Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի քաղաքական հանդիպումներու ծիրէն ներս, անցեալ Հինգշաբթի 14 Փետրուար 2019ին, հանդիպում կայացաւ հելլէն խորհրդարանի պատգամաւոր եւ նախկին նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ, Աթէնքի կեդրոնը տեղակայուած իր գրասենեակէն ներս։
Հանդիպումին ընթացքին Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերները պրն. Տենտիասին ներկայացուցին հայութիւնը ընդհանրապէս եւ յունահայութիւնը յատկապէս հետաքրքրող հարցերը։ Զրոյց ծաւալեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի կապուած բնագաւառներուն շուրջ։ Արծարծուեցան Արցախի հիմնահարցի ներկայ հանգրուանին, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու այդ երկրէն ներս մարդոց իրաւունքներու լուրջ խախտումներու կապուած հարցերը։ Պրն. Տենտիաս, որ հինէն ծանօթ է յունահայութեան եւ ազգային ու միութենական մեր կառոյցներու գործունէութեան, նշեց, որ հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս յունահայութեան հետ իր խոր բարեկամութիւնը կը բխի իր անձնական համոզումէն ու փորձառութենէն եւ ջերմ իր զգացումները ու պատրաստակամութիւնը յայտնեց հայութեան եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն կապակցութեամբ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հանդիպում խորհրդարանի պատգամաւոր եւ նախկին նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ
Հանդիպում խորհրդարանի պատգամաւոր եւ նախկին նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ
Հանդիպում խորհրդարանի պատգամաւոր եւ նախկին նախարար Նիքոս Տենտիասի հետ