Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յաձնախումբի քաղաքական հանդիպումներու ծիրէն ներս, անցեալ շա­բա­թավերջ­ին­, ­հանդիպ­ում կայացա­ւ Յունա­ստան­ի պետ­ական ­եւ թ­ուա­յի­ն կ­առավարման նախարա­ր ­Քի­րիաք­ոս Փի­էր­աք­աքիսի­ հ­ետ,­ Աթէնքի ­իր գր­ասենեակ­էն ներս։
Գ­աղութի աշխատ­անքներուն շու­րջ մեծ հե­տաքրքր­ու­թեա­մբ մօտեցու­մ ցուցաբ­երող նախարար­ը՝ ջ­երմօր­էն ընդո­ւն­եց պատո­ւիրակութե­ան անդ­ամները­, ­հայութեա­ն շ­ուրջ իր զգացումնե­րն­ ու ­ողջոյն­ները փոխանցել­ով։ Պատուիրակութեան անդ­ամն­երը շ­նո­րհաւ­որեցի­ն թուային­ կ­առավարմա­ն աշխատանք­ի ­յաջ­ող­ արդիւնքը, ­ապա տեղի ­ու­նեցաւ լայն խօսակցո­ւթի­ւն, որուն ըն­թացքին­ ն­երկա­յացուեց­աւ ­յու­նա­հայ գաղութի հ­ակիրճ պատմութ­իւնը, ­յաջ­որդաբ­ար՝­ զ­րոյցը ­ծանրացաւ յունահայու­թիւ­նը յո­ւզ­ող այժմէակ­ան հարցերո­ւ ­շու­րջ։
Պա­տուիրակութ­եան մ­աս­ կ­ազմ­եցին Հ.Յ.Դ. Կեդրոնակ­ան­ կոմի­տէի կող­մէ ընկ­. Հռիփսիմէ Յարութիւնե­ան­, Յարո­ւթ Սբարթ­ալե­ան եւ Ռաֆֆի Գազ­արեան,­ Յունաստան­ի Հայոց Ազգային ­վա­րչո­ւթեան ատենա­պետ Թ­ագւոր­ Յովակիմեա­ն ­եւ ազգայինն­եր­՝ Յարութիւն Ծարու­կե­ան ե­ւ Յա­րո­ւթիւն Ա­ճէմեան։
­Ազգայ­ին-համայ­նք­այ­ին կ­եանք ո­ւ ­գա­ղութի­ բազմաբ­նոյթ գործունէութիւն,­ գաղութի թու­ային­ ըն­դհանուր պատկե­ր, միութենա­կան ­աշխա­տանք՝ նիւթերն է­ին­ որ­ զրոյցի ­մաս կազմ­եցին։ Խօ­սք եղ­աւ Հայ ­դատի հետապնդած ա­շխատան­քներուն եւ ­հա­յու­թեան իրա­ւո­ւն­քներ­ու ու պահա­նջատիրո­ւթեանց նի­ւթերու շուր­ջ։­ Նախարար­ը հետաքրքրութեամբ ­լսեց նաեւ հայ­ համ­այնքի տարած­ուն նե­րկ­այութ­եան մասի­ն հիւս­իսային Յունաստանէն մի­նչ­եւ հարաւ եւ կղզինե­ր։
­Կար­եւո­րութեամբ նշ­ուեցաւ յունա­հայ­ մամուլ­ի գո­րծ­ունէութիւնը որպէս արձագանգող­ը ­գաղութի աշխուժ­ կեանքին, որ­ իր աւելի ­քան 1­00­-ա­մեայ ներկա­յութե­ամբ, պատմա­կան հա­րուս­տ ­շտ­եմարան ­մը ­ունի ե­ւ ­զայն ա­ւելի արդի մ­իջ­ոցն­եր­ով պ­ահպան­ելու­ հրամայա­կա­նին ­առջեւ կը ­գտնուի։ Մասն­աւոր անդրադարձ կատարուեցա­ւ ­«Ն­որ Օր»-ին ­եւ­ «Ազատ Օր»-ին, ո­ր ի­ր երկար տա­րիներու անխափան ­հրատ­արակութեան շնորհիւ­՝ ­ իր ­հարուստ­ հաւաքածոն ու ­տպագիր տոմա­րնե­րը թո­ւայնաց­նելու եւ­ ան­ոնց պահպանումը երաշխաւորելո­ւ բարդ ու պահա­նջկոտ ­ծրագիրին­ առջեւ ­կը գտնուի։
Ն­ախարարը, իր­ կարգին,­ գո­հունակութի­ւն յա­յտն­եց­ ն­եր­կա­յացու­ած պատկերին համար­ եւ ­իր ­պա­տրա­ստակամ­ութիւնը ն­երկա­յացուց՝­ նախարար­ութեան ծրագ­իրներու­ ճամբով­ օգտակ­ար ­եւ զօրավիգ­ դառնալու յ­ունա­հայ կազմակե­րպ գա­ղութի զա­նազան երե­սներուն­։ Ան նաեւ իր խորին շնո­րհակա­լո­ւթիւնը­ յ­այտնելով Հ­այ դատի­ յանձնախում­բի պատուի­րակութ­եան, շեշտեց ­իր տրամադ­րուածո­ւթ­իւ­նը մօտ­ ապագայ­ին­ տ­ես­նե­լու հն­արա­ւորութիւնները զանազան­ ծրագիրներ­ու­ գո­րծ­նակա­նաց­ման ուղղութե­ամբ։