Զ­րու­ցեց՝ ԳՐԻԳՈՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ «France Armenie»

Ե­րե­ւա­նի իր գրա­սե­նեա­կին մէջ, յա­տուկ ժա­մադ­րու­թեամբ, հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցանք VivaCell-MTSի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն ­Ռալֆ Եի­րի­կեա­նի հետ։ Ս­տո­րեւ՝ կը ներ­կա­յաց­նենք իր հա­կիրճ կեն­սագ­րա­կա­նը, իր ղե­կա­վա­րած ըն­կե­րու­թեան ամ­փոփ ու­րո­ւա­գի­ծը եւ իր շնոր­հած շա­հե­կան հար­ցազ­րոյ­ցը։

­Ձեր ղե­կա­վա­րած VivaCell-MTS ըն­կե­րու­թիւ­նը ծա­նօթ է նաեւ իր բա­րե­գոր­ծու­թիւն­նե­րով։
Ար­դեօք քննար­կա՞ծ էք, որ ե­թէ ձեր շա­հոյ­թէն այդ բա­րե­գոր­ծա­կան նպա­տակ­նե­րու տրա­մադ­րե­լու փո­խա­րէն նո­ւա­զեց­նէք ձեր գի­նե­րը, բա­րե­փո­խէք ձեր պայ­ման­նե­րը, այդ ձե­ւով ա­ւե­լի օգ­նած կ­՚ըլ­լաք ժո­ղո­վուր­դին, որ ար­դէն բա­ւա­կան նեղ կա­ցու­թեան մէջ է։

Հի­մա մեր սա­կա­գի­նե­րը այն­քան ա­ժան են դար­ձել, կար­ծեմ աշ­խար­հում շատ քիչ տե­ղեր կան, որ ­Հա­յաս­տա­նի հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան գոր­ծող սա­կագ­նե­րի նման ա­ժան են։ Այ­սօր նա­յե­ցէք հա­մա­ցան­ցը ինչ­քան ա­ժան է ­Հա­յաս­տա­նում։ Եւ հա­մա­ցան­ցի ա­ժա­նու­թեան պատ­ճա­ռով՝ մենք ար­դէն կո­րուստ­ներ ենք կրում ձայ­նա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րի վրայ։ Այ­սօր մեր բա­ժա­նորդ­նե­րին մենք ա­ռա­ջար­կում ենք փա­թեթ­ներ (ծրար­ներ), ուր ին­քը մէկ փա­թե­թի մէջ կը կա­րո­ղա­նայ 1000 րո­պէ անվ­ճար ու­նե­նալ, 2, 3, 4, մին­չեւ 10 գի­գա­բայթ հա­մա­ցանց օգ­տա­գոր­ծի, այլ ցան­ցեր կամ ար­տա­սահ­ման անվ­ճար րո­պէ­ներ, եւ ըն­դա­մէ­նը 2500 դրա­մով, 3500 դրա­մով, ո­րը ո­չինչ է, բայց խնդի­րը սա­կա­գի­նը ի­ջեց­նե­լու մէջ չէ։
­Սահ­մա­նի վրայ գտնո­ւող աղ­քատ գիւ­ղե­րը, սա­կա­գի­նը ե­թէ նո­ւա­զի, ի­րենց չի օգ­նե­լու, ի­րենց նա­յող պէտք է, որ ե­թէ խմե­լու ջուր չու­նին՝ խմե­լու ջուր ու­նե­նան, ե­թէ լու­սա­ւո­րու­թիւն չու­նին՝ լու­սա­ւո­րու­թիւն ու­նե­նան, ե­թէ ման­կա­պար­տէ­զը չի ջե­ռուց­ւում՝ ման­կա­պար­տէ­զը ջե­ռու­ցո­ւի, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նան մա­նուկ­նե­րը յա­ճա­խել ման­կա­պար­տէզ, ե­թէ ծննդա­բե­րու­թեան կարգ մը հի­ւան­դա­նոց­ներ չու­նին հա­մա­պա­տաս­խան սար­քա­ւո­րում­նե­րը, ա­պա­հո­վել զա­նոնք, որ­պէս­զի ե­թէ նո­րա­ծին մը ծնո­ւի խնդիր­նե­րով, բժիշկ­նե­րը կա­րո­ղա­նան ախ­տո­րո­շել, եւ ան­մի­ջա­պէս քայ­լեր ձեռ­նար­կեն որ փրկեն նո­րա­ծին մա­նու­կի կեան­քը, ոչ թէ մա­նու­կը կը մա­հա­նայ, յատ­կա­պէս որ ա­ռա­ջին 24 ժա­մը շատ կա­րե­ւոր է բա­ցա­յայ­տե­լու, ե­թէ ի­րօք կայ հի­ւան­դու­թիւն ծնո­ւած մա­նու­կին մէջ, որ­պէս­զի բու­ժեն եւ ոչ թէ կը կորսնց­նենք մա­նու­կը։ Եւ նմա­նա­տիպ շատ խնդիր­ներ կան։ ­Սա­կա­գին ի­ջեց­նե­լը չի լու­ծեր այս հար­ցե­րը։ Ինչ­քան ըն­կե­րու­թիւ­նը զգայ այդ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը եւ իր ե­կա­մուտ­նե­րից մի մա­սը ուղ­ղէ դէ­պի հա­սա­րա­կու­թիւն, այն­քան ժո­ղո­վուր­դի ծանր բե­ռը կը թե­թե­ւա­նայ։

­Ձեր այս կե­ցո­ւած­քը միւս ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն նա­խան­ձը կը գրգռէ՞, որ­պէս­զի ի­րենք ալ ի­րենց շա­հա­բաժ­նին ո­րոշ մէկ մա­սը ուղ­ղեն դէ­պի ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րը։

Ա­յո՛, բայց բա­ւա­րար չէ։ ­Մեր ո­լոր­տէն ու­րիշ ըն­կե­րու­թիւն­ներ սկսան նոյ­նը ը­նել, բայց ո՛չ մեր ծա­ւալ­նե­րով եւ մեր տա­րա­ծու­թեամբ։ ­Տար­բեր ըն­կե­րու­թիւն­ներ այլ ո­լորտ­նե­րից կը փոր­ձեն ը­նել նոյ­նը, բայց մենք ա­ռա­ջա­մար­տիկն ենք։ ­Մենք գա­ղա­փա­րին կը հա­ւա­տանք, գա­ղա­փա­րին ե­տե­ւէն գնա­ցել ենք եւ ի­րա­կա­նաց­րել ենք։ ­Մենք այդ կ­՚ա­նենք, ո­րով­հե­տեւ կը հա­ւա­տանք, որ ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գայ կ­՚ու­զենք կա­ռու­ցել կամ տես­նել եւ մենք ներդ­րում կը կա­տա­րենք այդ ա­պա­գա­յին հա­մար, եւ ոչ թէ միայն կը նստինք, բա­ժակ­ներ կը լեց­նենք եւ կե­նաց­ներ կը խմենք։ ­Մեր ցան­կու­թիւնն է տես­նել ա­ւե­լի լաւ ա­պա­գայ, ա­ւե­լի ու­ժեղ ա­պա­գայ, եւ այդ ա­պա­գա­յին մէջ մեր ներդ­րու­մը կ­՚ու­նե­նանք, որ մաս­նակ­ցած լի­նենք կա­ռուց­ման այս գոր­ծըն­թա­ցին։ Եւ այս­տե­ղէն կու գայ այս ծրագ­րե­րի ի­րա­կա­նա­ցու­մը՝ լի­նի կրթու­թիւն, մշա­կոյթ, ա­ռող­ջա­պա­հու­թիւն, բնա­պահ­պա­նու­թիւն, գիւ­ղատնտե­սու­թիւն, գիւ­ղա­կան են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք եւ այլ ո­լորտ­ներ։ ­Մեզ հա­մար չկայ մի ո­լորտ ա­ւե­լի լաւ քան միւս ո­լոր­տը, բո­լոր ո­լորտ­նե­րը մեզ հա­մար հա­ւա­սար կա­րե­ւոր են, եւ ինչ­քան մենք իբ­րեւ ըն­կե­րու­թիւն կը կա­րո­ղա­նանք՝ մեր ձեռ­քը միշտ կը մեկ­նենք եւ կը փոր­ձենք օգ­նել որ վե­րաց­նենք խնդիր­նե­րը, որ կան այ­սօր զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րի մէջ։

