Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման քսանիննամեակին առթիւ, Կիրակի՝ 20 Սեպտեմբեր 2020-ին, Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» Մայր եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան շինութեան եւ անսասանութեան համար Հանրապետական մաղթանք, հանդիսապետութեամբ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի։ Ս. Պատարագի արարողութեան ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան, ազգային երեսփոխան Լիզա Աւագեան, Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լիզէթ Քիրազեան։ Հանրապետական մաղթանքէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը առիթին անդրադառնալով՝ իր խօսքին մէջ ըսաւ։
«Հայ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագի ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան համար կատարուած «Հանրապետական մաղթանք» արարողութիւնը, Հայ եկեղեցւոյ ազգային նկարագրին եւ առաքելութեան մէկ գեղեցիկ արտայայտութիւնն է։ Եկեղեցական տօնացոյցին տարեկան տօնակարգին մէջ նկատի առնելով, Հայ եկեղեցին ոչ միայն քրիստոնէական հաւատքի սկզբունքներով կը գործէ, այլեւ ազգային արժէքները սրբութիւններու կարգին դասելով, զանոնք հայ հաւատացեալին հոգիին մէջ կը դրոշմէ։ Հայրենիքն ու դրօշը սրբութիւններ են, որոնց նկատմամբ ամէն հայ նոյն երկիւղածութեամբ պէտք է մօտենայ։ Հանրապետական մաղթանքին ընդմէջէն Հայ եկեղեցին հետեւեալ ազգային պատգամը կը փոխանցէ մեզի։
Գոհաբանութիւն եւ աղօթք առ Աստուած` Հայաստանի հայրենիքին համար, որ հայ ժողովուրդի դարերու երազանքին իրականացումն է, եւ այս ազգային պատմական բարիքին համար միշտ հայցել Աստուծոյ հովանին եւ զօրութիւնը։ Ազգային հպարտութեան եւ հրճուանքի արտայայտութիւն, որոնցմով պէտք է որ լեցուի իւրաքանչիւր հայ եւ իր այդ ազգային հպարտութեան զգացումը արտայայտէ իր առօրեայ կեանքին մէջ։ Անհատական կեանքի մակարդակի վրայ հպարտութիւնը մահացու մեղք է, մինչդեռ ազգային հպարտութիւնը հայրենասիրութեան եւ ազգասիրութեան ներշնչման վարար աղբիւր է։
Յարգանք եւ երախտագիտութիւն բոլոր այն երախտաւոր նուիրեալներուն նահատակներուն եւ վաստակաւորներուն, որոնք աշխատեցան իրականացնելու հայ ժողովուրդի դարաւոր երազանքը։
Պարտաճանաչ առօրեայ գիտակցութիւն` հայրենիքի պահպանման համար ընծայուած բոլոր տեսակի նուիրաբերումներուն արժեւորման ու յարատեւման համար։»
Յաւարտ Ս. Պատարագի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային վարչութեան փափաքով կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Հ.Կ.խաչի հիմնադիրներու երախտաւորներու բարերաներու հոգիներուն համար։
Արարողութեան սկիզբը Առաջնորդ Սրբազանը խօսք ուղղելով ներկաներուն, զուգահեռ մը գծեց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին եւ Սփիւռքի տարածքին ազգային անձուէր ծառայութիւն յանձն առած միութեանց եւ կազմակերպութեանց միջեւ, ի մասնաւորի Հ.Օ.Մ.-ի եւ անոր շրջանային միաւորներուն, որոնց կարգին է Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչը։ Այս միութեանց ու մանաւանդ Հ.Օ.Մ.-ին հիմնական առաքելութիւնը է աջակցիլ եւ սատարել սփիւռքի տարածքին ցրուած հայ գաղութներու մէջ ապրող հայութեան պահպանումին, որուն գլխաւոր նպատակն է գոյատեւել ու պայքարիլ հայ ժողովուրդի պատմական երազներու իրականացման՝ ազատ ու անկախ եւ ամբողջական Հայաստանի Հանրապետութեան կերտումին համար։
ԹՂԹԱԿԻՑ