­Կի­րա­կի՝ 23 ­Դեկ­տեմ­բեր 2018ի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30ին, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի բա­րե­ջան ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, նո­ւի­րո­ւած՝ Ս. Ս­տե­փա­նոս նա­խա­սար­կա­ւա­գին եւ ա­ռա­ջին մար­տի­րո­սին։
Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս Վրդ. ­Փա­շա­յեան։ ­Ներ­կայ էին ե­կե­ղեց­ւոյ ծա­ռա­յող սար­կա­ւագ­ներ, կի­սա­սար­կա­ւագ­ներ, ու­րա­րա­կիր­ներ, դպիր­ներ, ­Թա­ղա­կան ­Խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, շրջա­նէն ներս գոր­ծող միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ հա­ւա­տա­ցեալ հոծ բազ­մու­թիւն։
Օ­րո­ւան հայ­րա­կան պատ­գա­մը փո­խան­ցեց Սր­բա­զան ­Հայ­րը, որ անդ­րա­դար­ձաւ սի­րոյ, հա­մե­րաշ­խու­թեան եւ նե­րո­ղամ­տու­թեան եւ կոչ ուղ­ղեց բո­լո­րին՝ ­Նոր ­Տա­րո­ւան շե­մին գտնո­ւե­լով ի­րենց կեան­քը վե­րա­նո­րո­գե­լու եւ մա­քուր սրտով ու ան­կեղծ հո­գիով մօ­տե­նա­լու մեր ­Տի­րոջ՝ ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի ­Մար­մինն ու Ա­րիւ­նը ճա­շա­կե­լու եւ այդ­պի­սով սկսե­լու ի­րենց ­Նոր ­Տա­րին։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ ա­ւե­լի քան 30 տա­րի­ներ ա­ռաջ, այս օ­րե­րուն, երբ ինք ժա­մա­նած էր ­Թե­սա­ղո­նի­կէ եւ ստանձ­նած հո­գե­ւոր հո­վի­ւու­թեան պաշ­տօ­նը, ո­րուն ընդ­մէ­ջէն պատ­գամ մը փո­խան­ցեց ներ­կա­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս թե­սա­ղո­նի­կա­հա­յու­թեան՝ նո՛յն ո­գին, սէրն ու մա­նա­ւանդ զո­հո­ղու­թիւ­նը ցու­ցա­բե­րե­լու ի­րա­րու հան­դէպ եւ աշ­խա­տե­լու յա­նուն գա­ղու­թի պայ­ծա­ռաց­ման։ Ան խնդրեց եւ միա­ժա­մա­նակ ա­ռաջ­նոր­դի հան­գա­ման­քով թե­լադ­րեց՝ մէկ­դի դնե­լու բո­լոր տե­սա­կի մանր-մունր հար­ցերն ու քով-քո­վի հա­մախմ­բո­ւե­լով կեր­տե­լու ի­րենց նա­խա­հայր­նե­րէն մնա­ցած գե­ղե­ցիկ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի պատ­կե­րը՝ շեշ­տե­լով զայն ա­նա­ղարտ պա­հե­լու եւ ի­րենց սքան­չե­լի ժա­ռան­գին տէր կանգ­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նը։
Այ­նու­հե­տեւ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ծա­ռա­յող բո­լոր սար­կա­ւագ­ներն ու կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ սպա­սա­ւոր­նե­րը խո­րան բարձ­րա­ցան՝ ի­րենց գլուխ­նե­րուն վրայ ու­նե­նա­լով սա­ղա­ւարտ­ներ՝ ի նշան Ս. Ս­տե­փա­նո­սի սար­կա­ւա­գու­թեան խորհր­դա­նի­շին, ուր Ս. Ս­տե­փա­նո­սի նո­ւի­րո­ւած «­Նա­հա­տակ բա­րի…» շա­րա­կանն ու «Ս­տե­փա­նոս քաղց­րիկ տատ­րակ» տա­ղը միա­բե­րան եր­գե­ցին՝ պան­ծաց­նե­լով ­Սուր­բին յի­շա­տա­կը։
Ա­ւար­տին, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը իւ­րա­քան­չիւր սար­կա­ւա­գի, կի­սա­սար­կա­ւա­գի եւ դպի­րի յանձ­նեց հաս­տա­տա­գիր­ներ եւ վկա­յա­գիր­ներ՝ բարձր գնա­հա­տե­լով ի­րենց ծա­ռա­յու­թիւ­նը ե­կե­ղեց­ւոյ ճամ­բով։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Ս. Ս­տե­փա­նո­սի կեան­քին, գոր­ծու­նէու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր քար­կոծ­ման մա­սին եւ ա­պա յայտ­նեց, որ այ­սօր նաեւ բո­լոր սար­կա­ւագ­նե­րուն, կի­սա­սար­կա­ւագ­նե­րուն տօնն է։ Ան իւ­րա­քան­չիւ­րին յոր­դո­րեց ըլ­լալ հե­տե­ւեա­լը.- «Ս. Ս­տե­փա­նո­սի կեան­քի՛ն փոր­ձե­ցէք նմա­նիլ, ճշմար­տու­թի՛ւ­նը քա­րո­զե­ցէք մեր ժո­ղո­վուր­դին, ձեր կեան­քով ու վե­րա­բեր­մուն­քով ե­ղէք խո­նարհ, հեզ եւ ձեր սիր­տը, հո­գին մշտա­կան կեր­պով Ս. Ս­տե­փա­նոսն է, որ թող շնչէ ու բու­րէ»։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը՝ ա­ռի­թը յար­մար նկա­տե­լով եւ տօ­նին կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շեշ­տե­լով, շնոր­հա­ւո­րեց եւ իր բարձր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց նաեւ շրջա­նի ­Հո­գե­ւոր ­Հո­վի­ւին՝ շնոր­հա­ւո­րե­լով ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը, ինչ­պէս նաեւ սար­կա­ւագ­նե­րուն տօ­նը, մաղ­թե­լով ար­դիւ­նա­ւէտ ծա­ռա­յու­թիւն, ի սպաս մեր ե­կե­ղեց­ւոյ պայ­ծա­ռաց­ման եւ բար­գա­ւաճ­ման։
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ներ­կա­ներն ու հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը մօ­տե­ցան ­Հայր ­Սուր­բին եւ սար­կա­ւագ­նե­րուն՝ ա­նոնց տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ բա­րե­մաղ­թանք­ներ եւ շնոր­հա­ւո­րանք­ներ ուղ­ղե­լով։
Այ­նու­հե­տեւ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նաց ­Մարմ­նոյ ան­դա­մու­հի­նե­րը կազ­մա­կեր­պած էին պատ­շաճ հիւ­րա­սի­րու­թիւն «­Հա­յաս­տան» սրա­հէն ներս։
­Տե­ղի ու­նե­ցաւ զա­նա­զան տե­սա­կի ա­նու­շե­ղէն­նե­րու եւ սուր­ճի հիւ­րա­սի­րու­թիւն, որ­մէ ետք ­Տիկ­նաց ­Մարմ­նի ա­տե­նա­պե­տու­հի տիկ. ­Վեր­գին Ա­ւե­տի­սեան ­Տիկ­նաց ­Մարմ­նի ա­նու­նով շնոր­հա­ւո­րեց ­Հայր ­Սուր­բի ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան օ­րը եւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նի ձե­ռամբ յանձ­նեց նշա­նա­կա­լից նո­ւէր մը՝ որ­պէս սի­րոյ նշան, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն շնոր­հա­ւո­րեց ու ա­նոնց եւս յանձ­նեց յու­շա­նո­ւէր­ներ։