19 Հոկտեմբերին, Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուեցաւ թուրք գործարար, Թուրքիոյ հայկական եւ միւս փոքրամասնութիւններու պաշտպան Օսման Քաւալա: Այս առիթով «Գանձասար» հրատարակած է հալէպահայ հրապարակագիր, կրթական մշակ Սալբի Գասպարեանի նախապէս կատարած հարցազրոյցը Օսման Քաւալայի հետ:
Օսման Քաւալա ծնած է Թուրքիա, 1957-ին: Համալսարանական ուսումը ստացած է «Օրթատողու Թէքնիք» համալսարանին մէջ: Վկայուած է նաեւ Անգլիոյ Մանչեսթըրի համալսարանի տնտեսագիտութեան եւ ընկերաբանութեան բաժանմունքներէն:
Գործարար ըլլալուն կողքին, կարեւոր ներդրում ունեցած է երկրի կարգ մը քաղաքացիական-հասարակական կառոյցներու հիմնադրութեան մէջ: Հիմնադիր նախագահն է «Անատոլու Քուլթիւր» հասարակական կազմակերպութեան, սատարած է յառաջդիմական «Իլեթիշիմ» հրատարակչատան հիմնադրութեան, սեփականատէրն է սոյն հրատարակչատան հրապարակած «Պիրիկիր» ամսագիրին: Թուրքիա-Յունաստան յարաբերութիւններու վատթարացման շրջանին, Յունաստանի քաղաքացիական-հասարակական կառոյցներու հետ միասին գործունէութիւն ծաւալած է:
2002էն ի վեր կը հրատարակէ «Անատոլու Քիւլթիւր» պարբերաթերթը, որուն ընդմէջէն արուեստի եւ մշակոյթի յատուկ յօդուածներով կը ձգտի Թուրքիոյ մէջ ընդհանրական մշակոյթի մը հասկացողութեան բիւրեղացման եւ մարդկային իրաւունքներու ուղղութեամբ հանրային կարծիքի ձեւաւորման: Իր անմիջական ջանքերով մշակոյթի կեդրոն մը բացուած է Տիարպէքիրի (Տիգրանակերտ) մէջ, Կարսի մէջ ալ համապատասխան գործունէութիւն տարուած է, Հայաստանի եւ սփիւռքի հայ արուեստագէտներու հետ մշակութային ձեռնարկներ կազմակերպուած են:
Քաւալա 2010էն ի վեր իւրաքանչիւր Ապրիլի 24ին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու ոգեկոչման ձեռնարկներու հիմնական կազմակերպիչը եղած է: Վերջերս երկու անգամ Հայաստան այցելած է:
Ի՞նչ հանգամանքներով ծանօթացաք Հայկական Հարցին:
Անգլիոյ մէջ ուսմանս շրջանին մաս կազմած էի տեղւոյն ուսանողական միութիւններուն, սփիւռքահայ ուսանողներու հետ երբեք կապ չունէինք, սակայն զուգադիպութեամբ մը, Մանչեսթըրի նոյն հանրակացարանին մէջ ապրող ատանացի հայ ուսանողի մը ծանօթացած էի, որուն շնորհիւ որոշ չափով իրազեկ դարձայ Հայկական Հարցին: Մինչ այդ, Թուրքիոյ մէջ, հայ ընկերներուս հետ այս հարցին մասին երբեք չէինք խօսեր:
Ձեր հրատարակած «Անատոլու Քիւլթիւր» պարբերաթերթը որքանո՞վ խօսքի ազատութեան սկզբունքը կը յարգէ: Իսկ ընդհանրապէս, իրական գետնի վրայ, խօսքի ազատութիւնը Թուրքիոյ մէջ որքանո՞վ կը յարգուի:
Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան մերձեցման շրջանին չեղեալ համարուեցան խօսքի ազատութիւնը արգիլող կարգ մը օրէնքներ, ընդ որուն` խօսքի ազատութեան սահմանները ընդլայնեցան: Այսուհանդերձ, ստեղծուած ազատութեան նորագոյն հանգամանքները արգելք չեն հանդիսանար կարգ մը գրողներու եւ լրագրողներու հետապնդումին եւ բանտարկութեան…: Յանցագործ կը համարուին եւ հալածանքի ու պատիժի կ՛ենթարկուին այն լրագրողները, որոնք լայնօրէն կ’անդրադառնան եւ կը մեկնաբանեն ահաբեկչութեան առնչակից օրէնքներով արգիլուած նիւթեր: Զանգուածային լրատուամիջոցներու պարագային ալ լուրջ հարցեր կը դիմագրաւենք: Միւս կողմէ, քաղաքական մայր հոսանքներու օրկաններուն սեփականատէրները, պետական կառոյցներու պատկան զանազան ասպարէզներու մէջ գործարքներ ունենալնուն պատճառով, մեկնելով իրենց շահերէն կը խուսափին կառավարութիւնը անհանգստացնող հարցերու արծարծումէն:
Աւելին. երբեմն կառավարական շրջանակներէ յանձնառութիւններ կը տրուին մամուլի պատասխանատուներուն:
Այլ հարց է նաեւ վերջերս պաշտօնապէս հրապարակուած համացանցի օրէնքը, ըստ որուն, կառավարութիւնը կը միտի իր հակակշռին տակ առնել հասարակական ցանցերու լրատուադաշտը եւս:
Բայց պէտք է ըսել, որ հակառակ այս բոլորին, «Անատոլու Քիւլթիւր»ին ընդմէջէն մեր մտքերն ու պատգամները զանազան միջոցներով հանրութեան փոխանցելու ընթացքին, լուրջ հարցեր չենք դիմագրաւած: Հաւանաբար արուեստի, մշակոյթի ոլորտներուն մէջ գործունէութիւն ծաւալելը, այս առումով, մեզի դիւրութիւններ կ’ընծայէ:
Այսօրուան դրութեամբ, Թուրքիոյ թապուները որքան ալ մեծ ցնցումներ կրած ըլլան, որքան ալ պարբերաբար ուժգին հարուածներ ստանան, երկրին պետական քաղաքականութիւնը կը մնայ անփոփոխ: Ի՞նչ կ’ըսէք այս մասին:
Թուրքիոյ թապուները առաւելաբար կը վերաբերին ոչ-իսլամ եւ ոչ-թուրք հաւաքականութիւններուն: Ձեր ըսածին պէս, այս թապուները հարուածներու կ’ենթարկուին եւ ցնցումներ կը կրեն: Մոռնալու եւ մոռացութեան առաջնորդող քաղաքականութեան մէջ ճեղքերու յառաջացումով, տուեալ թապուները իրենց նախկին ոյժը վերագտնելու անկարելիութեան առջեւ կը գտնուին: Կը խորհիմ, թէ այս ընթացքը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ նաեւ պետական քաղաքականութեան վրայ: Օրինակ` այս առումով կարեւոր փոփոխութիւններ տեղի ունեցան քիւրտերու վերաբերող քաղաքականութեան մէջ: Քիւրտ ինքնութեան եւ քիւրտերէնին հասարակական միջավայրի մէջ գործածութեան առջեւ դրուած արգելքները, թէեւ մեծ մասամբ վերացուած են, սակայն դպրոցական կրթութեան առումով՝ մայրենի լեզուով ուսուցումը դեռ կը դիմագրաւէ արգելքներ: Այսուհանդերձ՝ քիւրտ ինքնութիւնը այլեւս չի ժխտուիր եւ քիւրտ ժողովուրդը գէթ ընդունելի է իբրեւ երկրին հասարակութեան մաս կազմող տարր:
Միւս կողմէ սակայն, համեմատած քիւրտերուն, ոչ-մուսլուման փոքրամասնութիւններու պարագային, իրավիճակը այնքան ալ կարեւոր զարգացումներ չկրելով հանդերձ, կարգ մը փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են արդէն, խնդրոյ առարկայ այս հաւաքականութիւններուն ենթակայ` համայնքային կալուածներու մաս կազմող բռնագրաւեալ կառոյցներէն մաս մը, տակաւ սեփականատէրերուն կը վերադարձուի:
Բոլորս ալ գիտենք, որ 1950ականներուն եկեղեցիներ կը հրկիզուէին: Շրջան մը վերջ ալ, տարբեր դրդապատճառներու բերումով՝ գործուող աւերին հանդէպ անտարբերութիւն կը ցուցաբերուէր, սակայն վերջերս մշակոյթի նախարարութիւնը եկեղեցիներու վերաշինութեան եւ վերականգնումին կարեւոր գումարներ կը յատկացնէ: Այս բոլորը, սակայն, բաւարար չեն: Մեծ թիւով հայկական յուշարձան-յիշատակարաններու մասին վաւերական տեղեկութիւնները գրաքննութեան ենթարկուելէ ետք, աղճատուած կերպով կը փոխանցուին… Տակաւին շատ լուրջ հարցեր կան: Օրինակ. Անատոլուի պատմութեան մաս կազմող տարբեր հաւաքականութիւններու ինքնութեան եւ անոնց մշակոյթին յարգանք ցուցաբերող կրթական համակարգի մը ստեղծումը, որպէսզի կարելի դառնայ երիտասարդ սերունդները առարկայական հիմքերով դաստիարակել:
Ազգայնամոլ, կրօնամոլ իշխանութիւններ ունեցող Թուրքիոյ մէջ, ո՞ւր են այսօր փոքրամասնութիւններուն իրաւունքները:
Մինչեւ 1990ականները, ոչ-իսլամ հաւաքականութիւնները, ապահովական նկատառումներով, պաշտօնական վաւերաթուղթերու տոմարներուն մէջ կը բնութագրուէին «տեղացի օտարներ» պիտակով եւ իրենց պետական ենթակայութեան առումով որպէս «կասկածելի հատուած» կը դիտուէին: Անկարելի էր անոնց ներգրաւումը հասարակական հաստատութիւններու մէջ, կամ՝ պաշտօնի բարձրացում ստանալը իրենց աշխատանքին մէջ:
Այսօրուան դրութեամբ, կը թուի թէ խտրական վերաբերմունքը, գէթ երեւութապէս, այնքան ալ ցայտուն չէ, սակայն պէտք է ընդունիլ նաեւ, որ Թուրքիոյ ոչ-իսլամները տակաւին չեն կրնար ըսել, որ հաւասարազօր քաղաքացիներ ըլլալու հանգամանք ունին, թէկուզ երկրին օրէնքները ձեւական հաւասարութիւն կը յուշեն, սակայն ոմանց պարագային, ազգային կամ կրօնական պատկանելիութեան բացայայտումով, «հաւասարազօր քաղաքացիներ» համարուելու սկզբունքը ինքնաբեկումի կ’ենթարկուի: Այս իմաստով մեր ալեւի քաղաքացիներն ալ անհանգիստ են, որովհետեւ հասարակական հաստատութիւններու մէջ, անոնք ալ ենթակայ են խտրականութեան: Միւս կողմէ, ուշագրաւ է նաե’ւ համացանցի տարածքին վրայ մեր ոչ-իսլամ քաղաքացիներուն հանդէպ ատելութիւն սնուցանող տարրերուն ժխտական արտայայտութիւնները, որոնք տակաւ թափ կը ստանան: Դժբախտաբար նմանօրինակ մօտեցումներով հրապարակումներ կատարող կարգ մը թերթեր չեն ենթարկուիր համապատասխան օրէնքներով սահմանուած պատիժի:
Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, վերջերս հրապարակային տարողութեամբ շրջանառութեան մէջ դրուած, լրատուամիջոցներու եւ այլ հրատարակութիւններու «ընդհանուր ցաւեր» եւ «երկուստեք կորուստներ» թեզին մասին, որ հանդուրժողականութեան ցուցադրական, այլեւ կասկածելի փորձ մըն է` փոշի ցանելու արեւմուտքի աչքերուն: Այս բոլորը չեն համոզեր հայ ժողովուրդը, որովհետեւ կը մեկնին ոչ այնքան հայանպաստ դիրքերէ, որքան Թուրքիոյ շահերէն:
Լոզանի դաշնագրին մէջ, պատերազմի յանցագործութիւնները ծածկելու մասին յօդուած մը կայ. ըստ իս, նման մօտեցումներ, որ անցեալը մոռացութեան տալու թեզը կը ցոլացնեն, ձեր կատարած դիտարկման միտք բանիին շարունակութիւնը կը թուին ըլլալ, սակայն Համաշխարհային Բ. Պատերազմէն ետք, մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումն ու էթնիկ խումբերու բնաջնջման արարքները սկսան իբրեւ պատերազմի յանցագործութիւն դիտուելու:
Ասկէ մեկնած, պէտք է ըսել, որ վերջին շրջանին, ձեր մատնանշումին ուղղութեամբ, Թուրքիոյ կառավարութեան շրջանառութեան մէջ դրած բանաձեւը, համեմատած իր նախորդներուն, կարգ մը փոփոխութիւններ կրեց: Մինչդեռ նախապէս, Անատոլուի մէջ, ապստամբութեան դիմած հայերու եւ իսլամ հաւաքականութիւններու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով միայն վերջիններուն կրած վնասներուն մասին կը խօսուէր:
Այս բոլորին մէջ ուշագրաւ երեւոյթ է Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք «Ցեղասպանութիւն եւ Ազգայնամոլութիւն, կա՛նգ առէք» կոչուող քաղաքացիական շարժումը, որուն նախաձեռնութեամբ վերջին քանի մը տարիներուն, հրապարակային ձեւով «Ապրիլ 24»ը կ’ոգեկոչուի Պոլտոյ մէջ:
Ըստ իս, հասարակութեան մէջ տեղի ունեցող զարգացումները տակաւ սկզբունքային կը դառնան եւ աւելի արագ կշռոյթով կ’իրականանան: Մարդկային Իրաւանց Միութիւնն ու «Ցեղասպանութիւն եւ Ազգայնամոլութիւն, կա՛նգ առէք» շարժումը 24 Ապրիլին մեծ համարձակութեամբ կազմակերպած ցեղասպանութեան յիշատակման ցոյցով եւ ընդհանրապէս այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքներով, որոշ չափով կը նպաստէ այս փուլի պահանջներուն:
Նախապէս կատարած մեր անդրադարձին վրայ շեշտ դնելով, կրնամ ըսել, որ այս հարցը տակաւ կը դադրի «թապու» ըլլալէ: Երիտասարդութիւնը սկսած է իր պատմութեամբ հետաքրքրուիլ եւ գիտնալ անցեալին տեղի ունեցածները, եւ այսօր Թուրքիոյ մէջ ազատօրէն կը հրատարակուին եւ կը կարդացուին այնպիսի գրութիւններ, որոնք դեռ մօտիկ անցեալին արգիլուած թեմաներ էին, բայց արդէն ակադեմական հեղինակութիւններ այս նիւթերը արծարծելով սկսած են մեծ աշխատանք տանելու: Այստեղ հարկ է ըսել նաեւ, որ այս ուղղութեամբ քրտական քաղաքական շարժման ցուցաբերած դրական կեցուածքին արդիւնքով, քիւրտ շրջանակներուն մէջ ալ անցեալին հետ առերեսուելու մօտեցում մը խնդրոյ առարկայ է, որուն պատճառով ստեղծուած լուրջ տարակարծութեան մը առկայութիւնն ալ պէտք է մատնանշել:
Ցեղասպանութեան ճանաչումով Թուրքիա կը ձերբազատուի՞ խղճի այս ծանր բեռէն, հապա՞ հատուցումը…:
Աղիտալի իրականութեան մը մաս կը կազմէն հարիւր հազարաւոր հայերու սպանութիւնը, որուն հատուցումը անկարելի դարձած է ողջ մնացողներուն համար՝ հակամարդկային պայմաններով իրենց գոյութիւնը քարշ տալու ողբերգութիւնը, իրենց հայրենիքը կորսնցնելու ցաւը եւ մասամբ նորին: Կը մաղթեմ, որ Թուրքիոյ խիղճին վրայ ծանրացող ցեղասպանութեան բեռը քննարկուելով, առաւել առարկայական մօտեցումով, ինքնաքննադատութեան առաջնորդէ մեզ: Այս ուղղութեամբ կարեւոր կը նկատեմ պատմական իրականութիւններուն շուրջ կառավարութեան իր քաղաքացիներուն` առարկայական տեղեկութիւն փոխանցելու անշրջանցելի պարտաւորութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, ընդ որուն ճանապարհ կը հարթուի օսմանեան կառավարութեան անմիջական ժառանգորդը եղող Թուրքիոյ Հանրապետութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ անհետ կորածներուն համար վնասից հատուցումի վերաբերեալ իր պատասխանատուութիւնը կրելուն:
Այստեղ կարեւորութեամբ կ՛ուզեմ յիշել այլ հանգամանք մը եւս, որ հայապատկան կալուածներու յափշտակման ու բռնագրաւման փաստը, զուգահեռաբար՝ հայերուն տարած պահանջատիրութեան համապատասխան աշխատանքները, կը բախին Հանրապետական Թուրքիոյ ի գործ դրած ժխտումի եւ խոչընդոտումի քաղաքականութեան… Ըստ իս, հայերուն ունեցուածքին բռնազաֆթման եւ իւրացման, ինչպէս նաեւ անոնց իրաւունքներու ձեռքբերման հարցով, Թուրքիոյ յարուցած արգելքները չեն թելադրուիր լոկ Թուրքիոյ Օսմանեան Կայսրութեան ժառանգորդը ըլլալու հանգամանքէն, այլեւ նոյնինքն` Հանրապետական Թուրքիոյ յանցապարտ հեղինակ ըլլալու հանգամանքէն:
Հայերուն պատմաճարտարապետական կոթողներու քանդումը, պատմական հսկայ մշակոյթի մը եւ նոյնքան հնամեայ քաղաքակրթութեան մը ոչնչացումը, միաժամանակ կը նշանակէ զանոնք ստեղծած ժողովուրդին ապագային սպառնալ, անցեալը ջնջելով` գրոհել ապագային վրայ… իբրեւ մշակոյթներու պահպանման ջատագով, ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին:
Հազարամեակներէ ի վեր, հայ ժողովուրդը Անատոլուի տարածքին շատ հարուստ մշակոյթ մը ստեղծած է… հայերու ստեղծած ճարտարապետական կոթողներու գլուխ գործոցները դեռ կանգուն են… մշակութային հազարամեայ մեծարժէք աւանդ մը հասած է մինչեւ 20րդ դար, սակայն տնտեսական հասարակական ոլորտներու մէջ իրենց ունեցած մեծ նուաճումներու կողքին, արդի արուեստներու ստեղծման մէջ ալ մեծ ներդրում ունեցած հայերու քաղաքակրթութիւնը, 20-րդ դարագլխուն սկսած է շատ բան կորսնցնել իր բաղկացուցիչներէն, հայերու պատմաճարտարապետական եւ մշակութային կոթողներուն աւերումն ու կործանումը, ո’չ միայն հայ ժողովուրդի մշակութային ապագային ուղղուած հարուած է, այլ մարդկային քաղաքակրթութիւնը ծանրօրէն պատուհասող չարիք, որ ինքնին մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւն է, ինչպէս նաեւ մշակութային բնաջնջումի այս քաղաքականութիւնը պատճառ հանդիսացած է, Անատոլուի տարածքներուն վրայ, հայերու մնացորդացի մշակութային հարստութեան, տարողունակ չափանիշներով աղքատացման …
Վերջին քանի մը տարիներուն, թրքական մամուլին մէջ կարգ մը ողջախոհ մտաւորականներու եւ հրապարակագիրներու Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ յայտնած դրական տեսակէտները սուր կերպով կը հակադրուին պատմագիտական շրջանակներու մէջ գործողներուն բռնած դիրքին: Վերջիններս պետական պաշտօնական դիրքորոշումին ի նպաստ խեղաթիւրումի եւ ժխտումի լուրջ աշխատանք կը տանին, մանաւանդ միջազգային գիտական համապատասխան ոլորտներու մէջ: Ասոր համար Թուրքիոյ պետական պիւտճէէն մեծագումար յատկացումներ կը կատարուին: Ի՞նչ կ’ըսէք այս մասին:
Համաձայն ըլլալով ձեր ակնարկին, պէտք է ըսել, որ հարցը խեղաթիւրելու համար հսկայ գումարներ հայթայթող աղբիւրներ գոյութիւն ունին: Ըստ իս, աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար այս աղբիւրները ծառայէին այնպիսի միջոցներու ստեղծման, որոնց միջոցով կարելի դառնար երկրի քաղաքացիներուն եւ մանաւանդ երիտասարդ սերունդներուն, իրենց պատմութիւնը աւելի ճիշդ կերպով բացատրել: Շրջան մը առաջ կարգ մը ակադեմականներ, խուսափելով իրենք իրենց գլխուն փորձանք բերելէ, այս հարցերուն հանդէպ այնքան ալ հետաքրքրութիւն ցոյց չէին տար, սակայն ներկայիս իրավիճակը շատ տարբեր է: Երիտասարդ ակադեմականներ մեծ համարձակութեամբ, կարեւոր ուսումնասիրութիւններ կատարելով կ’աշխատին այս հարցերը արծարծել:
Հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան հարցին ուղղութեամբ, մանաւանդ Ա.Մ.Ն.ի եւ Եւրոպայի թուրք-ատրպէյճանական լոպիները իրենց ցուցաբերած կասկածելի վարքագիծով, միշտ ալ կը փորձեն խոչընդոտել եւ ստուերել հայոց կողմէ այս ծիրին մէջ տարուող աշխատանքները: Ի՞նչ կ’ըսէք այս մասին:
Ըստ իս, Թուրքիա իր հողերուն վրայ տեղի ունեցած, իր անցեալին հետ անմիջականօրէն առնչուող հարցի մը հանդէպ իր դիրքորոշումը ճշդելու առանցքին մէջ մեծապէս կը սխալի, եթէ Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ համագործակցելու շարժառիթն ու պատճառաբանութիւնը ցեղասպանութեան հարցին հետ կապէ. զուգահեռաբար պէտք է ըսել նաեւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող Ղարաբաղի հարցը շատ տարբեր է Հայաստանի Թուրքիոյ հետ ունեցած ցեղասպանութեան հարցէն: Հետեւաբար, իր դրուածքով բոլորովին տարբեր խնդիր համարուող Ղարաբաղի ժամանակակից հարցին յառաջացուցած զգայնութիւնը երբեք չի նպաստեր 1915ի հետ աղերս ունեցող հարցերուն լուծման: Ընդհակառակը` միայն կը վնասէ անոր:
Թուրքիոյ մէջ «Հրանդ Տինքի սպանութեամբ արդարութեան պահը մօտեցած է» ըսողները արդեօք ի՞նչ նկատի ունին: Մանաւանդ եթէ լուսարձակի տակ բերուի այլ իրականութիւն մը, որ անկախ երկրին մէջ քաղաքական զանազան հոսանքներու միջեւ եղած տարակարծութիւններէն, հարցը երբ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերի, բոլորն ալ իշխող կառավարութեան պաշտօնական տեսակէտին կողմնակից կը դառնան: Այս անժխտելի իրականութենէն մեկնելով, ըստ ձեզի, Թուրքիոյ մէջ արդարութեան եւ իրականութեան ժամը ե՞րբ պիտի հնչէ:
Մենք համոզուած ենք, որ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը ներ-կառավարական հարթակի վրայ ծրագրուած եւ ի գործ դրուած ոճիր էր: Անցեալին մէջ ալ ականատես եղած ենք կարգ մը յեղափոխականներու, յառաջդիմականներու եւ քիւրտ քաղաքական գործիչներու դէմ եղած յարձակումներու եւ գործուած ոճիրները ծածկելու ողջ գործընթացին:
Թուրքիոյ մէջ ընդհանրապէս արդարութիւնը ո’չ միշտ, կամ շատ ուշ իր դէմքը ցոյց կու տայ, մինչ իրենց ինքնութեան եւ գաղափարախօսական հայեացքներուն պայքարողներուն համար արդարութեան ձեռքբերումը շատ երկար եւ տանջալից ուղի մը կը թուի ըլլալ:
Անձնապէս համոզուած եմ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան հանդէպ լուրջ հակազդեցութիւն ցուցաբերող եւ անոր դատավարութեան հանգրուաններուն եւ կրած զարգացումներուն մեծ համբերութեամբ հետեւողներու շնորհիւ, այս դատը պիտի դառնայ Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգին հետ առերեսուելու առիթ, պատճառ եւ միջոց… Հրանդին դատը երկրին արդարադատութեան համակարգին առաւել զգուշաւոր եւ շրջահայեաց գործելաձեւի մը որդեգրումին ճանապարհ պիտի բանայ…:
Ի՞նչ Է Ձեր կարծիքը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ:
Ցեղասպանութեան ուղղութեամբ որքան ալ տարբեր կարծիքներ եւ մօտեցումներ ըլլան, արդէն իրականութիւն է, որ Թուրքիոյ մէջ, ամէն օր քիչ մը աւելի կը շատնայ թիւը այն մարդոց որոնք տակաւ կը հասկնան եւ կ’ըմբռնեն հայերուն իրենց մայր հայրենիքէն հեռացման` մեծ անիրաւութիւն մը եղած ըլլալը: Միւս կողմէ, պէտք է ըսել նաեւ, որ երկրին արեւմտեան հատուածին մէջ, որ պատմական Արեւմտահայաստանն է, մեծամասնութիւն եղող մեր քիւրտ քաղաքացիներուն, հայերուն հետ երկխօսութիւն ունենալու պայմանները եւս զարգացման ընթացքի մէջ են: Կարեւոր կը նկատեմ նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրողներուն եւ անկէ դուրս գտնուող հայերուն միջեւ ստեղծուի հանդիպումի եւ մտքերու փոխանակման կարելիութիւն …: