Սօս Վանի
Լուսինը այդ օրերուն թարմ էր աւելի, ու շա՛տ գրաւիչ: Կը սահէր երկինքի կապոյտ անհունութենէն՝ մանուկի մը հանդարտ ու պայծառ երազն ըլլար կարծես: Աստղերը սիրոյ խռովքէն աչուկնին կը գոցէին, կը պահուըտէին լուսինէն ծորող շամանդաղին ետեւը, ու չէին տեսնուեր: Երկինքը կը մնար միմիայն լուսնին. կը թրթռար, կը խնդար ու խաղեր կ‘ընէր: Իր ճառագայթները կը ցրցքնէր առատ ու հրաշալի: Այսպիսի պահերուն՝ իրենց թագստոցներէն դուրս կ՚ելլէին յաւերժահարսերը, կը պարէին, կամ՝ կը համբուրէին ծաղիկները:
Երկինքը՝ ծանր ու անօրինակ թուխսով: Հունձքը՝ հարազատօրէն եւ հոգիի խռովքովը կը խօսէր հողին հետ: Ծառերը զգայուն երաժշտութեան մը հրապոյրը կը բացատրէին: Գետակը՝ որ լուսնի շողերուն տակ կը նմանէր Խաչիկենց հարսի արծաթ կամարին, կը քսուէր իր ափերուն եւ անոնց համար կ’երգէր ջուրերու յաւիտենութեան երգը…:
Սէր կար երկինքի մէջ եւ երկրիս վրայ՝ որպէս առօրեայի ձանձրոյթը քաղցրացնող յոյզ, եւ կեանքի հոսումը դաշնաւորող օրէնք…: Վասնզի ՍԷՐԸ, որպէս բացարձակ տիրապետութիւն եւ ինքնավստահ իշխան՝ մտած էր արդէն ստեղծագործութեան վէպին մէջ, կը շարժառոտէր արարչական երկը…:
Սէրը, այն օրէն ետքը, աշխարհը լեցուց ապրումին ցանկութեամբ: Ասուններու եւ անասուններու մէջ դրաւ տարփանքի մոլեռանդ եւ աններող կիրքը: Ասոր համար էր որ մարդիկ եւ կենդանիները ճանչցան միայն մէկ հիւանդութիւն, սիրոյ հիւանդութիւնը, եւ գիտցան ամէն ինչ բացատրել սիրով եւ անոր յայտնաբերած իրականութեամբ:
Լուսինն ալ սիրեց, բոլոր սիրողներուն պէս: Տագնապեցաւ եւ ծիւրեցաւ: Դէմքը մոխիրի գոյն առաւ, վասնզի ընտրած էր սիրոյ ամենէն դժուար եւ հոգին հնհնցնող ճամբան, որովհետեւ լսած էր որ՝ բարդ ու թնճուկուած ՍԷՐԸ կը բերէ հաճելի եւ գինովցնող վայելքի մը տպաւորութիւնը:
Լուսինը կը տառապէր: Կը փնտռէր իր սիրականը ու չէր գտներ: Կու լար: Անոր արցունքին կաթիլները կ՚իջնէին խոտերու եւ բոյսերու վրայ. մարդը զանոնք ցօղ անուանեց, մարգարիտի պէս պտո՜ւղ-պտո՜ւղ, ջինջ ու պայծառ, անոնք՝ կը սնուցանէին, կը թարմացնէին բուսականութիւնը:
Գիշեր մը, լուռ ու խոհական: Լուսինը գտաւ իր սիրուհին, Գիւղին Հարսը, ան՝ որուն մորթը ծաղկած վարդաստանի մը բուրումն ունէր, եւ միսը, մեղրածծուկի չափ հաճելի. ան, որ աչքերուն մէջ սիրոյ մեղրին խռովքը կ‘ապրէր՝ տարփածու աստուածուհիի մը անթերի կատարելութեամբ:
Գիւղին հարսը դուրս ելած էր իրենց տունէն, նստած էր լճափը: Գիշեր: Դաշտերուն մէջ զովութիւն կար: Հարսը լճակին քաղցրանուագ մրմունջներէն՝ իրեն համար սիրերգութիւն կը հիւսէր ու զայն կը գունաւորէր երեւակայութեան վառ-վառ գոյներովը:
«Անուշ է ՍԷՐԸ: Անոր յուշն անգամ կը կենդանացնէ արուին կեանքը, անզսպելի ոյժին եւ յանդգնութեան կրակովը կը լեցնէ զայն:
«Առինքնո՜ղ, խենթեցնող է ՍԷՐԸ, որ հրաբորբ երեւակայութեան մը պճնազարդ սկիհովը կը մատուցուի: Անոր տեսքը հեշտագրգիռ է եւ միսը՝ լիացնող. ո՛վ որ անգամ մը զայն վայելեց՝ այլեւս չի կրնար մոռնալ, ու միշտ պիտի փնտռէ զանիկա:
«Սիրոյ բոյրը հոգիները կը ծանրացնէ: Առանց սիրոյ՝ կեանքը յաւիտենական գիշեր մըն է, վիշտը զարկած է անոր արեւը: Երգը չի կրնար բխիլ հագագներէն ու կտուցներէն մինչեւ որ Սէրը իր քաղցր օծութեամբը չգրգռէ զանոնք, հոն չարթնցնէ արուեստին յոյզը. բառն ալ պիտի դժկամակի լեզուի վրայէն սահիլ, քաղցրանալ՝ քանի որ անոր կը պակսի սիրոյ խռովքը:
«Երբ երաշտ է՝ արեւը կը մրկէ հունձքը, կը խանձէ ծաղիկներն ու բոյսերը: Կուգայ անձրեւը: Օրհնեա՛լ ըլլայ անձրեւը, որ կ՚իջնէ երկրիս վրայ՝ կեանքի յորդութեամբ: Սիրտը առանց սիրոյ՝ խանձած ծաղիկն է ու մրկած հունձքը…: Օրհնեա՜լ ըլլայ մանաւանդ սիրոյ անձրեւը… երազի մը չափ քնքուշ, արուեստին չափ անթերի. երբ սիրտին յատակը կ՚իջնէ՝ հոն կը դնէ ուժականութեան կիրքը եւ յանդգնութեան բոցը, կը հասունցնէ բառը եւ զայն կը ծանրացնէ իմաստով…:
«Հաճոյական իշխանուհի՜, ՍԷՐը, ան՝ որ կը հագնի թանկարժէք հանդերձանքը պատրանքին, մեզի կը ներկայանայ պճնուած տարփանքովը ապրուած վայրկեանին ու կը խենթեցնէ մեզ: Ու մենք՝ անոր ետեւէն կ‘երթանք այն գառնուկին նման, որ իր տիրոջ կը հետեւի՝ վասն զի անիկա իր ափին մէջ փունջ մը թարմ խոտ ունի…:
«Սէրը պէտք է կարդալ ամբողջական երկի մը պէս, իր միջավայրին հարազատութեան եւ բխման պայմաններուն համեմատ: Ով որ չի՛ պրպտեր Սիրոյ Տան բոլոր սենեակները եւ չի ճանչնար անոնց մէջ զետեղուած առարկաները՝ դժբախտ մըն է: Յաւիտենակա՛ն դժբախտ մը: Սէ՛ր, ո՛վ առնական աստուածութիւն. սիրտերու երկնակամարին վրայ յածող արեւն ես…:
«Սէ՜ր, քու ձայնդ կը թմրեցնէ զիս, ո՛վ իմ հոգիիս բուրումնաւէտ ծաղկաստանին վրայ իր ցօղն ու զովութիւնը գնող գեղեցկութիւն…»:
Լռեց երգը:
Լռած էին նաեւ երկինքն ու երկիրը: Սիրերգութեան ջերմութիւնը զարկեր էր մօտակայ պարտէզը՝ ուր ռեհանները կը հոտէին, յորդութեամբ ու ժխորով կը փլէին, ինչպէս հինցած պատ մը՝ ճամբուն վրայ: Կը խայտա՜ր ծիրանի ծառը, որուն պտուղները թարմ էին վեշտասնամեայ աղջկան մը այտերուն պէս եւ արեւագոյն փայլով: Ծիրանին մրգաստաններու Գիրք Ծննդոցին պատմութիւնը կ՚ընէր նորատունկի մը՝ որ տակաւին չէր գիտեր ծառերու անցեալը եւ բոլոր այն բաները, որոնք կը կազմէին պտղատու ծառերու ցեղային հպարտանքը…:
Պարտէզը կը գունափոխուէր եւ կը լիանար խորհուրդով, իմաստի նոր ձեւ ու տարազ կը ստանար: Ընկուզենիները կը տիրապետէին միջոցին: Թթենիները վէճի բռնուեր էին սալորենիներուն հետ: Եղրեւանին իր ծաղկած ողկոյզները՝ հարսի մը լեցուն ստինքներուն նման կախեր էր իր շուքէն անցնող առուակին վրայ… անոնց բարկ հոտը թե՜լ-թե՜լ կը քակուէր ու կը հալէր ջուրերուն մէջ ու ծաղիկներուն վրայ:
Վերստին կը պայթի գիւղի հարսին սիրերգութիւնը:
«Է՜գը, միշտ է՜գը, իմաստուն եւ հաճելի, գեղեցիկ եւ անպարտելի՝ միշտ եւ ամէն տեղ: Որքա՜ն արգահատելի են սա արուները: Առանց կնոջ՝ կեանքը անապատ պիտի ըլլար, եւ արեւուն՝ անոր մէջ թափառող յիմար մը»:
«Որքա՜ն ուրախ եմ կին ծնած ըլլալուս համար: Ես՝ ձանձրոյթը կրնամ լեցնել հրճուանքով, ու կեանքը երջանկութեան միջուկով: Կը բանիմ գեղեցկութիւն եւ հաճոյք: Ես՝ մարմնաւոր խորհուրդն եմ սէր կոչուած յաւիտենական տագնապին, որուն ինքնայօժար ենթարկուիլ կ՚ուզեն ո՛չ միայն հասարակ մահկանացուները, այլնաեւ տիրակալող աստուածները:
«Անառակ եմ, քիչ մըն ալ չար, որովհետեւ կը սիրեմ: Կը սիրեմ՝ որովհետեւ կը փափաքիմ տանջել ու խոնարհեցնել արուն, կը ցանկամ պայթեցնել արուի մը սիրոյ բոլոր մթերանոցները, անոնցմէ պարպել տալ տարփանքի ամբողջական գումարը, քամել տալ մինչեւ յետին կաթիլը… շինել ծով ու ովկեան, ապա՝ սիրոյ նոր եւ աններելի արկածախնդրութեան մը կարօտովը մէջ նետուիլ ու լողալ ոգեսպառ եւ խելայեղութեան մը ամենէն տարօրինակովը:
«Կ՚ուզեմ վտանգներուն դէմ-յանդիման գալ, մահուան մէջ՝ մահը համբուրել: Վերջապէս տառապիլ՝ տասնապատիկ անգամ տառապեցնելու համար քեզ»:
Գիշերուան երրորդ պահն է: Նորէն կ՚ընդհատի հարսին սիրերգութիւնը: Պարտէզը ծանրօրէն կը քնանայ, սիրոյ երազը փայփայելով եւ անոր տարբերակները համբուրելով: Լիճը պերճաղիճի մը մարմնին փափկութեամբ եւ անոր հարուստ բուրումովը տարածուեր էր պարտէզին երկայնքը, ջուրերը կ‘օծուէին խորհուրդին անբացատրելի իւղովը: Ծառերու սլսլուքը եւ հարսին սիրերգութիւնը կախարդեր էին լիճը: Սիրոյ յոյզը զարկեր էր նաեւ գիւղը:
Յոգնած գիշերը՝ պառաւի մը «լորլոմ» ծիծին պէս թոյլ, կախուեր էր երկրին վրայ: Կարկամեր էր գիւղին ճամբան, ուրկէ սիրամոլ ու անառակ հարսը եկած էր լսելու իր հոգիին կարծիքը՝ անշօշափելի ու վերացական սիրոյ մասին:
Գիւղին Հարսը յագեցած էր մարմնաւորներու սէրէն: Բառերու հետքով եկած սէրը կ‘ատէր: Կը խորշէր խորհուրդ եւ հանգոյց չունեցող սէրէն: Գիւղին Հարսը փնտռէր էր նիւթէն խոյս տուող սէրը, որ կուգայ հեւքի եւ տքոցի ուղիովը, որպէս խայթող օձ ու կարիճ, որպէս մահաբեր խորշակ եւ հոգին տառապեցնող ցաւ: Հարսը իր սիրտը ջերմացուց երազին կրակովը, հոգիին մէջ աճեցուց փնտռուած ու չգտնուած սէրը, ասոր համար փախաւ իր փեսային ծոցէն ու գիշերով եկաւ լճափը նոր սիրերգութեան մը ի խնդիր:
Գիւղին Հարսը բոցավառ ջահ մըն էր: Հին արուեստներու յղացման պէս հարուստ էր անոր մարմինը: Գիշերը ծանրացած՝ անձրեւ ունեցող ամպերու պէս: Սէրէն թուլցեր էր ամէն ինչ: Խոնջած էր նաեւ Գիւղի Հարսը. անիկա քնացաւ լճակին ու պարտէզին մէջտեղը:
Եւ խորո՜ւնկ քնացաւ:
Գիշերուան չորրորդ պահն էր: Լուսինը երեւցաւ լերան մը կողէն, զգուշաւոր եւ շունչ բռնած՝ բարձրացաւ, երկրին վրայ փնտռեց իր սիրուհին, զայն գտաւ քնացած վիճակին մէջ, պարտէզի ու լճակի մէջտեղը: Խնդաց ու բերկրեցաւ լուսինը, իր շողերը մէկտեղեց. պարան շինեց, ու հարսին մէջքը անցուց, որ վեր քաշէ, տանի երկինքը ու միասին ապրին իր եթերային պալատներու մէջ:
Հարսը կը քնանար…:
Կուրծքին մէջտեղը կը հանգչէր Սիրոյ Գիրքը: Լուսինը վեր քաշեց զգուշութեամբ, որ չարթնցնէ իր սիրուհին, մանաւանդ չցաւցնէ անոր մէջքը…: Քաշեց շունչը բռնած եւ փափկութեան ամենէն նուրբովը, բայց շողէ պարանը փրթաւ յանկարծ ու հարսը ինկաւ լիճին մէջ, ծանծաղուտ տեղ մը…:
Լացով ու տխրութեամբ՝ լուսինը իջաւ լճեզրը, փնտռեց իր սիրուհիին ջրախեղդ դիակը, մատը միայն գտաւ, անիկա՝ ջուրէն դուրս տնկուեր էր մոմի մը դիրքովը: Լուսինը իր շրթունքները դպցուց հարսի ցցուած մատին, համբուրեց զայն՝ սիրոյ բարկովը եւ հոգիի ջերմութեամբ, համբոյրէն եւ սիրոյ հրաշքէն՝ մատը ծաղիկի մը փոխուեցաւ, որ անկէ վերջ կոչուեցաւ «հարսնեմատ», ճերմակ թերթերով եւ հրաշագեղ տեսքով ծաղիկ մը՝ որ այն օրէն ի վեր կը գեղեցկացնէ ջուրերու համայնապատկերը, ու նոր խորհրդաւորութիւն կը հագուեցնէ անոնց աննման ու գերհզօր թագաւորութեան…: