Չո­րեք­շաբ­թի՝ 2 ­­Մա­յի­սին, ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան (Հ.Հ.Կ) պատ­գա­մա­ւո­րա­կան խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­­Վահ­րամ ­­Բաղ­տա­սա­րեան յայ­տա­րա­րեց, որ Հ.Հ.Կ.ն յա­ջորդ Ե­րեք­շաբ­թի՝ 8 ­­Մա­յի­սին, վար­չա­պետ ընտ­րե­լու օ­րա­կար­գով Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­հերթ նիս­տին սե­փա­կան թեկ­նա­ծու պի­տի չա­ռա­ջադ­րէ եւ կողմ պի­տի քո­ւէար­կէ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին կող­մէ ա­ռա­ջադ­րո­ւած թեկ­նա­ծո­ւին:
«­­Մենք կը պաշտ­պա­նենք մէկ եր­րոր­դի կող­մից ա­ռա­ջադրուած թեկ­նա­ծո­ւին»,- յայ­տա­րա­րեց ­­Բաղ­տա­սա­րեան:
«Ով որ կ­­՛ա­ռա­ջադ­րո­ւի մէկ եր­րոր­դի կող­մից, մենք օ­ժան­դա­կե­լու ենք, որ ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ­­Մա­յի­սի 8ին ու­նե­նայ վար­չա­պետ: ­­Հան­րա­պե­տա­կա­նը վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծու չի ա­ռա­ջադ­րե­լու»,- ը­սաւ ­­Բաղ­տա­սա­րեան:
Հ.Հ.­­Կ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը նշեց, որ իր կու­սակ­ցու­թիւ­նը դրա­կան կը գնա­հա­տէ այն փաս­տը, որ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի քննար­կում­նե­րուն խորհր­դա­րա­նա­կան չորս խմբակ­ցու­թիւն­նե­րուն կող­մէ հնչե­ցին գո­յու­թիւն ու­նե­ցող գրե­թէ բո­լոր մտա­հո­գու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կան՝ երկ­րին մէջ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը հան­գու­ցա­լու­ծե­լու տե­սան­կիւ­նէն: Ան ա­ւել­ցուց.- «­­Հան­րա­պե­տա­կա­նի կող­մից հնչե­ցո­ւած մտա­հո­գու­թիւն­նե­րի մի մա­սը վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծո­ւի հետ հար­ցու­պա­տաս­խա­նի ըն­թաց­քում փա­րա­տո­ւեց, բայց ա­մե­նա­կա­րե­ւոր­նե­րը դեռ մնա­ցել են ան­պա­տաս­խան: Այդ հար­ցերն ան­կիւ­նա­քա­րա­յին են ոչ թէ ­­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան, այլ մեր երկ­րի հէնց վա­ղո­ւայ հա­մար»:
­­Վահ­րամ ­­Բաղ­դա­սա­րեան այ­նու­հե­տեւ ներ­կա­յա­ցուց Հ.Հ.­Կի դիր­քո­րո­շու­մը.
«1. ­­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը ­­Մա­յի­սի 8ին ու­նե­նա­լու է սահ­մա­նադ­րա­կան ճա­նա­պար­հով ընտ­րո­ւած վար­չա­պետ.
­2. ­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը վար­չա­պե­տի թեկ­նա­ծու չի ա­ռա­ջադ­րե­լու.
­3. ­Հա­յաս­տա­նի ­­Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը խորհըր­դա­րա­նի մէկ եր­րոր­դի կող­մից ա­ռա­ջադ­րո­ւած թեկ­նա­ծո­ւին ա­ջակ­ցե­լու է դառ­նալ վար­չա­պետ.
­4. ­Կոչ ենք ա­նում ան­յա­պաղ վե­րաց­նել տի­րող ա­նըն­դու­նե­լի վի­ճա­կը, բա­ցել մայ­րա­քա­ղա­քի ու հան­րա­պե­տու­թեան փո­ղոց­ներն ու մայ­րու­ղի­նե­րը, շտապ դա­դա­րեց­նել օ­դա­նա­ւա­կա­յա­նի հեր­թա­կան շրջա­փա­կու­մը, դա­դա­րեց­նել ան­հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան քա­րո­զը եւ վե­րա­դառ­նալ սահ­մա­նադ­րա­կան ճա­նա­պար­հով են­թադ­րո­ւող անհ­րա­ժեշտ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րի դաշտ»:
Ն­շենք, որ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի երկ­րորդ մե­ծա­գոյն խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար ­­Գա­գիկ ­­Ծա­ռու­կեան, ­­Չո­րեք­շաբ­թի օր «­­Մա­րիոթ» հիւ­րա­նո­ցին մէջ ժո­ղովր­դա­յին շարժ­ման ղե­կա­վար ­­Նի­կոլ ­­Փա­շի­նեա­նի հետ հան­դի­պում ու­նե­ցած էր եւ դուրս գա­լով հան­դի­պու­մէն յայ­տա­րա­րած, որ իր խմբակ­ցու­թիւ­նը պի­տի քո­ւէար­կէ ­­Նի­կոլ ­­Փա­շի­նեա­նի թեկ­նա­խու­թեան օգ­տին:
Այս­պի­սով, փաս­տօ­րէն, ­­Նի­կոլ ­­Փա­շի­նեա­նի վար­չա­պետ ընտ­րու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րո­ւած կ­­՛ըլ­լայ յա­ռա­ջի­կայ Ե­րեք­շաբ­թի օր տե­ղի ու­նե­նա­լիք Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­կարգ նիս­տին: