Այս տա­րի եւս նշո­ւե­ցաւ ­Գա­րէա­յի մա­տու­ռի «Ս. ­Սա­հակ եւ Ս. ­Մես­րոպ» Ս. ­Խո­րա­նի Օծ­ման տա­րե­դար­ձը եւ ա­նո­ւա­նա­կո­չու­թեան տօ­նը Եր­կու­շաբ­թի, 17 ­Յու­նիս 2024-ի ե­րե­կո­յեան: Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցա­նեց եւ քա­րո­զեց շրջա­նիս ­հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան, կող­քին ու­նե­նա­լով պա­տա­նի դպիր ­Փի­լի­պոս Պ­րուն­ծոս-Երա­նո­սեա­նը: Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Ֆիք­սի Ս. ­Յովհ. ­Կա­րա­պետ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ­Գա­րէա­յի դպրաց ­դա­սե­րու ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րու կող­մէ, խմբա­վա­րու­թեամբ բա­րեշ­նորհ ­Պետ­րոս սրկ. ­Պար­սա­մեա­նի: Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ էին, Ազգ. վար­չու­թեան փոխ ա­տե­նա­պետ տոքթ. Ս­տե­փան ­Փա­փա­զեան, Գա­րէա-­Կե­սա­րեա­նիի եւ ­Նէոս ­Գոզ­մոս(­Ֆիքս)ի ­Թա­ղա­յին ­խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­ներ, տեղ­ւոյն Հ. Կ. ­Խա­չի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ս­կաու­տա­կան ­միա­ւո­րի ան­դամ­ներ, «Ար­մե­նի­քա» պար­բե­րա­թեր­թի խմբագ­րա­կան կազ­մի ան­դամ­ներ եւ շրջա­նիս մէջ բնա­կող հա­մեստ թի­ւով հա­ւա­տա­ցեալ­ներ:
Ս. ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին պա­տա­րա­գիչ ­Տէր ­հայ­րը օրհ­նեց ­մա­տա­ղը եւ կա­տա­րեց ­հո­գե­հանգստեան ­պաշ­տօն, շրջա­նիս հան­գու­ցեալ ­քա­հա­նա­նե­րու, ­սար­կա­ւագ­նե­րու, դ­պիր-դպ­րու­հի­նե­րու, ծա­ռա­յող­նե­րու եւ բա­րե­րար­նե­րու յի­շա­տա­կին։
Յա­ջոր­դա­բար, տե­ղի ու­նե­ցաւ հիւ­րա­սի­րու­թիւն, սրա­հի շրջա­փա­կին մէջ, ուր բաշ­խո­ւե­ցաւ մա­տա­ղը զո­վա­ցու­ցի­չի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, որ գո­հու­նա­կու­թիւն եւ հա­ճե­լի տրա­մադ­րու­թիւն ստեղ­ծեց ներ­կա­նե­րուն մօտ: Վեր­ջաց­նե­լով՝ գնա­հա­տան­քի խօսք կ’ար­ժէ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ի­րենց աշ­խա­տան­քով կամ նիւ­թա­կան ներդ­րու­մով սա­տա­րե­ցին այս տօ­նա­կան ե­րե­կո­յի յա­ջո­ղու­թեան: ­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ տի­կին­ներ ­Շա­քէ Ա­ճէ­րեա­նին պա­տա­րա­գի «­Մաս»ին պատ­րաս­տու­թեան, ինչ­պէս նաեւ տի­կին­ներ Ա­նա­հիս ­Չի­լին­կի­րեա­նին եւ ­Ռո­զիկ ­Մի­սա­քեա­նին՝ ­մա­տա­ղի պատ­րաս­տու­թեան հա­մար:
­Վարձ­կը կա­տար բո­լո­րին:

­Ներ­կայ մը