2018ի Հոկտեմբերին, երաժիշտ, յօրինող եւ Յունաստանի Օդային ուժերու նուագախումբի անդամ Միհրան Չալըքեան առաջին տեղը գրաւեց եւ նիւթական պարգեւ ստացաւ իր մասնակցութեան համար Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցած պետական միջազգային երաժշտական մրցոյթի մը։ Անոր նիւթն էր՝ Հար. Քորէայի մէջ 1980ին տեղի ունեցած ժողովրդային յեղաշրջումը ընդդէմ երկրի մենատիրական կարգերուն, որ ծանօթ դարձաւ որպէս «Կուանկծուի ժողովրդային յեղաշրջում»։ Այդ ապստամբութիւնը խլեց բազմաթիւ քորէացիներու կեանքը՝ ազատութեան համար պայքարի ընթացքին։
Միջազգային երաժշտական մրցումի մասնակիցները հրաւիրուեցան՝ ամէն մէկը երաժշտական սեմֆոնիկ կտոր մը յօրինելու համար, որ նուիրուած պիտի ըլլար յեղաշրջումի զոհերու յիշատակին։
Միհրան Չալըքեան մասնակցեցաւ միջազգային մրցոյթին եւ իր ստեղծագործութեամբ առաջին տեղը գրաւեց, զանազանուելով 920 քորէացի եւ օտար երաժիշտներու յօրինումներուն մէջէն։
31 Մայիս 2019ին, Միհրան հասաւ Հարաւային Քորէայի Սէուլ մայրաքաղաքը, ներկայ ըլլալու համար իր յօրինած կտորի պաշտօնական ներկայացման՝ 100անդամ նուագախումբի մը կողմէ։ Համերգը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Քորէայի նախագահ Մուն Ճէյ-Ին, երկրի պետական անձնաւորութիւններ եւ աննախընթաց թիւով ժողովուրդ։ Ելոյթի աւարտին, համերգի կազմակերպիչներուն կողմէ Միհրան Չալըքեան ստացաւ պատուոյ յուշատախտակ։
Այս առիթով, «Ազատ Օր» հարցազրոյց մը ունեցաւ տաղանադաւոր հայ երաժիշտին հետ մեր թերթի գրասենեակէն ներս, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
«Երաժշտութեան գիտութիւնը սահմաններ չունի»
Առաջին անգամ կը մանակցի՞ս միջազգային երաժշտական մրցոյթի մը։
Ո՛չ, առաջին անգամը չէ, ասիկա չորրորդ կամ հինգերորդ անգամն է։ 2018ի Օգոստոսին, նմանօրինակ մրցոյթ մը տեղի ունեցաւ Ֆիլիփինի մէջ եւ 4րդ դիրքը գրաւեցի՝ 800 մասնակցողներու մէջ։ Այդ մրցոյթի նիւթն էր՝ Ֆիլիփինի «Պանաուի» շրջանը, որ կը նկատուի աշխարհի 8րդ հրաշքը։ Երաժշտական կտորը յօրինելու ժամանակ, ներշնչուեցայ վայրի գեղեցկութենէն ու շրջանի քաղաքակրթական արժէքներէն։
Հարաւային Քորէայի համար յօրինած կտորը կապուած է երկրի անցեալի քաղաքական եղելութիւններուն հետ։ Կրնա՞ս աւելի մանրամասն խօսիլ անոր մասին։
Միջազգային մրցոյթի նիւթն էր «Կուանկծուի ժողովրդային յեղաշրջում»ը, որ յառաջ եկաւ 18 Մայիս 1980ին՝ համանուն քաղաքին մէջ, եւ կը միտէր ժողովրդավարական կարգերը հաստատել երկրին մէջ։ Քորէացի ժողովուրդին համար այս յեղաշրջումը ունի յատուկ նշանակութիւն։ Այդ պատճառով ալ, անոնք կազմակերպեցին միջազգային մրցոյթը։ Անցեալ տարի, յատուկ համերգ մը տեղի ունեցաւ յեղաշրջման նուիրուած յուշարձանին առջեւ, ներկայութեամբ երկրի նախագահին, ուր տեղւոյն վրայ յայտարարուեցաւ միջազգային մրցոյթի մեկնարկը։ Այս ձեւով, անոնք ուզեցին միջազգային տարողութեամբ երաժշտական կտոր մը նուիրել այդ կարեւոր եղելութեան։
Ինչպէ՞ս որոշեցիր մասնակցիլ մրցոյթին։ Ի՞նչ ստեղծագործական դրդումներ ունեցար։
Ամէն անգամ, որ միջազգային մրցոյթի մը կը մասնակցիմ, նախ եւ առաջ, դիտարկութիւն կը կատարեմ տուեալ վայրին համար։ Երաժշտաբանութեան կանոններուն համաձայն, պէտք է ուսումնասիրել ժողովուրդն ու իր կենցաղը, իր մշակոյթը եւ բարքերը, ամէն տեսակի նկարներ, որեւէ մանրամասնութիւն, որ կարելի է յօրինումի մը ներշնչում տալ։ Բնականաբար, Ֆիլիփինի համար որոնումը կատարեցի համացանցին վրայ։ Երբ հոն ճամբորդեցի, մօտէն տեսայ ընդհանուր պատկերը եւ յաւելեալ ապրումներ ունեցայ։
Որո՞նք էին Քորէայի համար երաժշտական կտորին յօրինումի չափանիշները։ Անձնական թէ՞ տեղական։
Այդ յօրինումին համար, նկատի առի նախնական կտոր մը, որ կը կոչուի «March for our beloved» (Քայլերթ՝ մեր սիրելիներուն համար)։ Անիկա գրուած է 1980ին, քորէացի Քիմ Եոնկ-Ռիուլին կողմէ, որ Միքիս Թէոտորաքիսի նման առասպելական դէմք մըն է Քորէայի մէջ։ Այս կտորը յեղաշրջման քայլերգը կը համարուի։ Անկէ՝ ես ալ որոշ կէտեր քաղեցի եւ իմ յօրինումս ճոխացուցի։
Պէտք է շեշտել թէ, երաժշտութեան գիտութիւնը սահմաններ չունի։ Ամէն օր, նորաձեւութիւն մը սորվելու առիթ կայ։ Որպէս երաժիշտ եւ յօրինող, չեմ դադրիր ամէն օր սերտելէ։ Իւրաքանչիւր գործիքի համար որ մեղեդի մը կը յօրինեմ, պարտաւոր եմ անոր հնարաւորութիւնները եւ «գաղտնիքները» խորապէս սերտելու եւ ամբողջութեամբ իւրացնելու։
Որքա՞ն ժամանակ պահանջեց այս կտորի յօրինումը։ Դո՞ւն կատարեցիր սիմֆոնիկ նուագախումբի համար իւրաքանչիւր գործիքին համապատասխանող մեղեդիի վերծանումը։
Այո՛։ Բնականաբար՝ յօրինողը նաեւ կ՚ըլլայ երաժշտական գործիքներուն համար իւրաքանչիւր մեղեդիի վերծանողը։ Այս գործին վրայ աշխատեցայ մօտ մէկ ու կէս ամիս։ Շատ առաք եղաւ, ներշնչում ունեցայ, հետեւողական կերպով աշխատեցայ եւ կարճ ժամանակուան մէջ յօրինումը աւարտեցի։
Կրնա՞ս նկարագրել թէ ինչ կատարուեցաւ Հարաւային Քորէայի մէջ։ Որքա՞ն ժամանակ մնացիր։ Ի՞նչ տպաւորեց քեզ։
10 օր մնացի։ Առիթը ունեցայ մօտէն ճանչնալու Քորէայի մշակոյթը։ Ճամբորդելէ առաջ՝ Յունաստանի մօտ Հար. Քորէայի դեսպանը զիս դեսպանատուն հրաւիրեց շնորհաւորելու համար, քանի որ երկրի լրատուական միջոցներէն ան իմացած էր թէ ես առաջին հանդիսացայ՝ 920 երաժիշտներու մէջ։ Դեսպանը, որ ազնուական անձ մըն է, ինչպէս նաեւ՝ դեսպանատան մէջ բոլոր աշխատողները, զիս հերոսի մը նման դիմաւորեցին։ Ես բնաւ պատրաստ չէի այսպիսի պատիւ մը ընդունելու։
Անշուշտ, նախապէս զգացած էի թէ շատ կարեւոր եղելութիւն մըն է, սակայն՝ գիտէ՛ք, թէ յաճախ Յունաստանի մէջ կարեւոր նուաճումներուն արժէք չի տրուիր։ Հոս, սովորութիւն չկայ կարեւոր իրագործումները գնահատելու։ Իսկ, այդ երկիրներուն մէջ, ինչպէս եղաւ նաեւ Ֆիլիփինի պարագային, մարդիկ գիտեն գնահատել։
Երբ Սէուլի օդակայանը հասանք, անակնկալ դէպք մը պատահեցաւ, որ զիս շատ զարմացուց։ Իրանէն համալսարանի դասախօս մը ճամբորդած էր մինչեւ Քորէա՝ զիս տեսնելու եւ ծանօթանալու համար։ Զիս շնորհաւորեց եւ ինձմէ ստորագրութիւն խնդրեց։
Սէուլէն ճամբորդեցինք մինչեւ Կուանկծու քաղաքը, ուր ճամբաները լեցուած էին ելոյթի որմազդերով եւ իմ նկարով։ Անցորդները ճամբուն վրայ մեզ կը կանգնեցնէին եւ ստորագրութիւն կը խնդրէին։ Ելոյթը կազմակերպուած էր քաղաքի մշակութային պետական հիմնարկին կողմէ եւ ինծի, ու մնացեալ երեք երաժիշտներուն համար, որոնք առաջին դիրքերուն վրայ գտնուեցան, շատ ջերմ ընդունելութիւն մը եղաւ։ Ամէն օր, փորձեր տեղի ունեցան սեմֆոնիկ նուագախումբին հետ, պատրաստելու համար վերջնական ներկայացումը։
Քանի՞ վայրկեան կը տեւէ այդ յօրինումը։
Անիկա 15 վայրկեանի տեւողութեամբ գործ մըն է։ Համերգը տեղի ունեցաւ քաղաքի համերգասրահին մէջ, որ ամբողջութեամբ լեցուն էր։ կազմակերպիչները յայտնեցին, թէ հաւանաբար յաջորդ տարուայ ելոյթը բացօթեայ վայրի մը մէջ պիտի կազմակերպուի, կամ նոյնիսկ՝ յուշարձանին առջեւ։
Դո՞ւն ղեկավարեցիր նուագախումբը։
Ո՛չ, անիկա նուագախումբի ղեկավարին գործն է։ Նուագախումբը կը բաղկանար 100 երաժիշտներէ, բոլորն ալ կիներ, կային միայն երկու այրեր։ Համերգէն ետք, պարահաւաքոյթ մը կազմակերպուեցաւ, որուն մասնակցեցան նուագախումբի երաժիշտները։ Անոնց անակնկալ մը ըրի՝ յունական երաժշտութիւն նուագեցի «պաղլամա»ով, որ քովս ունէի եւ կիթառով մը, որ անոնք մեզ տուին։
Զբաղած ե՞ս հայկական երաժշտութեամբ։
Աւելի շատ զբաղած եմ հոգեւոր երաժշտութեամբ։ Եղբայրս ու ես փոքր տարիքէն դպիրներ ենք Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ եւ մեր ականջները լեցուն են։ Շատ անգամներ, կտոր մը յօրինած պահուն, կ՚ազդուիմ մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութենէն եւ ակամայ՝ կարգ մը մեղեդիներու ձեւեր տեղ կը գտնեն իմ գործերուս մէջ։ Մինչեւ այսօր, առիթը չէ եղած յատուկ գործ մը յօրինելու, հիմնուած հայկական ժողովրդային երաժշտութեան մեղեդիներուն վրայ։ Ունիմ շատ ծրագիրներ, եւ վաստահաբար՝ ապագային պիտի զբաղիմ նաեւ հայկական երաժշտութեամբ։
Կենսագրական գիծեր
Միհրան Չալըքեան ծնած է 1986ին՝ Աթէնքի մէջ եւ փոքր տարիքէն կը զբաղի երաժշտութեամբ։ Երկրորդական վարժարանը աւարտելէ ետք, ան իր ուսումը ամբողջացուց Աթէնքի «Քաբոտիսթրիաքօ» պետական համալսարանի երաժշտական ուսմանց բաժնին մէջ։ Ներկայիս, ան բարձրագոյն ուսմանց (μεταπτυχιακό) երկու վկայականներ ունի։ 23 երկար տարիներ երաժշտական ուսում ստանալէ ետք, Միհրան գերազանց նիշերով ստացաւ յօրինումի, դաշնաւորումի, ֆիւկի (φούγκα) եւ բազմամասն նուագի (αντίστιξη) վկայականներ։ Միաժամանակ, ան ունի դաշնակի վկայական եւ իր ուսումը ամբողջացուց «պուզուքի»ի նուագարանին վրայ։
Փոքր տարիքէն, Միհրան Չալըքեան սկսաւ սեմֆոնիկ կտորներ յօրինել մեծ նուագախումբերու համար եւ արժանացած է բարձր գնահատանքներու միջազգային գետնի վրայ։ Նաեւ, ինք պատիւը ունեցաւ մասնակցելու 2008ի Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցած Ողիմպիական մրցումներու ջահի տուչութեան արարողութեան։
Վերջին տարիներուն, իր երաժիշտ եղբօր՝ Ադամի եւ այլ երաժիշտներու հետ, ան հիմնած է ծանօթ «Խամաթ» խումբը, որոնք Յունաստանի սահմաններէն անդին՝ ելոյթներ տուած են Քուէյթի, Սուրիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ։
Ան անդամ է Յունաստանի Օդային ուժերու ֆիլարմոնիկ նուագախումբին։ Նաեւ, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վոլէյ պոլի խումբի երկար տարիներու մարզիկ եղած է։
Շնորհաւորական խօսք
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը, իր բոլոր մասնաճիւղերու եւ անդամներու անունով, ջերմապէս կը շնորհաւորէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդամ, սկաուտ եւ երկարամեայ մարզիկ, տաղանդաւոր երաժիշտ եւ յօրինող եղբ. Միհրան Չալըքեանին, իր բացառիկ յաջողութեան համար՝ Հարաւային Քորէայի միջազգային երաժշտական մրցոյթին։ Միհրանի Չալըքեանի յաջողութիւնը հպարտութիւն կը պատճառէ բոլորիս։ Անոր կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ եւ նուաճումներ երաժշտական բնագաւառէն ներս։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի
Շրջ. Վարչութիւն