Յունաստանի խորհրդարանի ՔԻՆԻՄԱ ԱԼԼԱՂԻՍ-Movement for Change (KIΝΑΛ) կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Մանոլիս Խրիսթոտուլաքիսի հետ հանդիպում մը ունեցան Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ընկերներ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան եւ Սերգօ Գափլանեան։ Ներկայ էր նաեւ ընդհանուր քարտուղարի խորհրդականը։
Խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին շուրջ, խաղաղ բնակչութեան դէմ ուղղուած յարձակումներուն, քաղաքներու ու բնակավայրերու թիրախաւորման եւ շարունակուող ռմբահարումներուն։
Շեշտուեցաւ Թուրքիոյ անմիջական դերակատարութեան գործօնը, որ զինուորական գործողութիւններուն իր ամբողջական մասնակցութիւնը կը բերէ Ատրպէյճանի կողքին, նաեւ վարձկաններ գործածելով։
Ընդհանուր զրոյց ծաւալեցաւ Յունաստանի հայ համայնքի եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի յանձնախումբի կողմէ առնուած նախաձեռնութիւններուն մասին, որ կը միտին հանրային կարծիքին առջեւ բերել Ատրպէյճանի յարձակումներու հարցը, իր բոլոր ծալքերով։ Կարեւորութեամբ նշուեցաւ Ատրպէյճանի յարձակողականութեան քաղաքական դատապարտման դիրքորոշումը։
Մանոլիս Խրիսթոտուլաքիս վստահեցուց հայ ժողովուրդին հանդէպ իր զօրակցական զգացումներուն մասին։ Ան անդրադարձաւ հրադադարի անմիջական կիրառման եւ Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսկի խմբակի ձեւաչափի որդեգրման անհրաժեշտութեանց։ Կտրուկ դատապարտեց Թուրքիոյ դերակատարութիւնը Կովկասի տարածաշրջանէն ներս, նշելով թէ անգամ մը եւս կը փաստուի, թէ Թուրքիա չի փափաքիր խաղաղ լուծմամբ պայմանաւորուած կարգաւորում, այլ ամէն ինչ կը զոհէ իր տարածաշրջանային յաւակնութիւններու զոհասեղանին առջեւ։ Աւելցուց, թէ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աջակցի խաղաղ լուծման յանգելու ճիգին մէջ եւ Յունաստանի կառավարութիւնը պարտի նախաձեռնութիւններ առնել այս ծիրէն ներս։