­Հար­ցազ­րոյցը «Ազատ Օր»ին համար վա­րեց «­Հա­մազ­գա­յի­ն»ի թղթա­կից
­Մա­րիա ­Մար­կո­սեան-­Տա­մա­տեան

Ն­րա ջու­թա­կի կա­խար­դա­կան հնչիւն­նե­րը՝ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով հա­սան նաեւ Ա­թէնք, 27-28 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, «­Փալ­լաս» հա­մեր­գաս­րա­հէն ներս։ «Լ­սած էի, որ ան­զու­գա­կան ե­րա­ժիշտ-վիր­տո­ւոզ է ­Մա­լի­քեա­նը, բայց այս­քա՜ն տա­ղան­դա­ւոր մարդ եւ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ե­լոյթ… ­Հիա­ցած ենք բո­լորս»,- զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­սաց կազ­մա­կեր­պիչ ան­դամ­նե­րէն տի­կին ­Վա­նե­սա Ա­տամ: ­Գե­րա­զան­ցա­պէս գե­ղե­ցիկ եւ նո­րա­րա­րա­կան բարձր մա­կար­դա­կով, ո­րա­կա­ւոր հա­մերգ. «Աշ­խոյժ խառ­նո­ւած­քով, ինք­նա­տիպ կա­տա­րում­նե­րով ջու­թա­կա­հա­րը կու գայ գրա­ւե­լու յոյն հա­սա­րա­կու­թեան սրտե­րը»,- գո­վազ­դա­յին յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը ի­րա­կա­նու­թիւն դար­ձած՝ հա­յազ­գի մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ վա­յե­լող ջու­թա­կա­հար Ա­րա ­Մա­լի­քեան ե­կաւ եւ իր եօթ­նան­դամ նո­ւա­գա­խում­բի հետ յոյն եւ հա­յազ­գի բազ­մա­հոծ հան­դի­սա­տե­սին ա­ւե­լի, քան հրա­պու­րեց։ ­Լի­բա­նան ծնո­ւած (1968), այժմ Ս­պա­նիա բնա­կող ա­րո­ւես­տա­գէ­տը պատ­մեց իր «ջու­թա­կի պատ­մու­թիւ­նը» կեն­դա­նի ե­րաժշ­տու­թեամբ՝ խօ­սե­լով ներ­կա­նե­րի սրտե­րին. «­Կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի մեր ըն­տա­նի­քին հա­մար այս ջու­թա­կը որ­մով ես կը նո­ւա­գեմ՝ ան մեծ հօրս կը պատ­կա­նէր, թէեւ նա եր­բեք ջու­թա­կա­հար չէ ե­ղած։ 1915ին, կորսնց­նե­լէ ետք իր ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը, ջու­թա­կա­հար ձե­ւաց­նե­լով՝ ան ողջ մնա­ցած է ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նակ։ Այս գոր­ծի­քը փրկած է իր կեան­քը»,- ը­սաւ ­Մա­լի­քեան։
«ROYAL GARAGE» հա­մաշ­խար­հա­յին հիւ­րա­խա­ղե­րու ծի­րէն ներս, Ա­րան եւ իր ըն­կեր­նե­րը գա­ղա­փար յղա­ցած էին դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ե­րանգ­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն ներ­կա­յաց­նել բո­լո­րո­վին նոր ե­րաժշ­տա­կան ոճ մը։ Այս նո­րա­րա­րա­կան, ժա­մա­նա­կա­կից գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մա­տու­ցու­մը ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի նոր զգա­ցում­նե­րով՝ հան­րու­թեան կը ճամ­բոր­դէր ­Մա­լի­քեա­նի ե­րաժշտու­թեան՝ մի այլ, նոր աշ­խարհ։ ­Բա­կա­նի­նիէն՝ ա­րե­ւե­լեան, գնչո­ւա­կա­նէն՝ Ֆ­լա­մեն­կօ ներ­մու­ծո­ւած ներ­դաշ­նակ եւ ռիթ­միք ե­րաժշ­տու­թիւն՝ հաս­նե­լով մին­չեւ ար­դի ռոք: ­Տա­ղան­դա­ւոր Ա­րա՛ն, երբ հա­զիւ տաս գա­րուն­ներ բո­լո­րած՝ ­Բա­կա­նի­նիի լա­րա­յին ա­մէ­նէն բարդ եւ ան­հա­սա­նե­լի գոր­ծե­րը կը նո­ւա­գէր. ­Բա­կա­նի­նի, ­Վի­վալ­տի, ­Մո­ցարտ, Պ­րամս, ­Շու­ման՝ իր լոյս ըն­ծա­յած ա­ռա­ջին խտա­սա­լիկ­նե­րը ե­ղած են։
Ա­րա ­Մա­լի­քեան բա­ցա­ռիկ հա­մերգ­ներ ու­նե­ցած է աշ­խար­հի ա­ւե­լի քան յի­սուն եր­կիր­ներ՝ հինգ մայր­ցա­մաք­նե­րէն։ ­Մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող բազ­մա­թիւ մրցոյթ­նե­րու մաս­նակ­ցած է՝ ար­ժա­նա­նա­լով պա­տուա­ւոր մրցա­նակ­նե­րու։ «Իմ կա­պը աւ­տոտ­նակ­նե­րի հետ (ROYAL GARAGE) սկսած է 1976 թ­.ին, երբ ­Լի­բա­նա­նի մէջ պա­տե­րազմ ծա­ւա­լե­ցաւ։ Ես տաս տա­րե­կան էի. հայրս պա­տե­րազ­մի վտան­գէն պատս­պա­րո­ւե­լու նպա­տա­կով ինձ զգու­շօ­րէն հա­մո­զեց իջ­նենք աւ­տոտ­նակ՝ «Beatles»ի նման ռոք խումբ հիմ­նե­լու պատ­րո­ւա­կով, որ­տեղ բո­լոր ե­րա­ժիշտ­նե­րը ըն­տա­նի­քիս ան­դամ­ներն էին՝ մեծ մայրս, մօ­րեղ­բայրս… », — կը պատ­մէր ­Մա­լի­քեան։ Իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան տա­ղան­դի, կեն­սու­րախ կա­տա­րում­նե­րուն զու­գա­հեռ ան ե­լոյ­թի ըն­թաց­քին մէ­կընդ­մէջ իր կեան­քի հե­տաքր­քիր ու զո­ւար­ճա­լի դրո­ւագ­նե­րէն կը պատ­մէր հան­դի­սա­տե­սին, որ ա­ռա­ւել եւս ամ­րապն­դեց իր եւ ա­նոնց մի­ջեւ ջերմ կա­պը։ ­Ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով եւ ժպի­տով ա­մէն ան­գամ ներ­կա­նե­րը կը ող­ջու­նէին Ա­րա ­Մա­լի­քեա­նը եւ իր նո­ւա­գա­կից ըն­կեր­նե­րը։
Ունկն­դիր­նե­րուն հա­մար ու­շագ­րաւ եւ սպա­սո­ւած պահ մըն էր յատ­կա­պէս՝ ի դեմս աշ­խար­հի բո­լոր ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րի, «1915» ­Հա­յոց Ե­ղեռ­նի 100րդ ­տա­րե­լի­ցին նո­ւի­րուած իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը։
Անկրկ­նե­լի վար­պե­տու­թեամբ՝ այն­քան տպա­ւո­րիչ ա­նոր ջու­թա­կի լա­րե­րի ընդ­մէ­ջէն, հնչիւն­նե­րը կար­ծես հա­յու ցա­ւը լացն ու ող­բը կ­՚ար­տա­յայ­տէին, ա­պա ե­րաժշ­տու­թիւ­նը կտրուկ փո­խո­ւե­ցաւ՝ դե­պի ուժ ու պայ­քար-յաղ­թա­նակ։ Ա­յո՛, նա վար­պե­տօ­րէն կա­րո­ղա­նում է խօ­սիլ ե­րե­ւոյթ­նե­րու մա­սին իր ջու­թա­կի հնչիւն­նե­րով, ա­ւե­լին՝ իր ե­րաժշ­տու­թեամբ կը մօ­տե­նայ մար­դոց հո­գիի եւ սիր­տի քնքուշ լա­րե­րուն։
­Կար­ծես, նա ոչ թէ ջու­թա­կի, այլ մարդ­կանց զգա­ցում­նե­րուն կը դիպ­չի։ Ա­նոր խան­դա­վառ, ժիր, ար­հես­տա­վարժ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան կեր­պարն ու կա­տա­րում­նե­րը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն դրա­կան լից­քեր կը հա­ղոր­դեն հան­դի­սա­տե­սին։ Շատ նուրբ եւ քա­րոզ­չա­կան նրբե­րանգ­նե­րով կրցաւ ներ­կա­նե­րուն յու­զել ­Մա­լի­քեան՝ պարզ եւ մտեր­միկ ո­ճով։ Մ­շա­կու­թա­յին բարձ­րո­րակ ներ­կա­յա­ցում­նե­րով աշ­խար­հի առ­ջեւ հան­դէս գա­լը, ճա­նա­չե­լի եւ ազ­դե­ցիկ դեր ու­նե­նա­լը մի­ջազ­գա­յին հար­թա­կում՝ հայ մար­դու ո­րա­կա­կան տե­սա­կի բարձր դրսե­ւո­րում­նե­րու մա­սին կը խօ­սի։
Ե­րե­կոյ­թի ա­ւար­տին բո­լոր ներ­կա­նե­րը յոտն­կայս ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին Ա­րա ­Մա­լի­քեա­նին եւ իր նո­ւա­գա­խում­բին՝ ան­մո­ռա­նա­լի ե­րե­կո­յին հա­մար։
Հարկ է նշել, որ ­Յու­նաս­տա­նի «­Հա­մազ­գա­յին» հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թիւ­նը, յա­տուկ բա­նակ­ցու­թեան շնոր­հիւ, ա­պա­հո­ված էր տոմ­սակ­նե­րու զեղչ՝ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն քա­ջա­լե­րե­լու նպա­տա­կով։ Ս­տո­րեւ, կը ներ­կա­յաց­նենք Ա­րա ­Մա­լի­քեա­նի հետ կար­ճա­տեւ հար­ցազ­րոյց մը, ա­նոր հա­մեր­գէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ մե­զի տրա­մադ­րո­ւած խիստ սահ­մա­նա­փակ ժա­մա­նա­կին։

 

­Մեծ բա­ւա­կա­նու­թիւն ստա­ցանք, հպար­տու­թեան զգա­ցում­ներ ապ­րե­ցանք, կը շնոր­հա­ւո­րեմ ձե­զի յար­գե­լի ­Մա­լի­քեան։

— ­Ձեր ե­լոյ­թէն ներշն­չո­ւած՝ ո՞րն է հան­դի­սա­տե­սին գրա­ւե­լու յա­ջո­ղու­թեան ձեր գաղտ­նի­քը, ինչ­պէ՞ս այս­քա՜ն կեն­սա­խինդ եւ ջերմ զգա­ցում­ներ կը փո­խան­ցէք մարդ­կանց։

Սիր­տո՛վ… Երբ որ կը սի­րես ինչ որ բան, որ կ­՚ը­նես՝ սի­րով, սիր­տով եւ հա­ճե­լի կ­’ըլ­լայ։ Ա­ռա­ջին պատ­ճա­ռը, որ բե­մին վրայ եմ՝ ժո­ղո­վուր­դին հետ ջերմ կապ ստեղ­ծել եւ մին­չեւ վերջ ան պահ­պա­նելն է, եւ ե­թէ այս յա­րա­բե­րու­թիւ­նը չստա­ցո­ւի՝ ա­ւե­լի լաւ է տունս նստիմ։

— Ե՞րբ յայտ­նա­բե­րե­ցիք ձեր մէջ ե­րա­ժիշ­տը։

Իմ հայրս ե­րա­ժիշտ էր, ծնե­լէս ա­ռաջ ար­դէն ին­քը ո­րո­շած էր, կ­՚ու­զէր, որ ես ջու­թա­կա­հար ըլ­լամ։ ­Հա­զիւ ծնած էի վի­զիս վրայ ջու­թակ մը դրաւ եւ մին­չեւ հի­մա հոն մնա­ցեր է (ժպիտ)։

— ­Ձեր ըն­տա­նի­քի մա­սին կը պատ­մէ՞ք՝ ման­կա­կան յի­շո­ղու­թիւն­ներ, յի­շար­ժան պա­հեր։ Ար­դեօք շա՞տ ժիր եւ չա­րա­ճի­ճի պզտիկ ե­ղած էք։

Ե՞ս՝ ոչ, մաս­նա­ւոր չա­րա­ճի­ճի՝ ոչ, չեմ ե­ղած կար­ծեմ… ­Մայրս՝ ­Լու­սին ­Մա­լի­քեան, եր­կար տա­րի­ներ «­Հա­մազ­գա­յին»ի ­Պէյ­րու­թի, ա­պա ­Մար­սէ­յի ճե­մա­րա­նի մէջ ման­կա­վարժ, ու­սուց­չու­հի ե­ղած է («­Փոք­րիկ Ա­նին» եւ «­Պե­տիկն ու գայ­լը»ի հե­ղի­նակ)։ ­Հայրս՝ ­Ժի­րայր ­Մա­լի­քեան, դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թեան եւ յատ­կա­պէս ջու­թա­կի սի­րա­հար էր։ ­Ման­կու­թեանս տա­րի­նե­րուն պա­տե­րազմ սկսաւ ­Լի­բա­նան եւ փո­խա­նակ խա­ղեր խա­ղա­լով ժամանակ անց­նէինք, ստի­պո­ւած միշտ տու­նը կը գո­ցո­ւէինք. վտան­գա­ւոր էին ճա­նա­պարհ­նե­րը, ռմբա­կո­ծում­ներ կ­՚ըլ­լա­յին։ ­Ման­կու­թիւն չեմ ու­նե­ցած, ինձ նման շա­տե­րու պէս։ ­Մին­չեւ 15 տա­րե­կան ­Պէյ­րութ ապ­րե­ցայ, յե­տոյ մեկ­նե­ցայ ­Գեր­մա­նիա ու­սա­նե­լու, (գեր­մա­նա­ցի ե­րաժշ­տա­գէ­տը կը նկա­տէ Ա­րա­յի տա­ղան­դը եւ միջ­նոր­դու­թեամբ՝ կրթա­թո­շա­կով տրա­մադ­րե­լով, կ­՚ա­ռա­ջար­կէ ու­սա­նիլ ­Հան­նո­վե­րի բարձ­րա­գոյն ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ, ա­պա՝ ­Լոն­տո­նի ­Կիլտ­հո­լի ե­րաժշ­տա­նոց): ­Պէյ­րու­թը ին­ծի հա­մար կա­րե­ւոր է, հոն է որ 12 տա­րե­կա­նիս ա­ռա­ջին հա­մերգս ու­նե­ցայ եւ ա­ռա­ջի՛ն ե­լոյ­թէս հասկ­ցայ, որ կը սի­րեմ բե­մը, ժո­ղո­վուր­դին հետ կա­պի մէջ մտնե­լը։ ­Պէյ­րու­թի մեր ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ, ին­ծի տրո­ւե­ցաւ այս ա­ռի­թը. ե­թէ Եւ­րո­պա ըլ­լա­յի, չեմ գի­տէր՝ այս հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը պի­տի ու­նե­նա­յի, կամ ոչ։
­Հայրս ալ շատ խիստ ե­ղած է. ու­սու­ցիչս էր եւ ին­ծի սե­նեա­կը կը բան­տար­կէր ու միշտ շատ-շատ կ­՚աշ­խա­տէր հետս, կը ստի­պէր, ջանք գոր­ծադ­րեմ, շատ պա­րա­պիմ։ Այն ա­տէն, ան­շուշտ դժո­ւար էր ին­ծի հա­մար, պզտիկ էի, բայց այ­սօր ես ի­րեն ե­րախ­տա­պարտ եմ, որ այդ ջու­թակ նո­ւա­գե­լու ճի­գը ը­նել տո­ւաւ ին­ծի։

— Աշ­խար­հին ի՞նչ ը­սե­լիք ու­նէք ձեր ե­րաժշ­տու­թեամբ եւ ա­րո­ւես­տով։ Առ­հա­սա­րակ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը ի՞նչ է ձե­զի հա­մար։

Ե­րաժշ­տու­թիւ­նը եւ ա­րո­ւես­տը ա­մէն մար­դու հո­գիի պա­հանջն է, տրա­մադ­րու­թիւն կը ստեղ­ծէ՝ եր­ջան­կու­թեան, ու­րա­խու­թեան, ներ­դաշ­նա­կու­թեան զգա­ցում­ներ կը հա­ղոր­դէ։ Ին­ծի հա­մար կա­րե­ւոր է, նաեւ ե­րաժշ­տու­թեան ազ­դե­ցու­թեան պատ­ճա­ռով մար­դոց մի­ջեւ ստեղ­ծո­ւած կա­պը, յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ու ա­նոնց հո­գիի ա­ճը։

— ­Յա­ճա՞խ կը լսէք հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն, ի՞նչ տեղ եւ ի՞նչ խոր­հուրդ ու­նի ձեր կեան­քին մէջ հայ­կա­կա­նը։

Ես հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւ­նը պզտի­կուց մտիկ կ­՚ը­նէի, երբ հայրս կը նո­ւա­գէր ­Կո­մի­տաս, Ա. ­Խա­չա­տու­րեան՝ դա­սա­կան յօ­րի­նող­նե­ր, բայց ան­շուշտ նաեւ շատ կը լսէի ու կը սի­րէի հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րը։ Պզ­տի­կուց հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեամբ մեծ­ցած եմ եւ մէջս կ­՚ապ­րի այս հայ­կա­կան ո­գին, նոյ­նիսկ, ե­թէ ­Պախ, ­Մո­ցարտ, ­Պեթ­հո­վէն կը նո­ւա­գեմ հայ­կա­կան ո­գիով կը նո­ւա­գեմ, եւ մի՛շտ այդ­պէս պի­տի ըլ­լայ։

— ­Մի­ջազ­գա­յին համ­բաւ ձեռք բե­րե­լու հա­մար, ի՞նչ է պա­կաս հայ ե­րա­ժիշտ­նե­րուն։

Ո­չինչ է պա­կաս, պէտք է միայն շա­րու­նա­կեն շատ աշ­խա­տիլ։ Ամ­բողջ աշ­խար­հի վրայ կան ճանչ­ցո­ւած, յար­գո­ւած եւ սի­րո­ւած շատ հայ ե­րա­ժիշտ­ներ։ Աշ­խա­տան­քը եւ ա­րո­ւես­տի հան­դէպ սէ­րը՝ ժո­ղո­վուր­դին ե­րաժշ­տու­թեան մի­ջո­ցով ու­րախ, նպա­տա­կա­յին եւ ամ­բող­ջա­կան դարձ­նե­լը՝ ա­սի է ե­րա­ժիշ­տի մը հիմ­նա­կան յա­ջո­ղու­թեան գրա­ւա­կա­նը։