Մ­տա­ծա՞ծ էք կամ ո­րոշ ա­ռիթ­ներ ներ­կա­յա­ցա՞ծ են, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տա­նէն դուրս ալ տա­րա­ծո­ւիք, օ­րի­նակ՝ Վ­րաս­տան ե­ւայլն։

Դա իմ ո­րո­շու­մը չէ, կամ՝ դա ըն­կե­րու­թեան ո­րո­շու­մը չէ. բաժ­նե­տէր­նե­րը պէտք է մտա­ծեն այդ բա­նե­րու մա­սին, այ­սօր մենք կը պատ­կա­նինք մի խո­շոր խում­բի, ո­րը կոչ­ւում է MTS, իր գլխա­մա­սը գտնւում է ­Ռու­սաս­տա­նում, ին­քը ու­նի գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ այլ երկրնե­րում, ինչ­պէս Ուք­րա­նիա, ­Պե­լա­ռուս, ­Թիւրք­մե­նիս­տան, Հնդ­կաս­տան, ­Հա­յաս­տան, եւ ու­նի տար­բեր տե­սա­կի բաժ­նե­տէր­ներ։ Օ­րի­նակ՝ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ մեր բաժ­նե­տէր­նե­րը եր­կու մաս են, 80 տո­կո­սը MTSն­ է, 20 տո­կո­սը դեռ լի­բա­նա­նեան դրա­մագ­լուխ է, եւ գտնւում է ­Լի­բա­նա­նում։ Ի­րենք պէտք է ո­րո­շեն՝ ու­զում են ըն­դար­ձա­կո­ւիլ ­Հա­յաս­տա­նի սահ­ման­նե­րից դուրս կամ ոչ, եւ ե­թէ ո­րո­շում­ներ կա­յաց­նեն ըն­դար­ձակ­ման եւ ու­զում են, որ նոյն ղե­կա­վար­ման խում­բը գնայ այն­տեղ աշ­խա­տի, այն ա­տեն ու­րիշ հարց է եւ քննար­կո­ւե­լու են­թա­կայ։

Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով ձեր անձ­նա­ւո­րու­թիւ­նը, վար­չա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ձե­զի ա­ռա­ջարկ ե­ղա՞ծ է, որ ու­րիշ եր­կիր­նե­րու մէջ ստանձ­նէք նոյն ըն­կե­րու­թեան մէջ ա­ւե­լի բարձր պաշ­տօն­ներ։

Ե­ղած է, ա­յո՛, ե­ղած է նոյն խում­բից, այլ եր­կիր­ներ, ե­ղած է մրցա­կից­նե­րի կող­մից, ե­ղած է այլ ըն­կե­րու­թիւն­նե­րի կող­մից, ե­ղած է «ոչ ա­ռեւտ­րա­կան» ո­լոր­տից, բայց ինձ հա­մար այս­տեղ ա­ւե­լի հա­րա­զատ է, ա­ւե­լի հան­գիստ եմ, եւ ճիշդն ա­սած՝ ըն­տա­նի­քիս հա­մար ալ գտնո­ւել ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, զա­ւակ­նե­րը մեծ­նան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, սոր­վին հա­յե­րէն, մի­ջա­վայ­րը բո­լո­րո­վին հա­յե­րէն, ինչ որ իմ ման­կու­թեան շրջա­նին չու­նէինք այդ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Ես միշտ կը նա­խընտ­րեմ ­Հա­յաս­տան մնալ։

