«Այն­քա՜ն չպատ­մո­ւած պատ­մու­թիւն­ներ կան
­Ղա­րա­բա­ղի մա­սին, որ դժո­ւար է մէկ կեան­քով
կամ մէկ հո­գիով զա­նոնք պատ­մել»

Ար­ցա­խի ա­զա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի 30ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան ա­ռի­թով, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ ­Յու­նաս­տա­նի մօտ Հ.Հ. դես­պա­նու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ՝ ­Մարտ 2 եւ 3ին, Ա­թէն­քի եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան «­Վեր­ջին բնա­կի­չը» ժա­պա­ւէ­նի ցու­ցադ­րու­թիւն­ներ, բե­մադ­րիչ ­Ճի­ւան Ա­ւե­տի­սեա­նի ներ­կա­յու­թեամբ։ Այդ ա­ռի­թով, «Ա­զատ Օր» հե­տաքրք­րա­կան հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ բե­մադ­րի­չին հետ, ո­րու ըն­թաց­քին ան խօ­սե­ցաւ իր աս­պա­րէ­զին մա­սին, Ար­ցա­խի մէջ ման­կու­թեան իր տա­րի­նե­րէն մին­չեւ այ­սօր, իր կա­տա­րած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րուն մա­սին, ինչ­պէս նաեւ՝ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ իր յա­ռա­ջի­կայ ժա­պա­ւէ­նին վե­րա­բե­րեալ։ Ս­տո­րեւ՝ կը հրա­տա­րա­կենք հար­ցազ­րոյ­ցը.

Ո­րո՞նք են ման­կու­թեանդ փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը ա­րո­ւես­տին հետ՝ գիտ­նա­լով, որ 12 տա­րե­կա­նիդ սկսար զբա­ղո­ւիլ թա­տե­րա­կան ա­րո­ւես­տով Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ։

Ես կ’ապ­րէի Ս­տե­փա­նա­կերտ։ Ս­տե­փա­նա­կեր­տը՝ որ­պէս քա­ղաք ին­ծի հա­մար ա­մե­նա­թանկ քա­ղաքն է՝ զուտ այն պատ­ճա­ռով, որ իմ կեան­քի լա­ւա­գոյն յու­շե­րը կա­պո­ւած են Ս­տե­փա­նա­կեր­տի հետ։ ­Թէ­կուզ պա­տե­րազմ կար, թէ­կուզ շատ դժո­ւար տա­րի­ներ էին բո­լո­րին հա­մար։ Իմ ա­ռա­ջին քայ­լե­րը ա­րո­ւես­տի մար­զէն ներս ե­ղած են Ս­տե­փա­նա­կեր­տի «­Վահ­րամ ­Փա­փա­զեան»ի ա­նո­ւան տան տռա­մա­թի­քա­կան թատ­րո­նին մէջ, ուր ես կ­՚աշ­խա­տէի որ­պէս ա­ֆիշ փակց­նող։ ­Յե­տոյ՝ զու­գա­հեռ կը յա­ճա­խէի ման­կանց ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան տան թա­տե­րա­կա­նը՝ ­Խա­չիկ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի խմբա­կին մէջ, որ թատ­րո­նի դե­րա­սան էր նաեւ։ Այ­սինքն՝ ցե­րե­կը ես այդ խմբա­կին մէջ դե­րա­սա­նա­կան վար­պե­տու­թիւն կը սոր­վէի։ ­Հոն տար­բեր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ կը բե­մադ­րո­ւէին՝ «­Բա­րե­կեն­դան», «­Քաջ ­Նա­զար», «­Գի­քոր»։
­Չորս տա­րի ես հոն յա­ճա­խե­ցի։ ­Յե­տոյ ե­րե­կո­յեան թատ­րոն կ­՚եր­թա­յի, ուր բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րուն կը մաս­նակ­ցէի, իսկ երբ որ 16 տա­րե­կան ե­ղայ՝ զբա­ղե­ցայ թատ­րո­նի թեք­նիկ գոր­ծե­րով։ ­Շատ դժո­ւար ժա­մա­նակ էր այն ա­տեն։
­Պա­տե­րազ­մը ըն­թաց­քի մէջ էր։ ­Զու­գա­հեռ՝ թատ­րո­նի կեան­քը կը շա­րու­նա­կո­ւէր։ Ս­տե­փա­նա­կեր­տի մէջ հա­մա­կեր­պած էինք պա­տե­րազ­մին։
Դպ­րոց կ’եր­թա­յինք՝ գիտ­նա­լով, որ պա­տե­րազմ կար եւ գի­տէինք, որ օ­դա­նա­ւե­րով պի­տի ռմբա­կո­ծէին եւ պի­տի իջ­նէինք նկուղ։ ­Թատ­րո­նին դե­րա­սան­նե­րը կը խա­ղա­յին, յան­կարծ այդ ժա­մուն օ­դա­նա­ւե­րը կ­՚անց­նէին, կը ռմբա­կո­ծէին։ ­Դե­րա­սան­նե­րը կը կե­նա­յին ու ա­պա կը շա­րու­նա­կէին։ Այդ­պի­սի բան հնա­րա­ւոր չէ, որ մարդ բա­ցատ­րէ։ ­Թէ ի՞նչ կը նշա­նա­կէ հան­դի­սա­տե­սը թատ­րո­նին մէջ նստած՝ օ­դա­նա­ւե­րը ռմբա­կո­ծեն, դե­րա­սան­նե­րը լռեն ու ա­պա դար­ձեալ շա­րու­նա­կեն խա­ղար­կու­թիւ­նը։ Ո՞վ պի­տի հա­ւա­տայ, որ ի­րա­կան կեան­քէն առ­նո­ւած է այդ մէ­կը, ե­թէ ա­տի­կա իմ ժա­պա­ւէն­նե­րուս մէջ լու­սան­կա­րեմ։ Ես շատ ե­րե­ւե­լի դե­րա­սան­նե­րու հետ գոր­ծակ­ցած եմ։ ­Դե­րա­սան­ներ՝ ո­րոնք այ­սօր չկան։ Ես 16 տա­րե­կան էի, ա­նոնք՝ 70 տա­րե­կան։ ­Դե­րա­սան­ներ՝ ո­րոնք շար­ժա­պատ­կե­րի փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նէին։ ­Թա­տե­րա­կան բե­մադ­րիչ­ներ՝ ինչ­պէս ­Լե­ւոն ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Կա­րէն Աբ­րա­հա­մեան, ո­րոնք ին­ծի տեղ տո­ւին, որ ես ծա­նօ­թա­նամ թատ­րո­նին։ Ի­րենք ինձ կը սի­րէին։ ­Ղա­րա­բա­ղի տար­բեր գիւ­ղե­րու մէջ կը շրջա­գա­յէինք։ ­Մե­ծե­րու խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը կը լսէի ու կը սոր­վէի։

Ին­չո՞ւ զա­տե­ցիր ա­րո­ւես­տի այս ճիւ­ղը։ Ի՞նչ էր ա­ռա­ջին մտա­ծումդ եւ դէ­պի հոն ուղ­ղո­ւե­ցար։

Ս­կիզ­բէն իսկ ես կը հե­տաքրք­րո­ւէի շար­ժա­պատ­կե­րով։ ­Թէեւ դե­րա­սան չէի ու­զեր ըլ­լալ, այ­դու­հան­դերձ՝ դե­րա­սա­նա­կան դպրոց գա­ցի, ո­րով­հե­տեւ ու­րիշ տե­սակ դպրոց չկար։
Միշտ հե­տաքրք­րո­ւած էի պատ­կե­րը ժա­պա­ւէ­նի վե­րա­ծե­լով։ ­Շատ կը հիա­նա­յի այն ան­ձե­րուն վրայ, ո­րոնք ի­րենց կեան­քը վտան­գի մէջ դնե­լով կ­՚այ­ցե­լէին չբա­ցա­յայ­տո­ւած եր­կիր­ներ եւ լու­սան­կար­ներ կ­՚առ­նէին եւ ժա­պա­ւէ­նի կ­՚ան­ցը­նէին։ ­Ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին, իմ մէջ սկսաւ զար­գա­նալ՝ պատ­մու­թիւ­նը ժա­պա­ւէ­նի վե­րա­ծե­լու գա­ղա­փա­րը։ Սկ­սիմ պատ­մու­թիւ­նը պատ­մել եւ յե­տոյ զայն ա­ւար­տեմ։ Ես այդ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին շատ գիր­քե­րու ծա­նօ­թա­ցայ, ո­րովհ­տեւ մայրս ին­ծի կ­՚ըն­թեր­ցէր այդ մութ ու ցուրտ տա­րի­նե­րուն, նկու­ղի մէջ, մո­մի լոյ­սով։ ­Ծա­նօ­թա­ցայ թէ՛ հա­մաշ­խար­հա­յին, թէ՛ հայ­կա­կան գրա­կա­նու­թեան։ «­Վար­դա­նանք», «­Սա­մո­ւէլ», «­Րաֆ­ֆի» բո­լոր այն գոր­ծե­րը։ Ին­ծի կը հե­տաքրք­րէր, թէ ինչ­պէ՛ս կը սկսէր այդ պատ­մու­թիւ­նը, ինչ­պէ՛ս կ­՚ա­ւար­տէր եւ ինչ­պէ՛ս ժա­պա­ւէ­նի կը վե­րա­ծո­ւէր։ Ին­ծի հա­մար հե­տաքրք­րիր էր, որ գիր­քե­րը, զորս մայրս ին­ծի կը կար­դար, հե­տա­գա­յին տե­սայ ժա­պա­ւէ­նի վե­րա­ծո­ւած։ ­Բայց ո՞ւր են այդ գոր­ծե­րը։ Ին­ծի հա­մար սքան­չե­լի գործ է «­Սա­մո­ւէ­լը»։ ­Յու­շե­րու մէջ մնա­ցած է։ Ին­չո՞ւ հայ ժո­ղո­վուր­դը չու­նե­նայ ­Վար­դա­նան­քի նման ժա­պա­ւէն մը։ Ին­չո՞ւ մենք չու­նե­նանք ­Ղա­րա­բա­ղի մա­սին պատ­մող ժա­պա­ւէն­ներ, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ աշ­խար­հը դի­տէ, ինչ­պէս որ մենք կը դի­տենք ա­մե­րի­կեան կամ եւ­րո­պա­կան ժա­պա­ւէն­ներ։
Եւ ես կ­՚ը­սեմ գոր­ծըն­կեր­նե­րուս, որ մեր աշ­խա­տան­քը կը նմա­նի փոքր մա­կոյ­կով ով­կիա­նո­սէն դուրս գա­լու եւ ա­ռանց թիե­րու լո­ղա­լու՝ մին­չեւ որ հաս­նիս դի­մա­ցի ա­փը, մին­չեւ վերջ։

Վեր­ջին ժա­պա­ւէ­նին մէջ շատ խորհր­դան­շան­ներ կա­յին։ ­Կը նա­խընտ­րե՞ս այդ ձե­ւով աշ­խա­տիլ։

Ինձ կը հե­տաքրք­րէ խորհր­դան­շան­նե­րու աշ­խար­հը։ Ո­րով­հե­տեւ այն, ինչ որ կեան­քին մէջ կը տես­նես, ե­թէ կա­րո­ղա­նաս թա­փան­ցել խոր­քը, կա­րո­ղա­նաս հասկ­նալ գաղտ­նի­քը՝ ա­տի­կա հե­տաքր­քիր է։ ­Մեր շուրջ ա­ռար­կա­ներ կան, ո­րոնք ե­թէ դի­տես մէկ վայր­կեան՝ կը հասկ­նաս, թէ ի՛նչ է, բայց ե­թէ տա­սը վայր­կեան մնաս այդ նկա­րին վրայ, վստա­հա­բար կը սկսիս բա­ցա­յայ­տե­լու կա­պը՝ խորհր­դան­շան­նե­րուն, պատ­կե­րո­ւած նկար­նե­րուն եւ ստո­ւեր­նե­րուն մի­ջեւ։ ­Ժա­պա­ւէ­նին մէջ կան շատ խորհր­դան­շան­ներ, ո­րոնց հե­տե­ւող հան­դի­սա­տե­սը, մէկ-եր­կու դի­տում­նե­րէ ետք, շատ բա­ներ պի­տի բա­ցա­յայ­տէ։
­Ժա­պա­ւէ­նին մէջ կան շատ մը խորհր­դան­շան­ներ։ Օ­րի­նակ՝ երբ որ զի­նո­ւո­րը կը բռնէ Աբ­գա­րին եւ կը զար­նէ ու կ­՚ը­սէ.- «­Վա­ղը քե­զի գիւ­ղին մէջ չտես­նեմ՝ իս­կոյն պի­տի կա­ցի­նա­հա­րեմ»,- հան­դի­սա­տե­սը մէկ ան­գամ դի­տե­լով կը հասկ­նայ ա­տի­կա, բայց ա­ւե­լի ու­շադ­րու­թեամբ դի­տե­լով՝ կը հասկ­նայ, թէ «կա­ցի­նով» զար­նե­լը կը յի­շեց­նէ ­Սա­ֆա­րո­վի գոր­ծած ո­ճի­րը։

­Ժա­պա­ւէ­նը դի­տե­լով՝ անդ­րա­դար­ձանք, թէ եր­կու տար­բեր մթնո­լորտ­ներ կա­յին. տան մէ­ջի ջերմ մթնո­լոր­տը, նաեւ Ար­ցա­խի բնու­թեան տե­սա­րան­նե­րը, ո­րոնք բա­ւա­կան կարծր էին եւ միօ­րի­նակ։

Ա­յո՛, ե­թէ կա­րո­ղա­ցանք այդ բա­նը տալ հան­դի­սա­տե­սին, պռա­ւօ՜ մե­զի։ ­Մենք փոր­ձե­ցինք, որ ա­մէն քատ­րի մէջ ու­նե­նանք նկար­չու­թիւն ու գե­ղա­գի­տա­կան ար­ժէք։
­Շատ փոր­ձե­ցինք, որ այդ մեծ ու հսկայ սա­րե­րուն առ­ջեւ մար­դը մի­նակ ու փոքր ըլ­լայ։ Ա­յո՛, ու­զե­ցինք փոքր ը­նել մար­դը, ո­րով­հե­տեւ մար­դը փոքր ու տկար է մո­լո­րա­կին վրայ։ Ու­րախ եմ, որ տան մէ­ջի տա­քու­թիւ­նը ստա­ցո­ւե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ տան մէջ չկար մայր, տա­տիկ, բայց կար հայ­րը, որ խնամք կը տա­նէր իր աղջ­կան։ Ո­րով­հե­տեւ, պա­տե­րազ­մի ա­տեն, երբ որ ե­րե­խան մօ­րը կը կորսնց­նէ, ան չի որ­բա­նար, բայց ե­թէ հօ­րը կորսնց­նէ՝ այդ ժա­մա­նակ կը որ­բա­նայ։ ­Շատ դա­ժան բան կ­՚ը­սեմ, բայց այդ­պէ՛ս է։ Աղ­ջի­կը ո՛չ մայր, ո՛չ գիւղ ու­նի, բայց ու­նի հայր մը, որ ի­րեն կը հո­գայ։

Հոս մենք տար­բեր կը մտա­ծենք, մօր մը բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը շատ զօ­րա­ւոր է։ ­Հին ա­տեն հոս ալ հայ­րը տու­նին տէրն էր։ ­Հա­ւա­նա­բար՝ ո­րով­հե­տեւ Ար­ցա­խի մէջ պա­տե­րազմ կար, ա­նոր հա­մար հայրն է, որ պի­տի պաշտ­պա­նէ ե­րե­խա­յին։

Այ­սինքն՝ ոչ որ մայ­րը ար­ժէք չու­նի։ ­Յար­գան­քը մեծ մայ­րին հա­մար միշտ կայ։ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ կի­նը շատ բարձր գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցած է։
Աբ­գա­րը չէր ու­զեր գիւ­ղէն եր­թայ։ ­Մին­չեւ որ աղջ­կան չգտնէր, թէեւ ա­րիւ­նակ­ցա­կան կապ չու­նէր, միայն խոս­տու­մով կա­պո­ւած էր։ ­Խոս­տու­մը մեծ ար­ժէք ու­նի։ ­Խոս­տա­ցած էր հի­ւա­նա­պա­հու­հիին՝ պա­հել աղջ­կան ու պա­հե՛ց։ Այս­պէս փոքր մար­դոց­մէ սկսաւ պա­տե­րազ­մը։ Ընդ­դի­մա­ցաւ, բո­լո­րը գա­ցին եւ ը­սաւ՝ ես չեմ եր­թար հայ­րե­նի­քէս։

Ինձ հա­մար ժա­պա­ւէ­նին ա­մէ­նէն զօ­րա­ւոր մա­սը այն էր, որ կ­՚ը­սէր.- «Ար­դեօ՞ք կայ ժո­ղո­վուրդ, որ չէ կորսն­ցու­ցած իր ծննդա­վայ­րը»։

Ա­մէն մար­դու հա­մար ծննդա­վայ­րը իր դրախտն է։ Դ­րախ­տը հո՛ն է, ուր որ կ­՚ապ­րիս։ Ես կ­՚ը­սեմ, որ իմ տան պար­տէ­զին մէջ խնձո­րը շատ ա­ւե­լի օգ­տա­կար ու հա­մով է այլ շրջա­նի մէջ բու­սած խնձո­րե­նիէն, ո­րով­հե­տեւ իմ պար­տէ­զին ծա­ռը ե՛ս ջրած եմ, ե՛ս պտուղ­նե­րը հա­ւա­քած եմ։

Կր­նա՞ս մե­զի տե­ղե­կաց­նել, թէ ժա­պա­ւէն­ներդ ի՛նչ մրցա­նակ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած են։

Վե­նե­տի­կի փա­ռա­տօ­նին մենք ընդգր­կո­ւե­ցանք պաշ­տօ­նա­կան ծրա­գի­րին մէջ եւ ու­նե­ցանք պաշ­տօ­նա­կան ցու­ցադ­րու­թիւն, բայց ոչ մրցու­թա­յին։ ­Չի­նաս­տա­նի ­Շան­կա­յի քա­ղա­քին մէջ ալ ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ վեր­ջին այս ժա­պա­ւէ­նը, խօ­սե­ցանք չի­նա­ցի­նե­րուն հետ։ Այն­քան մարդ ե­կած էր, որ մե­զի հա­մար անս­պա­սե­լի էր։ ­Ֆին­լան­տա­յի մէջ նոյն­պէս, վեր­ջերս նաեւ նա­մակ մը ստա­ցանք, որ Հնդ­կաս­տա­նի փա­ռա­տօ­նի ծրա­գի­րին մէջ նե­րա­ռո­ւած է մեր ժա­պա­ւէ­նը։

Այս ե­րեք ժա­պա­ւէն­նե­րը, զոր նկա­րա­հա­նած ես, ար­ցա­խեան կեան­քի ու ­Ղա­րա­բա­ղեան պա­տե­րազ­մին առն­չո­ւած են։ ­Կը կար­ծե՞ս, որ աս­կէ ետք պի­տի փո­խես նիւ­թը, թէ՞ պի­տի շա­րու­նա­կես նոյն ուղ­ղու­թեան վրայ։

Ես ա­մէն ժա­պա­ւէն կը պատ­րաս­տեմ այն­պէս, որ կար­ծես իմ վեր­ջին ժա­պա­ւէնն է։ Ե­թէ Աս­տո­ւած ին­ծի կեանք տայ, ես յա­ջորդ վայր­կեա­նէն կը սկսիմ ծրագ­րել յա­ջորդ ժա­պա­ւէ­նը։ ­Նաեւ՝ նիւ­թի ա­ռու­մով։ Այն­քա՜ն չպատ­մո­ւած պատ­մու­թիւն­ներ կան ­Ղա­րա­բա­ղի մա­սին, որ դժո­ւար է մէկ կեան­քով կամ մէկ հո­գիով զա­նոնք պատ­մել, եւ բնաւ այդ մտադ­րու­թիւ­նը չու­նիմ հի­մա, որ ձգեմ այդ նիւ­թը։ ­Հի­մա մենք կ­՚աշ­խա­տինք նոր ժա­պա­ւէ­նի մը վրայ, որ կը կո­չո­ւի «Դ­րախ­տի դար­պա­սը»։ ­Շու­շիի մա­սին է այդ։ ­Ղա­րա­բա­ղի մա­սին է, կ­՚անդ­րա­դառ­նայ ­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին, հին կռի­ւին, եւ այս ժա­պա­ւէ­նը բա­ցա­ռիկ պէտք է ըլ­լայ պատ­կե­րաց­մամբ, ո­րով­հե­տեւ ա­ռա­ջին ժա­պա­ւէ­նը պի­տի ըլ­լայ անգ­լե­րէն լե­զո­ւով։
Եւ ոչ որ ­Ղա­րա­բա­ղի ժո­ղո­վուր­դը շատ զար­գա­ցած մար­դիկ են եւ լաւ անգ­լե­րէն կը խօ­սին, բայց ժա­պա­ւէ­նին պատ­մու­թիւ­նը այն­պի­սին է, որ պէտք է անգ­լե­րէն խօ­սին, ո­րով­հե­տեւ եւ­րո­պա­ցի լրագ­րող մը պի­տի գայ Ար­ցախ, ո­րուն հետ անգ­լե­րէն պէտք է խօ­սինք։ ­Ժա­պա­ւէ­նը անգ­լե­րէն պի­տի ըլ­լայ, որ­պէս­զի հա­սա­նե­լի ըլ­լայ ա­ւե­լի լայն զան­գո­ւած­նե­րու։ ­Ֆո­թօ-ժուռ­նա­լիստ (լու­սան­կա­րիչ-լրագ­րող), օ­փե­րա­յի երգ­չու­հի, ֆրան­սա­կան բե­մեր, կը խօ­սին ­Ղա­րա­բա­ղի կռի­ւի մա­սին։ Այ­սինքն՝ կա­րե­ւոր է, որ հասկ­նան, թէ թէեւ պա­տե­րազմ կայ ­Ղա­րա­բա­ղի մէջ, այ­դու­հան­դերձ՝ կեան­քը զու­գա­հեռ կը շա­րու­նա­կո­ւի։ Որ­պէս­զի ­Ղա­րա­բա­ղը ե­րե­ւայ իբ­րեւ հա­սուն ու կա­յա­ցած եր­կիր։

Ը­սիր, որ զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ են դե­րա­սան­նե­րը, ին­չո՞ւ եւ ինչ­պէ՞ս կը զա­տես դե­րա­սան­նե­րը։
­

Դե­րա­սան­նե­րը սրտովս կը զա­տեմ, պէտք է զգամ։ Օ­տար դե­րա­սան­նե­րը կա­րե­ւոր են, որ­պէս­զի ժա­պա­ւէ­նի հե­տա­գայ յա­ռաջ­խա­ղա­ցու­մը ա­ւե­լի դիւ­րին դառ­նայ։
Ո­րով­հե­տեւ ժա­պա­ւէ­նը մի քա­նի եր­կիր­նե­րու միա­ցեալ ար­տադ­րու­թիւն է։ Այ­սինքն՝ ­Հա­յաս­տան, ­Լի­թո­ւա­նիա, ­Շո­ւէտ, ­Լի­բա­նան, Ա­մե­րի­կա։ ­Մեր հայ­կա­կան նիւ­թե­րը պէտք է կա­րո­ղա­նանք եւ­րո­պա­կան միա­ցեալ ար­տադ­րու­թեամբ ստեղ­ծել։ Ո­րովհ­տեւ ե­թէ նոյ­նիսկ ես գու­մա­րը ու­նե­նամ եւ լաւ ժա­պա­ւէն մը սար­քեմ՝ լայն շու­կա­յին մէջ դժո­ւա­րու­թիւն կ­՚ու­նե­նամ, ե­թէ ժա­պա­ւէ­նը ինք ստեղ­ծո­ւած չէ քա­նի մը եր­կիր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, հա­մա­պա­տաս­խան դե­րա­սան­նե­րու ներգ­րա­ւու­մով ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բով։ ­Շատ դժո­ւար է այ­սօր հայ­կա­կան ժա­պա­ւէ­նը պաս­տառ հա­նել ամ­բողջ աշ­խար­հի տա­րած­քին, ե­թէ ի վի­ճա­կի չես ներգ­րա­ւե­լու տար­բեր եր­կիր­նե­րու մաս­նա­բա­ժին­ներ։ ­Յա­ջորդ ժա­պա­ւէ­նին մէջ դե­րա­սան­ներ կան Ֆ­րան­սա­յէն, Ա­մե­րի­կա­յէն, ­Ֆին­լան­տիա­յէն կամ ­Գեր­մա­նիա­յէն։ Ֆ­րան­սա­յէն կայ յայտ­նի դե­րա­սան, օ­փե­րա­յի եր­գիչ։
­Կա­րե­ւո­րը այն է, որ մենք կա­րո­ղա­նանք օ­տար­նե­րու հետ միա­սին պատ­մել ­Ղա­րա­բա­ղի մա­սին։ Ո­րով­հե­տեւ աշ­խար­հի մէջ, ­Քան­նի մէջ, ­Վե­նե­տի­կի մէջ ժա­պա­ւէ­նի մար­քէթ­նե­րուն (շու­կա­նե­րուն) այդ­պի­սի պարզ հաս­կա­ցո­ղու­թիւն կայ։ Ա՛յս է ճա­նա­պար­հը, որ­պէս­զի կա­րո­ղա­նաս յա­ռաջ տա­նիլ ժա­պա­ւէ­նը։
Ա­սի­կա հայ­կա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը պէտք է հասկ­նան, որ ես եւ իմ նման­նե­րը հայ­կա­կան շու­կա­յին մէջ կը փոր­ձենք դի­մա­կա­յել, դուրս գալ դէ­պի մի­ջազ­գա­յին շու­կայ, որ­պէս­զի հայ­կա­կան շար­ժա­պատ­կե­րը ծա­նօ­թաց­նենք հան­րու­թեան։

Ինչ­պէ՞ս ընտ­րե­ցիր ­Տի­միթ­րա ­Խա­թու­փիին։

­Տի­միթ­րա­յին ես ընտ­րե­ցի, երբ որ «­Թե­ւա­նիկ» ժա­պա­ւէ­նը ցու­ցադ­րե­ցինք «Իա­նոս» գրա­վա­ճա­ռին մէջ։ ­Ցու­ցադ­րու­թեան պէտք էր խօ­սէի ես, եւ 3 ու­րիշ­ներ՝ ռե­ժի­սոր (բե­մադ­րիչ), դե­րա­սա­նու­հի եւ լրագ­րող։ Եւ հոն ա­ռա­ջար­կե­ցի ի­րեն, որ այս ժա­պա­ւէ­նին մէջ խա­ղայ։

­Հա­յաս­տա­նի մշա­կու­թա­յին նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կամ մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը կը փոր­ձե՞ն քե­զի կամ քեզ նման բե­մադ­րիչ­նե­րու ա­ջակ­ցիլ։

«­Թե­ւա­նիկ»ին եւ «­Վեր­ջին բնա­կիչ»ին ա­ջակ­ցե­ցան. հի­մա կը յու­սանք, որ «Դ­րախ­տի դար­պաս»ին ալ պի­տի ա­ջակ­ցին։ ­Դի­մում ը­րած ենք ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան եւ պա­տաս­խան կը սպա­սենք ի­րենց ա­ջակ­ցու­թեան՝ նոր ժա­պա­ւէ­նի ստեղծ­ման հա­մար։

Հա­յաս­տա­նի շար­ժա­պատ­կե­րի փա­ռա­տօ­նը՝ «Ոս­կէ ­Ծի­րան»ը կը նկա­տենք, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ա­ռա­ջո­ւան փայ­լը չու­նի: Ի՞նչ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ կը դի­մագ­րա­ւէ։

Ա­յո՛, այդ­պէս կը ստա­ցո­ւի, որ վեր­ջին ժա­մա­նա­կին թու­լա­ցում կայ։ ­Չեմ գի­տեր, ե­թէ նիւ­թա­կան է դժո­ւա­րու­թիւ­նը կամ կա­ռա­վա­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան պա­կասն է, կամ՝ ի՞նչ ու­րիշ խնդիր­ներ կան։ Ես բո­լո­րին կը ճանչ­նամ, բայց եր­բեք այդ խում­բին մաս չեմ կազ­մած։ ­Բայց ե­թէ մեր ստեղ­ծած փա­ռա­տօ­նին կազ­մա­կեր­պու­մը դադ­րեց­նենք, մեծ սխալ գոր­ծած պի­տի ըլ­լանք։ Ո­րով­հե­տեւ այդ փա­ռա­տօ­նը դար­պաս մըն է դէ­պի ­Հա­յաս­տան։ «Ոս­կէ ­Ծի­րան»ի մի­ջո­ցով շար­ժա­պատ­կե­րի ու թատ­րո­նի տար­բեր մար­դիկ ­Հա­յաս­տան կ­՚այ­ցե­լեն։
­Մենք պէտք է ճա­նա­պարհ­ներ բա­նանք տար­բեր ձե­ւե­րով՝ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն հա­մար ­Գառ­նիի կամ ­Գե­ղար­դի մի­ջո­ցով տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ ի­րա­գոր­ծենք։ Այս ճա­նա­պար­հը շատ օգ­նած է հայ­կա­կան շար­ժա­պատ­կե­րին։ Ո­րով­հե­տեւ «Ոս­կէ ­Ծի­րան»ին շնոր­հիւ հա­րիւ­րա­ւոր մար­դիկ ­Հա­յաս­տան ե­կան, ծա­նօ­թա­ցան հայ­կա­կան շար­ժա­պատ­կե­րին։
­Մարտ 17ին ե­լեկտ­րո­նա­յին էջ մը բա­ցո­ւե­ցաւ, որ­պէս­զի նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ հա­ւա­քո­ւին յա­ջորդ ժա­պա­ւէ­նին՝ «Gate to Heaven» ար­տադ­րու­թեան հա­մար, ո­րով­հե­տեւ կը փոր­ձո­ւի ժա­պա­ւէ­նի ծախ­սե­րուն մէկ մա­սը՝ 53.000 տո­լար այդ ձե­ւով գո­յաց­նել։


https://www.indiegogo.com/projects/ate-to-heaven-a-film-from-artsakh-movie#/