­Յով­սէփ ­Պա­րա­զեան

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թիւ­նը՝ -գրա­ւոր թէ բա­նա­ւոր իր զար­գաց­ման մա­կար­դա­կով, մա­սամբ կար­ծես թէ մոռ­ցո­ւե­լու են­թա­կայ է։ Այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան զու­գա­դի­պող այս տա­րո­ւան 100ա­մեա­կի պա­տեհ ա­ռի­թը անոր ար­դա­րա­ցի ու ար­ժա­նա­ւոր տե­ղը վե­րա­կանգ­նե­լու վրայ է, քա­նի որ տո­ւեալ նիւ­թի ու բո­վան­դա­կու­թեան պատ­մա­գի­տա­կան լիա­ռատ ու­սում­նա­սի­րա­կան ար­խիւ­նե­րը չեն պակ­սիր բնաւ, շնոր­հիւ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան վա­ւե­րագ­րու­թեան սէր ու վկայ­կու­թիւն ու­նե­ցող մար­դոց, ո­րոնք յատ­կան­շո­ւե­ցան ի­րենց ան­վե­րա­պահ մաս­նակ­ցու­թեամբ, նաեւ՝ ա­րե­՛ան մաս­նակ­ցու­թեամբ։
Ե­կէ՛ք, ժա­մա­նա­կը 100 տա­րի ետ դարձ­նենք, պատ­մու­թեան նկար­նե­րը քով-քո­վի դնե­լով։ ­Հա­սա­րա­կաց ա­ռօ­րեա­յի մեր ապ­րած պայ­ման­նե­րը շատ ան­գամ կը ստի­պեն, որ շեշ­տա­կիօ­րէն զգանք, թէ ա­մէն բան կը կորսնց­նենք մեր կեան­քէն, յա­ճախ ակն­թար­թի մը մէջ։ Եր­բեմն սա­կայն, կոր­սո­ւա­ծին տա­րո­ղու­թիւ­նը հան­դուր­ժե­լու դժո­ւա­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի բարդ ու կնճռոտ կը դառ­նայ, քան թէ մար­դոց ժա­մա­նա­կա­կից մար­տահրա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւե­լը, ո­րոնք կո­չո­ւած են ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն յաղ­թա­հա­րե­լու յա­րա­փո­փոխ կա­ցու­թիւն­նե­րու պար­տադ­րած չկա­մու­թե­նէ բխող ե­ղե­լու­թիւն­ներ։
­Կո­րուս­տը զա­նա­զան ձե­ւե­րով կը դրսե­ւո­րո­ւի։ ­Պատ­մա­կան կո­րուս­տը առն­չո­ւած է պատ­մա­կան մեր­ժու­մին հետ։ Երբ մեր­ժում ու­նիս ազ­գա­յին գե­րա­գոյն ի­մաս­տի մը հա­մար, կը դադ­րիս տրա­մա­բա­նօ­րէն ճիշդ մտա­ծե­լէ, ճիշդ դա­տե­լէ, ճիշդ գոր­ծե­լէ։
Եւ այս­պէս, 1918ի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը այ­սօ­րո­ւան ի­մաս­տը չու­նէր։ ­Պատ­մա­կան դէպ­քե­րը պէտք է գնա­հա­տել ի­րենց ժա­մա­նա­կին մէջ ա­ռանց յայտ­նա­գոր­ծում մը ը­րած ըլ­լա­լու յա­ւակ­նու­թեան։
Ան­կախ հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը կը հաս­տա­տո­ւին շնոր­հիւ ազ­գի մը ու անոր հե­րո­սա­կան զա­ւակ­նե­րուն պատ­մա­կան, մար­դաշ­խար­հագ­րա­կան կազ­մա­ւո­րու­մի մշա­կոյ­թին հետ։ Մ­շա­կոյ­թը ա­մէն պա­րա­գա­յի կը լու­սա­ւո­րէ հայ կեան­քի տե­սակ մը, հարկ ե­ղած չա­փով չար­ժե­ւո­րո­ւած պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը հա­տո­ւա­ծին, ու ա­նոր դի­մաց՝ տար­տամ յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ բա­ցո­ւող հանգ­րո­ւան­նե­րու է­ջերն ու բա­ժա­նում­նե­րը՝ յայտ­նի թէ նո­ւազ յայտ­նի տա­սը տաս­նա­մեակ­նե­րու պատ­մա­կան ան­պա­րագ­րե­լի ար­ժե­ւո­րու­մով։
­Հայ­րե­նա­սէր­նե­րը, ի­րենց կեան­քը նո­ւի­րա­բե­րած եւ մա­հո­ւան հետ հաշ­տո­ւած զի­նո­ւոր­նե­րը նշո­ւե­լու, պատ­մու­թեան պարզ է­ջե­րուն մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու ի­րա­ւունք չու­նի՞ն։ Ի­րա­ւուն­քը միայն ու­րի­շի՞ն հա­մար է…։
1918ը մեզ կը ճամ­բոր­դէ 100 տա­րի ա­ռաջ, ան­գամ մը եւս մեր առ­ջեւ բա­նա­լով իր հա­րիւ­րա­մեա­կի ներ­հա­յե­ցո­ղա­կան աշ­խար­հը, որ հու­րի ու սու­րի ճա­նա­պար­հով դրոշ­մեց իր կեան­քը գերբ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան զգօ­նու­թեամբ։
­Հա­րիւ­րա­մեա­կով՝ պատ­մու­թիւ­նը դար­ձեալ կը գրո­ւի, եւ յոյ­սի յայ­տա­րա­րը կը մնայ բարձր մա­կար­դակ­նե­րու վրայ։
­Հոս պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը ժա­մա­նակ ու ա­նուն ու­նի։ ­Պա­տե­րազ­մը սկսե­լէ ա­ռաջ պե­տու­թիւ­նը հասկ­ցած էր, թէ յա­ջոր­դող հանգրո­ւա­նը վար­դե­րով ցա­նո­ւած չէր իր ճամ­բուն առ­ջեւ, այլ ա­րիւ­նով։ Եւ ա­րիւ­նը այդ պատ­մու­թեան կնիքն էր։ Այդ կնի­քը դրոշ­մող հողն էր։ ­Հո­ղի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնն էր։ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հո­ղի ու ա­րեան լաւ կեն­սագ­րու­թիւն մը ու­նի։
­Նոյ­նիսկ մէկ հո­գի կաս­կած չու­նէր, թէ հո­ղին վրայ ապ­րող հա­յը կրնայ հրա­ժա­րիլ, կամ նա­հան­ջել ան­կէ։ Ե­թէ այդ­պի­սի բան մը ե­ղած ըլ­լար՝ հո­ղի մար­դի­կը պի­տի հո­ղա­նա­յին. ի­րա­կա­նու­թեան մէջ պի­տի մեր­ժէին խա­չը, սու­րը, դրօ­շը, զի­նան­շա­նը, հայ­րե­նի­քը։
­Հայ­րե­նի­քը ա­ռանց հո­ղի չ­’ըլ­լար, ինչ­պէս ա­ւան­դա­կան ծի­սա­կա­նու­թեամբ հա­ցը ա­ռանց ա­լիւ­րի չ­’ըլ­լար։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կը պարզ ու սո­վո­րա­կան տօն մը չէ, այդ իսկ պատ­ճա­ռով ա­նոր պէտք է տրա­մադ­րո­ւի անհ­րա­ժեշտ ար­ժա­նի ծա­ւա­լը՝ վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար ան­ցեա­լի ան­տե­սո­ւած կամ զեղ­չո­ւած բա­ժին­նե­րը։
­Հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րը համ­րան­քա­յին գու­մա­րով կրնան յա­ջոր­դել ի­րա­րու։ Ո­մանք կը մնան պարզ հա­րիւ­րա­մեակ­ներ։ Ու­րիշ­ներ ի­րենց հան­գա­ման­քա­յին պա­րու­նա­կու­թեամբ իսկ կը ծաղ­կին ու կը ծաղ­կեց­նեն հայ կեան­քը ի­րենց բո­վան­դա­կա­յին էու­թեամբ, ինչ­պէս 2015ին հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կը, 2018ին ալ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կը։
Մ­տա­ծա՞ծ ենք սրբաց­նել 1918ի մեր հե­րոս­նե­րը, ինչ­պէս 2015ին սրբա­ցու­ցինք Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մեր 1,5 մի­լիոն ան­մեղ զո­հե­րը։
Սր­բա­ցու­մը յա­ճախ չ­’ե­րե­ւիր, եր­բեմն գաղտ­նի կը մնայ։ Այդ­պէս կ­’ըլ­լան խոր­քա­յին բա­նե­րը։

***
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան 100ա­մեա­կը ծնունդ է յե­ղա­փո­խա­կան անձ­նու­րաց հե­րո­սա­պա­տու­մի մը, որ հիմ­նեց շօ­շա­փե­լի հայ­րե­նիք, սե­փա­կան հո­ղի ու հո­ղի պատ­կա­նե­լիու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ եւ զայն ամ­րօ­րէն պահ­պա­նե­լու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան վճռա­կա­նու­թեամբ։
Ան­ցեա­լի «եր­կա­թէ վա­րա­գոյ­րի» եւ «ան­վերջ գի­շեր­նե­րու» ե­րե­սա­պա­տուած պատ­մու­ճան­նե­րուն է­ջե­րը վկա­յա­կո­չե­լու դի­տա­ւո­րու­թիւն չու­նի այս գրու­թիւ­նը, սա­կայն ո­րե­ւէ պա­րա­գա­յի պէտք չէ խու­սա­փիլ ճշմար­տա­պէս հաս­տա­տե­լու, թէ մարդ կար­դա­լով կը սոր­վի իր ազ­գին պատ­մու­թիւ­նը, եւ խորհր­դա­յին միակ­տուր ու միա­հե­ծան մտա­ծող ու գոր­ծող կար­գե­րը չար­տօ­նե­ցին՝ սեր­տել ու­զող­նե­րուն, որ ի­րենց ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թիւ­նը կար­դան։
Այս կը նշա­նա­կէ ան­շուշտ, թէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի պատ­մա­կան ծալ­քե­րը տե­սակ մը ա­պա­ծած­կագ­րու­մի, քո­ղա­զեր­ծու­մի պէտք ու­նին, պատ­մու­թիւ­նը ի­րենց ճիշդ հա­մե­մա­տու­թիւն­նե­րուն մէջ դա­սա­կար­գե­լու հա­մար, որ­պէս­զի՝ մեր օ­րե­րուն տա­կա­ւին, գա­ղա­փա­րա­կան թիւր այ­լա­բա­նու­թիւն­նե­րէ ձեր­բա­զա­տուիլ չյա­ջո­ղող գրիչ­ներ չշա­րու­նա­կեն ազ­գա­յին գե­րա­գոյն հար­ցե­րու շուրջ խտրու­թիւն դնե­լով իշ­խա­նու­թեան խա­ղեր խա­ղա­լու, ի­րար խառ­նե­լով կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու դե­րը եւ գոր­ծիչ­նե­րու՝ Վ­րա­ցեան, ­Քա­ջազ­նու­նի, ­Ռու­բէն, Դ­րօ, Նժ­դեհ, Անդ­րա­նիկ, ե­ւայլն, հայ­րե­նա­սի­րա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը։
­Գի­տէ՞ք. հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը ա­չա­լուրջ կը հսկեն ան­կա­խու­թեան, ան­կա­խու­թիւնն ալ հան­րա­պե­տու­թեան վրայ։ Ա­ւե­լին, կը հսկեն նաեւ ու մա­նա­ւանդ յա­ջոր­դա­կան իշ­խա­նու­թեանց ա­թոռ­նե­րուն վրայ լրիւ թէ կի­սով բազ­մած անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ա­նոնց ե­տին ան­յայտ գտնո­ւող­նե­րուն վրայ։
­Քա­ղա­քա­գէ­տին ժա­մա­նա­կը ան­սահ­ման ե­ղած չէ բնաւ։ Ան առն­չո­ւած է բա­րո­յա­կան կա­տա­րե­լիու­թեան սկզբուն­քին հետ։
Իշ­խա­նու­թեան վրայ թէ իշ­խա­նու­թեան շուրջ գտնո­ւող մար­դը պէտք է ա­նընդ­հատ պայ­քա­րի մարդ­կա­յին ու ըն­կե­րա­յին ար­դա­րու­թեան, սահ­մա­նադ­րա­կան օ­րէն­քի հա­րա­զատ կի­րարկ­ման, օ­րէնսդ­րա­կան կա­նոն­նե­րու ըն­դու­նո­ւած շրջա­գի­ծին մէջ պե­տու­թիւն, պե­տա­կա­նու­թիւն ու պե­տա­կա­նաց­ման կա­ռոյց­նե­րը զօ­րաց­նե­լու պա­հան­ջով։ Վ­տան­գա­ւոր կ­’ըլ­լայ, երբ նոր իշ­խա­նու­թիւն­ներ հին օ­րե­րու վնա­սա­կար ու վտան­գա­ւոր բա­ներ կ­’որ­դեգ­րեն, հին սխալ­ներ կրկնե­լով։ Ու­ժե­րու հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը կը պա­հո­ւի հա­ւա­սա­րակշ­ռող կա­ռոյց­նե­րու դե­րա­կա­տա­րու­թեամբ, քա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը ո՛չ մէկ, ո՛չ եր­կու, այլ բազ­մա­թիւ դէմ­քեր ու­նի։
­Պատ­մու­թեան ժա­մա­նա­կի այս ծի­րէն ներս, ե­կէք ստու­գա­բա­նենք ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ռու­սա­մէ՞տ պէտք է ըլ­լան. ա­մե­րի­կա­մէ՞տ, եւ­րո­պա­մէ՞տ, թէ՝ այլ բան։ Այս մօ­տե­ցում­նե­րը ին­ծի հա­մար եր­բեք յստակ չէին։ Ին­ծի հա­մար յստակն ու բա­ցա­յայ­տը հա­յա­մէտ ըլ­լալն է, ա­ռանց նո­ւա­զա­գոյն հար­ցա­կա­նի. եւ՝ վե՛րջ։ ­Հա­մո­զո­ւած եմ, որ հա­յա­մէ­տու­թիւնն է միայն, որ ­Հա­յաս­տա­նը կրնայ ա­ռաջ տա­նիլ, ստեղ­ծե­լով հա­ւա­սա­րա­պէս թէ՛ հայ­կա­կան, թէ՛ մարդ­կա­յին ո­րա­կա­ւոր մարդ­կայ­նու­թիւն ու յա­ռաջ­դի­մու­թիւն։
­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը ա­զատ ու ան­կաշ­կանդ գա­ղա­փար­նե­րու ստեղծ­ման ու տա­րած­ման վայր պէտք է ըլ­լան։ ­Տե­սակ մը պե­տա­կա­նօ­րէն սնած, կազ­մա­ւո­րո­ւած բջիջ­ներ, ո­րոնց շրջա­գի­ծին մէջ պէտք է ա­ճին ու ինք­նա­հաս­տա­տո­ւին ա­զա­տու­թեան ու ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ար­ժէք­նե­րը ու անոնցնէ բխող հան­րա­պե­տա­կան չա­փա­նիշ­երն ու չա­փո­րո­շիչ­նե­րը։ ­Հայ­րե­նիք ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րը բռնու­թեամբ չի զար­գա­նար, այլ ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րով։
­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը իշ­խա­նու­թեան, կամ կոր­սո­ւած-շա­հո­ւած քո­ւէի հարց չէն։ Ընտ­րա­կան հարց է, եւ շատ մը այլ ու նմա­նա­տե­սակ բա­ներ, հե­ռու ա­ռօ­րեայ սպա­ռո­ղա­կան մտայ­նու­թիւն­նե­րէ։
­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը՝ երկ­րի մը ղե­կա­վար պա­հա­կա­գուն­դի հարց է, քա­ղա­քա­կա­նա­պէս խոր­քա­յին պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան ստանձ­ման ու կի­րարկ­ման հարց է, քա­ղա­քա­կան ընտ­րան­քի, քա­ղա­քա­կան դի­մադ­րու­թեան ի­րա­ւուն­քի՛ հարց է։

***
20րդ ­դա­րէն 21րդ ­դար ան­ցած ենք։ ­Պատ­մու­թիւ­նը ա­ղա­ւա­ղելն ու յօ­շո­տե­լը յանդգ­նու­թեամբ յատ­կան­շո­ւած չէ եր­բեք։ Այդ մէ­կը գի­տէինք ե­րէկ, գի­տենք նաեւ այ­սօր։ ­Գի­տէինք մա­նա­ւանդ մեր ցե­ղա­յին ծա­գում­նա­բա­նու­թեան ժա­մա­նակ­նե­րէն, որ ինք­նըս­տին­քեան բո­լո­րիս ինք­նավս­տա­հու­թեան հա­մո­զու­մը կը ներշն­չէ։
Երբ կը պա­տո­ւես պատ­մու­թիւ­նը, կը պա­տո­ւես ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Ի­րա­կա­նու­թիւ­նը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու պէտք չու­նի, երբ ի­րա­կա­նու­թեան չա­փը չես ան­ցը­ներ։ ­Պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան ար­դա­րու­թեան եւ ար­դա­րամ­տու­թեան չա­փա­նիշն է, խիղճն ու վստա­հու­թիւնն է, անց­նող ու ե­կող ժա­մա­նակ­նե­րու տար­բե­րու­թիւ­նը լաւ գիտ­նալն է։
Այն­քան ա­տեն, որ հայ­րե­նիք­նե­րու սահ­ման­նե­րը կը նեղ­նան, այն­քան պի­տի նեղ­նան նաեւ մար­դոց սրտե­րը, ո­րով­հե­տեւ ա­նոնք պի­տի զրկո­ւին հա­րա­զատ վայ­րե­րու պատս­պա­րան­նե­րէն, յու­շէն ու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թե­նէն։
Ինչ­պէս այլ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը ազ­գա­յին տօ­նե­րու, նոյն­պէս հա­րիւ­րա­մեակ­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը իր պատ­գամ­նե­րը ու­նի տա­լիք։ Ազ­գա­յին պատ­գամ­նե­րը ար­ժէք ու­նին եւ կը շա­րու­նա­կեն ար­ժէք ու­նե­նալ երբ կը ցո­լաց­նեն ի­րենց դա­րաշր­ջա­նի նե­րազ­դե­ցիկ ու հո­րի­զո­նա­կան պատ­կե­րը։
Երբ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մա­սին կը խօ­սինք, նախ եւ ա­ռաջ նկա­տի պէտք է ու­նե­նանք իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի քա­ղա­քա­կան, դի­ւա­նա­գի­տա­կան ու աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րածք­նե­րու պայ­ման­նե­րը, տեղ­ւոյն վրայ ապ­րող ժո­ղո­վուր­դին ի­րա­վի­ճա­կը, իր իսկ ժա­մա­նա­կի ռազ­մա­կան ու ռազ­մա­պաշտ­պա­նա­կան շրջա­գի­ծը, քա­ղա­քա­կան զար­գաց­ման հո­լո­վոյ­թը։
Երբ խո­րա­գի­տակ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մա­սին կը խօ­սինք, մեր ճամ­բոր­դու­թիւ­նը ժա­մա­նա­կին մէջ եւ ժա­մա­նա­կին հետ պէտք է յատ­կանշո­ւի նոյ­նինքն ժա­մա­նա­կի ու վայ­րի բնա­պատ­կե­րին առն­չո­ւած ի­րա­կա­նու­թեան հետ։ Ոե­ւէ մէ­կը ժա­մա­նա­կին հետ խա­ղալ չի կրնար։ Ոե­ւէ մէ­կը ժա­մա­նա­կը շրջա­փո­խել չի կրնար։ Ո­րե­ւէ մի­տում­նա­ւոր տար­բե­րու­թիւն, թէ ձե­ւա­պաշտ զա­նա­զա­նու­թիւն, բա­ւա­րար տո­ւեալ չի կրնար հա­մա­րո­ւիլ ձե­ւա­փո­խիչ պատ­րո­ւակ­ներ թէ ան­գոյ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­ներ հան­դի­սադ­րե­լով պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը ա­ղա­ւա­ղե­լու հա­մար։
­Բո­լորս կը ճանչ­նանք, թէ մար­դու մար­մնին մէջ եր­կու չա­փի ե­րակ­ներ կան՝ բա­րակ ու հաստ. եր­կուքն ալ ա­րիւն կը սրսկեն սրտին։ ­Նոյն ձե­ւով պատ­մու­թիւնն ալ ու­նի տար­բեր տրա­մա­չա­փի ե­րակ­ներ, ո­րոնց­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ի­րեն յատ­կա­ցո­ւած դե­րը կը խա­ղայ՝ չա­փի, քա­նա­կի, ո­րա­կի ար­դիւ­նա­ւո­րու­թեան հետ գնա­հա­տո­ւած։ ­Ճիշդ ու ա­ռողջ ե­րակ­նե­րը կը հարս­տաց­նեն ի­րա­կան պատ­մագ­րու­թեան է­ջե­րը, զի­րենք յատ­կան­շող վկա­յու­թիւն­նե­րով ու օգ­տա­կար ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու նե­րար­կու­մով։
­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հա­մար բազ­մա­թիւ հա­տոր­ներ կան, որ հա­րա­զատ պա­տում­նե­րով կը ցո­լաց­նեն եր­կու տա­րո­ւան կեանք բո­լո­րած հայ­րե­նի­քի եւ ան­շուշտ՝ ա­նոր նա­խոր­դող ու հե­տա­գայ զար­գա­ցում­նե­րուն ու հո­լո­վոյ­թին վեր­լու­ծում­նե­րուն մա­սին։
Ա­րագ օ­րի­նակ­ներ տո­ւած ըլ­լա­լու մտադ­րու­թեամբ՝ կը բա­ւէ կար­դալ յա­ջոր­դա­կա­նօ­րէն վե­րատ­պո­ւած հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցած ­Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի «­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը» մօտ 700 էջ­նոց մե­ծա­ծա­ւալ հա­տո­րը. կար­դալ՝ ­Յով­հան­նէս ­Քա­ջազ­նու­նին, ­Կա­րօ ­Սա­սու­նին, ­Ռու­բէ­նը (­Տէր-­Մի­նա­սեան), ­Մի­քա­յէլ ­Վա­րան­դեա­նը, Ար­շակ ­Ջա­մա­լեա­նը, Հ­րանդ ­Սա­մո­ւէ­լը, ­Վա­հան ­Նա­ւա­սար­դեա­նը, ­Գաբ­րիէլ ­Լա­զեա­նը, Ար­շակ ­Չո­պա­նեա­նը, ­Ռի­չըրտ ­Յով­հան­նէ­սեա­նը, Ա­նա­հիտ ­Տէր-­Մի­նա­սեա­նը, ­Գա­րե­գին ­Փաստր­մա­ճեա­նը, եւ բա­զում ու­րիշ­ներ, ո­րոնք այս հար­ցով ան­փո­խա­րի­նե­լի պատ­մագ­րա­կան նիւթ կը պար­զեն։ Այս կը նշա­նա­կէ, որ հայ­րե­նի ար­խիւ­նե­րը լրիւ ու ամ­բող­ջա­կան ձե­ւով պէտք է բա­ցո­ւին ու պատ­մա­հե­տա­զօ­տա­կան կեր­պով օգ­տա­գոր­ծո­ւին, յա­ւե­լեալ լոյս սփռե­լով այդ օ­րե­րու ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն մա­սին։
­Բա­ւա­կան է, որ այդ ար­խիւ­նե­րը եր­կար տաս­նա­մեակ­ներ փակ մնա­ցին։ ­Պատ­մա­կան փո­շին թօ­թո­ւե­լու ժա­մա­նա­կը ե­կած է։
­Մաղ­թեմ, որ այս մաղ­թանքս ար­գա­սա­ւո­րո­ւի ա՛յս տա­րի, ո­րով­հե­տեւ շա­տեր կ­’ը­սեն այս մէ­կը, ա­ռանց հա­ւա­տա­լու ա­նոր։ Ը­սեմ. չի կրնար ըլ­լալ, որ ­Թոփ­քա­փիի պա­լա­տի ար­խի­ւա­յին աղ­բիւր­նե­րուն մէջ 15րդ ­դա­րէն ի վեր, ի­րար ամ­բող­ջաց­նող վկա­յու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն ու­նե­նան Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան ժա­մա­նա­կի սուլ­թան­նե­րու, նոյ­նիսկ ճա­շա­տե­սակ­նե­րու եւ քաղց­րե­ղէն-շէր­պէթ­նե­րու տե­սա­կա­նի­նե­րուն հա­մար, եւ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ար­խիւ­նե­րը, որ շատ մօ­տիկ՝ 20րդ ­դա­րու պատ­մա­կան վկա­յու­թիւն­ներ կը պա­րու­նա­կեն, գո­յու­թիւն չու­նե­նան, թէ­կուզ պղտոր, թէ­կուզ ա­ղօտ, խառ­նակ, մթագ­նած, կեղ­տո­տած, հապ­ճեպ ու անյս­տակ գրո­ւած։
Ի՜նչ ալ ըլ­լան ար­խիւ­նե­րը, ի՜նչ բան ալ պար­զեն ա­նոնք, մէկ բան յստակ է, որ 1918ին ­Սար­տա­րա­պա­տի, ­Բաշ Ա­պա­րա­նի եւ ­Ղա­րա­քի­լի­սէի ճա­կա­տա­մարտ­նե­րուն վրայ հայ զի­նո­ւո­րը յաղ­թե՛ց։
Այս կը նշա­նա­կէ, որ 1918ին հայ­րե­նիք մը կար, հայ­րե­նիք մը ստեղ­ծուած էր, որ մենք այ­սօր կը վայե­լենք։ ­Մե­ղու­նե­րու ժրա­ջա­նու­թեամբ մար­դիկ ճա­կատ ուղ­ղո­ւե­ցան, որ­պէս­զի ա­նոնց ձգած մեղ­րը այ­սօր մենք հա­մով-հո­տով ըմ­բոշխ­նենք։ ­Հա­ւատ­քով ու վճռա­կա­նու­թեամբ ճամ­բայ ե­լած անձ­նու­րաց­ներ, ո­րոնք մեր կար­ծա­ծէն, մեր սե­պա­ծէն, քիչ մըն ալ ա­ւե­լին էին, քիչ մըն ալ ա­ւե­լի մնա­ցին, հոգ չէ թէ մոռ­ցո­ւե­ցան։
­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը կ­’օգ­նեն, որ հայ­րե­նիք­նե­րը կան­գուն մնան եւ յա­րա­տե­ւեն, նոյ­նիսկ պատ­մու­թեան ընդ­մէ­ջէն ի­րենց կտրած կլոր թէ կի­սակ­լոր շրջա­դարձ­նե­րով, շրջապ­տոյտ­նե­րով։
Այ­սօր, մեր հա­րիւ­րա­մեա­կի էա­կան հար­ցա­կա­նը պէտք չէ ըլ­լայ այն, որ ար­դեօ՞ք կը դժո­ւա­րա­նանք հա­րիւ­րա­մեա­կի գա­ղա­փա­րին հետ հաշ­տուե­լու։ ­Վեր­ջի­վեր­ջոյ այս հար­ցա­կա­նին քա­ղա­քա­կան ի­րա­պաշ­տու­թեան սահ­մա­նու­մը ո՞րն է, ո՞­րը կրնայ ըլ­լալ, կամ բնաւ չըլ­լալ։
Ե­թէ ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը այ­սօր իր ժա­մա­նա­կէն հին կրնայ հա­մա­րո­ւիլ, հարց տանք կրկին, թէ ի՞նչ ա­պա­գայ ու­նի, կամ ի՞նչ ա­պա­գայ կրնայ ու­նե­նալ ան։ Ի՛նչ ալ ըլ­լայ, կը խօ­սինք ազ­գա­յին ու գա­ղա­փա­րա­կան ա­պա­գա­յի մը հա­մար, որ հի­նի ու նո­րի ազ­գակ­ցա­կան կա­պե­րը կը պահ­պա­նէ, չի կորսնց­ներ, չի ցան­կար կորսնց­նել այդ կա­պը։
­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը հիմ­նա­ւո­րեալ պե­տա­կան ըմբռ­նո­ղու­թեան հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ միայն կրնան ա­ռաջ­նոր­դո­ւիլ։ ­Բայց յա­ճախ այդ­պէս չի պա­տա­հիր։ ­Շատ ան­գամ կը դժո­ւա­րա­նանք հաս­տա­տե­լու, թէ կ­’ապ­րինք այն­պի­սի ժա­մա­նա­կի մը մէջ, որ օ­րո­ւան օ­րա­ցոյ­ցը կը պար­զէ։
Օ­րա­ցոյց­նե­րը տես­լա­կան­նե­րով պէտք է յոր­դին, քա­նի տես­լա­կան­նե­րը՝ հայ­րե­նիք­նե­րու գո­յու­թիւ­նը ի­մաս­տա­ւո­րե­լու կո­չո­ւած շար­ժա­ռիթ­ներ են, որ եր­բեմն ալ կը դժո­ւա­րա­նան ի­րենց շլնի­քին վրայ շալ­կե­լու դրո­ւած ծան­րու­թիւ­նը։
­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը կը զօ­րաց­նեն գի­տու­թեան, ա­րո­ւես­տի, մշա­կոյ­թի տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րու հա­սա­րա­կա­կան չա­փա­նիշե­րը, հեր­թա­կա­նօ­րէն կը ստեղ­ծեն գի­տա­մաս­նա­գի­տա­կան ու փոր­ձա­գի­տա­կան միտ­քեր, յա­ռա­ջա­դէմ ու­ղեղ­ներ, ո­րոնք մարդ­կա­յին հա­մայ­նա­կան դաշ­տը կ­’ըն­դար­ձա­կեն նոր ու ստեղ­ծա­գործ ճա­նա­պարհ­նե­րով։
­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը ա­ռօ­րեայ մար­դոց պէս ներ­կա­յու­թիւն են մեր կեան­քին մէջ. ու­նին սե­փա­կան կեն­սագ­րու­թիւն, ծնունդ, մահ, ար­ժե­ւո­րում, ժո­ղովր­դա­յին ընդ­հան­րա­կան դաշտ, ու­նին նե­րաշ­խարհ եւ ոս­կե­մա­տեան, ուր ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներ կը պա­հո­ւին ի­րենց ներ­գոր­ծօն ստեղ­ծա­րար կամ ան­ձեռն­հաս ձա­խա­ւե­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար։
­Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­գոյն զէն­քը ա­զա­տու­թիւնն ու ժո­ղովրդա­վա­րու­թիւնն է, նոյ­նիսկ ա­մէ­նէն բարդ կա­ցու­թիւն­նե­րու պա­հե­րուն։
­Հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րը ու­նին ի­րենց մօ­տիկ սե­րունդ­նե­րը, որ ժա­մա­նա­կա­կից ա­ռու­մով ի­րենց հետ եւ ի­րենց կող­քին կ­’ապ­րին ի­րենց հա­տո­ւա­ծի պատ­մա­կան օ­րե­րը։

***
­Հան­րա­պե­տու­թեան պատ­մու­թիւ­նը թո­ւայ­նա­ցա՞ծ է։ Մ­տա­ծո­ւա՞ծ է զայն թո­ւա­յ­նաց­նե­լու մա­սին։
Թր­քա­կան, վրա­ցա­կան, ատր­պէյ­ճա­նա­կան, ռու­սա­կան ար­խիւ­նե­րը ի՞նչ կը գրեն 1918ի մա­սին։
Օս­մա­նե­րէն լե­զուն իր ա­տե­նի ա­րա­բե­րէն տա­ռե­րով ի՞նչ կը գրէր։
Այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նի, նո­ւազ չա­փով ­Յու­նաս­տա­նի մէջ օս­մա­նե­րէն գրել-կար­դալ գիտ­ցող կայ։ ­Դի­մա՞ծ ենք, պար­տա­կա­նու­թիւն տո­ւա՞ծ ենք, ծրագ­րի մէջ նե­րա­ռա՞ծ ենք կար­դա­լու հա­մար այդ մա­սին գրո­ւած է­ջե­րը։
1918ի պա­տե­րազ­մը բարդ հանգ­րուան մըն է թուր­քի պատ­մու­թեան մէջ։ Այդ պատ­մու­թիւ­նը միայն ցու­ցադ­րու­թիւն, միայն հան­դի­սադ­րու­թիւն, հան­դէս-տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն-տո­ղանցք, հա­մա­գու­մար չէ։ Այս պա­տե­րազ­մին հա­մար հա­յե­րը մեծ գա­ղա­փա­րի մը շուրջ հա­մախմ­բո­ւե­ցան։ ­Թուր­քե­րը ո՞ր գա­ղա­փա­րին հա­մար հա­մախմ­բո­ւե­ցան։ ­Հա­յաս­տա­նի հո­ղը թուր­քի հայ­րե­նի­քը չէր, իր սե­փա­կան հո­ղը չէր։ ­Չե­ղա՜ւ։
­Հայ­րե­նիք ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րը բռնու­թեամբ չի կրնար զար­գա­նալ, այլ ա­զա­տա­միտ բա­ցո­ւածք­նե­րով։ ­Կը զար­գա­նայ մեծ թէ փոքր ոս­տում­նե­րով, բայց ան­պայ­մա­նօ­րէն ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րով ու հե­ռան­կար­նե­րու ակն­կա­լու­թեամբ։ ­Մինչ­դեռ թուր­քին հա­մար պե­տա­կա­նու­թեան գա­ղա­փա­րը ձե­ւա­ւո­րո­ւած չէր, ոչ ալ սուլ­թան­նե­րու, ոչ իսկ Ե­րիտ-Թուր­քե­րու իշ­խա­նու­թեանց ժա­մա­նակ­նե­րուն։ Չշ­փո­թենք. ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւ­նը պե­տա­կա­նու­թեան կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել, սա­կայն պե­տա­կա­նու­թեան բնո­րո­շիչ ու յատ­կա­նիշ չէ։
­Թուր­քե­րը սխալ յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ հա­սան ի­րենց հան­րա­պե­տու­թեան՝ ­Մուս­թա­ֆա ­Քե­մա­լի օ­րով, 1923էն ետք, ա­ռանց գա­ղա­փա­րա­կան ո­րե­ւէ պատ­րաս­տու­թեան։
21րդ ­դա­րուն ար­դէն, շատ մը բա­ներ տա­րօ­րի­նակ կը հա­մա­րո­ւին 20րդ ­դա­րէն։ ­Բայց ի՜նչ ը­սենք. հին­ցա­ծը նո­րէն ա­ւե­լի հին է։ Ա­մէն նոր բան ալ դիւ­րին չ­’ըն­կա­լո­ւիր։
­Բայց ան­ցեա­լը ե­րբեմն կը հին­նայ, եր­բեմն չի հին­նար. կը հա­սուն­նա՜յ…։
Եզ­րա­փա­կենք. այ­սօր կ­’ո­գե­կո­չենք 28 ­Մա­յիս 1918ին ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ստեղ­ծու­մը եւ կ­’ապ­րինք այդ օ­րե­րու ո­գե­ւո­րու­թեան հրա­շա­լի օ­րե­րու յի­շա­տակ­նե­րով։ Այսօր կը կար­ծո­ւի, թէ 100 տա­րի ան­ցած է այդ թո­ւա­կա­նէն, բայց ժա­մա­նա­կը այն­քան մօտ է, որ կար­ծես մեզ միայն կարճ շունչ մը կը բաժ­նէ։
­Հաշ­տո­ւա՞ծ ենք, նո­ւի­րա­կան յատ­կա­նիշ­ներ ցո­լաց­նող ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ու ան­կա­խու­թեան գա­ղա­փա­րին հետ, թէ պատ­մու­թեան ան­ցեա­լի գրա­ւին վրայ հիմ­նո­ւե­լով փառ­քի մու­րաց­կա­նու­թեան հե­տա­մուտ կ­’ըլ­լանք։ ­Պատ­մու­թիւ­նը լաւ բան է, ե­թէ օգ­տո­ւինք ա­նոր բա­րե­մաս­նու­թիւն­նե­րէն, ա­նոր գա­ղա­փա­րա­կան փա­կա­գիծե­րէն։
­Հան­րա­պե­տու­թեան իւ­րա­քան­չիւր հանգ­րո­ւան հե­ռան­կա­րա­յին շա­րու­նա­կու­թեան մը ո­րո­նումն է։ ­Կար­ծես այդ ո­րո­նու­մին մէջ կը գտնո­ւի նաեւ ա­նոր գրաւ­չու­թիւ­նը, իր հին թէ ներ­կայ ժա­մա­նա­կով։
­Բո­լորս Ա­րամ դառ­նանք։ ­Լո­զունք չէ։ Ազ­գա­յին ինք­նու­թեան հարց է։
100 տա­րի մէկ կեանք։ Ա­ռանց ո­րե­ւէ պատ­րո­ւա­կի լման կեանք մը։
Զ­գոյշ սա­կայն, մեր պատ­մա­կան թի­րա­խը ­Հան­րա­պե­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւնն է։ Ան­կա­խու­թիւն մը, որ գե­րա­զան­ցէ նոյ­նինքն ան­կա­խու­թիւ­նը։
Այդ իսկ պատ­ճա­ռով՝ ան­կա­խու­թիւն բա­ռը բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ նոյն ձե­ւով կը հո­լո­վո­ւի։ Այ­սինքն՝ վստա­հու­թեամբ։
Օր մը, թե­րեւս գնա­հա­տենք, թէ որ­քան մեծ նո­ւա­ճում է ճիշդ դի­տել ու ճիշդ գնա­հա­տել գիտ­նալ՝ պատ­մու­թիւ­նը։
Ե­կէք պատ­մու­թիւ­նը ա­ռաս­պե­լա­կա­նաց­նենք։
Ան­կա­խու­թեան հա­ւա­տա­ցող մար­դի­կը վեր­ջը կու­գան։ Ա­նոնք ժա­մա­նա­կին հետ կա­պեր ու­նին…։