Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ­Դի­ւա­նը հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ մը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Եր­կու­շաբ­թի՝ 23 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, ո­րո­շո­ւած ժա­մադ­րու­թեան հա­մա­ձայն, պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը՝ բաղ­կա­ցած ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նէ, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեա­նէ, ա­տե­նադ­պիր պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեա­նէ եւ ան­դամ պրն. ­Սեր­գօ ­Յա­րու­թիւ­նեա­նէ, հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Ատ­տի­կէի մարզ­պետ տիկ. ­Րէ­նա ­Տու­րո­ւի հետ, մարզ­պե­տա­րա­նի գրա­սե­նեակ­նե­րէն ներս։
­Հան­դի­պու­մին ներ­կայ էր նաեւ Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նի գոր­ծա­վար քար­տու­ղար պրն. ­Գոզ­մաս ­Բա­բախ­րի­սո­վէր­ղիս։
­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց յու­նա­հայ հա­մայն­քին մա­սին եւ ներ­կա­յա­ցուց կարգ մը հար­ցեր, ո­րոնք կը զբա­ղեց­նեն մեր հա­մայն­քը։ ­Նաեւ՝ քննո­ւե­ցաւ, թէ ի՛նչ ձե­ւե­րով եւ ո՛ր մար­զե­րուն մէջ Ատ­տի­կէի մարզ­պե­տա­րա­նը կրնայ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ հա­մայն­քին հետ։
Եր­կուս­տեք հա­մա­ձայ­նո­ւե­ցաւ կա­պի մէջ ըլ­լալ՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կա­րով։