«Յունաստան 2021» Յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ֆորումին մասնակցելու հրաւէրով, Աթէնք կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպըրթ Մենենտէզ, որ բացառիկ ելոյթ մը ունեցաւ երէկ՝ Հինգշաբթի 26 Օգոստոսին, «Աքրոփոլիս»ի թանգարանի սրահէն ներս, խօսելով տարածաշրջանային եղելութիւններուն ու անոնց ապագայ ազդեցութիւններուն վերաբերող նիւթին շուրջ։
Աթէնք իր այցելութեան բարեպատեհ առիթով, Չորեքշաբթի՝ 25 Օգոստոս 2021-ին, Ծերակուտական Մենենտէզի եւ իրեն ուղեկցող իր տիկնոջ հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի եւ անդամ ընկ. Տիգրան Չիչէքեանի, ինչպէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեանի հետ։
Հայերու հանդէպ իր անվերապահ աջակցութիւնը բազմաթիւ առիթներով արտայայտած ծերակուտականը՝ մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի յանձնախումբերու կողմէ յառաջ տարուող աշխատանքներուն, Հայաստանի, Արցախի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի շարունակական պայքարներուն ու արդար դատին ծառայող համակարգուած աշխատանքներուն մասին։ Զրոյց ծաւալեցաւ յատկապէս Յունաստանի հայ գաղութին եւ մեր կառոյցներու աշխատանքին շուրջ, ինչպէս նաեւ Պրիւքսելի մէջ Հայ դատի գրասենեակի համատարած ծրագիրներուն մասին։ Ռոպերթ Մենենտէզ վստահեցուց հայ ժողովուրդին հանդէպ իր ունեցած բացառիկ հոգածութեան մասին, ցոյց տալով իր մեծ յանձնառութիւնը հայութեան կողքին։ Պատուիրակութեան անդամները անդրադարձան ծերակուտական Մենենտէզի անձնական ներդրումին եւ շարունակական օժանդակութեան, որ ան ցոյց տուած է հայութեան հանդէպ, շեշտելով իր մեծ ներդրումը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յաջողութեան եւ մեծապէս դրուատելով իր անվերապահ կեցուածքն ու գործնական դերակատարութիւնը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հանդիպում Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտէզի հետ