմ ա­ւե­լի յստակ եւ ի­րեն յա­տուկ պայ­ման­նե­րը նե­րա­ռե­լով ա­նոր մէջ։ Այս ըն­թա­ցա­կար­գով, Յու­նաս­տա­նի թեմն ալ գոր­ծեց Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան սկզբունք­նե­րուն հա­մա­ձայն մին­չեւ 2014 թո­ւա­կա­նը, երբ Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի կա­նո­նագ­րու­թիւ­նը Յու­նաս­տա­նի պե­տու­թե­նէն ստա­ցաւ օ­րի­նա­կան եւ պաշ­տօ­նա­կան ճա­նա­չում։ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի վար­չա­կան դրու­թիւ­նը իբր մէկ ամ­բող­ջու­թիւն կը կո­չո­ւի Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թիւն, որ կը ներ­կա­յաց­նէ հե­տե­ւեալ կա­ռոյ­ցը.-
Ազ­գա­յին Ե­րես­փո­խա­նա­կան ժո­ղով, որ թե­մին վե­րին գե­րա­գոյն եւ օ­րէնս­դիր ժո­ղովն է։ Ա­նոր ան­դամ­նե­րը՝ 35 աշ­խար­հա­կան­ներ, կ­՛ընտ­րո­ւին Յու­նաս­տա­նի թե­մի ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ծխա­կան շրջան­նե­րուն պատ­կան­ող ազ­գա­յին­նե­րէ՝ վեց տա­րո­ւան հա­մար։ Այս ժո­ղո­վին ի­րա­ւա­սու­թիւնն է ընտ­րել թե­մին Ա­ռաջ­նոր­դը։ Ինչ­պէս նաեւ այս ժո­ղո­վը կ­՛ըտ­րէ թե­մի Կ­րօ­նա­կան Ժո­ղո­վը, որ կը բաղ­կա­նայ թե­մէն ներս ծա­ռա­յող հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէ, կ­՛ընտ­րէ նաեւ Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւ­նը, որ կը բաղ­կա­նայ աշ­խար­հա­կան­նե­րէ։ Այս եր­կու ժո­ղով­նե­րը՝ Կ­րօ­նա­կան Ժո­ղով թէ Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւն, կը կազ­մեն թե­մին գոր­ծա­դիր իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Կ­րօ­նա­կան Ժո­ղո­վին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւնն է ե­կե­ղե­ցի­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թեանց կա­նո­նա­ւոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ հո­գե­ւոր ու քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւ­նը իր կար­գին, թե­մին հետ կապուած աշ­խա­տանք­նե­րը յա­ռաջ տա­նե­լու հա­մար, կը նշա­նա­կէ յա­տուկ մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղով­ներ, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ Տն­տե­սա­կան Խոր­հուրդ, որ կը զբա­ղի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բո­լոր տե­սա­կի տնտե­սա­կան եւ ե­լեւմ­տա­կան հար­ցե­րով, Ու­սում­նա­կան Խոր­հուրդ, որ կը հսկէ ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րու կրթա­կան ծրա­գիր­նե­րուն, Կա­լուա­ծա­յին Յանձ­նա­ժո­ղով, որ կը զբա­ղի ազ­գա­պատ­կան բո­լոր կա­լո­ւած­նե­րու բար­ւոք յան­ձան­ձու­մով։ Ա­սոնց կար­գին՝ Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւ­նը կրնայ նաեւ յա­ռա­ջաց­նել յա­տուկ նպա­տա­կի հա­մար մաս­նա­գի­տա­կան յանձ­նա­խումբ­ներ, ինչ­պէս օ­րի­նակ՝ ներ­կայ Ազ­գա­յին