«Թեսաղոնիկէի համերգասրահի բեմերուն վրայ հայրենի
արուեստագէտներու ներկայութիւնը պիտի հանդիսանայ
միջազգային նշանակութիւն ունեցող կարեւոր իրագործում մը
քաղաքի մշակութային կեանքէն ներս»
Յունուար 2021-ի սկիզբին, յունահայ համբաւոր ջութակահար Խրիսթոս Ղալիլէաս ստանձնեց Թեսաղոնիկէի համերգասրահի գեղարուեստական տնօրէնի պաշտօնը։ Օրին, «Ազատ Օր»ի էջերէն անդրադարձանք մեր հայրենակիցի մեծ յաջողութեան, որ կու գայ աւելնալու արդէն իսկ միջազգային նուաճումներով լեցուն իր երաժշտական եւ ակադեմական կենսագրութեան վրայ։ Թեսաղոնիկէի համերգասրահի ճանաչողութիւնը Յունաստանի սահմաններէն դուրս անցած է եւ լայն գործակցութիւն հաստատուած է մեծ համբաւ ունեցող արուեստագէտներու եւ նուագախումբերու հետ։
Համավարակի արգիլումներու մթնոլորտին մէջ, արդի արհեստագիտութիւնը առիթը ընծայեց առցանց զրոյց մը ունենալու տաղանդաւոր մեր հայրենակիցին հետ եւ իրազեկ դառնալու իր ապագայ ծրագիրներուն մասին՝ յատկապէս նոր ստանձնած զգայուն դերին մէջ։ Խրիսթոս Ղալիլէաս ունի բնածին ազնուութիւն մը, որ կը բնորոշէ իր համեստ եւ կիրթ խօսակցութիւնը, հեռու այն շպարումներէն, որոնք յաճախ կը մոլորեն միջազգային երաժշտական յաջողութիւններու հասած արուեստագէտներ։ Իր բեմական եւ ակադեմական իրագործումները՝ որքան կարեւոր եւ տարածուն, այնքան աւելի համեստ եւ ժուժկալ կը պահեն հայազգի ջութակահարը, որուն համար Թեսաղոնիկէի համերգասրահի փայլուն ապագան դարձած է սեւեռակէտ եւ կեանքի երազ։
Ինչպէ՞ս կը նկարագրես Թեսաղոնիկէի համերգասրահի գեղարուեստական տնօրէնի նոր պաշտօնը։ Ի՞նչ ձեւով եղաւ ընտրութիւնը անձիդ վրայ։
Տեղեակ էի, որ երկար ժամանակէ ի վեր Թեսաղոնիկէի համերգասրահի գեղարուեստական տնօրէնի պաշտօնը թափուր մնացած էր։ Պահ մը եկաւ, երբ յայտարարուեցաւ զայն լրացնելու՝ բաց քննութեան ընտրութիւնը, ես ալ, իմ կարգին, թեկնածութիւնս առաջադրեցի ու ընտրուեցայ։
Բնականաբար, շատ կարեւոր պարտականութիւն մըն է. կրնամ ըսել՝ Յունաստանի մշակութային կեանքին մէջ ամէնէն կարեւոր դիրքերէն մէկն է. մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ կը զգամ այս զարգացումին համար։
Պարտականութեանս ստանձնումը կու գայ պահու մը, երբ այս դժուար ժամանակներուն թագավարակի տարածումը պատճառած է համաշխարհային տագնապ՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, եւ բնականաբար, արուեստի ու մշակոյթի ոլորտներուն մէջ։ Այս բոլորին վրայ, կարելի չէ անտեսել այն տնտեսական տագնապը, որու յորձանուտին մէջ այս երկիրը ինկած է վերջին տասը տարիներուն։
Ներկայ ժամանակահատուածին, մեր ջանքերը կը կեդրոնանան առցանց ծրագիրներու վրայ, քանի որ համավարակի իրականութիւնը մեզ այդպէս կը ստիպէ։ Այսուհանդերձ, կարողացած ենք կեանքի կոչել կարեւոր իրագործումներ, միաժամանակ նեցուկ կանգնիլ բոլոր այն արուեստագէտներուն, որոնց գեղարուեստական գործունէութիւնը ազդուած է թագավարակէն։
Այս պայմաններուն տակ, մեծ մարտահրաւէր մը կանգնած է առջեւս, միաժամանակ խթան մըն է յաջողելու եւ ծրագիրները բարւոք աւարտին բերելու։ Համոզումս է, որ գէթ այս ձեւով, Թեսաղոնիկէի համերգասրահը պիտի շարունակէ իր կարեւոր դիրքը պահել քաղաքի մշակութային կեանքէն ներս։
Որո՞նք են որպէս գեղարուեստական տնօրէն քու կողմէն ճշդուած թիրախները եւ ուղիները յաջորդ երեք տարուան համար։
Հետեւեալ կերպով կրնանք ամփոփել ծրագիրներս։
Ա) Թեսաղոնիկէի համերգասրահի համբաւը եւ ճանաչողութիւնը հաստատել միջազգային մշակութային կեդրոններու շարքին։ Այս մէկը կարելի է յաջողցնել միայն համաշխարհային ծանօթ արուեստագէտներու եւ երաժշտական խումբերու մասնակցութիւնը ապահովելով մեր յայտագիրներուն մէջ։ Վստահաբար, այս ձեւով պիտի շեշտաւորուի համերգասրահի միջազգային դիրքը, մնալով աշխարհի առաջնակարգ ցուցակներուն վրայ։ Մեր նպատակն է՝ միջազգային յայտագիրներով, Թեսաղոնիկէի արուեստասէր հասարակութեան հրամցնել այնպիսի բարձր որակի գեղարուեստական ապրումներ, որոնք կարելի չէ գտնել քաղաքի որեւէ այլ կառոյցի մօտ։
Բ) Ամէն կերպով զօրավիգ եւ նեցուկ կանգնիլ նոր տաղանդներու, որոնք իրենց առաջին քայլերը կ՚իրագործեն։ Կ՚ուզենք ամէն կերպով մղում տալ անոնց, որպէսզի յաջողութիւններ ունենան եւ հաստատեն բեղմնաւոր համաշխարհային ասպարէզներ։
Գ) Շատ կարեւոր կը նկատեմ համերգասրահի կրթադաստիարակչական դերը։ Յատուկ ծանրութիւն պէտք է տալ դաստիարակչական ծրագիրներուն։ Ամէն ինչ անկէ կը սկսի։ Պէտք է դասական երաժշտութիւնը մուտք գործէ վարժարաններէն ներս։ Առիթը տանք նոր սերունդին ճանչնալու, կապի մէջ մտնելու, գնահատելու, ինչու չէ՝ սիրելու դասական երաժշտութիւնը։ Այս ձեւով, կարելի է պատրաստել ապագայ երաժշտասէր հասարակութիւնը, որ իր ներկայութեամբ պիտի գնահատէ դասական երաժշտութիւնը։
Դ) Մեր ծրագիրներուն մէջ գոյութիւն ունի նաեւ տարբեր՝ բազմատեսակ ծրագիրներու այլազանութիւն մը, արուեստի այլ ոլորտներ եւս՝ պարարուեստը, նկարչութիւնը, քանդակագործութիւնը, շարժապատկերը, եւ անշուշտ՝ այս բոլորին համադրումն ու ներգործութիւնը։
Տեղեակ ենք արդէն համբաւ ստացած միջազգային երաժշտական եւ ակադեմական յաջողութիւններուդ եւ նուաճումներուդ մասին։ Որքանո՞վ անոնք կրնան քեզ օգնել նոր ստանձնած պաշտօնիդ յաջողութեան համար։
17 տարեկանէս բախտը ունեցայ վայելելու ջութակի մենակատարի միջազգային ասպարէզ մը, ներկայացումներ կատարելով աւելի քան 40 երկիրներու նշանաւոր երաժշտական բեմերու վրայ եւ գործակցելով գլխաւոր երաժիշտներու եւ նուագախումբերու հետ։ 2007-էն, ջութակի ուսուցիչ եմ Միացեալ Նահանգներու Աթլանտա նահանգի «Ճորճիա Սթէյթ» պետական համալսարանին մէջ։ Ակադեմական եւ մենակատարային աշխատանքի համադրումն ու իրար միաձուլումը գլխաւոր ազդակն է արուեստագէտի կերպարի կազմութեան համար։ Մէկը միւսին կ՚ամբողջացնէ։
Ինչպէ՞ս սկսաւ երաժշտութեան հետ կապը։ Որո՞նք էին ապրումներդ եւ գեղարուեստական կեանքիդ ամէնէն յատկանշական պահերը։
Հասակ նետեցի երաժշտութիւնը առանցքային դեր ունեցող ընտանիքի մը մէջ եւ այդ պատճառ եղաւ նաե՛ւ իմ հետագայ զարգացումիս համար։ Ինչպէս գիտէք, հայրս՝ լուսահոգի Գոզմաս Ղալիլէասը, Յունաստանի երաժշտական կեանքի ամէնէն յատկանշական դէմքերէն մէկը եղած է, որ իր յետին թողեց կարեւոր ժառանգութիւն մը երկրի երաժշտական իրականութեան համար։ Մայրս՝ Տիրուհի Գալֆայեան-Ղալիլէա, երաժիշտ է եւ կարեւոր ուսումնասիրութիւններ կատարած է հայ երաժշտութեան վրայ։ Քոյրս՝ Նուարդ-Վերոն Ղալիլէա, սրնգահար է ու նշանաւոր ասպարէզ մը հաստատած է Յունաստանի եւ արտասահմանի մէջ։ Այսպիսի ներշնչող ու ոգեշնչող միջավայրի մէջ ունեցած ապրումներս ամբողջութեամբ ազդեցին նկարագիրիս վրայ՝ որպէս մարդ եւ արուեստագէտ։
Հսկայ եւ յատկանշական եղաւ լուսահոգի ուսուցիչիս՝ ջութակահար Սթելիոս Քաֆանտարիսի ներդրումը, որուն իրապէս շատ բան կը պարտիմ։
Երաժշտական ասպարէզիս մէջ ունեցած եմ բաւական կարեւոր հանգրուաններ, յաճախ դժուար է անոնց մէջէն զանազանել որոշները։ Կրնամ ըսել, թէ այն ուսումը, որ ստացայ Նիւ Եորքի համբաւաւոր «Ճուլիըրտ» համալսարանէն ներս եզակի էր։ Մասնաւոր պատիւ կը զգամ ամէն անգամ, որ հրաւէր կը ստանամ այս նշանաւոր կրթական հաստատութեան կողմէ մագիստրոսի մակարդակի դասընթացքներ կատարելու ուսանողներուն։ Յոյն մեծահամբաւ դաշնակահար Տիմիթրիս Սղուրոսի հետ ունեցած գործակցութիւնը յատուկ տեղ կը գրաւէ եւ նշումի արժանի է։ Կրնամ նշել կարգ մը ներկայացումներ աշխարհի մեծագոյն համերգասրահներուն մէջ, ինչպիսին են Վիեննայի «Մուսիքվերէյն», Միւնիխի «Կասթայկ», Փրակի «Ռուտոլֆինում», Ուաշինկթընի «Քենետի», Նիւ Եորքի «Քարնըկի Հոլ» սրահները։ Վերջապէս, յիշումի արժանի են իմ ունեցած զանազան գործակցութիւնները երաժշտական աշխարհի տիտաններուն հետ՝ թաւջութակահար Միշա Մայսքի, խմբավար Անտրիս Նելսըն, «Պորոտին» եւ «Կոմիտաս» քառեակները, նշելու համար քանի մը անոնցմէ։
Թեսաղոնիկէի հայկական համայնքին հետ կապը փոքրուց եղած է անքակտելի։ Հակառակ բազմազբաղ կեանքիդ եւ տեղաշարժերուն, միշտ ալ ժամանակ կը գտնես մասնակցելու համայնքի հաւաքական կեանքին։
Թեսաղոնիկահայ իրականութեան հետ ունեցած կապս կեանքիս անբաժան մէկ մասնիկն է եւ փոքր տարիքէս, առանց ընդհատումի, կը շարունակէ յատկանշել էութիւնս։ Աւելորդ է ըսել, թէ որքան հպարտ կը զգամ հայ ըլլալուս համար։ Գործուն կերպով կը մասնակցիմ գաղութի ազգային, կուսակցական, հասարակական եւ մշակութային կեանքին։ Մասնակցութիւնս Հայ դատի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անդամակցութիւնս «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան՝ կեանքիս կարեւոր մասնիկներէն են։
Մեր ընտանիքի ներկայութիւնը Թեսաղոնիկահայ կեանքին եղած է աւանդական եւ շեշտաւորուած։ Մեծ-մեծ հայրս, Կարապետ Ղազարեան, 20-րդ դարու սկիզբին Թեսաղոնիկէի հայկական եկեղեցւոյ շինութեան մեծ նուիրատուներէն էր։ Մեծ հայրս, Ռուբէն Գալֆայեան, եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետն էր 25 տարիներու երկայնքին։ Մօրեղբայրս, Կարապետ Գալֆայեանը, մեր համայնքի գլխաւոր անդամներէն մէկը եղած է, իսկ նաեւ եղաւ Հայաստանի նորանկախ հանրապետութեան առաջին ներկայացուցիչը Յունաստանի մէջ։ Ան կարեւոր դեր ունեցաւ 90-ական թուականի մարդասիրական օգնութեան առաջին առաքումներուն դէպի Հայաստան։ Մայրս, Տիրուհի Գալֆայեան-Ղալիլէաս, Համազգայինի Թեսաղոնիկէի «Ղ. Սարեան«» մասնաճիւղի երկարամեայ ատենապետուհին է՝ բազմատեսակ եւ կարեւոր գործունէութեամբ։
Վերջապէս, զարմիկներս, Ռուբէն եւ Արսէն Գալֆայեաններ, կը շարունակեն ընտանեկան աւանդութիւնը որպէս արուեստի կտորներու վաճառականներ։ Հայ արուեստի նմուշներու «Գալֆայեան» հաւաքածոն կը նկատուի կոթողական եւ կը հանդիսանայ մեր մշակութային ժառանգութեան անբաժան մասնիկ մը։ Կարեւոր դեր այս հաւաքածոյի կազմութեան մէջ ունեցաւ մօրաքոյրս, լուսահոգի Անահիտ Գալֆայեան։
Ինչպէս արդէն կը նշմարէք, ընտանիքիս կողմէ եկած ազդեցութիւնը եւ աւանդութիւնը կը շարունակեն խթան հանդիսանալ մասնակցութեանս համար համայնքի կեանքին մէջ։
Անպայման պէտք է անդրադառնանք Հայաստանի հետ ունեցած մշակութային կապերուն։ Ինչպէ՞ս կը պատկերացնես Թեսաղոնիկէի համերգասրահի գործակցութիւնը Հայաստանի երաժշտական հարուստ աշխարհին հետ։
Յատուկ կերպով կը յիշեմ ու կը նշեմ այցելութիւնս Հայաստան, 1994-ին։ Այն ատեն, հրաւիրուած էի Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբին կողմէ, ուր մեկնաբանեցի Սիպելիուսի՝ ջութակի եւ նուագախումբի համար յօրինած ստեղծագործութիւնը, ղեկավարութեամբ Լորիս Ճգնաւորեանի։ Անզուգական պահ մըն էր, նոյնքան երաժշտական եւ զգացական։ Խորապէս հպարտ եւ զգացուած էի առաջին անգամ հայրենիք այցելելով։
Անշուշտ, համերգասրահի տնօրէնի իմ նոր պաշտօնէն ամէն ջանք պիտի թափեմ գործակցութեան ճամբայ բանալու համար Հայաստանին հետ։ Պէտք չէ մոռնալ, որ մեր հայրենի արուեստագէտները եւ երաժշտական խումբերը կը վայելեն միջազգային համբաւ։ Անոնց ներկայութիւնը Թեսաղոնիկէի համերգասրահի բեմերուն վրայ պիտի հանդիսանայ միջազգային նշանակութիւն ունեցող կարեւոր իրագործում մը քաղաքի մշակութային կեանքէն ներս։»
Հարցազրոյցը վարեց Ք.Է.