Յունաստանի նախկին վարչապետ եւ ՍԻՐԻԶԱ գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան նախագահ Ալեքսիս Ցիփրասի եւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Սերգօ Գույումճեանի, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեան միջեւ, Ուրբաթ՝ 2 Հոկտեմբեր 2020ի առաւօտեան, խորհրդարանի շէնքէն ներս հանդիպում տեղի ունեցաւ։ Ներկայ եղան նաեւ պրն. Ցիփրասի երկու խորհրդականներ։
Խօսակցութիւն ծաւալեցաւ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմին շուրջ, խաղաղ բնակչութեան դէմ ուղղուած ռմբակոծումներուն, քաղաքներու ու բնակավայրերու թիրախաւորման, ինչպէս նաեւ զոհերու ու վիրաւորներուն շուրջ տուեալներ փոխանցուեցան։ Շեշտուեցաւ Թուրքիոյ անմիջական դերակատարութեան գործօնը, որ զինուորական գործողութիւններուն իր ամբողջական մասնակցութիւնը կը բերէ Ատրպէյճանի կողքին, նաեւ վարձկաններ գործածելով։
Ընդհանուր զրոյց ծաւալեցաւ նաեւ Ռուսաստանի, Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու որդեգրած քաղաքականութեան շուրջ, յատկապէս շեշտելով Յունաստանի պարագան, որ ինք եւս ճաշակած է թրքական լարուածութիւնն ու ծաւալապաշտական ճնշումները։ Ալեքսիս Ցիփրաս վստահեցուց հայ ժողովուրդին հանդէպ զօրակցական իր զգացումներուն մասին, նշելով, որ Ատրպէյճանի յարձակողականութեան զոհն է, եւ իր վճռական հակառակութիւնը արտայայտեց՝ հակամարտութեան մէջ երրորդ կողմերու ներգրաւման գծով, ներառեալ Թուրքիոյ։