Շանթ ­Դա­նիէ­լեան, Ճորճ ­Սար­գի­սեան, Սար­գիս Ա­դա­մեան

«­Մեր հիմ­նա­կան նպա­տակն է կա­րե­նալ
մե՛ր ո­ճը ստեղ­ծել՝ պա­հե­լով հայ­կա­կան
ե­րաժշ­տու­թեան ար­մատ­նե­րը,

զայն ժա­մա­նա­կա­կից դարձ­նել»

Ար­ցա­խի պա­հան­ջա­տի­րու­թեան 30ա­մեա­կին ա­ռի­թով, ­Շա­բաթ՝ 24 ­Փետ­րո­ւար 2018ի ե­րե­կո­յեան, Հ.Յ.Դ. ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէի կազ­մա­կեր­պած խնճոյք-խրախ­ճան­քին ըն­թաց­քին, ե­լոյթ ու­նե­ցաւ ­Հա­յաս­տա­նէն հրա­ւի­րո­ւած «­Նուռ» ե­ռան­դամ նո­ւա­գա­խում­բը։
Խմ­բագ­րա­տուն ի­րենց այ­ցե­լու­թեան ա­ռի­թով՝ «Ա­զատ Օր» տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցաւ ա­նոնց հետ. կը հրա­տա­րա­կենք ստո­րեւ.-

­Սու­րիա­յէն ե՞րբ հաս­տա­տո­ւե­ցաք ­Հա­յաս­տան եւ ի՞նչ դժո­ւա­րու­թիւն­ներ դի­մագ­րա­ւե­ցիք։

­Պա­տե­րազ­մի սկիզ­բէն՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս 5-6 տա­րի է, որ ըն­տա­նեօք ­Հա­յաս­տան փո­խադ­րո­ւած ենք։ Երբ որ հա­սանք Ե­րե­ւան, կողմ­նո­րո­շո­ւե­լու շատ մեծ դժուա­րու­թիւն դի­մագ­րա­ւե­ցինք։ Ո­րով­հե­տեւ այդ ժա­մա­նակ բո­լո­րը Եւ­րո­պա կամ ­Գա­նա­տա կը մեկ­նէին՝ փախս­տա­կա­նի կար­գա­վի­ճա­կով։
­Ժա­մա­նակ մը ե­ղաւ որ կ­’ը­սէինք.- «­Բո­լո­րը կը մեկ­նին, ար­դե­՞օք մենք ալ եր­թանք»։ ­Բայց փառք Աս­տու­ծոյ մեր կամ­քը մե­զի հայ­րե­նիք պա­հեց։ Սկզբ­նա­կան շրջա­նին շատ դժո­ւար էր։ ­Թէեւ լե­զո­ւա­կան դժո­ւա­րու­թիւն չու­նէինք, բայց աշ­խա­տան­քի ա­ռու­մով՝ շատ դժո­ւար օ­րեր էին։ Աշ­խա­տանք ա­պա­հո­վե­լը, կեան­քի նոր ձե­ւը գտնե­լը, ինչ­պէ՞ս պի­տի ապ­րիս, ըն­տա­նիքդ ինչ­պէ՞ս պի­տի ապ­րեց­նես։ ­Շա­տեր ­Հա­յաս­տան փո­խադ­րո­ւե­ցան՝ մտա­ծե­լով, որ մէկ-եր­կու ա­միս հոն պի­տի ապ­րին։ ­Բայց յե­տոյ՝ ­Հա­լէ­պի օ­դա­կա­յա­նը փա­կո­ւե­ցաւ։ Այդ­պէս, շատ սու­րիա­հա­յեր Ե­րե­ւան մնա­ցին։

­Հա­լէ­պէն կը զբա­ղո­ւէիք ե­րաժշ­տու­թեամբ։ ­Ծա­նօ՞թ էիք մէկդ միւ­սին։

Ա­յո՛, ծա­նօթ էինք. երբ պա­տե­րազ­մը սկսաւ եւ ­Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խո­ւե­ցանք՝ կազ­մե­ցինք «­Նուռ» նո­ւա­գա­խում­բը։

Ին­չո՞ւ այս ա­նու­նը տո­ւիք նո­ւա­գա­խում­բին եւ ո­րո՞նք էին ձեր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։

2013 թո­ւա­կա­նին կազ­մե­ցինք մեր խում­բը այս ա­նու­նով։ ­Նու­ռը կը խորհր­դան­շէ հայ­կա­կան միր­գը։ 2013ին հրա­ւէր ստա­ցանք ­Քաս­քա­տի բա­ցօ­թեայ, ա­մառ­նա­յին բաժ­նին մէջ հա­մեր­գի մը մաս­նակ­ցե­լու։ Ան­շուշտ մենք միայն ե­րեքս չէինք, խում­բը ա­ւե­լի մեծ թիւ ու­նէր։ Ա­ռա­ջար­կը Մ.Ա.Կ.ի փախս­տա­կան­նե­րու գրա­սե­նեա­կին կող­մէ էր։ ­Մե­զի ը­սին, որ մեծ հա­մերգ մը կ­’ու­զեն կազ­մա­կեր­պել։ ­Մին­չեւ այն ա­տեն, սու­րիա­հա­յու­թեան հա­մար այս­պի­սի բան մը չէր ե­ղած։ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ե­րաժշտու­թեան մարզէն ներս մրցակ­ցու­թիւ­նը գի­տէք շատ ու­ժեղ է։ ­Բայց կրցանք այդ մրցակ­ցու­թեան մաս կազ­մել։ Այդ օ­րը մօ­տա­ւո­րա­պէս 6000 հո­գի կար։ Ան­կէ ետք խում­բը շա­րու­նա­կեց, բայց յե­տոյ խում­բէն մաս մը Եւ­րո­պա մեկ­նե­ցաւ, ճամ­բոր­դե­ցին եւ մնա­ցինք մենք ե­րեքս եւ այդ­պէս շա­րու­նա­կե­ցինք։

Ի՞նչ է ձեր ե­րաժշ­տա­կան ո­ճը։

­Մենք ա­մէն տե­սա­կի ե­րաժշ­տու­թիւն կը նո­ւա­գենք։ ­Հայ­կա­կան տար­բեր տե­սա­կի ո­ճեր, մեր գիտ­ցած՝ սփիւռ­քի ո­ճը, մի­ջին-ա­րե­ւե­լեան ո­ճը, մին­չեւ ճազ, մին­չեւ եւ­րո­պա­կան-դա­սա­կան։ Ան­ցեալ տա­րի բախ­տը ու­նե­ցանք ­Պարս­կա­ստա­տէն 2 ան­գամ հրա­ւէր ստա­նա­լու։ ­Հոն մօ­տա­ւո­րա­պէս մէկ ա­միս մնացինք եւ պատ­րաս­տե­ցինք պարս­կե­րէն եր­գեր ի­րենց հա­մար։ ­Բազ­մաոճ է մեր խում­բը։ ­Նաեւ մե­զի հետ ե­լոյթ ու­նե­ցած են ­Հա­յաս­տա­նէն եր­գիչ­ներ եւ ե­րա­ժիշտ­ներ, որ մե­զի կը միա­նան զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով։
­Ճա­շա­րա­նի մը մէջ կը նո­ւա­գենք եր­կու տա­րիէ ի վեր։ ­Միշտ կը ստա­նանք ե­լոյթ ու­նե­նա­լու ա­ռա­ջարկ­ներ՝ զա­նա­զան ա­ռիթ­նե­րով։ ­Բայց մենք չենք ու­զեր մնալ ճա­շա­րա­նա­յին ո­ճի ե­րա­ժիշտ­ներ։ ­Շատ զգոյշ ենք, որ մեր ո­ճը չըլ­լայ միայն ճա­շա­րա­նա­յին ոճ։ Ա­մէն ջանք կը թա­փենք, որ ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը մի­ջո­ցա­ռում կազ­մա­կեր­պէ, մենք պէտք է ան­պայ­ման մաս կազ­մենք։ Այդ­պէ՛ս է մեր ու­ղե­ցոյ­ցը։
­Բայց ապ­րե­լու հա­մար պէտք է հար­սա­նիք­նե­րու եւ այլ ա­ռիթ­նե­րու ալ նուագենք։

Ե­լոյթ ու­նե­նա­լու հա­մար այլ եր­կիր­ներ ճամ­բոր­դա՞ծ էք։

Ան­ցեալ­ներս հրա­ւէր ստա­ցանք ­Գեր­մա­նիոյ դես­պա­նա­տու­նէն մաս­նակ­ցե­ցանք մի­ջո­ցա­ռու­մի մը, ուր ա­ւե­լի դա­սա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն նո­ւա­գե­ցինք։
­Նաեւ գտնո­ւած ենք ­Լի­բա­նան, ­Յոր­դա­նան, ­Տու­պայ, ­Քա­թար, ­Քո­ւէյթ, ­Շո­ւէտ, ­Պարս­կաս­տան, ­Յու­նաս­տանն ալ հի­մա ա­ւել­ցաւ։ ­Մէկ ա­մի­սէն ­Հո­լան­տա պի­տի եր­թանք։ Հ­րա­ւէր ու­նինք հար­սա­նի­քի մը խնճոյ­քին նո­ւա­գե­լու։
­Մե­զի կը հրա­ւի­րեն զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ, բայց վի­զա ստա­նա­լու դժո­ւա­րու­թիւն կը դի­մագ­րա­ւենք։ ­Վի­զա­յի հանգրո­ւա­նը մե­զի կը սար­սա­փեց­նէ։
Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը օգ­նեց քա­նի մը ան­գամ, երբ որ պէտք ե­ղաւ վի­զա առ­նե­լու։

­Հա­յաս­տա­նի պե­տու­թիւ­նը կ­’օգ­նէ՞ սու­րիա­հա­յե­րուն։

Ընդ­հան­րա­պէս պե­տու­թիւ­նը կ­’օ­ժան­դա­կէ սու­րիա­հա­յե­րուն։ ­Մա­նա­ւանդ՝ դպրո­ցա­կան այն ծրա­գիր­նե­րուն, որոնք սկսան եր­կու տա­րի ա­ռաջ, ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի դա­սա­ւան­դու­մը, ե­ւայն։
Ա­ռա­ջին տա­րին ա­րա­բե­րէն կը դա­սա­ւան­դո­ւէր դպրոց­նե­րուն մէջ, որ­պէս­զի ա­նոնք որ պի­տի վե­րա­դառ­նան ­Սու­րիա, լե­զուն չմոռ­նան։ ­Բայց վեր­ջը տե­սան, որ ե­թէ ­Հա­յաս­տան պի­տի հաս­տա­տո­ւին, պէտք է շա­րու­նա­կեն հա­յաս­տա­նեան ու­սում­նա­կան ծրա­գի­րը։ ­Հա­ւա­նա­բար նիւ­թա­կան էր դժո­ւա­րու­թիւ­նը։ ­Պե­տու­թիւ­նը իր ամ­բողջ կա­րո­ղու­թեամբ կը փոր­ձէ օգ­նել սու­րիա­հա­յե­րուն։ Այ­սինքն՝ բժշկու­թիւ­նը անվ­ճար է, շատ կա­րե­ւոր է ա­տի­կա։ Ո­րե­ւէ հի­ւան­դա­նոց, նոյ­նիսկ սիր­տի վի­րա­հա­տու­թեան կ­’օ­ժան­դա­կէ։ Ոե­ւէ սու­րիա­հայ, ե­թէ եր­թայ եւ պե­տա­կան պա­տո­ւէր ներ­կա­յաց­նէ՝ բո­լո­րո­վին անվ­ճար բժշկու­թիւն կը ստա­նայ։
­Շատ կա­րե­ւոր էր նաեւ վա­րոր­դու­թեան հայ­կա­կան ար­տօ­նա­գիր­նե­րու բաշ­խու­մը սու­րիա­հա­յե­րուն մէկ տա­րո­ւան հա­մար։
­Պե­տու­թիւ­նը փոր­ձեց դիւ­րու­թիւն­ներ տալ սու­րիա­հա­յե­րուն։ ­Բայց ինչ­պէս ­Շուէտ 600 եւ­րօ կու­տայ ա­մէն ա­միս, այդ բա­նը կա­րե­լի չէ։
­Շա­տեր այդ պատ­ճա­ռով մեկ­նե­ցան ­Հա­յաս­տա­նէն։ ­Բայց հա­ւատ­քի հարց է այդ. եր­կիրդ է, ­Հա­յաս­տա­նը հայ­րե­նիքդ է, պատ­կա­նե­լու­թեան զգա­ցու­մը ա­մէ­նէն թանկ բանն է։
­Մեր պա­րա­գա­յին, որ ա­րա­բա­կան եր­կիր ապ­րած ենք, մին­չեւ այ­սօր երբ առ­տու կ­’արթ­նաս՝ եւ դուրս կ­’ել­լես ու կը քա­լես հայ­րե­նի­քիդ մէջ, ա­տի­կա շատ թանկ զգա­ցում է։

­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը ինչ­պէ՞ս ըն­դու­նեց սու­րիա­հա­յե­րը։

Ա­մէ­նէն հե­տաքրք­րա­կա­նը՝ ժո­ղո­վուր­դի ըն­դու­նե­լու­թիւնն էր։ ­Բաղ­դա­տա­բար 50-60 տա­րի­ներ ա­ռաջ ժո­ղո­վուր­դի ըն­դու­նե­լու­թեան, հի­մա հսկայ տար­բե­րու­թիւն կայ։ ­Շատ ա­ւե­լի բա­րե­համ­բոյր են եւ ի­րենց խօս­քե­րով՝ բո­լոր սփիւռ­քա­հա­յե­րը, որ ­Հա­յաս­տան կու­գան, նոր մշա­կոյթ մը կ­’ա­ւելց­նեն ­Հա­յաս­տա­նի կեան­քին մէջ։ ­Մա­նա­ւանդ ա­նոնք, ո­րոնք ճա­շա­րա­նի գոր­ծով մէջ կը զբա­ղին։ ­Նոր ճա­շա­ցու­ցակ­ներ կը ներ­կա­յաց­նեն, նոր հիւ­րա­սի­րու­թեան ձե­ւեր կ­’որ­դեգ­րեն։

Ի՞նչ են ձեր ծրա­գիր­նե­րը յա­ջորդ տա­րի­նե­րուն հա­մար։ Ի՞նչ ձե­ւով մտա­ծած էք ձեր աշխ­տան­քը շա­րու­նա­կե­լու։

­Մեր հիմ­նա­կան նպա­տա­կը մէկ է։ ­Կա­րե­նանք մեր ո­ճը ստեղ­ծել, ուր պի­տի պա­հենք մեր հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան ար­մատ­նե­րը եւ ժա­մա­նա­կա­կից դարձ­նել այն­պէս մը, որ բո­լո­րը սի­րեն։ Ա՛յս՝ ա­ռա­ջին հեր­թին։ Իսկ երկ­րորդ՝ մեր կա­րո­ղու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, մեր ե­րաժշ­տու­թիւ­նը հասց­նել տար­բեր հա­մայնք­նե­րու, ուր որ հայ կայ։ Ինչ­պէս որ պա­տի­ւը եւ բախ­տը ու­նե­ցանք ­Յու­նաս­տան գտնո­ւե­լու, ե­կող հանգ­րո­ւա­նին կ­’ու­զենք, որ աշ­խա­տանք տա­նինք տար­բեր եւ­րո­պա­կան եր­կիր­ներ այ­ցե­լե­լու, ին­չու չէ՝ ­Գա­նա­տա, Ա­մե­րի­կա, ուր որ հայ­կա­կան հա­մայնք ու­նինք։
­Մե­զի հա­մար հիմ­նա­կան է, որ ե­րաժշտա­կան ո­ճը զար­գաց­նենք, այն­պի­սի տեղ մը հասց­նենք, որ կա­րե­նանք ­Հա­յաս­տա­նը ներ­կա­յաց­նել։

Ու­րեմն դուք հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թեան վրայ վե­րամ­շա­կում կ­’ը­նէք, բայց նաեւ կը ստեղ­ծէք ե­րաժշ­տու­թիւն։

Ան­ցեալ տա­րի ­Գու­սան ­Հայ­կա­զու­նի խօս­քե­րով ե­րաժշ­տու­թիւն մը ձայ­նագրե­ցինք եւ դի­մա­տետ­րի մէջ մեծ թի­ւով դի­տում­ներ ե­ղան։
­Վի­տէօ ե­րիզ մըն ալ պատ­րաս­տե­ցինք, ան­շուշտ մեր սու­րիա­հայ ըն­կեր­նե­րու նկա­րա­հա­նու­մի օգ­նու­թեամբ։
­Հա­մեստ ե­րիզ մը՝ մեր կա­րո­ղա­կա­նու­թեան հա­մա­ձայն։ ­Պե­տա­կան կա­յան­նե­րէն կ­’ու­զենք ա­ւե­լի շատ մեր ներ­կա­յու­թիւ­նը ցոյց տալ։ Ո­րով­հե­տեւ մեր թի­րա­խը պէտք է ըլ­լայ ­Հա­յաս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը։

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն եւ բա­րի յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք ձեր աշ­խա­տանք­նե­րուն։

­Մենք ալ շնոր­հա­կալ ենք։

 

Նո­ւա­գա­խում­բի ան­դամ­նե­րու կեն­սագ­րա­կան ամ­փոփ գի­ծեր

­ Ճորճ ­Սար­գի­սեան (եր­գիչ)
Ծ­նած է ­Սու­րիա՝ ­Հա­լէպ քա­ղա­քին մէջ, 1975 թո­ւա­կա­նին։ ­Ման­կու­թեան տա­րի­նե­րէն կը սի­րէր եր­գել։ ­Յա­ճա­խած է ­Հա­լէ­պի հայ­կա­կան դպրոց ու ա­պա հայ­կա­կան-սու­րիա­կան երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րան։ Ան կ­՚եր­գէ հա­յե­րէն, ա­րա­բե­րէն եւ ա­րեւմ­տեան եր­գեր։ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ կ­՚ապ­րի 5 տա­րիէ ի վեր եւ կ­՚ամ­բող­ջաց­նէ իր ե­րաժշ­տու­թեան ու­սու­մը Ե­րե­ւա­նի մէջ։ «­Նուռ» նո­ւա­գա­խում­բի եր­գիչն է եւ ու­նի իր անձ­նա­կան եր­գե­րու ալ­պո­մը։

­ Շանթ ­Դա­նիէ­լեան (ջու­թա­կա­հար)
Ծ­նած է ­Սու­րիոյ ­Հա­լէպ քա­ղա­քին մէջ 1986 թո­ւա­կա­նին։ Ան սկսած է 5 տա­րե­կա­նէն ջու­թակ նո­ւա­գել՝ «­Բար­սեղ ­Կա­նա­չեան» ե­րաժշ­տա­նո­ցին մէջ ու ա­պա ա­ւար­տած է ­Հա­լէ­պի ե­րաժշ­տա­կան քո­լէ­ճը։ Ան նո­ւա­գած է զա­նա­զան ե­րաժշ­տա­կան խում­բե­րու հետ եւ մաս­նակ­ցած՝ հե­ռա­տե­սի­լի հա­ղոր­դում­նե­րու։ ­Կը նո­ւա­գէ դա­սա­կան, ա­րեւմ­տեան եւ ա­րե­ւե­լեան ե­րաժշ­տու­թիւն։ 2013ին Ե­րե­ւան հաս­տա­տուե­ցաւ եւ «­Նուռ» նո­ւա­գա­խում­բի ջու­թա­կա­հարն է։

­ Սար­գիս Ա­դա­մեան (ե­րա­ժիշտ)
Ծ­նած է ­Սու­րիոյ ­Հա­լէպ քա­ղա­քին մէջ 1977 թո­ւա­կա­նին։ ­Յա­ճա­խած է ­Սու­րիոյ պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­կան քո­լէ­ճը։ Ան ­Սու­րիոյ ա­րո­ւես­տա­գէտ­նե­րու միու­թեան ան­դամ ե­ղած է ու ­Սու­րիոյ պե­տա­կան հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան յօ­րի­նող ու ե­րա­ժիշտ։
2008-2012 թո­ւա­կան­նե­րու ըն­թաց­քին ան յօ­րի­նած ու ձայ­նագ­րած է զա­նա­զան աշ­խա­տու­թիւն­ներ։ Ու­նի տար­բեր ե­րաժշ­տա­կան ո­ճե­րու շուրջ 34 ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­ներ։ 2012 թո­ւա­կա­նին ­Սու­րիոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան պե­տա­կան մրցա­նա­կի թեկ­նա­ծու էր, 2013ին ­Գիւմ­րիի «­Վե­րած­նունդ» մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սարդ յօ­րի­նող­նե­րու մրցոյ­թին պա­տո­ւոյ գի­րի ար­ժա­նա­ցաւ։ 2013ին Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան շնոր­հա­կա­լա­գիր ստա­ցաւ (հա­յա­պահ­պան­ման, հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի տա­րած­ման եւ զար­գաց­ման գոր­ծով)։ 2014ին ­Գիւմ­րիի «­Վե­րած­նունդ» մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սարդ յօ­րի­նող­նե­րու մրցոյ­թի 3րդ ­դափ­նե­կի­րը ե­ղած է։