Հինգշաբթի՝ 27 Յուլիսի առաւօտուն, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի եւ նորընտիր Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանի։
Աշխատանքային հանդիպման ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան թեմին յառաջիկայ աշխատանքները, ծրագիրները եւ առաջնահերթութիւնները։
Նորին Սրբութիւնը՝ ողջունելով նոր առաջնորդի ու նոր վարչութեան ընտրութիւնները՝ շեշտեց փոխադարձ սիրով ու գործակցական ոգիով թեմի կեանքը վերակազմակերպելու ու վերաշխուժացնելու աշխատանքին լծուելու հրամայականը։
Հանդիպում
Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Յունաստանի հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդն ու ատենապետը