Վար­չու­թիւ­նը կազ­մած է ըն­կե­րա­յին-յա­րա­բե­րա­կան յանձ­նա­խումբ, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ար­խիւ­նե­րու թո­ւայ­նաց­ման յանձ­նա­խումբ, ի­րա­ւա­բա­նա­կան հար­ցե­րու յանձ­նա­խումբ։ Թա­ղա­կան Խոր­հուրդ­նե­րը եւս մաս կը կազ­մեն Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեան։ Ա­նոնք ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պա­տաս­խա­նա­տու տե­ղա­կան մար­մին­ներ են։ Թա­ղա­կան Խոր­հուր­դը, ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւին հետ, միա­սին պա­տաս­խա­նա­տու են ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քի բար­ւոք տնօ­րի­նու­մին։ Ներ­կա­յիս Թա­ղա­յին Խոր­հուրդ­նե­րու դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­բար տնտե­սա­կան են։ Երկ­րին տնտե­սա­կան նեղ կա­ցու­թեան բեր­մամբ գոր­ծադ­րուած տուր­քե­րու ծանր կռշող դրու­թեան հե­տե­ւան­քով՝ նիւ­թա­կան գոր­ծու­նէու­թեան կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը սահ­մա­նա­փա­կո­ւած են։

Հա­յաս­տա­նէն Յու­նաս­տա­նի մէջ կայք հաս­տա­տած մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու թի­ւը մեծ է։ 1990էն ետք, երկ­րի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ կը բնա­կին մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը, շրջան­ներ՝ ուր հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ գո­յու­թիւն չու­նին։ Ար­դեօ՞ք ծրագ­րո­ւած են քայ­լեր այս ուղ­ղու­թեամբ։

Ներ­կա­յիս, Հա­յաս­տա­նէն Յու­նաս­տան ե­կած հայ­րե­նա­կից­նե­րու մե­ծա­թիւ գո­յու­թեան մա­սին կը խօսուի։ Ա­նոնք Յու­նաս­տա­նի զա­նա­զան շրջան­նե­րու մէջ հաս­տա­տո­ւած են. Ա­թէնք եւ շրջա­կայ­քը, Քա­լա­մա­թա, կարգ մը կղզի­նե­րու մէջ, հիւ­սի­սա­յին Յու­նաս­տան՝ Թե­սա­ղո­նի­կէ եւ շրջա­կայ­քի գիւ­ղե­րը, Թ­րա­կիոյ շրջա­նի գիւ­ղա­քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Ա­նոնց­մէ շա­տե­րը կ­՛ապ­րին հե­ռու հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պո­ւած մի­ջա­վայ­րէ։ Պէտք է ը­սել, որ Հա­յաս­տա­նի հայ­րե­նա­կից­նե­րուն յու­նա­հայ հա­մայն­քին մէջ մե­րո­ւի­լը այդ­քան ալ հե­զա­սահ չե­ղաւ եւ ո­րոշ՝ նկա­տա­ռե­լի փո­փո­խու­թիւն­նե­րով հան­դերձ, կը շա­րու­նա­կո­ւի ցայ­սօր՝ հասկ­նա­լի պատ­ճառ­նե­րով եւ իւ­րա­յա­տուկ պա­րա­գա­նե­րու բե­րու­մով։
Անց­նող 28 տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ար­դէն իսկ հաս­տա­տո­ւած եւ տե­ղա­ւորո­ւած հայ­րե­նա­կից­նե­րը ըն­տե­լա­ցած են Յու­նաս­տա­նի մի­ջա­վայ­րին եւ ո­րոշ չա­փով ալ շփման մէջ են յու­նա­հայ մեր հա­յաբ­նակ շրջան­նե­րուն հետ։ Այս պա­րա­գա­յին, Յու­նաս­տան մեծ­ցած կամ ծնած զա­ւակ­նե­րը դրա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն կ­՛ու­նե­նան, որ­պէս­զի տար­բեր մի­ջա­վայ­րի եւ են­թա­հո­ղի մտայ­նու­թեան իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րը ա­ւե­լի նո­ւա­զին եւ հա­սա­րա­կաց գե­տին մը ա­ւե­լի տե­սա­նե­լի ըլ­լայ։
Ա­ռաջ­նոր­դա­կան պա­տաս­խա­նատը-ւու­թեանս եւ ծրա­գիր­նե­րուս մէջ՝ ըն­թա­ցիկ աշ­խա­տանք­նե­րու կող­քին, հիմ­նա­կան եր­կու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ նկա­տի ու­նիմ.- Ե­րիտասար­դու­թիւն եւ Հա­յաս­տա­նի հայ­րե­նա­կից­նե­րով հե­տաքրք­րո­ւե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։ Ազ­գա­յին Վար­չու­թեան հետ միա­սին այս եր­կու պա­րա­գա­նե­րը լրջօ­րէն պի­տի քննար­կո­ւին յա­ռա­ջի­կա­յին։ Հոս կ­՛ու­զեմ յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թեան եւ ե­րախ­տա­գի­տու­թեան խօսք ուղ­ղել սի­րե­լի յոյն ժո­ղո­վուր­դին ու յատ­կա­պէս յու­նա­կան պե­տու­թեան, որ անց­նող 28 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին, Մեծ Ե­ղեռ­նի ար­հա­ւիր­քէն եւ Փոքր Ա­սիոյ ա­ղէ­տէն ետք, ան­գամ մը եւս սրտա­բա­ցօ­րէն ըն­դու­նեց Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նող հա­յե­րը եւ ա­նոնց կե­ցու­թեան հա­մար լայն հաս­կա­ցո­ղու­թիւն ցու­ցա­բե­րեց եւ մար­դա­սի­րա­կան ու եղ­բայ­րա­կան դիւ­րու­թիւն­ներ ըն­ծա­յեց, ինչ որ կը շա­րու­նա­կէ մին­չեւ այ­սօր։
Մեր սրտա­գին ա­ղօթքն է առ Աս­տուած, որ միշտ իր հո­վա­նիին տակ պա­հէ այս օրհ­նեալ եր­կի­րը՝ Յու­նաս­տա­նը։

Ըն­թա­ցիկ տա­րին՝ 2018ը, ճա­կա­տագ­րա­կան տա­րի մըն է՝ զոյգ յո­բե­լի­նա­կան թո­ւա­կան­նե­րով։ Կը տօ­նենք Սար­դա­րա­պա­տի յաղ­թա­կան հե­րո­սա­մարտ­նե­րու եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 100ա­մեա­կը, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի ժո­ղովր­դա­յին շարժ­ման 30ա­մեա­կը։ Ի՞նչ է ձեր խօսքն ու պատ­գա­մը յու­նա­հայ գա­ղու­թին։

Յի­րա­ւի՛ հայ ժո­ղո­վուր­դի ար­դի եւ ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան մէջ հրա­շա­զան եւ պատ­մա­կան ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ի­րա­գոր­ծում­ներ են 1918ի Մա­յի­սեան Հե­րո­սա­մարտ­նե­րը եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը, ո­րուն 100ա­մեակն է այս տա­րի, նաեւ՝ 30ա­մեա­կը 1988ի Ար­ցա­խի ա­զա­տագր­ման հա­մա­ժո­ղոր­դա­յին շար­ժու­մին։ Այս եր­կու ա­մեակ­ներն ալ ա­ւե­լի քան յատ­կան­շա­կան են հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ Ա­նոնք սո­վո­րա­կան դէպ­քեր չեն. ա­նոնց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը կա­յա­նայ հե­տե­ւեալ կարգ մը կէ­տե­րուն մէջ.-
Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րը եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը յաղ­թա­նա­կի տօ­ներ են։ 1375 թո­ւա­կա­նէն աս­դին, Կի­լի­կեան հայ­կա­կան թա­գա­ւո­րու­թեան ան­կու­մին յա­ջոր­դած վեց դա­րե­րու օ­տար, բռնա­տի­րա­կան իշ­խա­նու­թեանց տակ տա­ռա­պած եւ հիւ­ծած ու ա­մե­նա­սար­սա­փե­լի եւ ազ­գա­ջինջ ցե­ղաս­պա­նու­թեան են­թար­կուած հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար՝ ըլ­լա­լու կամ չըլ­լա­լու պահն էր։ Վերջ­նա­կան բնաջն­ջու­մի վտան­գին մատ­նո­ւած հայ ժո­ղո­վուր­դը ամ­բող­ջու­թեամբ, որ­պէս մէ՛կ բռունց­քի՝ իր ե­կե­ղե­ցա­կան եւ աշ­խար­հա­կան դա­սով ծա­ռա­ցաւ ցե­ղաս­պան թուր­քին յար­ձա­կում­նե­րուն դէմ եւ պան­ծա­լի յաղ­թա­նակ կեր­տեց։ Սա խոր­քին մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դին վե­րածնունդն էր։ Վեց դա­րե­րու խա­ւա­րէն ետք, դար­ձեալ փայ­լեց հա­յոց գլխին ա­զա­տու­թեան դրօ­շակ։
Նոյն­պէս՝ Ար­ցա­խի ա­զա­տագր­ման հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան շար­ժու­մը, որ ի վեր­ջոյ յան­գե­ցաւ Ար­ցա­խի հա­յու­թեան պար­տադ­րո­ւած պա­տե­րազ­մին եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մին, դար­ձեալ սխրա­լի յաղ­թա­նա­կի տօնն է։ Մեկ­նե­լով ա­նոնց պատ­մա­կան կա­րե­ւո­րու­թե­նէն՝ անհը­րա­ժեշտ կը նկա­տենք, որ ա­մէն հայ, մա­նա­ւանդ նոր սե­րուն­դը տե­ղեակ ըլ­լայ Մա­յի­սեան Հե­րո­սա­մարտ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պա­տե­րազ­մին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ­րուն, որ­պէս­զի լաւ ըմբռ­նէ, թէ ի՛նչ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ու, մա­նա­ւա՛նդ, ինչ­պէ՛ս ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ։ Հայ­րե­նի հո­ղին սրբու­թեան եւ ա­նոր հա­մար գե­րա­գոյ­նը զո­հա­բե­րե­լու գի­տակ­ցու­թեան դէպ­քերն են ա­նոնք։ Հայ­րե­նի հողն է մնա­յո՛ւ­նը եւ այդ հո­ղին վրայ ա­նոր հա­րա­զատ զա­ւակ­նե­րուն ա­զատ ու ան­կախ ապ­րե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը։ Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը ի­րա­րու զօ­դող դէպ­քեր են. հա­յու ա­զա­տա­տենչ ո­գիին փայ­լա­տակ­ման պա­հեր են, ո­րոնց­մով ամ­բողջ հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը ի­րա­րու կա­պող եւ մէկ ամ­բող­ջու­թիւն կազ­մե­լու պատ­կերն են։ Սար­դա­րա­պա­տի մար­տե­րուն 451 թո­ւա­կա­նին Վար­դա­նանց Հե­րո­սա­մար­տի ո­գին դար­ձեալ մար­մին ա­ռաւ եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը վասն հա­ւա­տոյ եւ վասն հայ­րե­նեաց գո­յա­մար­տի դաշտ ի­ջաւ։ Նոյն­պէս Ար­ցա­խեան պա­տե­րազ­մին, թէ՛ Վար­դա­նանց Հե­րո­սա­մար­տի եւ թէ Սար­տա­րա­պա­տի Հե­րո­սա­մարտ­նե­րուն յայտ­նո­ւած հա­յու նոյն ո­գին դար­ձեալ ներշն­չեց եւ ամ­րապն­դեց հա­յոց մար­տիկ­նե­րը։ Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին հպար­տու­թեան եւ ու­րա­խու­թեան հրա­շա­փայլ դէպ­քեր են, ո­րոնք վե­րա­կանգ­նե­ցին հա­յու ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թիւ­նը։
Յո­բե­լի­նա­կան այս տա­րո­ւան առ­թիւ, այս քա­նի մը մատ­նան­շում­նե­րը այ­սօր հե­տե­ւեալ պատ­գա­մը ու­նին.- Հա­յոց պատ­մու­թեան կեն­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը իւ­րա­քան­չիւր հայ նոր սե­րուն­դի հա­մար։ Հա­յոց պատ­մու­թիւ­նը սո­վո­րա­կան պատ­մու­թեան դաս չէ մե­զի հա­մար, այլ ազ­գա­յին յի­շո­ղու­թիւն ու­նե­նա­լու եւ ինք­զինք ճանչ­նա­լու եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու գի­տակ­ցու­թիւն ու­նե­նա­լու մշա­կում է, ո­րուն հա­մար ծնող­ներ պէտք է ու­շա­դիր եւ ջա­նա­դիր ըլ­լան, որ­պէս­զի մա­կե­րե­սա­յին կեր­պով եւ թե­թե­ւամ­տու­թեամբ չմօ­տե­նան այս հար­ցին ու ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն ա­պա­հո­վեն այս շատ կա­րե­ւոր դա­սը, որ միայն հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նը կրնայ ա­պա­հո­վել։ Ա­հա­ւա­սիկ նաեւ հայ­կա­կան վար­ժա­րա­նին ազ­գա­կերտ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րէն մին։
Իւ­րա­քան­չիւր հա­յու հո­գիին եւ մտքին մէջ միշտ վառ պէտք է պա­հո­ւի ազ­գա­յին հպար­տու­թեան զգա­ցու­մը, որ ա­մէն ազ­գի զա­ւակ պէտք է ու­նե­նայ՝ մա­նա­ւա՛նդ հայ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը։ Ազ­գա­յին հպար­տու­թիւ­նը ոչ մէկ ձե­ւով մե­զի կ­՛ար­գի­լէ կամ կը խան­գա­րէ, որ­պէս­զի ու­րիշ ազ­գե­րու նկա­տ­մամբ յար­գան­քը ու­նե­նանք եւ ցու­ցա­բե­րենք։
Ժո­ղո­վուրդ մը ապ­րեց­նո­ղը ա­նոր Ազ­գա­յին Հ­պար­տու­թիւնն է։ Այ­սօ­րո­ւան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան հա­մար պատ­գա­մը ա՛յն է, որ «երբ տայ զան­գը, ա­հա­զան­գը հնչէ», ան պէտք է պատ­րաստ ըլ­լայ ամ­բող­ջա­կան նո­ւի­րա­բե­րու­մով ներ­կայ ըլ­լա­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու։ Եւ ա­սոր հա­մար ալ պայ­ման չէ, որ այդ ա­հա­զան­գը հնչէ պա­տե­րազ­մի օր­հա­սա­կան պա­հուն։ Գա­ղու­թի մը նօս­րա­ցու­մը, նոր սե­րուն­դին հետզ­հե­տէ հե­ռա­ցու­մը եւ օ­տա­րա­ցու­մը, պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու ան­ճա­րակ գոր­ծե­լա­ձե­ւը նոյն­քան ծան­րակ­շիռ ա­հա­զան­գա­յին պա­հեր են, որ մեզ բո­լորս պէտք է հրա­ւի­րեն մէկ­դի դնե­լու ա­մէն ան­հա­տա­կան նկա­տա­ռում­ներ, ե­սա­սի­րա­կան շա­հեր եւ կողմ­նա­կի ու ժա­մա­նա­կա­ւոր նկա­տում­ներ ի սպաս ընդ­հան­րա­կան նպա­տակ­նե­րու ու ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու։
Այդ ա­հա­զան­գը կը լսո­ւի նաեւ յու­նա­հա­յոց կեան­քէն ներս։ Օ՛ն, ու­րեմն, բո­լորս Վար­դա­նաց Հե­րո­սա­մար­տի, Մա­յի­սեան Դիւ­ցազ­նա­մար­տի եւ Ար­ցա­խեան Գո­յա­մար­տի ար­ժա­նիք­նե­րով զրա­հա­ւո­րո­ւած՝ կո­չո­ւած ենք մար­տի։