Միջազգային համբաւի տէր, հանրածանօթ ջութակահար Արա Մալիքեան, առաջին անգամ ըլլալով, ելոյթներ պիտի ունենայ Յունաստանի մէջ, Ուրբաթ՝ 27 եւ Շաբաթ՝ 28 Սեպտեմբեր 2019ին, Աթէնքի «Փալլաս» համերգասրահէն ներս, հովանաւորութեամբ Յունաստանի «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Շրջանային Վարչութեան:
Արա Մալիքեան ծնած է 1968ին, Լիբանանի մէջ։ Հայրը ջութակ նուագած է եւ Արային դասաւանդած է իր մանկական տարիքներէն։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, երբ ընտանիքը ստիպուած եղած է երկար ժամանակ ապրիլ ապաստարաններու մէջ, Արան շարունակաբար ջութակ նուագած է եւ իր տաղանդը ցոյց տուած է։
Իր առաջին մեծ համերգը տեղի ունեցաւ 12 տարեկանին, իսկ 14 տարեկանին խմբավար Հանս Հերպերտ Եորիսի միջնորդութեամբ, Արան գերմանական պետութեան կողմէ կրթաթոշակ ստացաւ, ուսանելու համար Հանովերի երաժշտութեան եւ թատրոնի բարձրագոյն դպրոցէն ներս։ 15 տարեկանին ան ամենաերիտասարդ ուսանողն էր, որ ընդունուած էր այս հաստատութեան մէջ։ Հետագային, ան շարունակեց իր կրթութիւնը Լոնտոնի Կիլտհոլ երաժշտութեան եւ տրամայի դպրոցին մէջ, զուգահեռաբար ուսանելով աշխարհահռչակ փրոֆէսորներու մօտ, ինչպէս՝ Ֆրանքօ Գուլին, Ռուճերօ Ռիչին, Իվրի Գիտլիսը, Հերման Գրեբերսը եւ «Ալպանա Բերգի» քառեակի անդամները։
Ան առաջին հանդիսացած է միջազգային հեղինակութիւն ունեցող բազմաթիւ մրցոյթներու, ստանալով առաջին մրցանակներ, ինչպիսին են՝ Ֆելիքս Մենտելսոն (Պերլին, 1987) Բապլօ Սարասատէ (Բամպլոնա, 1995)։ Մալիքեան մրցանակներ ստացած է Նիքոլօ Փականինիի (Ճենովա), Զինօ Ֆրանչեսքաթիի (Մարսէյ), Ռոտոլֆօ Լիպեզերի (Կորիցիա), ինչպէս նաեւ Պելկրատի, Լը Մանի, Նիւ Եորքի եւ Ճափոնի միջազգային երաժշտական մրցոյթներուն: 1993ին Գերմանիոյ մշակոյթի նախարարութեան կողմէ մրցանակ ստացած է նուիրուածութեան եւ լաւագոյն գեղարուեստական կատարման համար:
Ան նուագած է հինգ ցամաքամասերու աւելի քան քառասուն երկիրներու հանրածանօթ համերգասրահներու մէջ՝ Նիւ Եորք (Carnegie Hall), Փարիզ (Salle Pleyel), Վիեննա (Musikverein), Թորոնթօ (Ford Center), Գալաոռայ (Ideal Theatre), Մատրիտ ( Royal ), ինչպէս նաեւ Ցիւրիխի, Լոնտոնի, Կատիսի, Թոքիոյի, Պոլսոյ, Պերլինի, Վենետիկի, Լոս Անճելըսի, Հոնկ Քոնկի, Քուալա Լումբուրի, Պոքոթայի, Միւնիխի, Պարցելոնայի եւ այլ համերգասրահներու մէջ:
Հրապարակած է մեծ թիւով ձայնապնակներ։
Աթէնքի համերգին համար, «Համազգային»ի կողմէ կատարուած յատուկ դասաւորումով, կարելի է տոմսեր ապահովել 20% զեղչով՝ «Փալլաս» թատերասրահի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ բաժիններուն մէջ, (Α, Β, Γ ζώνη) հետեւեալ կայքէջէն՝ https://www.viva.gr/tickets/music/theatro-pallas/ara-malikian/, գործածելով «hamazgayingreece» օրինագիրը (κωδικός)։
Հանրածանօթ ջութակահար Արա Մալիքեան ելոյթներ պիտի ունենայ Աթէնքի մէջ
Հանրածանօթ ջութակահար Արա Մալիքեան ելոյթներ պիտի ունենայ Աթէնքի մէջ