Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2022-ի երեկոյեան, Աթէնքի արուարձաններէն հայահոծ Նէա Զմիռնիի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ, հայ յարանուանութեանց կողմէ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն եւ գոհաբանական մաղթանք, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն։
Կանուխէն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի արիները եւ արենուշները, Հայաստանի, Արցախի եւ Յունաստանի դրօշներով պատուոյ խումբ կազմած՝ պատուի կ՚առնէին ժամանող հիւրերը, իսկ տպաւորիչ պատկեր կը ներկայացնէր նաեւ Յունաստանի սպայից վարժարանին մէջ ուսանող ապագայ հայ սպաներու պատուոյ խումբը։
Ներկայ եղան Յունահայոց Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Հայ կաթողիկէ համայնքապետ Յովսէփ Ծ.վրդ. Պէզազեան, Հայ աւետարանական համայնքի առաջնորդ Վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, քահանայից դասը, Հ.Հ. Յունաստանի մէջ դեսպան պ. Տիգրան Մկրտչեան եւ զինուորական կցորդը, Յունաստանի խորհրդարանի ներկայացուցիչ երեսփոխան պ. Վասիլիս Սփանաքիս, Աթէնքի մարզպետութեան ներկայացուցիչ տիկ. Տիմիթրա Նանու, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պ. Սթաւրոս Ծուլաքիս, Պոնտական միութեան ներկայացուցիչ Խրիսթոս Տիմոփուլոս, Ազգային վարչութեան ատենապետ պ. Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, Հ.Կ.Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Համազգայինի եւ Հ.Յ.Դ. Երիտ. միութեան ներկայացուցիչները եւ մեծ թիւով հայրենակիցներ։
Սրբազան հօր գլխաւորութեամբ, հոգեւոր դասը կատարեց հանդիսաւոր արարողութիւն, աղօթք բարձրացնելով մէկուկէս միլիոն սրբադասուած նահատակներուն համար, որմէ ետք ելոյթի բացումը կատարեց Հայ դատի յանձնախումբի անդամ ընկ. Սերգօ Գափլանեան։ Ան անդրադարձաւ հայոց ցեղասպանութեան անպատժելիութեան ու յատուկ խօսեցաւ Արցախի վրայ իրագործուած 44-օրեայ պատերազմին մասին։Ընկերոջ խօսքը կու տանք առանձին։
Խօսելու հրաւիրուեցաւ Նէա Զմիռնիի հայազգի փոխքաղաքապետ պ. Վանկելիս Խաչատուրեան, որ խօսեցաւ իր ունեցած ապրումներուն մասին Հայաստան եւ Արցախ այցելած ըլլալով, ապա բուռն դատապարտեց թուրքեւատրպէյճանական յարձակումը Արցախի վրայ, որ խլեց հազարաւոր հայորդիներու կեանքը։ Փոխ քաղաքապետը շեշտեց, որ թրքական պետութիւնը պարտի առերեսուիլ իր պատմութեան հետ ու ճանչնալ մարդկութեան դէմ գործած ոճիրները։
Յաջորդաբար, տեղի ունեցաւ դափնեպսակներու զետեղում։
Յունահայ գաղութի անունով դափնեպսակը զետեղեց ընկ. Գրիգոր Ճանիկեան, Յունաստանի սկաուտական խնամակալութեան կողմէ պ. Տիմիթրիս Քալուփիս, Համապոնտական միութեան ներկայացուցիչ պ. Խրիսթոս Տիմոփուլոս, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ պ. Սթաւրոս Ծուլաքիս, Աթէնքի Մարզպետութեան կողմէ տիկ. Նանու, Հ.Հ. դեսպան պ. Տիգրան Մկրտչեան եւ խորհրդարանին կողմէ երեսփոխան պ. Սփանաքիս։
Հայկական եւ յունական ոգերգներու կատարումին ներքոյ, ժողովուրդը իր յարգանքի տուրքը կատարեց յուշարձանին առջեւ, իր գլուխը խոնարհելով Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն անմառ յիշատակին։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հանդիսաւոր արարողութիւն Նէա Զմիռնիի յուշարձանին առջեւ (նկարներ)