ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
1918 թուականը լուսաւոր փարոս մը եղաւ հայ ազգի պատմութեան մէջ։ Եթէ մէկը կը կարծէ, թէ սխալ բան մը կ’ըսենք, կամ սովորական քարոզչութիւն կը կատարենք, թո՛ղ խօսի, թո՛ղ գրէ։ Թերեւս հանրապետութիւնը քիչ մը աւելի կը պաշտպանուի։
Ընթացիկ համարուող հարցադրումը՝ ազգային կամ քաղաքական երկընտրանք ստեղծելու միտում չունի բնաւ։ Անձնապէս համոզուած եմ, որ բոլոր հայերը միեւնոյն ձեւով կը մտածեն, միեւնոյն ձեւով կը զգան մեր պատմութեան մէջ ստեղծուած՝ Հայաստանի ազատ ու անկախ Առաջին Հանրապետութեան համար։ Կ’ըսենք այս, պարզապէս ընդգծելու համար, որ 1918ի հանրապետութիւնը քիչերու հայրենիք մը չեղաւ, այլ՝ բոլո՜ր հայերու հայրենիքը, բոլո՜ր հայերու հանրապետութիւնը։ Վստահաբար, ա՛յս է պատճառը, որ այսօր հոգեկան անսայթաք հպարտութեամբ, հայրենիք եւ սփիւռք կ’ոգեկոչենք, կը տօնակատարենք, կը պանծացնենք անոր հիմնադրութեան 100ամեակը։
Եկէք ընդունինք. ինչ որ 1918ին հրամցուեցաւ հայ ժողովուրդին, այսօր՝ մեր 26ամեայ նորագոյն հանրապետութեան՝ անկախութեան պարտադրած թմրութեան ու բնական թէ որոշ պարագաներու անբնական համարուող ազգային ժառանգականութեան մը արգասիքն է։ Հայ ժողովուրդը արդար գոհունակութեամբ կ’ըմբոշխնէ լիովին իր հերոս զաւակներու արեամբ ստեղծուած, պահպանուած ու ամրակայուած այս փոքրիկ հողատարածքը, մինչեւ որ հասնինք մեր ցանկացած դարաւոր երազին՝ ազատ, անկախ հայրենիքը համալրելու հայ նոր սերունդներու տեսլականը հանդիսացող միացեալ ու ամբողջական հայրենիքի կազմաւորումին։
Աւելի վեր, հարցադրում մը կը կատարէի, 1918ին ստեղծուած մեր Առաջին Հանրպաետութեան մասին։ Ակնարկութիւնը՝ առանց հին եւ տխուր վկայակոչող ժամանակները թերահաւատութեան մատնելու, կը միտէր պարզապէս յիշեցնելու, որ մեր հանրապետութեան անկումէն ու խորհրդային կարգերու բռնահաստատումէն 70 տարի շարունակաբար, լռութեան պառակտիչ պատ մը բարձրացաւ, իր տեսակի, ոճի, բնոյթի բացասականօրէն սպասելի թէ անսպասելի՝ բոլորին ծանօթ հետեւանքներով։ Ամէն ինչի համար բոլորս համաձայն չենք կրնար ըլլալ։
Լռութեան պատերը պատմութեան մէջ, միշտ ալ ժխտական շարժառիթներու պատճառ ու հետեւանք կ’ըլլան, եւ իբրեւ այդպիսին, չեն կրնար գիտակցականօրէն քաղաքականացած ժողովուրդներու յարգանքին ու գնահատանքին արժանանալ։ Ալ, ո՜ւր մնաց որ…
Ազգերու պատմութեան մէջ հանրապետութիւններու հիմնադրութիւնը առիթ է վերագնահատելու եւ վերարժեւորելու հայրենիքներու անցեալի, ներկայի ու ապագայի իրավիճակը եւ անկէ ծնունդ առնող տեսլականային հեռանկարներ եւ գոյութենական հրամայականներ, որոնք մեր առջեւ ճնշիչ ձեւով կը բանան հայ քաղաքական մտածողութեան նորանոր ու յուսալի տեսադաշտեր ու նուաճողական հորիզոններու յանգելու ակնկալութիւններ։
Այսօր, անկախացած հայրենիքի եւ մասամբ՝ ժամանակակից ոստումներով ինքզինք վերահաստատել փորձող,- միաժամանակ այլ մարզերու մէջ նահանջողականութիւն պարտադրող՝ դիւրին, յարակցօրէն նաեւ բարդ, անհակակշռելի կացութիւններ ստեղծուած են, որ հետզհետէ կը բազմանան ու կը դժուարացնեն հայու ներքին թէ արտաքին համարուող կեանքի հոսքն ու գոյատեւման հէնքը։
Տեսնե՛նք իրապաշտութեամբ առօրեայով ապրող ժամանակներէն բխող հրամայականներ, որոնք պէտք է ենթարկուին հասարակաց ու ընդունելի տրամաբանութեան մը։
Անցնող 100 տարուան ազգային-գաղափարական-քաղաքական-հասարակական-մշակութային բնորոշիչ թէ տատանող ոլորտներու համընկնող հայաշխարհի իրաւապատկերը՝ ամէն ժամանակի չափ ու ամէն ժամանակէ աւելի՝ կուգայ իր հրամայական պահանջներէն բխող հարցականներ ստեղծելու հայութեան գոյութեան, աւելի ճիշդ՝ հայութեան ինչպիսի՞ բիւրեղ գոյութեան իրապաշտ տեսադաշտի մը կապակցութեամբ։
Իրօ՛ք. ինչպիսի՞ երկիր կը ստեղծենք, կամ՝ ինչպիսի՞ երկիր կ’ուզենք ստեղծել։
Իրօ՛ք. ինչպիսի՞ հայ կը ստեղծենք, կամ՝ ինչպիսի՞ հայ կ’ուզենք ստեղծել, երբ անհրաժեշտ չափով եւ ստեղծագործական տենդով չենք զարգացներ նոր մարդոց երազները։
Փաստօրէն կը խուսափինք խաբկանքներու, կամ հինէն որդեգրուած, նուիրականացած ու մեր ժամանակներուն ընդելուզուած անցեալի ուրուականներուն մասին խօսելու, վիճելու, հիմնաւորումներ թէ հաստատումներ կատարելու փորձութենէն։ Հոս անձերու, եղելութիւններու թէ կացութիւններու փութկոտ գովասանքներ շռայլելու, կամ մասնակի յաջողութիւններու ջատագովումներ կատարելու եկած չենք, ոչ ալ ազգային ու քաղաքական սխալներ ու ձախողութիւններ գործած մարդոց քննելու, դատելու, պատժելու։ Եկած ենք, մաքուր ու անկեղծ սրտով մեզ տառապեցնող խնդիրներուն լուծումներ որոնելու։
Տեսէ՛ք. հայը մեր օրերուն, Հայաստանի պողոտաներու վրայ ազատ ու համարձակ կը քալէ, կը խօսի, կը վիճի, կը քննադատէ։ Միանգամայն՝ կ’երազէ նոր ու աւելի բարգաւաճ ապագայի մը մասին։
Մտաբերա՞ծ ենք երբեք, թէ ազատ ու անկախ հանրապետութեան յաջորդող երազը ինչպէ՞ս կ’ըլլայ. ըսել կ’ուզեմ՝ ինչպէ՞ս կը բնորոշուի. մինչեւ ո՞ւր կը հասնի։ Ո՞րն է երազուած հայրենիքի հասկացողութեան սահմանին ըմբռնումը։
Հայաստանի պետականութեան չարչարուած իմաստին մասին քննարկումներ կատարելով ի՞նչ կը հասկնանք. նո՞յն բանը կը հասկնանք։ Ո՞ւր կը յանգինք. ո՞ւր կրնանք յանգիլ։ Արդեօ՞ք «հանրապետական պետութիւն» ըսելով զանազան ու տարբեր ըմբռնումնե՞ր կան մեր միջեւ, կամ մեզմէ դուրս, մեր ներքին շրջապատէն, թէ պետական շրջապատէն ներս, ուր մեզի չափ, կամ մեզմէ աւելի լուրջ ու խոհուն մտածող հասարակութիւններ կան։
Պետականութեան ընդունելի որակի ըմբռնումը աւելի քան հրամայական էր նորանկախ հանրապետութիւններու դաստիարակչական ընկալման ու գոյատեւման համար։
Հանրապետութիւնները, մանաւանդ նորանկախները, պարտին երեւցող վերանորոգ տարազի մը ցուցանիշը տալ՝ գործնական ձեւով, ամէն օր, ամէ՛ն ժամ, դատի տակ եղող «ամբաստանեալին» պէս։
Հանրապետութիւնները միայն ոգեշնչող ճառեր, իրար կրկնուող լոզունգներ ու արբշիռ հռետորութեամբ յագեցած նշանախօսքեր չեն։ Վստահաբար աւելին, կամ աւելի ճիշդ՝ խորքային ուրիշ բաներ ալ են։
Հայաստանի հանրապետականացումը աւելի քան կարեւոր է Սփիւռքի համար մանաւանդ, յատկապէս ներկայ հանգրուանին, երբ Սփիւռքը դիմագիծ կը փոխէ, նոր ինքնութիւն կը ստանայ։ Իսկ եթէ չի փոխեր, պէտք է աճապարէ փոխուելու, իր ապագայ գոյութեան ներդաշնակութիւնը պահպանելու համար համաշխարհային հասարակութեան կանոններուն «հետեւելով»։
***
1918ի պատերազմը եւ Արցախի այսօրուան պատերազմը էութեան մէջ նոյն, թէ նոյնանման նպատակներու թելադրականութեամբ առաջնորդուելով հանդերձ, ներկայ ժամանակներուն տեղի կ’ունենայ ընկերային առանձնայատուկ յեղափոխականութեան մը տարբեր պայմաններէ ու պահանջներէ բխող մեկնակէտներով։ Անցեալի ճակատամարտը այսօրուան նպատակը չունէր, բայց ունէր նոյն իմաստը։
1918ին ստեղծուած հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի այսօրուան հանրապետութիւնը եւ պետականութեան գործընթացը տեղի կ’ունենայ տարբեր ու տարբերակուած պայմաններու տակ։
Հայերուն համար պատերազմը, նոյնքան մըն ալ խաղաղութիւնը միշտ ալ անհրաժեշտութիւն մը պիտի ըլլայ։
Մարդիկ թէ պետութիւններ, ի մասնաւորի համաշխարհայնացման մեր ժամանակներուն մէջ կ’ըսեն, թէ աշխարհի սահմանները կը բաժնեն երկիրները. ուրիշներ ալ կը պնդեն թէ՝ կը միացնեն։ Ոմանք համոզուած են, որ միացումը ասկէ կը սկսի, ուրիշներ ալ, թէ անկէ կը սկսի՝ բաժանումը։
Այսպիսի գաղափարներու տարբերականութիւնը ո՞ւր կրնայ յանգիլ, ո՞ւր կրնայ ապաստան գտնել։ Այս յանկերգի իրականութեան ու կեղծիքի ըմբռնողութեան սահմանը ուրկէ՞ կը սկսի, ո՞ւր կը յանգի…։
***
Աշխարհի հանրապետականացած երկիրներուն մեծամասնութիւնը, իրենց սկզբունքային որոշումները ժողովրդավարական պատմուճանով զինելու համար յաճախ՝ տկար, սխալ, բացարձակ ու հակահանրապետական միջոցներ ալ կը կիրարկեն, տագնապի համեմատութիւններու եւ ուժերու (ան)հաւասարութեան մակարդակներով շփոթելով ու շփոթեցնելով։