Իսկ պա­տա­հա՞ծ է, որ ո­րոշ լի­բա­նա­նա­հայ շրջա­նակ­նե­րու կամ այլ ոչ- հա­յաս­տան­ցի հա­յե­րու, սփիւռ­քա­հա­յե­րու քա­ջա­լե­րէք, որ գան եւ ի­րենք ալ հաս­տա­տո­ւին, աշ­խա­տին ու ապ­րին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Մի՛շտ։ ­Միշտ քա­ջա­լե­րած եմ, միշտ ը­սած եմ, տար­բեր ժա­մա­նակ­նե­րի դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ տո­ւած եմ, ­Պէյ­րու­թի ­Հայ­կա­զեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կամ «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թի կող­քի ­Փիւ­նիկ սրա­հին մէջ, հա­մալ­սա­րա­նա­կան ու­սա­նո­ղու­թեան մէջ, եւ միշտ քա­ջա­լե­րած եմ, եւ ա­սել եմ, որ ե­կէք, այ­ցե­լե­ցէք, օ­դը շնչե­ցէք, ջու­րը խմե­ցէք, հա­ցը կե­րէք, մի քա­նի ան­գամ ե­կէք, կար­ծիք կազ­մե­ցէք, վեր­ջը ո­րո­շու­մը կա­յաց­րէք։ Եւ ե­թէ օ­րի­նակ ե­կաք եւ գոր­ծը հիմ­նե­ցիք ու ձա­խո­ղե­ցաւ, դա չի նշա­նա­կեր, որ լաւ տեղ չէ, ցան­կա­ցած տեղ աշ­խար­հի վրայ կա­րող էք ա­ռա­ջին ան­գամ ձա­խո­ղո­ւել, երկ­րորդ ան­գամ չի ստա­ցո­ւի, բայց եր­րոր­դից կամ չոր­րոր­դից կը ստա­ցո­ւի ու կը դառ­նայ շատ լաւ յա­ջո­ղակ գործ։
­Միշտ կը քա­ջա­լե­րեմ, բայց կը զգու­շաց­նեմ միեւ­նոյն ա­տեն, որ ե­թէ պի­տի գանք գործ հիմ­նենք, պէտք է օ­րէնք­նե­րուն տի­րա­պե­տենք, միշտ օ­րէն­քի ներ­քոյ գոր­ծենք եւ ինչ գոր­ծար­քի մէջ մտնում ենք՝ լաւ ի­րա­ւա­բան ու­նե­նանք, լաւ փաս­տա­բան, պայ­մա­նագ­րեր ստո­րագ­րենք եւ ոչ թէ խօս­քի վրայ հիմ­նո­ւած ինչ-որ գոր­ծի մէջ մտնենք։ Ե­թէ տեղ մը գրա­ւոր չէ ամ­րագ­րո­ւած, օ­դին մէջ կը մնայ։ Այ­սինքն՝ միշտ ա­սել եմ, մեր հայ­րե­նիքն է, շատ լաւ, բայց ին­չո՞ւ երբ որ հայ­րե­նիք պի­տի գանք պայ­մա­նագ­րեր չպի­տի ու­նե­նանք, գոր­ծի ա­ռու­մով։ Երբ որ մենք ցան­կա­ցած եր­կիր կ­՚եր­թանք, կ­՚ու­զե­նանք ինչ-որ գործ հիմ­նել, կը վար­ձենք փաս­տա­բան­ներ, դէ­զե­րով թուղ­թեր կը ստո­րագ­րենք, որ­պէս­զի մեր ի­րա­ւուն­քը ա­պա­հո­վենք, նոյնն ալ ­Հա­յաս­տա­նի կամ Ար­ցա­խի պա­րա­գա­յին պէտք է ը­նենք, որ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րին սոր­վեց­նենք, մենք ալ մեր ի­րա­ւուն­քը պաշտ­պա­նած լի­նենք եւ ի­րենք ալ ի­րենց ի­րա­ւուն­քը պաշտ­պա­նած լի­նեն եւ այն ա­տեն, կար­ծում եմ, որ ճիշդ գործ կը ստեղ­ծո­ւի։

­Կը վստա­հեց­նէ՞ք, որ ա­ջէն-ձա­խէն կողմ­նա­կի մի­ջամ­տու­թիւն­ներ չեն ըլ­լար, վե­րէն, վա­րէն, փո­ղո­ցէն…

