Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի քա­ղա­քա­կան հան­դի­պում­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Հինգ­շաբ­թի, 23 ­Փետ­րո­ւար 2023-ի ա­ռա­ւօ­տուն, նա­խօ­րօք դա­սա­ւո­րո­ւած ժա­մադ­րու­թեամբ, տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում ­Յու­նաս­տա­նի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մա­քիս ­Վո­րի­տի­սի հետ։ ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէին ըն­կեր­ներ Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Սեր­գօ ­Ման­կո­յեան, Րաֆֆի Գազարեան եւ ­Քե­րոբ Է­քի­զեան, ինչ­պէս նաեւ պ. ­Սեր­գօ ­Յա­րու­թիւ­նեան։
­Յոյն նա­խա­րա­րի ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­քոյ, տե­ղի ու­նե­ցաւ լայն խօ­սակ­ցու­թիւն, ո­րուն ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ գա­ղու­թի հա­կիրճ պատ­մու­թիւ­նը, ա­պա զրոյ­ցը ծան­րա­ցաւ յու­նա­հա­յու­թիւ­նը յու­զող այժ­մէա­կան հար­ցե­րուն վրայ։
­Մաս­նա­ւո­րա­պէս, նշում ե­ղաւ գա­ղու­թի թո­ւա­կան ընդ­հա­նուր պատ­կե­րին, ա­պա յա­տուկ անդ­րա­դարձ՝ ազ­գա­յին-հա­մայն­քա­յին կեան­քի կա­ռու­ցա­յին ի­րա­կա­նու­թեան ու գա­ղու­թի բազ­մաբ­նոյթ գոր­ծու­նէու­թեան, վար­ժա­րան­նե­րու աշ­խա­տան­քին հետ կա­պո­ւած հար­ցե­րուն, հո­գե­ւոր, բա­րե­սի­րա­կան, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան եւ ­Հայ դա­տի հե­տապնդ­ման բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ ­Նա­խա­րա­րը հե­տաքրք­րու­թեամբ լսեց նաեւ հայ հա­մայն­քի տա­րա­ծուն ներ­կա­յու­թեան մա­սին հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նէն մին­չեւ Կ­րե­տէ, ի­րա­զեկ դառ­նա­լով իւ­րա­քան­չիւր հա­մայ­քէն ներս ազ­գա­յին ու հա­սա­րա­կա­կան կեան­քի լայն գոր­ծու­նէու­թեան։
Ա­նոնց կող­քին, կա­րե­ւո­րու­թեամբ նշո­ւե­ցաւ յու­նա­հայ մա­մու­լի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը որ­պէս ար­ձա­գան­գո­ղը գա­ղու­թի աշ­խուժ կեան­քին, որ իր ա­ւե­լի քան 100-ա­մեայ ներ­կա­յու­թեամբ, պատ­մա­կան հա­րուստ շտե­մա­րան մը ու­նե­նա­լու եւ զայն ա­ւե­լի ար­դի մի­ջոց­նե­րով պահ­պա­նե­լու հրա­մա­յա­կա­նին առ­ջեւ կը գտնո­ւի։ ­Մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ «Ա­զատ Օր»-ին, որ իր 78-ա­մեայ ան­խա­փան հրա­տա­րա­կու­թեամբ դէմ յան­դի­ման կը գտնո­ւի իր հա­րուստ հա­ւա­քա­ծոն, նաեւ ան­կէ ա­ռաջ ալ «­Նոր Օր»-ի բո­լոր տո­մար­նե­րը թո­ւայ­նաց­նե­լու եւ ա­նոնց պահ­պա­նու­մը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու բարդ ու պա­հանջ­կոտ ծրա­գի­րին։
­Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը, իր կար­գին, գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց ներ­կա­յա­ցո­ւած պատ­կե­րին հա­մար եւ իր պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց՝ նա­խա­րա­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րու ճամ­բով օգ­տա­կար եւ զօ­րա­վիգ դառ­նա­լու յու­նա­հայ կազ­մա­կերպ գա­ղու­թի զա­նա­զան ե­րես­նե­րուն։ Ան նաեւ իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նե­լով ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան, շեշ­տեց իր տրա­մադ­րո­ւա­ծու­թիւ­նը մօտ ա­պա­գա­յին տես­նե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը զա­նա­զան ծրա­գիր­նե­րու գործ­նա­կա­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։