Հանրապետութիւններ եւ հանրապետական կառոյցներ՝ նախ եւ առաջ իրենց անունը պէտք է ունենան։ Առանց առաքինի անունի եւ համբաւի, առաքինացած հանրապետութիւն չ’ըլլար, ինչպէս ժողովրդավարական հայրենիքներ, առանց ժողովրդավարականացած գործելակերպի չեն ըլլար։ Մարդիկ ազատ պէտք է ծնին, ազատ պէտք է մեռնին։ Այս երկուքն ալ փխրուն մատիտով կարելի չէ արձանագրել։
Ազատութիւնը միայն պատերազմներու խորհրդանիշ չէ, այլ նաեւ՝ հոգեմտաւոր խաղաղութեան արժէքներու եւ չափանիշերու։ Ազատութեան արժէքը զայն իւրացնելու մէջ կը կայանայ, ոչ միայն ձեւին, այլ էութեան հետ կապուած է, իսկ անոր խորքային կիրարկումն ալ՝ դաստիարակութեան։
Մեր ժամանակներուն, մեզմէ ո՞վ խիղճի ամենայն հանգստութեամբ կրնայ ըսել, թէ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող ծուռ բաներ չի տեսներ, չի հասկնար։ Պետութիւններ ու կառավարութիւններ տարբեր-տարբեր հակաժողովրդավար ու կոտոշաւոր անարդարութեան միջոցներով գործեր կը տեսնեն, յանուն հանրապետութեան, յանուն ժողովրդավարութեան, երբ մանաւանդ փակ դուռներու ետին որոշումներ կը կայացնեն։
Պարզենք մեր մտածումները քանի մը խօսուն, իւրայատուկ ու մերթ զարմանք պատճառող օրինակներով.-
Քանի մը տարի առաջ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան շնորհուեցաւ խաղաղութեան ամբողջական մրցանակ։ Անձնապէս չհասկցայ երբեք, թէ այդ մրցանակը իմաստուն, քաղաքակրթական, մարդասիրական ո՞ր խաղաղութեան համար արժանի համարուեցաւ.- Սերպիոյ ռմբակոծումներու կտրուկ ու խստագոյն որոշմա՞ն համար. Աֆղանիստանի, Լիպիոյ, Սուրիոյ, Իրաքի, Սէուտական Արաբիոյ, Լիբանանի եւ Եմէնի, Արաբական Գարնան դիմաց հանդիսադրած քաղաքականութեա՞ն, Ուքրանիոյ, Խրիմի թէ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հանդէպ ցուցաբերուած հանդուրժողութեա՞ն համար։ Յստակ թո՛ղ ըլլայ. քսան տարիէ աւելի կը գրեմ այս մէկը. Եւրոպական Միութիւն չկայ. եւրոպական շահեր կան, շատ յաճախ՝ շատ սխալ շահեր, հաստատելով որ քաղաքական արժէքները միշտ ալ ամէնէն ընտրեալները չեն ըլլար։
Արժանընտիր Նոպէլեան մրցանակ շնորհելու միեւնոյն թիւր մղումներով՝ 2012ին չինացիի մը գրականութեան Նոպէլ շնորհուեցաւ։ Ենթական մրցապարգեւը ստացած միջոցին արտասանած իր խօսքին մէջ՝ ո՛չ իսկ մէկ բառ դրսեւորեց իրմէ առաջ՝ ստեղծարար մտքի ու գործի անկաշկանդ արտայայտութեան համար Նոպէլեան մրցանակի արժանացած իր մէկ համաքաղաքացի չինացիի մը մասին, որ տարախոհի հանգամանքին համար իշխանութիւններու կողմէ բանտարկուած կը պահուի։
Ժամանակակից ժողովրդավարութեան նոյնանման (ան)սկզբունքներէ թելադրուած՝ Նոպէլեան մրցանակներու արժանացան Ճորճ Պուշը, Հօ Շի Մինը, Հենրի Քիշինճըրը։ Նախկին Եուկոսլաւիոյ Սերպրէնիցայի մէջ, սերպ զօրավար Մլատիչի գործադրած ջարդը գիւղի մը մահմետական բնակչութեան դէմ ցեղասպանութիւն բնորոշուեցաւ Եւրոպայի, Ամերիկայի ու Եւրոպական դատարանին կողմէ, իսկ ամբողջ ժողովուրդի մը՝ հայ ժողովուրդին դէմ կանխամտածուած ցեղասպանութիւնը ամբողջ մարդկութեան կողմէ չի դատապարտուիր, եւ զայն գործադրող պետութիւնը դեռ կ’ուրանայ, կը ժխտէ ու անպատիժ կը մնայ։
Կ’երեւի արդարութեան տրամաբանութիւնը եւ անոր յաջորդող քաղաքական-դիւանագիտական համեմատութիւնները բացասական մրցակցութեան մը բաղդատական ու յուսահատեցնող նոր եզրեր սկսած են բնորոշել։ Իսկ 1932ին, Յունաստանի վարչապետ Էլէֆթերիոս Վենիզելոսը՝ Փոքր Ասիոյ Աղէտէն տասնամեակ մը ետք (1922), ուր հայ եւ հելլէն բնակչութիւնը արեան մէջ խեղդուեցաւ, իր ժամանակի քաղաքական նկատումներով Մուսթաֆա Քեմալը խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի թեկնածու առաջադրեց։
Կ’երեւի այն ատեն ալ ցեղասպաններուն քաղաքական երախտագիտութիւն կը յայտնուէր օրուան քաղաքական հաշիւները կշռելով՝ չհաշուելով, որ այդպիսի առաջարկի մը պատասխանատուութեան բեռը որքան ծանր կը կշռէ։
Տեսէ՛ք տարբերութիւնը։ Նիւրէմպէրկի դատավարութեան ընթացքին հանդիսադրուեցան 60.000 էջ կազմող վաւերական փաստաթուղթեր, որոնք կը պարզէին դեղագործական քարթէլներու կողմէ պատրաստուած հակամարդկային ու մարդասպանական վնասներ պատճառող շիճուկներու հսկայական տուեալներ, որոնք ապսպրուած էին նացիական վարչակազմին կողմէ՝ մարդիկ ոչնչացնելու, իրենց մարդակազմական ջղային դրութիւնը ջլատելու, ուղեղներու կենսաբանական հաւասարակշռութիւնը խախտելու ու անոր փոխարէն արիական ցեղի ծինային բջիջներու անհամեմատ ու «որակային» բարձրացման ակնկալութեամբ։
Ո՛չ դեղագործական քարթէլները դատապարտուեցան, ոչ ալ այդ փաստաթուղթերը յայտնաբերողները մրցանակներու արժանացան։
Այս բաները, աւելին՝ ցեղասպանութիւններն ու ողջակիզումները ինչպէ՞ս պիտի ջնջուին մարդկային յիշողութենէն, երբ մրցանակները քիլոյով կը տրամադրուին ատոր դիմաց չնչին ծառայութիւններ մատուցած մարդոց։ Մինչդեռ մրցանակներու գերարժանի հերոսներ անանուն կը շարունակեն մնալ։ Խաւարամտութեան դէմ պայքարելու համար դարեր կ’ուզէ։
Եզրափակենք. 1918ին նահատակուած հազարաւոր հերոսներ ո՛չ անունի, ո՛չ շքանշանի, ո՛չ արձանի կամ կիսանդրիի արժանացան։ Անոր կարիքը չունէին արդէն։ Իրենց միտքէն ալ այդպիսի բան չէր անցներ։
Իրական հերոսները ազգերու գոյատեւման երաշխիքը կուտան, իսկ կեղծ ղեկավարներ կը փճացնեն հայրենիքները։
Ասոնք են մեր կեանքի մեծ պահերը։ Հանրապետական կարգեր անտեսող պետութիւններ երկար կեանք չեն կրնար ունենալ։
Անկախութեան առաքինութիւնը իր դերը երբեք պէտք չէ վերջացնէ, մինչեւ որ կաւէ ոտքերով հանրապետութիւնները պողպատեայ ոտքերով օժտուին…։