Ատտիկէի մարզպետութեան կեդրոնատեղիի գրասենեակէն ներս, կայացաւ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկ. Հռիփսիմէ Յարութիւնեանի, Յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեանի եւ անդամ պրն. Նազար Աւագեանի հանդիպումը՝ Ատտիկէի նորընտիր մարզպետ պրն. Եորղոս Փաթուլիսի հետ։
Շատ ջերմ ու անմիջական ընդունելութիւն ցոյց տալով, պրն. մարզպետը հաւաստիացուց՝ իր խորապէս բարեկամական զգացումներուն եւ համագործակցութեան բարձր տրամադրութեան մասին, կարեւորելով յունահայ գաղութի հետ իր անկեղծ եւ ուղղակի կապերու պահպանման մակարդակը։
Պրն. մարզպետը անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամական խոր կապերուն, որ խարսխուած են փոխադարձ յարգանքի ուժեղ հիմերու վրայ, պատմական, կրօնական եւ մշակութային բնագաւառներէն ներս։
Ան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց զօրավիգ կանգնելու եւ ընդառաջելու յունահայ գաղութի հարցերու դիմագրաւման, յատուկ նախաձեռնութիւններու եւ աշխատանքներու ընդլայնման ծիրէն ներս։
Յունահայոց թեմակալ առաջնորդը եւ պատուիրակութեան անդամները յունահայ գաղութի շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին պրն. Փաթուլիսին, մարզպետի պաշտօնին վրայ իր ընտրութեան առիթով եւ յոյս ու վստահութիւն յայտնեցին, թէ համատեղ աշխատանքը դրական արդիւնքներու կը յանգի շուտով։
Զրոյցը շարունակուեցաւ գաղութի հարցերու ներկայացումով, յառաջիկայի մարտահրաւէրներուն հանդէպ յստակ ու նպատակաուղղուած առաջարկներով, որ համագործակցութեան բարձր տրամադրուածութեամբ ընդունելի դարձան պրն. մարզպետին կողմէ։
Աւարտին, յուշանուէրներու փոխանակում տեղի ունեցաւ։ Յունահայոց թեմակալ առաջնորդը փայտագործ գեղեցիկ խաչքար մը նուիրեց պրն. Փաթուլիսին, բացատրելով անոր նշանակութիւնը հայկական մշակոյթին մէջ, իսկ պրն. Փաթուլիս իր կարգին՝ խաղաղութեան աղաւնիները խորհրդանշող քանդակ մը նուիրեց Սրբազան հօր։
Հանդիպում Ատտիկէի նորընտիր մարզպետ Եորղոս Փաթուլիսի հետ
Հանդիպում Ատտիկէի նորընտիր մարզպետ Եորղոս Փաթուլիսի հետ