Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100ամեակին առիթով ինչպիսի՞ մտածումներու վրայ կը կեդրոնանան ձեր խորհրդածութիւնները՝ քննելով, թէ ի՛նչ փոխուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէկ դարեայ կեանքէն ու փորձառութենէն ետք։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին հարիւրամեակը սկսաւ բաւական ողբերգական իրադարձութիւններու ժամանակաշրջանի մը մէջ: Ցեղասպանութենէն ընդամէնը երեք տարի ետք կազմակերպութիւնը հիմնադրուեցաւ Պոլսոյ մէջ եւ, Հայաստանի մէջ շատ կարճ ժամանակ աշխատելէ ետք, հիմնական իր գործունէութիւնը ծաւալեց հայապահպանութեան ուղղութեամբ: Սփիւռքի մէջ այժմ մեր առջեւ այլ թիրախներ եւ այլ նպատակներ պէտք է դնենք: Հիմնական նպատակը եղած է հայապահպանութիւնը, հայ երեխաներուն ազգային դաստիարակութիւն տալը, ազգային խնդիրներու շուրջ համախմբումը, ազգային իտէալներու փոխանցումը, հայրենիքի կարօտը եւ հայրենիքի զգացողութիւնը անոնց հոգիներուն մէջ վառ պահելը: 1989 թուականէն Հ.Մ.Ը.Մ. ունեցանք նաեւ Հայաստանի մէջ եւ երազային հայրենիքը, երազային Հայաստանը դարձաւ իրականութիւն: Այս ելակէտով է, որ պէտք է շարունակենք հարիւրամեակի յաջորդ շրջանի գործունէութիւնը: Այլեւս պէտք չէ մեր հիմնական խնդիրը համարենք սոսկ հայապահպանութիւնը, որովհետեւ ատիկա «պաշտպանողական» գործունէութիւն է: Պէտք է փորձենք մեզ պաշտպանել այսօրուայ աշխարհի մարտահրաւէրներէն, սակայն կը կարծեմ, որ նոր հարիւրամեակը, թէ՛ հայութեան եւ թէ մանաւա՛նդ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար պէտք է ըլլայ նուաճումներու տարի: Պէտք է հայու պայքարի ոգին աւելի վառ դարձնել մեր երիտասարդներուն մէջ: Պէտք է անոր հասնիլ՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի կազմակերպական միաւորներու փոխադարձ հզօրացումով, որովհետեւ սփիւռքի մէջ մեր կազմակերպական միաւորները, միայն սփիւռքի մէջ աշխատելով, երբեմն կը զգան առանձնացած, երբեմն կը զգան իրենց համայնքներուն մէջ միայնակ գործող: Ուրեմն՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի այս երկու մեծ հասկացողութիւններուն մէջ՝ Հ.Մ.Ը.Մ. պէտք է յստակացնէ եւ առաւել զարգացնէ իր նպատակային գործունէութիւնը մէկը միւսի հզօրացման ծառայեցնելով:
Որովհետեւ սփիւռքը երազային հայրենիքով միայն կարող չէ ապրիլ, երբ գոյութիւն ունի իրական հայրենիք: Իսկ Հայաստանը՝ այն Հայաստանը, որ մենք ունինք, թերեւս մեր երազած Հայաստանը չէ, բայց այդ իրական հողն է, այն իրական պետական միաւորն է, որ հետագային պիտի ըլլայ մեր միացեալ Հայաստանի հիմքը: Կազմակերպութեան այս երկու հատուածները իրար հզօրացնելով պէտք է մօտեցնեն այն օրը, երբ որ մենք պիտի ունենանք ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան:
Տօնական կամ գիտաշխատանոցային ինչպիսի՞ ծրագրումներ կատարուած են 100ամեակին առիթով։
Հարիւրամեակի միջոցառումներուն վերաբերեալ նախ ըսեմ որ 2018 թուականը Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար ամբողջութեամբ հռչակուած է հարիւրամեակի տարի, սակայն հարիւրամեակը խտացուած է Յուլիս 19էն մինչեւ Յուլիս 29 երկարող համաՀ.Մ.Ը.Մ.ական 11րդ ընդհանուր մէկ շաբթուան ժամանակաշրջանի բանակումով, որ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ: Միջոցառումները կ՚ընդգրկեն թէ՛ հանդիսաւոր ձեռնարկներ՝ սկսած հանդիսաւոր նիստէն, որ տեղի պիտի ունենայ Օփերայի եւ Պալէտի պետական ակադեմական շէնքին մէջ, ներկայութեամբ եւ պատուոյ նախագահութեամբ՝ երկրի նախագահին, ներկայութեամբ՝ երկրի վարչապետին, հովանաւորութեամբ՝ զոյգ Կաթողիկոսներուն: Բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները կրնան ներկայ ըլլալ այդ հանդիսաւոր նիստին: Այդ շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հարիւրամեակին նուիրուած գիտաժողով: Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներէն Վահան Չերազի արձանի բացումը Գիւմրիի մէջ տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 23ին: Բանակումի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, որ պիտի ուղեկցուի սկաուտական շքերթով, բանակումի 1200 մասնակիցներու եւ Հայաստանէն մօտաւորապէս 1000 սկաուտներու մասնակցութեամբ: Շատ տպաւորիչ եւ հետաքրքրական միջոցառում մը պիտի ըլլայ: Բացման արարողութիւնը պիտի ըլլայ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Նաեւ՝ տեղի պիտի ունենան՝ Վեթերան խմբապետներու այցելութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «ՀԱՍԿ»ի բանակավայրի 1 օրով ներկայութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ի 11րդ բանակումի աշխատանքներուն:
Այնպէս որ Յուլիս 19էն-29, բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն եւ ընդհանրապէս բոլոր հայերուն կը հրաւիրեմ Հայաստան, ականատես ըլլալու մեր մեծ կազմակերպութեան հարիւրամեակի միջոցառումներուն:
Եւրոպայի հայ երիտասարդութեան դիմագրաւած տարբեր հարցերուն մէջ (հայեցի դաստիարակութիւն, անձնական առաջնահերթութիւններ, հայերէն լեզուի նահանջ, եւալն) ինչպիսի՞ դեր վերապահուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ին։
Աշխարհի կլոպալիզացիայի (համաշխարհայնացման) այս տարիներուն ընդառաջ, թէ՛ պետութիւններու եւ թէ ազգութիւններու միջեւ տարբերութիւններու աստիճանական վերացման շրջանին մէջ, իսկապէս հայութեան համար կը ստեղծուին լրացուցիչ մարտահրաւէրներ, զորս մենք պէտք է դիմագրաւենք:
Կարծեմ, որ այս դժուարութիւնները եւ մարտահրաւէրները նաեւ լրացուցիչ հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն մեզ համար: Աշխարհը փոքրացաւ: Մինչեւ այսօր՝ որեւէ երկրի մէջ գործունէութիւն տանելու համար, պէտք էր բաւական ժամանակ կորսնցնէիր այդ երկիրը հասնելու, անձնապէս ներկայ ըլլալու, հարցերը ճանչնալու եւ ախտորոշումներ կատարելու եւ գործունէութեան մարտավարութիւնը մշակելու համար: Այժմ այդ բոլորը հնարաւոր են շատ աւելի կարճ ժամանակի մէջ կատարել, իսկ ինչ կը վերաբերի դժուարութիւններու յաղթահարման՝ կը կարծեմ, որ աշխարհի մէջ կլոպալիզացիայի այս ընթացքը մեզ համար լրացուցիչ հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ ամբողջական համաշխարհային ներուժը օգտագործելու առումով: Որովհետեւ շատ քիչ ազգեր կան, որոնք ունին այս աստիճան տարածում աշխարհի վրայ եւ տարբեր մշակոյթներու, տարբեր աշխարհայեացքներու, տարբեր պետական միաւորներու, տարբեր աւանդոյթներու մէջ իրենց գոյութիւնը հաստատած այդ երկիրներէն ներս:
Այդ հսկայական փորձ է, հսկայական հնարաւորութիւն է եւ մենք այս տարբերութիւնները պէտք է ծառայեցնենք մեր միասնական նպատակի իրականացման: Այս տարբերութիւնները կը հարստացնեն հայ ժողովուրդը: Հայ ժողովուրդի կենսունակութեան հիմքը կարելի է դառնալ: Իսկ փոքրացած աշխարհին մէջ իրարու հետ համագործակցութիւնը շատ հեշտ կ՚ըլլայ: Մէկը միւսին կենսական գործունէութիւնը ուսումնասիրելով, անկէ օգտակարը վերցնելով, կարելի է շատ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով մշակել այն մարտավարութիւնը, որով ինքը կարող է լուծել այսօրուայ մեր ազգի առաջ եւ մանաւանդ մեր երիտասարդութեան առաջ դրուած խնդիրները: Ուրեմն այստեղ է, որ մենք պէտք է փորձենք նորովի գնահատել իրավիճակը: Պէտք է փորձենք հնարաւորինս օգտագործել մեր ամբողջական ներուժը:
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան անցած հարիւրամեայ փորձը՝ սերունդի դաստիարակութեան, սերունդի հայեցի մտածողութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով իրագործելու տարբեր երկիրներու եւ տարբեր համայնքներու կեանքին մէջ:
Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւնը եւ ո՛ր կէտերուն վրայ կը կարծէք, թէ կեդրոնացումի յաւելեալ ճիգ պէտք է կատարուի։
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերջին տարիներու գործունէութիւնը ցոյց տուաւ, որ հայկական համայնքը կենսունակ է: Առաջին հերթին ամենակարեւորը ա՛յդ է, որովհետեւ տնտեսական այն ծանր իրավիճակը, որուն մէջ վերջին տարիներուն կը գտնուի Յունաստանի ամբողջ բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ համայնքը, կրնար գոյութեան իսկ սպառնալիք ըլլալ հայկական կազմակերպութիւններուն համար: Բայց անցած տասը տարիներու փորձը եւ վարչութիւններու գործունէութիւնը ցոյց տուին, որ նոյնիսկ այս ծանր իրավիճակով կազմակերպութիւնը ոչ միայն կարողացաւ պահպանել իր ուժը, այլ կրցաւ նոր յաջողութիւններ արձանագրել: Առանձնայատուկ կը փորձեմ կարեւորել Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան պետական գրանցումը, որ պետութեան կողմէ ճանաչման արժանանալէ ետք, նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ մեր կազմակերպութեան համար, որպէս երկրին մէջ գործող ազգային փոքրամասնութեանց սկաուտական շարժում եւ նաեւ այն յուշագիրը, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութիւնը կնքեց յունական ազգային սկաուտական կազմակերպութեան հետ: Այս մէկը լրացուցիչ հնարաւորութիւն է մաս կազմելու ոչ միայն յունական սկաուտութեան, այլեւ յունական սկաուտութեան միջոցով ճանչցուած ըլլալու համաշխարհային սկաուտական շարժման կողմէ: Այս մէկը լուրջ հնարաւորութիւն է: Սակայն կարծեմ, որ Յունաստանի մեր կազմակերպութիւնը իր առջեւ պէտք է դնէ նոր յաւակնոտ նպատակներ: Հիմնական որպէս նպատակ կարծեմ, որ պէտք է ըլլայ ընկերային, տարբեր շրջանակներու, նոր խումբերու ներգրաւումը Հ.Մ.Ը.Մ. գործունէութեան մէջ: Նախկին 10.000 հայեր ունեցող յունահայ գաղութը այսօր վերածուած է 40.000-50.000 հայերով համայնք ունեցող երկրի մը, եւ կարծեմ որ այս մէկը լրացուցիչ ուսումնասիրութեանց նիւթ պէտք է դառնայ մեր կազմակերպութեան համար եւ մեր շրջանային վարչութեան քոյրերը եւ եղբայրները պէտք է կարողանան յստակացնել աշխատանքի այն նոր մեթոտը, որով անոնք պիտի կարենան իրենց գործունէութեանց մէջ ներգրաւել տարբեր երկիրներէ, նաեւ Հայաստանէն Յունաստան հաստատուած ընտանիքներու երեխաները: Շատ պարագաներու մենք ունինք այստեղ տարբեր խումբերու իրարմէ տարբեր ոճ ու մտածողութիւն. սակայն վստահ եմ, որ եթէ մենք ուշադրութիւն դարձնենք ոչ թէ տարբերութիւններուն վրայ, այլ փորձենք գտնել այն ընդհանուր նպատակը, որ կրնայ միաւորել բոլոր այս խումբերը, կը կարծեմ, որ կը կարողանանք համապատասխան կրթական առաջարկ ներկայացնել բոլոր այս խումբերուն համար, բոլոր հայ երեխաներուն համար եւ կը կարողանանք ունենալ այն ուժը, որ պիտի կազմակերպէ Յունաստանի հայ համայնքի երեխաներու դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ համայնքի երիտասարդական ու պատանեկան կեանքը:
Շնորհակալութիւն եղբ. Բագրատ եւ բարի յաջողութիւն ձեր ծրագրած աշխատանքներուն:
Ես ալ շնորհակալ եմ: