28 Մայիս 1918ի Հայաստանի անկախ հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 102րդ ամեակին առթիւ, Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանի տնօրինումով, Կիրակի՝ 31 Մայիս 2020ին, թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս, յընթացս Ս. Պատարագի կատարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նուիրուած «Հանրապետական Մաղթանք» աղօթքի արարողութիւնը:
Աթէնքի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» մայր եկեղեցիէն ներս Ս. Պատարագի եւ Գոհաբանական Մաղթանքի արարողութիւններուն հանդիսապետեց Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Առաջնորդ Սրբազան հայրը Գոհաբանական Մաղթանքէն առաջ իր խօսքը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն ըսելով.-
«Գոհաբանական Մաղթանքի աղօթքին ընդմէջէն ազգովին մեր գոհութիւնն ու փառքը կը յայտնենք Ամենակալ Աստուծոյ, իր շնորհած բոլոր պարգեւներուն եւ բարիքներուն համար:
Գոհաբանական Մաղթանքին ընդմէջէն մեր գոհութիւնը ու մանաւանդ երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նաեւ մեր ազգի նախնիքներուն, որոնք մեզի կտակեցին քրիստոնէական հաւատքը, որ իր էութեամբ գերագոյն արժէքներու զոհաբերութեան հաւատքն է, որուն շնորհիւ ամբողջ մեր պատմութեան ընթացքին գիտցանք ազգին յաւերժութեան եւ գոյատեւման համար պատրաստ ըլլալ նուիրաբերելու ամենէն թանկագինը:
Գոհութեան զգացումը իր մէջ կը ներառէ նաեւ երախտագիտութեան զգացում: Եւ երախտագիտութիւնը իր կարգին կ՚ենթադրէ շնորհուած արժէքներուն, բարիքներուն գիտակցիլ, գնահատել եւ արժեւորել:
Եթէ այսօր մենք գոհութիւն կը յատնենք Աստուծոյ եւ երախտագիտութիւն մեր նախնիքներուն, անմահ հերոսներուն եւ անձնուէր պատասխանատուներուն, որոնք հայ ազգին գոյատեւման հիմք եւ կռուան հանդիսացող երկիր եւ պետութիւն շնորհեցին, ապահովեցին, ապա մեր՝ յաջորդ սերունդներուն երախտագէտ պարտաւորութիւնն է ոչ միայն գիտակցիլ, փառաբանել եւ սքանչանալ անոնց պանծալի իրագործումներով, այլեւ գնահատելով անոնց վաստակը, մենք ալ մեր կարգին հայրենասիրութեամբ, հայրենանուէր գործով, եւ նոյնիքն Հայաստան հայրենիքին, հայ ազգին, հայութեան համար մեր պարտաւորութիւնը եւ մասնակցութիւնը նուիրաբերել:
Հարիւրաւոր տարիներ պետականութենէ զուրկ հայ ազգը, որ ժողովուրդի եւ հաւաքականութեան կարգավիճակի մէջ կ՚ապրէր աշխարհացրիւ սփիւռքով, իր լինելութեան խարիսխ եւ գոյութեան պատճառ, աշխարհի ազգերու մէջ տեղ եւ ինքնութիւն, իր գոյատեւման ընթացքին կողմնացոյց ունեցաւ Հայաստանի հանրապետութեամբ:
Այսօր, իւրաքանչիւր հայ ազգի զաւակ, Հայաստան հայրենիքէն ներս պարտաւոր է իր առօրեայ հայրենաշինութեան բաժինը բերելու, եւ հայրենիքէն դուրս ապրող իւրաքանչիւր հայ անհատ կոչուած է իր հայկական ինքնութեան ու ազգային ժառանգութեան տէր մնալու»: Ս.Պատարագին եւ Գոհաբանական Մաղթանքի արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Ազգային վարչութեան անդամ Տանիէլ Աբիկեան:
Թեմի այլ եկեղեցիներէն ներս եւս կատարուեցաւ Հանրապետական Մաղթանք: Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան, Նէոս Քոզմոսի «Ս. Յովհաննու Կարապետ» եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ազգային վարչութեան անդամ Արամ Պէքէրեճեան:
Նոյնպէս Գոհաբանական Մաղանքի արարողութիւններ կատարուեցան Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ շրջաններէն ներս:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հանրապետական մաղթանք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան 102ամեակին առիթով