Եր­կու­շաբ­թի՝ 20 ­Յու­նո­ւար 2020ին, Ա­թէն­քի ­Մաք­սի­մո­սի ա­պա­րան­քի վար­չա­պե­տա­րա­նէն ներս, ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս, ըն­դու­նեց ­Յու­նա­հա­յոց ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի եւ ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան դի­ւան­նե­րու այ­ցե­լու­թիւ­նը։ ­Պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը բաղ­կա­նար Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեա­նի եւ քար­տու­ղար ընկ. Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նի ու ­Յու­նա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նի եւ փոխ քար­տու­ղար տոքթ. Ս­տե­փան ­Փա­փա­զեա­նի կող­մէ։
Մաք­սի­մո­սի ա­պա­րան­քի ժո­ղո­վասրա­հէն ներս կա­յա­ցած հան­դիպ­ման, ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տի կող­քին ներ­կայ ե­ղան խորհր­դա­տու պաշ­տօ­նա­տար­ներ եւ լրագ­րող­ներ։
­Վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս ող­ջու­նե­լով պա­տո­ւի­րա­կու­թեան այ­ցե­լու­թիւ­նը, իր ջերմ զգա­ցում­նե­րը ար­տա­յայ­տեց ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թին հան­դէպ, նշե­լով թէ ինք հի­նէն ի վեր ծա­նօթ ե­ղած է գա­ղու­թի պատ­մու­թեան ու գոր­ծու­նէու­թեան եւ խո­րա­պէս կը գնա­հա­տէ մեր կա­ռոյց­նե­րու ու­ժա­կա­նու­թիւնն ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ո­գին, որ երկ­րի քա­ղա­քա­ցիի պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր՝ իւ­րա­յա­տուկ ջեր­մու­թեամբ եւ օ­րի­նա­կե­լի ո­րա­կով կը պահ­պա­նէ իր մշա­կոյթն ու բար­քե­րը։
Ան յի­շա­տա­կեց ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Վե­հա­փառ հայ­րա­պետ Ա­րամ Ա.ի հետ իր ու­նե­ցած վեր­ջին հան­դի­պու­մը, յար­գան­քի ջերմ խօս­քե­րով։ Ա­պա, անդ­րա­դար­ձաւ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու բա­րե­կա­մա­կան դա­րա­ւոր կա­պե­րուն, վստա­հեց­նե­լով թէ կա­ռա­վա­րու­թեան բարձր ու­շադրու­թեան վրայ պի­տի ըլ­լան գաղու­թի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րը։ Ն­շեց, թէ հին օ­րե­րէն, երբ ինք որ­պէս ­Յու­նաս­տա­նի նա­խա­րար կը ծա­ռա­յէր, մօ­տէն հե­տե­ւած էր գա­ղու­թա­յին մեր հար­ցե­րուն, գնա­հա­տե­լով կեն­սու­նակ հայ­կա­կան հա­մայն­քի աշ­խա­տանք­նե­րը եւ լա­ւա­պէս հասկ­նա­լով դի­մագ­րա­ւո­ւած հար­ցե­րը։ ­Նոյն հմտու­թեամբ ու փոխ գոր­ծակ­ցու­թեան ա­մուր հիմ­քե­րով, ան տրա­մա­դիր է շա­րու­նա­կե­լու եւ յա­ւե­լեալ ընդ­լայ­նե­լու ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թին, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի հետ հե­տաքրք­րու­թեան կեդ­րո­նին գտնո­ւող հար­ցե­րը, գի­տակ­ցե­լով, թէ ­Յու­նաս­տա­նի եւ ­Հա­յաս­տա­նի երկ­կող­մա­նի կա­պե­րու բարձր մա­կար­դա­կը խարս­խո­ւած է հաս­տատ բա­րե­կա­մու­թեան, ի­րար հաս­կա­ցո­ղու­թեան եւ գոր­ծակ­ցու­թեան վրայ, ուր կա­րե­ւո­րա­գոյն դեր ու­նի յու­նա­հայ հա­մայն­քը։ Պրն. ­Մի­ցո­թա­քիս մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի ներդ­րու­մը, բեր­րի ու շի­նիչ ներ­կա­յու­թիւ­նը, եւ վե­րա­հաս­տա­տեց իր կա­ռա­վա­րու­թեան ու­շադ­րու­թիւնն ու յանձ­նա­ռու­թիւ­նը գա­ղու­թին հան­դէպ։
Գե­րաշ­նորհ Սր­բա­զան հայ­րը եւ պատո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը, ի­րենց կար­գին, շնոր­հա­ւո­րե­ցին վար­չա­պե­տը իր պաշ­տօ­նի ստանձնման ա­ռի­թով, ա­պա խօ­սակ­ցու­թիւն ծա­ւա­լե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի հայ գա­ղու­թին, ինչ­պէս նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դին վե­րա­բե­րող թե­մա­նե­րու շուրջ։
Ն­շե­լի է, թէ բացա­ռիկ ան­գամներէն է, որ ­Յու­նաս­տա­նի վար­չա­պե­տա­րա­նէն ներս պաշ­տօ­նա­կան ըն­դու­նե­լու­թիւն կը կա­յա­նայ ­Յու­նա­հայ գա­ղու­թի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ։
Պրն. ­Մի­ցո­թա­քիս խօ­սե­լով Ա­մե­րի­կա­յի ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ­Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու ­Տան եւ ­Ծե­րա­կոյ­տի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւե­րուն մա­սին, իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց, կա­րե­ւո­րե­լով այս հանգ­րո­ւա­նը ու դի­տել տա­լով թէ ­Յու­նաս­տան ար­դէն 1996էն ի վեր հայ ժո­ղո­վուր­դի կող­քին կանգնած է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման հար­ցով, երկ­րի օ­րէն­քի ուժ տա­լով ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւին, իր գործ­նա­կան ներդ­րու­մը բե­րե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի պայ­քա­րին։
­Վար­չա­պետ ­Քի­րիա­քոս ­Մի­ցո­թա­քիս ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լե­լու իր փա­փա­քը յայտ­նեց, նշե­լով թէ եր­կու եր­կիր­նե­րը պե­տա­կան բարձր գոր­ծակ­ցու­թեան մա­կար­դակ կը պահ­պա­նեն, ո­րու վկա­յու­թիւնն են հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձր մա­կար­դա­կը, տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս, ինչ­պէս եւ փո­խա­դարձ յա­ճա­խա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը եւ վեր­ջերս կա­յա­ցած ­Յու­նաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ պրն. Փ­րո­քո­փիս ­Փաւ­լո­փու­լո­սի Ե­րե­ւան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թիւ­նը։
Վար­չա­պե­տի ու­շադ­րու­թեան յանձնո­ւե­ցան նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի, հայ վար­ժա­րան­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ու ­Հայ ­Դա­տի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն, ­Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի վե­րա­բե­րող հար­ցեր։
­Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին յի­շա­տա­կի գե­ղե­ցիկ նո­ւէր մը յանձ­նո­ւե­ցաւ վար­չա­պե­տին։