Այս տարի եւս նշուեցաւ Գարէայի մատուռի «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» խորանի օծման տարեդարձը եւ անուանակոչութեան տօնը, Չորեքշաբթի, 28 Յունիս 2023-ի երեկոյեան:
Ս. եւ անմահ Պատարագին հանդիսապետեց եւ իր հայրական պատգամը փոխանցեց, Յունաստանի Հայոց թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան:
Սրբազան հայրը իր քարոզին ընթացքին անդրադարցաւ «Սերմնացանի առակ»-ին Ղուկասու աւետարանէն, բացատրելով անոր խորհրդաւոր իմաստը: Խօսեցաւ նաեւ սուրբերու տօներու կարեւորութեան մասին, շեշտելով նոր սերունդի դաստիարակման անհրաժեշտութիւնը՝ մեր ազգային կրօնական մշակոյթով:
Ս. Պատարագը մատուցանեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ՝ արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Շահինեան, կողքին ունենալով պատանի դպիր՝ Փիլիպոս Պրունծոս-Երանոսեանը:
Երգեցողութիւնը կատարուեցաւ Ֆիքսի Ս. Յովհ. Կարապետ եկեղեցւոյ եւ Գարէայի Դպրաց դասերու անդամ-անդամուհիներու կողմէ, խմբավարութեամբ բարեշնորհ՝ Պետրոս Սրկ. Պարսամեանի:
Արարողութեան ներկայ էին, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, տեղւոյն Թաղային Խորհուրդը, Հ. Կ. Խաչի մասնաճիւղի ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական միաւորի անդամներ եւ շրջանի հաւատացեալներ:
Ս. Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան հայրը օրհնեց մատաղը եւ նախագահեց հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ կատարուեցաւ շրջանիս հանգուցեալ Քահանաներու, Սարկաւագներու, դպիր-դպրուհիներու, ծառայողներու եւ բարերարներու յիշատակին։
Յաջորդաբար, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, սրահի շրջաբակին մէջ, ուր բաշխուեցաւ մատաղը, գինիի եւ զովացուցիչի ընկերակցութեամբ, որ գոհունակութիւն եւ հաճելի տրամադրութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ:
Վերջացնելով՝ գնահատանքի խօսք կ’արժէ բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով կամ նիւթական ներդրումով սատարեցին այս տօնական երեկոյի յաջողութեան: Յատուկ շնորհակալութիւններ տիկիններ Շաքէ Աճէրեանին եւ Անայիս Չիլինկիրեանին՝ մատաղին եւ Պատարագի «մաս»ին պատրաստութեան համար:
Վարձկը կատար բոլորին:
Ներկայ մը