«7րդ մարզախաղերուն համար մինչեւ այսօր աւելի քան 5000 մարզիկներու անուններ ստացած ենք»
5-17 Օգոստոս 2019, առաջին անգամ ըլլալով Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենան 7րդ Համահայկական խաղերը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միանութեան նշանաբանով։ Այս առթիւ, «Ազատ Օր» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համահայկական խաղերու կոմիտէի անդամ ընկ. Պերճ Հալաճեանի հետ, որ տուաւ հետաքրքրական մանրամասնութիւններ խաղերու կազմակերպման մասին։
Առաջին անգամ ըլլալով, Համահայկական խաղերը տեղի պիտի ունենան նաեւ Արցախի մէջ։ Կրնա՞ք բացատրել այս որոշումի պատճառները եւ նպատակը։
Այս տարուայ 7րդ Համահայկական խաղերը տեղի պիտի ունենան 5-17 Օգոստոսին եւ նուիրուած են Համահայկական խաղերու 20ամեակին, միշտ ունենալով նոյն նշանաբանը «Միասնութիւն սպորտի միջոցաւ»։ Այս նպատակով էր որ երկու տարի առաջ՝ 2017ին, մեր ընդհանուր համագումարի ժողովին, մեծամասնութեամբ որոշում կայացուցինք միասնութիւնը ըլլայ «Հայաստան-Սփիւռք եւ Արցախ»։ Այդ պատճառով ալ, 7րդ խաղերու բացումը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 6ին՝ Ստեփանակերտի մէջ եւ փակումը Օգոստոս 17ին՝ Երեւանի մէջ։ Ասկէ զատ՝ 6, 7 եւ 8 Օգոստոսին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունենան 7 մարզաձեւերու զտման ու վերջնական փուլի մրցումներ՝ ոտնագնդակ, լող, լողամարզ, հեծելանիւ, բազկամարտ, ճատրակ եւ վոլէյ պոլ։
28-29ին Մայիսին, Համահայկական խաղերու կոմիտէի անդամներու մեծամասնութամբ, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ ժողով մը կազմկոմիտէի եւ Արցախի պետական ու ապահովական մարմիններուն միջեւ, գլխաւորութեամբ նախագահ Բակօ Սահակեանի։ Հանդիպումի ընթացքին ներկայացուեցաւ ու քննարկուեցաւ խաղերու կազմակերպական գործընթացը բոլոր մակարդակներու վրայ, եւ անոր հիման վրայ վերջնական մեր որոշումները հաստատեցինք։ Կ՚արժէ այստեղ լուսաբանութիւն մը տալ, թէ մեր կոմիտէի մէջ աշխարհասփիւռ հայահոծ գաղութներէն կը մասնակցին անդամներ Հ.Մ.Ը.Մ.էն, Բարեգործականէն, Հ.Մ.Մ.էն եւ բոլորս միասին կը գործենք համերաշխ կերպով, յենուած սկզբունքներու վրայ, առանց որեւէ խտրութեան, մանաւանդ՝ լաւ բարեկամութեան հիմերու վրայ։ Ես, մօտ 20 տարիէ ի վեր կը մասնակցիմ կոմիտէին, անոր կազմութեան առաջին օրէն։ Հայաստանի մէջ համահայկական խաղերու կոմիտէն գրանցուած է պետական օրէնքին համաձայն, որպէս ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւն։
Համահայկական խաղերու ջահը վառեցաւ պատմական Հայաստանի Վագըֆ գիւղին մէջ։ Նաեւ այս առիթով յատուկ թռիչք մը կազմակերպուեցաւ Երեւանէն դէպի Վան։ Պիտի ուզէինք աւելի մանրամասն կերպով իմանալ այս մասին։
7րդ Համահայկական խաղերու առաջին ջահը վարեցաւ պատմական Հայաստանի Մուսա Լերան լանչին գտնուող Վագըֆ գիւղի «Ամենայն Սրբոց» եկեղեցւոյ մէջ եւ յաջորդ օրը զայն բարձրացուցինք Մուսա լերան գագաթը։ Երկրորդ ջահը վարեցաւ Խոր Վիրապի մէջ, իսկ երրորդը՝ Արցախի Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ։ Այսպէս, երեք ջահերը միանալով 7րդ Համահայկականան խաղերու խաղերուն ընթացքին, պիտի խորհրդանշեն Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնութեան ոգին։
Որո՞նք են այն մարզերը, որ ընդգրկուած են Համահայկական խաղերուն եւ ո՞ր երկիրներէն կը նախատեսուի մասնակցութիւն ունենալ։
Համահայկական 6րդ խաղերէն ի վեր գրանցուած են 17 մարզախաղեր։ Նախքան այդ, գրանցուած էին 10 մարզախաղեր։ Առաջին մարզախաղերուն մասնակիցներու ընդհանուր թիւ 650 էր, իսկ մինչեւ 6րդ մարզախաղերուն այդ թիւը հասաւ 6350 մարզիկներու, որ շատ տպաւորիչ մասնակցութիւն մըն էր։ 7րդ մարզախաղերուն համար մինչեւ այսօր աւելի քան 5000 մարզիկներու անուններ ստացած ենք, որոնք պիտի ըլլան աշխարհի 5 ցամաքամասերու վրայ ծագումով հայ երկսեռ մարզիկներ, բաժնուած զանազան քաղաքներու անուններուն վրայ։ 6րդ համահայկական խաղերուն ունեցանք մասնակիցներ 124 տարբեր քաղաքներէ։ Հոս, կարեւոր է նշել թէ Համահայկական խաղերու մասնակցութիւնը կ՚ըլլայ միայն քաղաքներու անունով, որոնց մաս կը կազմեն իւրաքանչիւր հայկական համայնքէ զանազան միութիւններու եւ կառոյցներու անդամներ եւ անհատ մարզիկներ։ Այս տարուան խաղերու համար, չեմ ուզեր բացայայտել մասնակցող քաղաքներու անունները՝ մինչեւ բացման հանդիսութեան օրը։
Վերջացնելով, կը փափաքի՞ք որեւէ յաւելեալ հարց ներկայացնել կապուած Համահայկական խաղերուն։
Համահայկական խաղերու կոմիտէն 2014էն ի վեր զիս պատասխանատու նշանակած է Յունաստանի համար, յատկապէս՝ 2015ի 6րդ խաղերու յունահայ համայնքի մասնակցութեան համար։
2015ի ամառը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած խաղերուն, հակառակ Յունաստանի այն ժամանակուան տնտեսական սուր տագնապին, յունահայութիւնը յաջողեցաւ 80 մարզիկներով եւ 5 մարզաձեւերով ներկայանալ խաղերուն։
Այս անգամ ալ, խաղերու կազմակերպումի նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին, 2018ի Հոկտեմբերին դիմեցինք Հ.Մ.Ը.Մ.ական պատախանատուներուն, որուն մարզիկները նախորդ խաղերուն Յունաստանի խումբի մեծամասնութիւնը կը կազմէին, բայց դժբախտաբար չկարողացանք ապահովել յունահայ համայնքի լայն մասնակցութիւնը այս տարուան համար։ Միայն Սէրրէս քաղաքէն մէկ երիտասարդ պիտի մասնակցի թեթեւ մարմնամարզի վրայ։ Կ՚ափսոսամ որ Յունաստանի համայնքը 7րդ Համահայկական խաղերուն չի մասնակցիր աւելի մեծ խումբով։ Ողիմպիական մրցումներու կանոններուն համաձայն, շքերթին մարզադաշտ մուտքի առաջին տեղը կը տրուի Յունաստանի խումբին. այս անգամ ալ, այսպէս պիտի ըլլար՝ Ստեփանակերտի Շահումեանի անուան շքեղ մարզադաշտին մէջ։