Միշտ կա­րող է լի­նել, ցան­կա­ցած երկ­րում կա­րող է լի­նել։ Այ­սօ­րո­ւայ ­Հա­յաս­տա­նը բա­ւա­կան բա­րե­փո­խո­ւած է։ Այ­սօր բա­ւա­կա­նին զար­գա­ցած, գոր­ծող օ­րէնք­ներ, վե­րա­նա­յո­ւող օ­րէնք­ներ, բա­րե­փո­խո­ւող օ­րէնք­ներ կան, եւ քայլ առ քայլ փոր­ձում ենք գնալ ա­ռաջ։ Այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նը 25 տա­րե­կան է, բայց այս 25 տա­րե­կա­նը հա­ւա­սար է ար­տա­սահ­մա­նում տար­բեր ազ­գե­րի մօ­տա­ւո­րա­պէս 100 տա­րե­կա­նին։ Եւ մենք բա­ւա­կա­նին ա­րա­գըն­թաց քայ­լեր կա­տա­րե­ցինք, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նանք ինչ-որ ո­րոշ քա­ղա­քա­կիրթ մա­կար­դա­կի հաս­նիլ, եւ այդ ա­րա­գըն­թաց փո­փո­խու­թիւ­նը մար­դիկ պատ­րաստ չեն դեռ հաս­կա­նա­լու լիո­վին կամ մար­սե­լու լիո­վին։ Եւ դեռ ­Հա­յաս­տա­նը պէտք է եւս քայ­լեր կա­տա­րէ, որ­պէս­զի ա­ւե­լի զար­գաց­ման գնայ կամ հաս­նի։ ­Բայց դա չի նշա­նա­կեր, որ լաւ տեղ չի, կամ՝ կա­րող ա մար­դիկ բո­ղո­քեն քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գից։ ­Բայց նե­րո­ղու­թիւն, ինձ ցոյց տո­ւէք աշ­խար­հում քար­տէ­սի վրայ ո՞ր մէկ քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գը լիար­ժէք է կամ լիա­կա­տար է, ընդ ո­րում Ֆ­րան­սիա­յում, ընդ ո­րում Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րում կամ ցան­կա­ցած տեղ։
­Մենք գոր­ծըն­թա­ցը պէտք է անց­նենք։ ­Մենք ե­րի­տա­սարդ պե­տու­թիւն ենք, ե­րի­տա­սարդ եր­կիր ենք, եւ հա­մե­մա­տո­ւած այլ զար­գա­ցած երկր­նե­րի որ ու­նեն 2, 3, 4, 5 հա­րիւր տա­րի­նե­րի պատ­մու­թիւն, ուր ի­րենք կեր­տե­ցին, կա­ռու­ցե­ցին եւ հա­սան ին­չի որ հա­սել են այ­սօր, բայց ի­րենք շատ ա­րիւն թա­փե­ցին։ ­Մենք հա­մա­րեա խու­սա­փում ենք այս ա­մէն ին­չից, եւ քա­ղա­քա­կան պայ­քար­նե­րի շնոր­հիւ կա­րո­ղա­նում ենք ինչ-որ տեղ հաս­նիլ եւ զար­գա­ցում­ներ մտցնել եւ այս ա­ռու­մով ես լա­ւա­տես եմ։ Ո­րով­հե­տեւ 15 տա­րի ա­ռաջ երբ ա­ռա­ջին ան­գամ ժա­մա­նել եմ այս­տեղ, ես գի­տեմ, թէ ինչ­պէ՛ս էր ­Հա­յաս­տա­նը, ի՛նչ կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նէր եւ այ­սօր ինչ­պի­սի՛ն է ­Հա­յաս­տա­նը եւ ի՛նչ կա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նի, տես­նում եմ զար­գաց­ման դրա­կան մի­տու­մը։ ­Լա­ւա­տես պէտք է լի­նենք, ո­րով­հե­տեւ մեզ հա­յե­րիս մնա­ցել է այս կտոր մը հո­ղը աշ­խար­հի վրայ, ա­մէն ինչ պէտք է ա­նենք, որ­պէս­զի պա­հենք, պաշտ­պա­նենք, պահ­պա­նենք, զար­գաց­նենք, դա չի նշա­նա­կեր որ ըն­թաց­քին ձա­խո­ղում­ներ չպի­տի ըլ­լայ, պի­տի ըլ­լա՛յ, մենք ձա­խո­ղում­նե­րէն պի­տի սոր­վինք որ յա­ջորդ ան­գա­մին ա­ւե­լի լա­ւը ա­նենք։

Մ­տա­ծա՞ծ էք քա­ղա­քա­կան ո­լորտ մտնել, ա­ռա­ջարկ­ներ ե­ղա՞ծ են։

Ա­ռա­ջար­կու­թիւն­ներ տար­բեր տե­սա­կի ե­ղած են, ու­ղիղ կամ ա­նուղ­ղա­կի, բայց ինձ հա­մար դա բա­ցառ­ւում է, այդ ո­լոր­տը իմ ո­լոր­տը չէ, ես ինք­զինքս չեմ գտնում այդ ո­լոր­տի մէջ։ ­Մեր ըն­տա­նի­քում ալ ո­րո­շում կայ, որ մե­զա­նից ոչ մէ­կը այդ աս­պա­րէ­զը չմտնի։ Ու ես չեմ ու­զեր ըլ­լալ ա­ռա­ջի­նը, որ մտնեմ մեր ըն­տա­նի­քի կող­մից այդ աս­պա­րէ­զը։ Այ­սօ­րո­ւան դրու­թեամբ՝ այս­պէ՛ս է մտա­ծե­լա­կեր­պը, այս­պէ՛ս էր 10 տա­րի ա­ռաջ, այս­պէ՛ս էր 5 տա­րի ա­ռաջ, այս­պէ՛ս էր 2 տա­րի ա­ռաջ, ու այս­պէ՛ս է հի­մա։
­Պէտք է այս­տեղ տա­րան­ջա­տում կա­տա­րենք։ Ե­թէ օ­րի­նակ ես մտնում եմ այլ ո­լորտ, այս ո­լոր­տից պէտք է դուրս գամ։ Օ­րի­նակ՝ ը­սենք, որ ես վա­ղը պի­տի աշ­խա­տիմ ու­ժա­նիւ­թի ո­լոր­տում, ու­րեմն ես հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ո­լոր­տից պէտք է դուրս գամ։ Այ­լեւս կապ չպի­տի ու­նե­նամ հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ո­լոր­տի հետ։

Բայց օ­րի­նա­կի հա­մար ե­թէ պե­տու­թիւ­նը ը­սէ, որ պա­րոն Եի­րի­կեա­նը շատ ձեռն­հա­սօ­րէն ղե­կա­վա­րեց իր այս կա­լո­ւա­ծը, հա­ւա­նա­բար նոյն ձեռն­հա­սու­թեամբ կրնայ ղե­կա­վա­րել հե­ռա­հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը։

Պայ­ման չէ։ ­Դա ճիշդ հա­մե­մա­տու­թիւն չէ։ ­Կա­րող է այն­տեղ չստա­ցո­ւի, կա­րող է այն­տեղ ձա­խո­ղում­ներ լի­նեն։ ­Միշտ չէ, որ ա­մէն ինչ կը ստա­ցո­ւի։ Ո­րով­հե­տեւ այն ո­լոր­տը մի քիչ ու­րիշ խնդիր­ներ ու­նի, մի քիչ ու­րիշ բար­դու­թիւն­ներ ու­նի, մի քիչ ու­րիշ քաշք­շուք­ներ ու­նի, մի քիչ ու­րիշ փո­սեր ու­նի։ Եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ միշտ լի­նում է քա­ղա­քա­կան մթնո­լորտ։ Եւ դրա հա­մար էդ աս­պա­րէ­զը զգում եմ, որ ինձ հա­մար չի եւ ես չեմ կա­րող գտնո­ւել։

­Փոր­ձա՞ծ էք սփիւռ­քի թեր­թե­րուն մէջ ծա­նու­ցում­ներ կամ գո­վազդ­ներ դնել, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լո­ղը գիտ­նայ, թէ ­Վի­վա­սե­լը ի՛նչ հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կ­՚ա­ռա­ջար­կէ՝ ի՛նչ գի­նե­րով, եւ այս ձե­ւով ներգ­րա­ւէք նո­րա­նոր յա­ճա­խորդ­ներ։

Մենք ու­նինք փորձ ­Լի­բա­նա­նի հետ, Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րի հետ, մի քիչ ալ ­Ռու­սաս­տա­նի հետ, ուր մենք տե­ղադ­րում ենք մեր գո­վազդ­նե­րը կամ մեր լու­րե­րը, որ­պէս­զի կար­դա­ցո­ղը ի­մա­նայ, տե­ղեակ լի­նի, ծա­նօ­թա­նայ, եւ երբ ­Հա­յաս­տան կը ժա­մա­նի՝ միշտ հարց­նէ Vivacell-MTSի մա­սին։
Ամ­բողջ սփիւռ­քով չենք տա­րա­ծո­ւած, ո՛չ, դա պա­հան­ջում է պիւտ­ճէ։ Եւ ի վեր­ջոյ եր­բեմն բաժ­նե­տէր­նե­րի հսկիչ­նե­րը չեն հաս­կա­նում, ա­սում են մի քիչ մեզ բա­ցատ­րէք ին­չի՛ հա­մար գո­վազ­դի վրայ ծախ­սում էք ար­տա­սահ­մա­նում, չէ՞ որ մեր շու­կան մի քիչ իւ­րա­յա­տուկ է ­Հա­յաս­տա­նում եւ մեր սփիւռ­քը դուր­սը սփռո­ւած է։
Ու­րիշ շու­կա­նե­րում այս­պէս նմա­նա­տիպ սփիւռք չու­նեն, եւ ու­րիշ գո­վազ­դա­յին, ծախ­սա­յին յօ­դո­ւած­նե­րը պիւտ­ճէին մէջ մի քիչ այլ կերպ են, եւ ի­րենք միշտ փոր­ձում են հա­մե­մա­տել ու միշտ տես­նում են, որ մենք մի քիչ շե­ղո­ւած ենք։ Եւ երբ փոր­ձում ենք ըն­դար­ձա­կո­ւել, ա­ռար­կու­թիւն է լի­նում, որ ին­չո՞ւ էք այս­քան ծախ­սում ե­ւայլն, միեւ­նոյն ա­տեն կայ տնտե­սա­կան ի­րա­վի­ճակ, ճգնա­ժամ ե­ւայլն, միշտ մենք ու­շա­դիր ենք լի­նում մեր ծախ­սե­րի վրայ, որ­պէս­զի ինչ­պէս կ­՚ը­սեն՝ հա­մը չհա­նենք։
Ար­դէն սփիւռ­քը տես­նում է ­Հա­յաս­տա­նի մեր լու­րե­րը, որ սփռւում են տար­բեր հե­ռուս­տաա­լիք­նե­րի վրայ, մենք միշտ կանք լու­րե­րի մէջ, ար­դէն տես­նում են մեր ըն­կե­րու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ան­ցու­դարձ­նե­րը, տես­նում են մեր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ գո­վազդ­ւում են, ե­թե­րի մէջ ե­րե­ւում են եւ ծա­նօ­թա­նում են այն­տե­ղից, այ­սինքն կան տար­բեր մի­ջոց­ներ, ուր կա­րող է մարդ ծա­նօ­թաց­նել իր ըն­կե­րու­թիւ­նը, իր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը, եւ մարդ, որ այ­ցե­լում է եր­կիր, իր մտքում միշտ լի­նում է ­Վի­վա­սել կամ այլ ըն­կե­րու­թիւն, որ ին­քը միշտ տես­նում է ե­թե­րի վրայ։

Մ­տա­ծա՞ծ էք, որ ձեր ըն­կե­րու­թեան մէջ տեղ տաք հա­մա­պա­տաս­խան ու­սում ու­նե­ցող սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րու, որ­պէս­զի աշ­խա­տանք ու­նե­նա­լով գան եւ ­Հա­յաս­տան հաս­տա­տո­ւին։

Մենք ու­նինք մի քա­նի աշ­խա­տող, որ սփիւռ­քից են։ ­Բայց պի­տի հաս­կա­նանք, որ մեր ըն­կե­րու­թիւ­նը ­Կար­միր ­Խա­չի նման չէ։
­Շատ խիստ ձե­ւով գոր­ծա­րա­րա­կան ծրագ­րի եւ սահ­մա­նո­ւած նա­խա­հա­շի­ւի կը հե­տե­ւի, ա­մէն լու­մա, ա­մէն թիւ լաւ մը հա­շո­ւար­կո­ւած եւ վե­րա­նա­յուած է։ Եւ մենք միշտ կ­՚աշ­խա­տինք, որ ա­ւե­լի ար­դիւ­նա­ւէտ լի­նենք՝ ա­ւե­լի քիչ ծախ­սե­րով։
Ե­թէ աշ­խա­տան­քի տեղ կայ, մենք միշտ կը փոր­ձենք տե­ղա­կան շու­կա­յում գտնենք, որ տե­ղա­կան շու­կա­յի պա­հան­ջը բա­ւա­րա­րենք, ե­թէ հա­մա­պա­տաս­խան ան­ձեր չկան, այն ա­տեն մաս­նա­գէտ­նե­րի ա­ռու­մով կը սկսինք նա­յել դէ­պի դուրս։ ­Բայց աշ­խա­տան­քի տեղ պէտք է ըլ­լայ, թա­փուր, ա­զատ տեղ պէտք է ըլ­լայ։

­Ձեր եզ­րա­փա­կիչ խօս­քը՝ մեր ըն­թեր­ցող­նե­րուն։

Մի՛ վախ­նաք, ե­կէ՛ք ­Հա­յաս­տան, նա­խա­ձեռ­նե­ցէ՛ք գոր­ծի, լաւ ծրագ­րե­ցէ՛ք, ա­մուր հի­մե­րու վրայ դրէ՛ք ձեր գոր­ծը, եւ ան­պայ­ման կը յա­ջո­ղիք։ Ս­քան­չե­լի եր­կիր մը ու­նինք, որ պէտք է ծաղ­կեց­նենք մեր քրտին­քով եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով։

Ռալֆ Եի­րի­կեան ծնած է 16 ­Նո­յեմ­բեր 1967ին ­Պէյ­րութ։ Ա­ւար­տած է ­Պէյ­րու­թի Ա­մե­րի­կեան ­Հա­մալ­սա­րա­նի տնտե­սա­գի­տու­թեան եւ գոր­ծա­րար կա­ռա­վար­ման ճիւ­ղե­րը։
1999-2001 թո­ւա­կան­նե­րուն պաշ­տօ­նա­վա­րած է ­Լի­բա­նա­նի LibanCell ըն­կե­րու­թեան մէջ, որ­պէս վար­չա­կան բաժ­նի տնօ­րէն։
2004 թո­ւա­կա­նի ­Նո­յեմ­բե­րին ստանձ­նած է VivaCell-MTS (Ղ-Տելեքոմ) ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէ­նի պաշ­տօ­նը, զոր ձեռն­հա­սօ­րէն կը վա­րէ մին­չեւ այ­սօր։
Ս­տա­ցած է բազ­մա­թիւ բարձ­րա­գոյն պար­գեւ­ներ, մրցա­նակ­ներ, շքան­շան­ներ, ու­սում­նա­կան եւ գի­տա­կան շարք մը հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու պա­տո­ւոյ դոկ­տո­րի աս­տի­ճան եւ այլ պա­տո­ւոյ կո­չում­ներ։
Ա­մուս­նա­ցած է, ու­նի մէկ աղ­ջիկ եւ մէկ տղայ։ Ան­կու­սակ­ցա­կան է։
Իր ղե­կա­վար­ման 12 տա­րո­ւան ար­դիւն­քով՝ ըն­կե­րու­թիւ­նը այ­սօր կը ներ­կա­յա­նայ որ­պէս տի­պար օ­րի­նակ ա­ռեւտ­րա­կան վար­չա­րա­րու­թեան եւ ժո­ղո­վուր­դի հետ յա­րա­բե­րու­թեան գետ­նի վրայ։ ­Յա­ջո­ղու­թեամբ յաղ­թա­հա­րած է տնտե­սա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րու եւ մրցակ­ցու­թեան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը։
Ըն­կե­րու­թիւ­նը ամ­բողջ ­Հա­յաս­տա­նի տա­րած­քին ու­նի 79 սպա­սարկ­ման կեդ­րոն­ներ, ո­րոնց­մէ 52ը՝ մար­զե­րու մէջ, 21ը՝ Ե­րե­ւա­նի մէջ, 6ը՝ շար­ժա­կան։ Ե­րե­ւա­նի մէջ սպա­սարկ­ման 2 կեդ­րոն­ներ կը գոր­ծեն շա­բա­թը 7 օր, օ­րա­կան 24 ժամ։
Ըն­կե­րու­թիւ­նը հսկա­յա­կան մի­ջոց­ներ ներդ­րած է բա­րե­գոր­ծա­կան նպա­տակ­նե­րու՝ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, մշա­կու­թա­յին, գի­տա­կան, բնա­պահ­պա­նու­թեան, կրթա­կան եւ այլ մար­զե­րէ ներս, ինչ­պէս նաեւ՝ գիւ­ղա­կան են­թա­կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին նո­րա­րա­րա­կան նա­խա­գի­ծե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։