Մայք Չիլինկիրեան
«Պատերազմը հիմնապէս փոխեց գոյավիճակները։ Տակնուվրայ եղաւ մեր ժողովուրդն ալ։ Հայ գիրը եւ գրականութիւնը մահամերձ է։ Ամէն հայու պարտականութիւնն է ընել կարելին՝ վերջնական կորուստէ փրկելու համար մեր տպագրական խօսքը։
Պռակ առ պռակ հրատարակուելիք այս մեծահատոր գիրքին նպատակն է՝ այսօրուան տխուր պայմաններուն մէջ պահել հայ գիրքը, բարոյական եւ հոգեկան կապ ստեղծել ցանուցիր հայագաղութներու միջեւ, խորացնել ծանօթութիւնը եւ ճոխացնել մտային պաշարը։
Վստահ ենք, որ այս նպատակին իրագործման պիտի աջակցին հայ գիրը ու գիրքը սիրող, հայ մշակոյթին վրայ գուրգուրացող եւ հայկական արժէքները գնահատող բոլոր Հայերը»։
«Երկու խօսք» խորագիրով, այս պարզ ներածական գրութիւնը կը բացատրէ նոր եւ յանդուգն հրատարակչական աշխատանքի մեկնարկին պատճառները։ Աւելի վար, հրատարակիչը կը նշէ, թէ ընթերցողը, գնելով երեք տրախմիի արժէք ունեցող հանրագիտարանի իւրաքանչիւր պրակ, շուտով իր ձեռքին մէջ պիտի ունենայ առաջին հատորը։
Ներկայիս, մեր տրամադրութեան տակ ունինք հանրագիտարանի 33 պրակ, որոնք կը հաշուեն 528 էջ։
Կը կռահենք, որ հրատարակութիւնը կանգ առաւ հետաքրքրութեան պակասի, ինչպէս նաեւ նիւթական աջակցութիւն ապահովելու տկարութեան պատճառներով։ 1940ի սկիզբին, Յունաստան կը գտնուէր Բ. համաշխարհային պատերազմի նախաշեմին, տակաւին չէր կարողացած ինքզինք վերագտնել Ա. աշխարհամարտի եւ Փոքր Ասիոյ աղէտի փորձանքներէն, ժողովուրդը ահրելի տնտեսական կացութեան մէջ կը գտնուէր, առաւել եւս՝ գաղթականները։ Այդ ծանր մթնոլորտին մէջ, «Նոր Օր» օրաթերթի խմբագրական կազմը, իր խմբագիրի՝ Անտոն Կազէլի առաջնորդութեամբ, հաղորդակցական նոր կապեր փորձեց հաստատել թերթի ընթերցողներուն հետ։
Այսպէս, յառաջ եկաւ հանրագիտարանի հրատարակութիւնը, որ նիւթապէս մատչելի ըլլալով, անիկա գաղութէն ներս հաղորդակցութեան եւ տեղեկութիւններու նոր ձեւ մը ըլլալու յաւակնութիւնը պիտի ունենար։ Յատկանշական է, որ հանրագիտարանի էջերուն մէջ տեղ գտած են տեղեկութիւններ յունահայ համայնքի կառոյցներուն եւ գործունէութեան մասին, միութիւններու եւ հաստատութիւններու հաշուեկշիռներ, ընկերային եւ հասարակական եղելութիւններ՝ մահազդներ, հարսանիքներու ծանուցումներ, ելոյթներու յայտարարութիւններ եւ նոր գիրքերու հրատարակութիւններ։ Էջերը թուագրուած չեն, հաւանաբար, որպէսզի գիրքի կազմութեան պահուն՝ հանրագիտական նիւթերով էջերը իրարու կապուին եւ անոնց շարունակութիւնը ապահովուի։ Կը կարծուի նաեւ, թէ տուեալ էջերը կը կցուէին այն ժամանակին գործող պետական գրաքննութենէն ետք։
Շարք մը պրակներու 2րդ էջին վրայ կը տեսնենք հանրագիտարանի ներկայացուցիչներու անունները Յունաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ՝ Թեսաղոնիկէ, Ռեթիմնօ, Նիղրիթա, Օրէսթիատա, Տիտիմոթիքօ, Ալեքսանտրուպոլիս, Գոմոթինի, Քսանթի, Գաւալա, Տրամա, Սերրէս, Իրաքլիօ, Փաթրա, Քերքիրա, Կորնթոս, Միտիլի, Լարիսա եւ Սիրոս։ Այսպէս, հանրագիտարանը կը տարածուի ամբողջ Յունաստանի հայութեան մէջ։
Հանրագիտարանի հրատարակիչին՝ Գրիգոր Գըյըճեանի անունը առաջին անգամ կ՚երեւի 9րդ պրակի կողքին վրայ։ Գրիգոր Գըյըճեան հանդիսացաւ յունահայ գաղութի փայլուն անձնաւորութիւններէն մէկը։ Ծնած 1910ին՝ Զմիւռնիոյ մէջ, ստացաւ յունական եւ ֆրանսական կրթութիւն, ուսանեցաւ հնագիտութիւն, ապա ֆրանսերէն լեզուի ուսուցիչ եղաւ, իսկ 1924էն մինչեւ իր մահը «Նոր Օր»ի աշխատակիցի եւ օգնական խմբագիրի աշխատանքները վարեց։ Գրիգոր Գըյըճեան, տակաւին շատ երիտասարդ էր, երբ ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական կոմիտէի կազմին մէջ եւ եղաւ Հ.Յ.Դ. երիտասարդական կազմերու պատասխանատու գործիչ։ Դժբախտաբար, խոստումնալից ընկերը կեանքէն հրաժեշտ առաւ 1943ին, հազիւ 33 տարեկանին, հիւանդութեան պատճառով (տես՝ http://azator.gr/?p=15003)։
Տեղեակ չենք եթէ հանրագիտարանի գաղափարը Գրիգոր Գըյըճեանին կը պատկանէր, սակայն վստահաբար՝ անիկա հաւաքական աշխատանքի արդիւնք էր, միաժամանակ՝ այդ տարիներու տուեալներուն եւ միջոցներուն համար բացառիկ նորաձեւութիւն մըն էր։
27 Ապրիլ 1941ին, գերմանական զօրքերը մուտք կը գործեն Աթէնք։ Այն օրէն, հայկական մամուլը դադրեցաւ գործելէ։ Յունաստանի ազատագրումէն ետք, հայ մամուլը վերստին լոյս տեսաւ, այս անգամ «Ազատ Օր» օրաթերթի հրատարակութեամբ՝ 25 Փետրուար 1945ին։ Աւելի յետոյ, յաջորդեցին այլ թերթեր եւ պարբերականներ, եւս։
(Յունարէնէ թարգմանեց՝ Ք.Է.)