«­Յու­նա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ծա­նօթ ըլ­լա­լով՝ ին­ծի
հա­մար շատ հեշտ էր հա­մեր­գի յու­նա­կան բա­ժի­նը»

Ապ­րիլ ամ­սո­ւան ըն­թաց­քին, ­Կուր­ճիէֆ ա­ւան­դա­կան նուա­գա­րան­նե­րու հա­մոյ­թը Ա­թէն­քի «­Փար­նա­սոս» եւ ­Նէա Զ­միռ­նիի «­Ղա­լաք­սիաս» մշա­կու­թա­յին սրահ­նե­րուն մէջ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ՝ ծա­նօ­թաց­նե­լով հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րը յոյն հա­սա­րա­կու­թեան եւ յու­նա­հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ հմա­յեց ներ­կա­նե­րը։
­Հա­մոյ­թին մաս կը կազ­մէր քա­նոն նո­ւա­գող ­Մէ­րի ­Վար­դա­նեան։
Օ­րերս ան Ա­թէնք կը գտնո­ւի մաս­նակ­ցե­լու յոյն հան­րա­ծա­նօթ երգ­չու­հի ­Մա­րիա ­Ֆա­րան­տու­րիի ե­լոյ­թին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Հինգ­շաբ­թի՝ 22 ­Յու­նի­սին, Ա­թէն­քի Ի­րո­տու թու Ա­թի­քու թատ­րո­նին մէջ։
Այս ա­ռի­թով՝ «Ա­զատ Օր» հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ տա­ղան­դա­ւոր հայ քա­նո­նա­հա­րին հետ։

Մէ­րի ­Վար­դա­նեան ծնած է ­Հա­յաս­տան 1980ին։ Ան սկսած է քա­նոն նո­ւա­գել 7 տա­րե­կա­նէն։ Ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի Ե­րաժշ­տու­թեան Ա­կա­դե­միան՝ քա­նո­նի եւ խմբա­վա­րու­թեան բա­ժի­նը, եւ իր սերն­դա­կից­նե­րէն լա­ւա­գոյն հայ քա­նոն նո­ւա­գող­նե­րէն ե­ղած է։ ­Մե­նա­կա­տարն է Օ­շա­կա­նի պե­տա­կան ա­ւան­դա­կան հա­մոյ­թին (հա­յե­րէն միջ­նա­դա­րեան ե­րաժշ­տու­թեան) եւ ­Կուր­ճիէֆի ժո­ղովր­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րու հա­մոյ­թին։ ­Մաս­նակ­ցած է քա­նի մը ան­գամ ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին տե­ղի ու­նե­ցած փա­ռա­տօ­նե­րու (Էս­թո­նիա, ­Փոր­թու­կալ, Ֆ­րան­սա, ­Գեր­մա­նիա, ­Հո­լան­տա, ­Լի­բա­նան, ­Պել­ճի­քա, ­Ռու­սիա, Վ­րաս­տան ե­ւայլն)։ 2009ին ան հաս­տա­տո­ւած է Ֆ­րան­սա­յի ­Լիոն քա­ղա­քը, շա­րու­նա­կած է իր ե­րաժշ­տա­կան ու­սու­մը եւ ա­ւար­տած է ­Լիո­նի հա­մալ­սա­րա­նը։ ­Մէ­րի ­Վար­դա­նեան կը շա­րու­նա­կէ իր մաս­նա­գի­տա­կան աս­պա­րէ­զը Goussanand The Gurdjieff ժո­ղովրդա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րու հա­մոյ­թին հետ՝ եր­կու ալ­պոմ­ներ ար­ձա­նագ­րե­լով ECM ըն­կե­րու­թեան հետ։

— Ինչ­պէ՞ս յա­ռաջ ե­կաւ ձեր գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը ­Կուր­ճիէֆ հա­մոյ­թին հետ։

2008ին ­Հա­յաս­տան կը բնա­կէի, ­Լե­ւոն Իս­քէ­նեան այն ժա­մա­նակ իր ե­րա­ժիշ­տա­կան խում­բը կազ­մեց՝ նե­րա­ռե­լով ինձ ալ նո­րաս­տեղծ ­Կուր­ճիէֆ հա­մոյ­թին մէջ։ ­Ձայ­նագ­րե­ցինք մեր ա­ռա­ջին աշ­խա­տան­քը՝ հիմ­նո­ւե­լով ­Կուր­ճիէ­ֆի ե­րաժշ­տու­թեան վրայ եւ, քիչ ժա­մա­նակ ետք, ­Գեր­մա­նիոյ ECMն­ ըն­կե­րու­թիւ­նը թո­ղար­կեց մեր գոր­ծը, որ լայն ըն­դու­նե­լու­թիւն գտաւ հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու կող­մէ։ ­Հա­մոյ­թի ա­ռա­ջին գոր­ծը ներ­կա­յա­ցու­ցինք ե­լոյթ­նե­րով Եւ­րո­պա­յի գրե­թէ բո­լոր եր­կիր­նե­րուն մէջ։
­Բախ­տը ու­նե­ցայ ­Կուր­ճիէֆ հա­մոյ­թի հիմ­նա­դիր կազ­մին մէջ ըլ­լա­լու։ ­Լե­ւոն Էս­քե­նեա­նի սկզբուն­քով՝ հիմ­նա­դիր ե­րա­ժիշտ­նե­րը միշտ հա­մոյ­թին մաս կը կազ­մեն ու ես, որ կեան­քի բեր­մամբ հաս­տա­տո­ւե­ցայ Ֆ­րան­սա, ըլ­լա­լով հիմ­նա­դիր կազ­մին մէջ, մի­ջոց­ներ գտայ ու կա­րո­ղա­ցայ շա­րու­նա­կել իմ գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։
­Պար­բե­րա­բար՝ ­Հա­յաս­տան կը մեկ­նիմ, փոր­ձե­րու մաս­նակ­ցե­լու եւ նոր ծրա­գիր­նե­րու վրայ աշ­խա­տե­լու։ Ա­ռա­ջին գոր­ծէն ետք երկ­րոր­դը՝ ­Կո­մի­տա­սի ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներն էին, դաշ­նա­մու­րի հա­մար գրո­ւած, զորս ­Լե­ւոն Իս­քէ­նեան փո­խադ­րեց հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան նո­ւա­գա­րան­նե­րուն հա­մար, ա­նոնց կեանք տա­լով եւ զա­նոնք վե­րա­դարձ­նե­լով ի­րենց ա­կունք­նե­րուն։ Այս երկ­րորդ գործն ալ գեր­մա­նա­կան նոյն ըն­կե­րու­թեան մի­ջո­ցաւ լոյս տե­սաւ եւ ներ­կա­յա­ցում­նե­րու շար­քին ­Յու­նաս­տան գտնո­ւե­ցանք՝ հրա­ւի­րո­ւած յու­նա­հայ հա­մայն­քին կող­մէ եւ եր­կու շատ յա­ջող հա­մերգ­ներ կա­տա­րե­ցինք։ ­Մեր հա­մերգ­նե­րուն շա­րու­նա­կու­թիւ­նը ե­ղաւ ­Սալց­պուրկ, ­Պու­տա­փեշտ եւ ­Քո­փեն­հակն։

— Ինչ­պէ՞ս յա­ռաջ ե­կաւ ձեր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ե­րաժշ­տա­կան այս խում­բին մէջ, որ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ նոր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ՝ ­Մա­րիա ­Ֆա­րան­տու­րիի մեկ­նա­բա­նու­թեամբ։

­Մա­րիա ­Ֆա­րան­տու­րիի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան առն­չու­թեամբ յայտ­նեմ, որ ե­րա­ժիշտ ու յօ­րի­նող ­Ճի­հան ­Թուր­քօղ­լուն ­Ֆա­րան­տու­րիի ձայ­նին եւ ո­ճին յար­մար ե­րաժշ­տու­թիւն մը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ Ա­ղա­թի ­Տի­միթ­րու­քա­յի քնա­րեր­գու­թեամբ, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 22 ­Յու­նիս ժա­մը 21։00ին, Ա­թէն­քի Օ­տիօ Ի­րո­տու թու Ա­թի­քու թատ­րո­նին մէջ։
­Թուր­քօղ­լո­ւի ա­ռա­ջին կազ­մը կը բաղ­կա­նար ե­րեք հո­գիէ, ո­րոնք ան­բա­ւա­րար նկա­տո­ւե­ցան կա­տա­րե­լու այս յօ­րի­նու­մը եւ նոր ե­րա­ժիշտ­նե­րու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը նկա­տո­ւե­ցաւ։ Այս­պէ՛ս, ին­ծի ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ, որ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րեմ այս նոր ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մին մէջ։ ­Մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ ու­նե­ցող միւս ե­րա­ժիշտ­ներն են, Ա­նիա ­Լեհ­ներ՝ թաւ-ջու­թակ, Խ­րիս­թոս ­Պար­պաս՝ նէյ, Ի­զէթ ­Քի­զիլ՝ հա­րո­ւա­ծա­յին գոր­ծիք­ներ եւ յօ­րի­նող ­Ճի­հան ­Թուր­քօղ­լու՝ սազ, քո­հուզ եւ երգ։
­Հա­մեր­գին եր­կորդ մա­սով՝ ­Մա­րիա ­Ֆա­րան­տու­րի ե­լոյթ պի­տի ու­նե­նայ՝ սպա­նու­հի երգ­չու­հի ­Մա­րիա տէլ ­Մար ­Պո­նէ­թի հետ միաս­նա­բար, ներ­կա­յաց­նե­լով սպա­նա­կան, ինչ­պէս նաեւ ­Մի­քի ­Թէո­տո­րա­քի­սի եւ ­Մա­նօ ­Խա­ծի­տա­քիի եր­գեր։

— Որ­քա­նո՞վ հեշտ էր գոր­ծակ­ցի­լը զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ տար­բեր ո­ճի ե­րա­ժիշտ­նե­րու հետ՝ յատ­կա­պէս ձե­զի հա­մար ան­ծա­նօթ ե­րաժշ­տու­թեան կա­տար­ման հա­մար։

Ա­ռա­ջին մեր փոր­ձը ե­ղաւ ­Մա­յի­սին, երբ ­Ճի­հա­նի յօ­րի­նած ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ հիմ­նո­ւած ըլ­լա­լով զա­նա­զան ո­ճե­րու վրայ (միջ­նա­դա­րեան, մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան, ճազ եւ դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան) շատ ա­րագ՝ յօ­րի­նո­ղի ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան լա­ւա­գոյն ար­դիւն­քին հա­սաւ։ Իսկ յու­նա­կան ե­րաժշ­տու­թեան անձ­նա­պէս ծա­նօթ ըլ­լա­լով՝ իմ ու­սուց­չու­հի փրո­ֆե­սոր Ան­ժէ­լա Ա­թա­բե­կեա­նի դա­սա­ւան­դու­թեամբ՝ յատ­կա­պէս ­Թէո­տո­րա­քի­սի ե­րաժշ­տու­թեան վրայ աշ­խա­տած ըլ­լա­լով, ին­ծի հա­մար շատ հեշտ էր հա­մեր­գի այս յու­նա­կան բա­ժի­նը։

— ­Քա­նի՞ երգ պի­տի ներ­կա­յաց­նէ՞ք եւ ­Ճի­հա­նի գոր­ծը ո­րե­ւէ հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն նե­րա­ռա՞ծ է։

­Պի­տի ներ­կա­յաց­նենք տա­սը եր­գեր։ ­Կո­մի­տա­սի «­Քե­լէ-­Քե­լէ»ն ­մաս կը կազ­մէ այս տա­սը եր­գե­րու շար­քին, զոր ­Մա­րիան հա­յե­րէ­նով պի­տի կա­տա­րէ։ ­Ժա­մա­նա­կին ­Մա­րիա ­Ֆա­րան­տու­րին դար­ձեալ հա­յե­րէ­նով «­Չի­նա­րի»ն ­կա­տա­րած է, եւ իր հա­ւաս­տիաց­մամբ քա­ջա­ծա­նօթ է ­Կո­մի­տա­սի ե­րաժշ­տու­թեան։ Անհ­րա­ժեշտ է նշել, որ այս գոր­ծը կը ձայ­նագ­րուի եւ հա­ւա­նա­բար յա­ջորդ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին լոյս պի­տի տես­նէ գեր­մա­նա­կան EMC ըն­կե­րու­թե­նէն։

— ­Կուր­ճիէֆ հա­մոյ­թը եր­կու մեծ հրա­շա­լի գոր­ծեր ներ­կա­յա­ցու­ցած է վեր­ջին տա­րի­նե­րուն։ ­Տե­ղեա՞կ էք, ե­թէ նոր ծրագ­րում­ներ ու­նի ­Լե­ւոն Իս­քէ­նեան։

­Լե­ւո­նը գիտ­նա­լով, որ ո­րե­ւէ ծրա­գիր ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար մէկ կամ եր­կու տա­րի ա­ռաջ նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քի կը կա­րօ­տի, միշտ փնտռտու­քի մէջ է, բայց յստա­կօ­րէն ո­րե­ւէ բան չեմ կրնար ձե­զի ը­սել։
­Մէկ շատ կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն, որ պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ ­Կուր­ճիէֆ հա­մոյ­թի եւ ­Սու­րիոյ հե­ղի­նա­կա­ւոր թրիո­յի մի­ջեւ գոր­ծակ­ցու­թեամբ, հրա­պա­րա­կա­յին ե­րաժշտա­կան հա­ղոր­դում մը պի­տի ըլ­լայ յա­ջորդ տա­րի՝ նիւթ ու­նե­նա­լով եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու նոյ­նան­ման ճա­կա­տա­գի­րը։
Եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ցու­ցա­բե­րած եղ­բայ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւ­նը, 1915ին ­Հա­յե­րու ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ եւ ­Սու­րիոյ ժո­ղո­վուր­դի այ­սօ­րո­ւան ող­բեր­գու­թիւ­նը նիւ­թով պի­տի ի­րա­կա­նա­նայ այս ե­րաժշ­տա­կան հան­դի­պու­մը։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն ձեր ­Հինգ­շաբ­թի օ­րո­ւան հա­մեր­գին։